Ծախողը, Գնողը Եւ Զոհերը…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Եթէ ամերիկացիք, իրենց հետ նաեւ` ամբողջ, աշխարհը, եթէ պահ մը իրենց աչքերը հեռացնեն Սպիտակ տան պետին շուրջ մերթ ընդ մերթ բարձրացող փոթորիկներու դաշտէն (արհամարհելի բաներ չեն, բայց չափի սահման մը կայ, չէ՞), պիտի նկատեն, որ քարոզչական մեքենաները ո՛չ միայն ապուշութեան կը տանին աշխարհի բնակիչները, այլ նաեւ կը քողարկեն ցաւցնող իրականութիւններ, որոնք ընդհանրապէս կը կորսուին յիշեալ եւ այլ` նմանօրինակ...




















