Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զէնքի Մենաշնորհման Որոշումն Ու Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւնները

Նոյեմբեր 26, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Լիբանանեան կառավարութիւնը 5 օգոստոսին որդեգրեց զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու որոշում մը:

Տեսականօրէն ճիշդ եղող այդ որոշումը, սակայն, իրողական գետնի վրայ թակարդ մըն էր, որուն մէջ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար յայտնուեցաւ կառավարութիւնը:

Արդարեւ, կառավարութիւնը մէկ կողմէ անկարող է իր այդ որոշումը գործադրելու, որովհետեւ այդ մէկը իր մէջ քաղաքացիական պատերազմի իսկական վտանգ պարունակելուն պատճառով անբաղձալի հետեւանքի կրնայ յանգիլ, միւս կողմէ ալ անկարող է այդ որոշումէն ետդարձ կատարելու, որովհետեւ շրջանին եւ Լիբանանին մէջ իրադարձութիւններուն լոյսին տակ լաւագոյն պարագային ինքնամեկուսացումի կրնայ յանգիլ, եւ նոյն ատեն Լիբանանի դէմ նոր պատերազմի դրդապատճառ կրնայ դառնալ:

Կարծէք` այսքանը բաւարար չափով վատ չէր, լիբանանեան կառավարութիւնը քայլ մը անդին ալ գնաց: Ան Միացեալ Նահանգներն ու անոր դաշնակից կողմերը սիրաշահելու եւ իր որոշումին հաւաստիութիւնը ապացուցելու նպատակով զէնքի մենաշնորհման համար պայմանաժամ մըն ալ ճշդեց` այդպիսով առաւել եւս վատթարացնելով արդէն իսկ ոչ նախանձելի իր կացութիւնը:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժին 20 նոյեմբերին, ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու յուսայատ փորձով մը, իր իրանցի պաշտօնակից Ապպաս Արաղչիին առաջարկեց` Միացեալ Նահանգներու հետ Իրանի կամ Միացեալ Նահանգներու հետ Ռուսիոյ բանակցութիւններուն օրինակով չեզոք երկիրի մը մէջ երկու երկիրներուն միջեւ առկախ թղթածրարներու, իմա Իրանի հովանաւորութիւնը վայելող Հըզպալլայի զինաթափման շուրջ բանակցելու:

Իրանեան կողմէն դրական պատասխան մը լիբանանեան դիւանագիտութեան համար նկատառելի ձեռքբերում մը պիտի ըլլայ եւ մեծապէս պիտի նպաստէ միջազգային քաղաքականութեան մէջ երկրի դիրքի եւ կշիռի բարձրացման: Բայց ափսոս, որ երազ է:

Երկու երկիրներ իրարու հետ կը բանակցին` հիմնուելով փոխզիջումի սկզբունքին վրայ: Այո՛, ճիշդ է, որ Հըզպալլայի զինաթափման հարցի լուծման բանալին կը գտնուի Թեհրանի մօտ, սակայն Պէյրութը իր «գանձարան»-ին մէջ իրանեան այդ մեծ զիջումին արժէքին համազօր «վճարում» կատարելու որեւէ բան չունի: Իրանեան այդ զիջումին գինը միայն Միացեալ Նահանգները կրնան վճարել:

Թեհրան բնականաբար պիտի նախընտրէ այդ խաղաքարտը զիջիլ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու ընթացքին եւ այդ քայլին դիմաց Ուաշինկթընէն պատշաճ գին մը գանձել, քան թէ զայն մսխել միջազգային քաղաքականութեան աղիւսակին վրայ իրմէ շատ աւելի ցած դիրքի վրայ գտնուող Լիբանանի հետ բանակցութիւններու մէջ:

Ուաշինկթըն այս բոլորին քաջ ծանօթ է, եւ Լիբանանի վրայ ամերիկեան կողմի բանեցուցած ճնշումը իրականութեան մէջ անուղղակի ճնշում է Թեհրանի վրայ, որուն հետ համաձայնութիւն գոյացնելու հաւանականութեան մասին վերջերս յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:

Որոշ ատենէ ի վեր Հըզպալլայի զինաթափման համար մինչեւ տարեվերջ ճշդուած ժամկէտի աւարտէն ետք իսրայէլեան հաւանական զինուորական լայնածաւալ եւ քանի մը օրուան վրայ երկարող գործողութեան մը շղթայազերծման մասին կը խօսուի: Այդ խօսքերը, որոնք մեծ մասամբ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու ճամբով կը հնչեն, Լիբանանին ուղղուած սպառնալիք են, սակայն` ոչ միայն անոր:

Հըզպալլան, որքան տկարանայ, անոր «արժէքը» այդքան կը տկարանայ, ուստի եւ այդ խաղաքարտին դիմաց Միացեալ Նահանգներու` Իրանի հետ բանակցութիւններու ընթացքին վճարելիք գինը բնականաբար կը նուազի: Այլ խօսքով, Հըզպալլայի զինաթափման համար մինչեւ տարեվերջ ճշդուած պայմանաժամը իսկութեան մէջ Թեհրանի համար ճշդուած պայմանաժամ է:  Պայմանաժամ` այո ըսելու ամերիկեան պայմաններու հիմամբ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններուն, այլապէս վաղը կրնայ աւելի տկար դիրքով մասնակցիլ այդ անխուսափելի բանակցութիւններուն:

 

 

Նախորդը

Գոհաբանական Ս. Պատարագ Լիբանանի Տիրամայր Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Նահատակ Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Առիթով

Յաջորդը

Անձնուէր Առաջնորդը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Քաղաքականացնէ Եկեղեցին

Նոյեմբեր 26, 2025
Հարիւր Ականաւոր Դէմքերու Յուշ-Պատգամներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին
Անդրադարձ

Անձնուէր Առաջնորդը

Նոյեմբեր 26, 2025
Նիկոլ Աղբալեան` Մտքի, Մշակոյթի  Եւ Պատասխանատուութեան Մարդը
Անդրադարձ

Նիկոլ Աղբալեան` Մտքի, Մշակոյթի Եւ Պատասխանատուութեան Մարդը

Նոյեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?