Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Աղբալեանի 150-Ամեակ. Նիկոլ Աղբալեան – Հայացման Եւ Մտաւոր Ազատութեան Դեսպանը

November 27, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱԼԹՈՍ

Կան մարդիկ, որոնք ի ծնէ կը կրեն ամբողջ ժողովուրդի մը ճակատագիրը իրենց մտածումներուն մէջ: Անոնք չեն ապրիր սովորական մահկանացուի մը նման. անոնք կը շնչեն միտք, կ՛ապրին իբրեւ գաղափար ու կը ծաղկին որպէս գաղափարախօսութիւն:

Այդպիսին էր ու աւելին Նիկոլ Աղբալեանը` ո՛չ միայն գրող, ուսուցիչ կամ կուսակցական գործիչ, այլ` կենդանի խիղճը հայոց մտաւոր կեանքի: Անոր մէջ միաձուլուած էին բանասիրական նրբութիւնը, քաղաքական վճռակամութիւնը եւ մշակութային հաւատքը: Աղբալեանն այն հազուագիւտ անհատներէն էր, որ չբաւարարուեցաւ հասկնալով ժամանակը. ան փորձեց վերաձեւել զայն` ստեղծելով դպրութեան, մշակոյթի եւ ազգային ինքնութեան նոր ուղիներ:

Իրմէ սկսաւ Համազգայինի գաղափարը` հայ մշակոյթի համաշխարհային հաստատութիւնը, ուր կրթութիւնը վերածուեցաւ ծառայութեան, եւ ծառայութիւնը` ինքնազոհութեան:

Նիկոլ Աղբալեանը` իբրեւ մտածող եւ դաստիարակ, մեզի կը յիշեցնէ, որ հայ ըլլալը ո՛չ ժառանգութիւն է, ո՛չ պատահականութիւն, այլ գիտակցութիւն` սնանած սիրոյ եւ պարտաւորութեան սրբազան զգացումով:

1873 մարտ 24-ին կը ծնի մարդ մը, որ ապագային պիտի դառնար հայ ժողովուրդի նոր դարու խիղճն ու ուղեցոյցը` ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ:

Թիֆլիսցի համեստ ընտանիքին զաւակը երիտասարդ տարիքէն այնքան լայնախոհ էր ու ուշիմ, որ իր դարը չէր կրնար ամբողջութեամբ զինք պարփակել:

Ան պիտի ըլլար միաժամանակ`

– Գրական եւ մշակութային արժէքներու անկաշառ պահապանը,
– Համեստ, բայց անզիջող մանկավարժն ու դաստիարակը,
– Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարապաշտ մարտիկն ու տեսաբանը,
– Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան լուսաւորութեան նախարարը,
– Եւ ամբողջ հայութեան համար ՀԱՅԱՑՄԱՆ դեսպանը, որուն համար Հայաստանը հայացնելը կարգախօս չէր, այլ` գոյութենական հրամայական:

Աղբալեանը պարզ անուն մը չէր, յաւերժութեան մասնիկ մըն էր ու է, մարդ մը, որուն մէջ միախառնուած էին` խստապահանջ ուսուցիչը, երազող քննադատը, անխնայ գաղափարապաշտը եւ ժողովուրդին սիրահար հայը:

Կեանքի Սկիզբը – Ներսիսեանէն
Միջազգային Առաքելութիւն

Ներսիսեան վարժարանէն եւ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանէն սկսած ուղին զինք կը տանի Մոսկուա, Փարիզ, Լոզան: Ան կը սնանի Եւրոպայի ազատախոհ մտքերով, բայց չի ձուլուիր ու չի կորսնցներ իր դիմագիծն ու ինքնութիւնը:

Աղբալեան Եւրոպան կ՛ըմբռնէ որպէս գիտակցութիւն, ոչ` իբրեւ փոխարինութիւն:

Իր ուսումնառութեան ընթացքին արդէն կը ձեւաւորուի անոր միտք բանին, որ հետագային պիտի վերածուի կարգախօսի իր ամբողջ կեանքի ընթացքին.

«Ազգը պէտք է վերակերտել ոչ միայն զէնքի ուժով, այլեւ` մտքի»:

Գրականագէտը Եւ Գրականութեան Տիտանը

Աղբալեան ոչ միայն կը գրէր, այլ կը կերտէր:

Թիֆլիսի «Մուրճ»-ի էջերուն մէջ իր քննադատական յօդուածները կը դառնան նոր չափանիշ:

Ան համոզուած էր, որ գրականութիւնը ազգի մը հայելին է. այնտեղ, ուր լեզուն կը նահանջէ, միտքը կը սնանկանայ:

«Սայաթ Նովա» մենագրութիւնը, «Հայ մատենագիտութիւն» դասագիրքը եւ իր խոր ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ ան գիրքը կը դիտէր որպէս հոգեմտաւոր շինարարութիւն, եւ գրականութիւնը` որպէս ազգային ինքնաճանաչման ուղեցոյց:

