Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞վ Կը Քաղաքականացնէ Եկեղեցին

November 26, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Վաղարշապատ եւ Խոյ խոշորացուած համայնքի ընտրութեան յաջողութենէն ետք Նիկոլ Փաշինեան մեկնաբանութիւն մը գրեց իր դիմատետրի էջին վրայ, ուր ի միջի այլոց արձանագրեց, որ այս յաղթանակը պիտի դիւրացնէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը վեհարանէն հեռացնելու գործընթացը: Համայնքային ընտրութեան յաղթանակը կը պարտէին բազմաթիւ գործօններու. Խոյ գիւղական համայնքին միացումը Վաղարշապատին, նոյն համայնքի նախկին ղեկավարին նշանակումը իբրեւ քաղաքապետի թեկնածու խոշորացուած նոր համայնքին, ընտրարշաւէն Նիկոլ Փաշինեանի բացակայութիւնը եւ վերջապէս` եկեղեցւոյ վերաբերող հարցերու զգուշաւոր անտեսումը: Էջմիածին կը գտնուի Վաղարշապատի շրջանին մէջ: Ընտրողները քուէարկեցին համայնքի ղեկավարութիւն ընտրելու համար եւ ոչ թէ… կաթողիկոսի հրաժարականը պահանջելու համար: Մնաց որ, Քաղաքացիական պայմանագիրը, որուն անունը չնշուեցաւ ընտրարշաւի ատեն, յաղթանակը կը պարտի առաւելաբար Խոյ գիւղական համայնքէն ստացած ձայներուն:

Յունիս ամիսէն սկսեալ, երբ Գարեգին Բ. կաթողիկոս Զուիցերիոյ մէջ միջազգային ժողովի մը ընթացքին արծարծեց Արցախի հարցը, ան դարձաւ անցանկալի անձնաւորութիւն: Նիկոլ Փաշինեան յիշեց կաթողիկոսին «կուսակրօնութեան ուխտը» խախտած ըլլալու հանգամանքը եւ պահանջեց անոր հրաժարականը: Ըստ Հայաստանի վարչապետին, կաթողիկոսին վերագրուած արարքը զինք ինքնաբերաբար կարգազուրկ կը դարձնէ: Նկատի ունենալով պետութեան եւ եկեղեցւոյ բաժանման սահմանադրական սկզբունքը, Նիկոլ Փաշինեան կը յայտարարէ, որ ինք անձնապէս պայքար կը մղէ Հայ եկեղեցին մաքրելու համար անարժան ղեկավարներէ: Պետական վարչամեքենան, նախարարներ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան անդամներ, ոստիկանութիւն, ազգային անվտանգութեան գործակալներ, բոլորը… պարզապէս զօրավիգ են իրենց սիրելի վարչապետին: Բոլոր բամբասողները, զրպարտիչները, բանսարկուները կը խօսին ոչ թէ իշխանութեան, այլ իրենց սեփական անունով, ի սէր եւ ի զօրակցութիւն Հայ եկեղեցւոյ հաւատարիմ եւ նախանձախնդիր վարչապետին:

Ստեղծուած անիրաւ տագնապի սկզբնաւորութեան Նիկոլ Փաշինեան կը ծրագրէր ժողովրդային մեծ ցոյցի մը միջոցով գահընկէց հռչակել կաթողիկոսը: Իր ժողովրդականութեան շեշտակի անկման պայմաններուն մէջ, այս միջոցը անհաւանական թուեցաւ եւ լքուեցաւ: Յաջորդեցին Հայ եկեղեցին քաղաքականացած եւ իր սրբազան առաքելութենէն շեղած համարող ամբաստանութիւնները: Ամբաստանութիւններուն ընկերացան տեսակաւոր վարկաբեկումները, որոնց նպատակը եկեղեցւոյ հեղինակութեան խաթարումն էր: Ապա տեղի ունեցան, քանի մը հանգրուաններով, ձերբակալութիւններ եւ շռնթալից դատավարութիւններ, որոնք կը շարունակուին տակաւին: Սակայն սայլը տեղէն չշարժեցաւ:

Յաջորդ քայլը բերդը ներսէն գրաւելու միջոցին դիմելն էր: Փնտռելով եւ գտնելով իրենց մեծաւորներէն դժգոհ եկեղեցականներ, անոնք մղուեցան առաջին գիծ ու քաջալերուեցան իրենց արդար կամ անարդար դժգոհութիւնները հրապարակայնացնելու եւ վերածելու ամբաստանութիւններու: Այժմ, այս փուլին մէջ ենք. փութկոտ փորձ կը կատարուի եկեղեցական դասը պառակտելու ու ներքին խռովութիւն ստեղծելու:

Քաջալերելու համար դժգոհ հոգեւորականները, Նիկոլ Փաշինեան ամէն կիրակի կը մասնակցի ամէն անգամ տարբեր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին: Հաւատացեալ քրիստոնեայի այս վարքագիծը վարակիչ դարձած է նաեւ խումբ մը պետական պաշտօնեաներու եւ քաղաքական դէմքերու, որոնք կ՛ընկերակցին եւ աղօթակից կը դառնան բարեպաշտ վարչապետին: Բարեպաշտական հով մը կը փչէ Հայաստանի կառավարութեան վրայ: Այս պատարագներու ընթացքին, յիշատակումներու ատեն զանց կ՛առնուի Ամենայն հայոց կաթողիկոսի անունը, ինչպէս նաեւ, ըստ յարմարութեան, թեմի առաջնորդի անունը: Չխօսինք կարգազուրկ հռչակուած քահանայի մը մատուցած կանոնականօրէն անօրէն պատարագին մասին:

Հայաստանի կառավարող իշխանութեան ներկայացուցիչները կը վստահեցնեն, որ պայքարը Հայ եկեղեցւոյ դէմ չէ, այլ եկեղեցին քաղաքական պայքարի դաշտ առաջնորդած եկեղեցականներու դէմ է: Եկեղեցականները, որոնք պետութեան քաղաքացիներն են, իրաւունք ունին տեսակէտ ունենալու իշխանութեան վարած քաղաքականութեան մասին ու հրապարակելու այդ տեսակէտը: Եկեղեցականներու դիրքորոշումը կարելի չէ շփոթել եկեղեցւոյ դիրքորոշումին հետ: Ազգային հիմնական հարցերու մասին, սահմանադրականօրէն յատուկ կարգավիճակ ունեցող ազգային եկեղեցին չի կրնար լուռ մնալ: Եկեղեցին քաղաքական պայքարի բեմ հրաւիրողը, առայժմ ապարդիւն, Նիկոլ Փաշինեանն է: Ինչպէս միշտ` բաժնողն ու կոտորակողը:

 

 

Նախորդը

Անձնուէր Առաջնորդը

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Տիթրոյիթ Փիսթընզ 13-րդ Յաջորդական Յաղթանակը Արձանագրեց

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.