Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անձնուէր Առաջնորդը

November 26, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԶԵԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ

Դիւրին չէ քանի մը տողերու մէջ ամփոփել  բազմաշնորհ հայուն` Նիկոլ Աղբալեանի  բեղուն վաստակը: Կարելի չէ հպանցիկ ակնարկով մը թուել Աղբալեան մարդուն ազգանուէր ծառայութիւնները կամ անդրադառնալ անոր  տաղանդին, որովհետեւ Նիկոլ Աղբալեան իր ժամանակներուն ապրած եւ գործած եզակի երեւոյթներէն մըն էր:

Թիֆլիսի մէջ հասակ առած,  Ներսիսեան վարժարան յաճախած, ապա հայրենիք անցնելով` Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանի շրջանաւարտ դարձած հայ մըն էր ան: Հետագային ուսման կատարելագործման համար ան հետեւած էր նաեւ Մոսկուայի, Փարիզի եւ Լոզանի համալսարաններուն կարգ մը դասընթացքներուն: 20-րդ դարու հանրածանօթ կրթօճախներ, որոնցմէ շրջանաւարտ երիտասարդները անպայմանօրէն իրենց հետքը պիտի ձգէին իրենց ապրած միջավայրին վրայ: Դեռ աւելի՛ն, անոնք պիտի դառնային այդ օրերու մեր ղեկավարներն ու առաջնորդները:

Այդպէս ալ եղաւ Նիկոլ Աղբալեան: Բազմակողմանի շնորհներով օժտուած հայու իւրայատուկ տիպար մըն էր ան: Իր համակ կեանքին ընթացքին ան գործեց իր ազգին համար ու նուիրուեցաւ հայրենիքի ծառայութեան:

Անոր ծննդեան 150-ամեակը  առիթ մըն է մեզի` լուսարձակի տակ առնելու բազմաշնորհ մարդուն, հայութեամբ եւ հայրենիքով տառապող հայորդիին, օրինակելի դաշնակցականին կեանքին կարեւորագոյն հանգրուաններն ու անոր նկարագիրը յատկանշող առանձնայատկութիւնները:

Կրթական մշակ Աղբալեան մարդը, որուն համար առաջնահերթութիւն էր հայ լեզուին պահպանումն ու դասաւանդումը: Իր կեանքի սկիզբը եւ վերջին տարիներուն ան վարեց ուսուցիչի եւ տնօրէնի պաշտօններ` դասաւանդելով հայ գրականութիւն ու պատմութիւն:

Գրականագէտ Նիկոլ Աղբալեանը, որ իրեն ժամանակակից մտաւորականութեան հետ կազմակերպեց բազմաթիւ հանդիպումներ եւ այդ շրջանի հոգեմտաւոր շարժումին առաջնորդը հանդիսացաւ:

Ազգային կեանքով տագնապող հայը, որուն համար խիստ կարեւոր էր ցեղասպանութենէն ճողոպրած տարագիրներուն հայրենիքի մէջ հաստատուիլը: Աղբալեան ամէն գնով լծուեցաւ անոնց պատսպարման գործին:

Հայ մշակոյթով եւ արուեստով սնանած հայու տիպարը, որ ջատագովը հանդիսացաւ հայ մշակոյթի եւ արուեստի պահպանումին: Տեղին է յիշել, թէ ան Համազգային հայ կրթական ու մշակութային միութեան հիմնադիր անդամներէն մէկը հանդիսացաւ հետագային, ինչպէս նաեւ Լեւոն Շանթի հետ հիմնեց Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը:

Քաղաքական դէմքը, որ 1919-ին ընտրուեցաւ  Հայաստանի խորհրդարանի անդամ`  նշանակուելով լուսաւորութեան եւ արուեստի  նախարար:

Ի վերջոյ, հաւատաւոր դաշնակցականը, որ կը հաւատար Դաշնակցութեան ծրագիր- կանոնագիրին եւ կը գործէր դաշնակցական գործիչի հաստատ կամքով ու առանց փոխադարձ ակնկալութիւններու: Ուրոյն նկարագիրի տէր դաշնակցականը, որ մասնակցած էր ՀՅԴ ընդհանուր ժողովներուն եւ մեծ ներդրում ունեցած`  հայ կամաւորական գունդերու կազմակերպումին: Աւելի՛ն. ան մեծ ներդրում ունեցած էր Հայաստանի անկախութեան Յայտարարութեան բանաձեւումին մէջ:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք ձերբակալուած,  բանտարկուած,  ապա արտասահման տարագրուած անձնուէր դաշնակցականի եզակի կերպարին համար Հայաստանի հայացումը ամէն բանէ վեր էր: Անոր համար ազգային նկարագիրի,  արժէքներու եւ մարդկային որակի ապահովումը երաշխիքներ էին Հայաստանի հայացումին:

Նիկոլ Աղբալեան իր կեանքով եւ գործով նպաստեց հայ անհատին հոգեմտաւոր զարգացման: Գործեց հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւորագոյն օրրաններուն`  Հայաստանի, Թիֆլիսի, Եգիպտոսի թէ Լիբանանի մէջ: Մեր պատմութեան անկիւնադարձային փուլերուն ան մնաց միշտ պատնէշի վրայ եւ ազգայինը  անհատականէն վեր գերադասող անձնուէր եւ աշխուժ առաջնորդ մը հանդիսացաւ:

 

 

 

Նախորդը

Զէնքի Մենաշնորհման Որոշումն Ու Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւնները

Յաջորդը

Ո՞վ Կը Քաղաքականացնէ Եկեղեցին

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.