Աղբալեան գրչին մէջ փառք չէր փնտռեր, այլ` ճշմարտութիւն, եւ քննադատութիւնը իր ոճաբանութեան մէջ կը դառնար ինքնակերտման լոյս:

Դաշնակցականը – Բարոյական
Յեղափոխական Տիպար

Ն. Աղբալեան երիտասարդ տարիքէն միացաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:

Անոր համար կուսակցութիւնը քաղաքական կառոյց չէր, այլ` բարոյական դարբնոց:

Իր «Մտածումներ ՀՅ Դաշնակցութեան մասին» գործը` ստորագրուած  «Ն. Հանգոյց» գրչանունով, վկայութիւն մըն է, թէ ինչպէ՛ս գաղափարական հաւատքը կը վերածուի ներքին ուժգնութեան:

Այդ գրքին մէջ ան կը կերտէ  «դաշնակցականի տիպարը»` մարդ մը, որ`

– Իր անձը կը նուիրէ առանց սակարկութեան,
– Կը խորտակէ ստրկութեան կապանքները,
– Եւ կուսակցական պատկանելիութենէն վեր կը կանգնի բարոյական ուխտին մէջ:

Անոր համար Դաշնակցութիւնը շահակից մարդոց միութիւն չէ, այլ` արիացող հոգիներու ընկերութիւն, ուր անձնական շահը կը խոնարհի համազգային գաղափարին առջեւ:

Ահա թէ ինչո՛ւ ըսուած է` «Եթէ լաւ դաշնակցական պատրաստես, լաւ հայ պատրաստած կ՛ըլլաս»:

«Հայաստանը Հայացնել» – Մեծ Տեսլականը

Քսաներորդ դարասկիզբի մութ ու փոթորկոտ օրերուն երբ հայ ժողովուրդը բաժնուած էր օտար իշխանութիւններու լուծին տակ:

Աղբալեան առաջիններէն էր, որ կը տեսնէր վտանգը ոչ միայն ֆիզիքական, այլ` հոգեմտաւոր կորուստին:

Ան կը ձեւակերպէ մեծ պատգամ մը` «Հայաստանը պէտք է հայացնել»:

Սա սոսկ ժողովրդագրական նշանաբան չէր:

Ան կը հասկնար, որ հայացումը պէտք է սկսի` մտքի անաղարտութենէն, լեզուի կատարելագործումէն եւ արժանապատուութեան վերականգնումէն:

Հայացումը Աղբալեանի համար փրկութիւն չէր, այլ վերածնունդ էր, որ պարտաւորուած էր խոր աշխատանքի գործընթացով:

Անոր աչքին Հայաստանը երբեք պիտի չդառնար պարզ աշխարհագրական տարածք:

Հայաստանը ինք էր` իր հոգեկան որակով:

Պետական Գործիչն Ու Մանկավարժը

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն Աղբալեան եղաւ խորհրդարանի անդամ եւ, ի վերջոյ, լուսաւորութեան նախարար:

Անոր անունը կը կապուի երկու անմահ գործերու հետ`

– Երեւանի պետական համալսարանին հիմնադրութիւն (1919), որովհետեւ քաջ գիտէր, որ անկախութիւնը պէտք էր պաշտպանուէր ոչ միայն զէնքով, այլ նաեւ` գիտութեամբ:

Ահա թէ ինչո՛ւ համալսարանը իր աչքին մտաւոր բանակ մըն էր, որուն զինուորներն էին ուսանողները:

– Հանրակրթութեան համակարգի զարգացում –

Որպէս մանկավարժ` ան կը տեսնէր դպրոցի մէջ ոչ միայն դասարան, այլ` կաճառ, ուր կը դաստիարակուին հայ մանուկն ու երիտասարդը, եւ կը կոփուի ազատ հայ միտք:

Ան կը հաւատար, որ պետականութեան յառաջխաղացման գրաւը ուժեղ միտքն է, ու առանց մտքի ազատութեան` կը շիջի հայը: Ազատութիւնը Նիկոլ Աղբալեանին համար սանձարձակ չէ. ունի չափանիշներ ու արժէքներ, որպէսզի չվերածուի լաբիւրինթոսի:

Բանտ, Տարագրութիւն
Եւ Համազգային Առաքելութիւն

Խորհրդայնացումէն ետք Աղբալեան բանտարկուեցաւ եւ չարչարուեցաւ պոլշեւիկներու կողմէ:

Ազատագրուեցաւ Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ, սակայն ստիպուեցաւ լքել հայրենիքը:

Եգիպտոս եւ ապա Լիբանան` նոր սկիզբ մը, բայց նոյն առաքելութեամբ` վերակերտել հայ միտքը սփիւռքի մէջ:

Ան Լեւոն Շանթի հետ հիմնեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը եւ Համազգային Հայ Ճեմարանը, որ դարձաւ սփիւռքահայ կրթական աննկուն բերդը:

Ան կ՛ըսէր. «Ճեմարանը տաճար մըն է, ուր կ՛աղօթեն հայ մշակոյթի սուրբերուն»:

Նիկոլ Աղբալեան դարձաւ այդ տաճարին առաջին «քահանան», որ միւռոնաօծեց ու սրբեց հայ միտքը:

Մինչեւ իր մահը` 1947-ի օգոստոս 15-ը, ան դասաւանդեց գրականութիւն, գրաբար եւ մատենագիտութիւն, եւ պատրաստեց այն սերունդը, որ պիտի դառնար հայ մտաւորականութեան ողնաշարը:

Հռետորն Ու Տեսաբանը

Աղբալեանի խօսքն ու գործը կը մնան անժամանակավրէպ:

Երբ ան կը խօսէր Ազգային խորհրդարանին մէջ, ժողովուրդը չէր լսեր ճառ, այլ անոնց աչքերուն առջեւ կը գծագրուէր կենդանի պատկեր:

Անոր ձայնին մէջ չկար քաղաքականական շղարշ, այլ` ճշմարտութեան խիզախութիւն, եւ անոր ճառը կը մնայ մեր քաղաքական մշակոյթին վսեմագոյն չափանիշը:

Հուսկ, դժուար է խօսիլ կամ գրել աղբալեաններու մասին եւ տալ անոնց կատարեալ իրաւունքը:

Յոբելեաններու վտանգն այն է, որ մեծ մարդիկ կը վերածուին արձանի:  Աղբալեան այդ վիճակին չի համընկնիր:

Ան կը մերժէ խաղաղ յիշատակը, որովհետեւ ինք հրաւէր է` մտածելու, կերտուելու եւ վերընձիւղուելու:

Եթէ այսօր կանգնինք իր դիմաց եւ անկեղծ ըլլանք, կը լսենք անոր դաստիարակիչ խոր ձայնը. «Քանի՞ անգամ գրած ես հայրենիքիդ մասին, իսկ քանի՞ անգամ կը գործես յանուն անոր: Քանի՞ բառ գիտես հայերէն, բայց քանի՞ն կը գործածես խօսակցութեանդ մէջ»:  Աղբալեանը պէտք չէ դիտել որպէս պատմութիւն, այլ` որպէս խի՛ղճ:

Աղբալեանի ոսկորները կը հանգչին միայն այն ատեն, երբ հայը կը բռնէ եղափոխման ուղին: Երբ հայ մարդը կ՛որոշէ ապրիլ այնպիսի ձեւով, որուն տակ ինք` Աղբալեան, կրնար առանց զղջալու ստորագրել:

Եթէ մէկ սերունդ անգամ իր լոյսը կրնայ ըմբոշխնել, եթէ մէկ միտք արթննայ իր ճառերէն,  եթէ մէկ ուսուցիչ իր դասարանին մէջ կարենայ ընել այն, ինչ ինք կ՛ընէր` մտքի ազատութիւնը ծառայեցնել հոգիի ազնուութեան, ապա Նիկոլ Աղբալեանի յիշատակը չի մնար անցեալի պատմութիւն, այլ կը դառնայ ապագայի մեկնակէտ:

Թող այս յոբելեանը չմնայ անցեալի մը յիշատակը:

Թող ան դառնայ խթան նոր վերածնունդի,  հրաւէր` վերադարձնելու հայ միտքը իր վեհութեան, բարձրացնելու ուսուցչի, գրողի, երիտասարդի, ղեկավարի գիտակցութիւնը այն չափին, որուն մէջ ապրեցաւ Աղբալեան ինք:

Թող այս օրը ըլլայ սկիզբ մը, որուն խորհուրդէն ամէն դպրոց, ամէն գիրք, ամէն խօսք ունենայ քիչ մը Աղբալեանի շունչէն` այն անշէջ լոյսէն, որ կը բխի միայն այն մարդոցմէ, որոնք ապրեցան ոչ իրենց ժամանակին մէջ, այլ ժամանակը ապրեցուցին իրենց մէջ:

Թող Աղբալեանի 150-ամեակը դառնայ ոչ միայն յիշատակում, այլ` նոր երդում, որ հայ միտքը այլեւս պիտի չթուլնայ, հայ դպրոցը այլեւս պիտի չշիջի, եւ հայ ոգին պիտի վերագտնէ իր բարձրութիւնը այնտեղ, ուր վայել է հայու ինքնութեան ու արժանապատուութեան:

 

 

 

Նախորդը

«Մեր Տունը» (Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի Նոր Հրատարակած Գիրքը)

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Յաղթեց Քլիփըրզին` 135-118

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.