Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Միւնակը – Ձեր Աշխարհը. «Թուղթէ Շինուած» Երկիր Մը, Որ Կ՛ուզէ Ամէն Քայլափոխի Վերապրիլ

(Լիբանանի Անկախութեան 82-Ամեակ)

Նոյեմբեր 22, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

 «Կ՛ապրինք խենթանոցի մը մէջ…»
ԹԱԼԱԼ ԱՐՍԼԱՆ (3-11-2025)

Հեռու աշխարհաքաղաքական վերլուծութենէ եւ տեղական ամուլ եւ խենեշ վէճերու մասնակից դառնալէ, ի՛նչն է, որ մեզ` իբրեւ լիբանանահայ քաղաքացիներ, կը մղէ վերոնշեալ տօնին առիթով սեւով ճերմակի վրայ արձանագրելու մտածումներ, որոնք կրնան ժամանակավրէպ, անըմբռնելի ու անտեղի նկատուիլ, պարզ այն հասկացողութեամբ, որ «ծուռ կառոյց» ունեցող երկիր-ժողովուրդ մը երբեւէ կրցե՞ր է վերականգնիլ եւ խաղաղ ապաստան ըլլալ իր սեփական ժողովուրդին, որ դարերու հնութիւն` փիւնիկեցիներէն ժառանգուած պատմութիւն մը ունի իր շալակին:

Պատմութիւն մը, որ քաղաքակրթական նուաճումներու հարթակներ նուիրած է համայն մարդկութեան ու անով հպարտացած խոր ժամանակներէ ի վեր:

Այլ հարց, որ պատմագրական տուեալներ նաեւ յիշած են տուեալ հողամասին վրայ ապրող ժողովուրդին նկարագրային յոռի երեւոյթները, խաղքութիւնն ու տհաս կազմաւորումը, այլապէս ալ անհանդուրժողի, այլամերժի եւ ատելութեամբ յագեցածի վերաբերումը: Բաւարար է լոյսին բերել 1860-ականներու միջհամայնքային սպանդն ու 1975-1990-ի քաղաքացիական պատերազմը:

Սա մետալին մէկ երեսն է:

Արդ, վերեւի երկու, այսպէս ըսած, հաստատումները թէեւ ունին վիրաւորական եւ միանգամայն ընդվզեցնող բնոյթ, այդուհանդերձ կը պարփակեն իրականութիւն մը անսեթեւեթ, որ կը հալածէ այս հողատարածքին վրայ ապրող ժողովուրդը:

Ու այս խօսքերը պատմութենէն առնուած չեն, այլ ներկայ օրերը լաւապէս բնորոշող ընդգծումներ են, որոնք դամոկլեան սուրի նման կախուած են իւրաքանչիւր քաղաքացիի գլխուն, որ տակաւին կառչած է ու կը հաւատայ այս երկրի ապագային, յայտնապէս երազելով, որ օր մը պիտի կերտուի Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի Լիբանան հայրենիքը:

Ճիշդ է, որ «Թուղթէ շինուած»-ին հեղինակը պատմաբան-լրագրող մըն է, իսկ «խենթանոց»-ինը` նախկին նախարար, յայտնի պետական գործիչ եւ կուսակցապետ մը, այդուհանդերձ, զիրար ամբողջացնող մտքեր են, ձեւով մը ինքնարդարացման եւ մեղայական արտայայտութիւններ, որոնք ի զուր կը հնչեն այս օրերուն:

Թէ ինչո՛ւ ի զուր կը հնչեն, պարզապէս որովհետեւ Մեծն Լիբանանի (1920) ստեղծումէն ի վեր նման մտածումներ, կեցուածքներ, ընդգծումներ յաճախակի լսուած են տարբեր հարթակներու վրայ, սակայն ոչ մէկ արդիւնքի յանգած:

Փաստօրէն, համայնքայնութեամբ յղփացած Լիբանանի երկնակամարը ոչ մէկ ատեն կրցեր է թօթափել յարանուանական տկլոր մտայնութիւնը ու անցնիլ տիպար երկրի մը կառուցման աշխատանքին: Երկիր մը, ուր գերիշխող է պետականութիւնը, ունի քաղաքական առողջ մտածողութիւն, լուսաւոր արդարադատական համակարգ, օրէնսդրական կարգ ու սարք, կը գործեն անշահախնդիր պետական այրեր, իսկ  համայնքապետերու անաչառ ու ժողովրդանուէր ներկայութիւնը`յոյս ու կորով կը ներշնչէ շուրջբոլոր:

Այլ խօսքով` եթէ երբեք ժողովուրդի մը ներքին կեանքի յարաբերութիւնը ամուր սիւներու եւ գիտակցական բարձր մակարդակի վրայ չէ կառուցուած, այն ատեն հաւաքական յիշողութիւնն ու ազգային արժանապատուութիւնը լոկ մտքի մարզանք են, զիրար սիրելու եւ յարգելու չափորոշիչը` արդար աշխատանքը չէ, կենցաղավարութիւնն ու ազգային ըմբռնումները գունաւոր պաստառներու զարդեր են, վստահութեան հարցը պարզապէս բարբաջանք է, պառակտումի սերմեր ամէն քայլափոխի ի յայտ կու գան, օտար ուժերու միջամտութիւնը ամէնօրեայ հանդէսներ են, հայրենիքի գաղափարը` ժպտերես քաղաքական այրերու շրթներուն`«պարապ վախտի խաղալիք», զբօսանք է, միասնականութեան քարոզիչները` երբեմնի պատերազմի ասպետներ են եւ այլն, եւ այլն:

Ա՛լ ինչ խօսք անկախութեան մասին, որ դպրոցական դասագիրքերուն մէջ անգամ ձեւական բնոյթ ունի եւ պարպուած է իր խոհական իմաստէն:

Կրնայ հարց տրուիլ, թէ ի՞նչն է այս բոլորի պատճառը, աւելի՛ն. ժողովուրդ մը, որ աւելի քան ութ տասնամեակէ կը ձգտի գերիշխանութեան եւ իրաւ անկախութեան, ինչո՞ւ ցարդ չի յաջողիր կերտել սերունդներու երազած «Լուպնան էլ ախտար»-ը, ուր հասակ պիտի առնեն գեղադէմ ու զարգացած սերունդներ, որոնք հպարտութեամբ լիացած պիտի ուզեն ապրիլ ու ստեղծագործել մայրիներու շուքին տակ:

Կրնայ նաեւ առարկուիլ, որ բարի խօսքն ու տրամադրութիւնը երբեւէ կշիռ եւ ազդեցութիւն ունեցե՞ր են այս երկրին մէջ, ուր նոյն համայնքի զաւակներ անգամ իրար յօշոտելու կը պատրաստուին` երեսփոխանական ընտրութիւններու նախօրէին:

Ու կը զարմանանք, որ օտար պետութեան մը պատուիրակը կը յանդգնի լպիրշ խօսքեր ուղղել մերթ լրագրողներու, մերթ պետական այրերու,  մերթ Լիբանանին:

Մետալի միւս երեսը մեզի կը յուշէ հետեւեալը. այնքան ատեն որ հաւաքականութիւն մը, այս պարագային` Լիբանանի ժողովուրդը, չէ թօթափած համայնքայնութիւնը եւ գերի է դարձեր իր իսկ ստեղծած ստրկամտութեան եւ օտար ուժերու կամայականութեան, չ՛ուզեր ձերբազատիլ նեղմիտ վարքագիծերէ, կեղծ վախերէ եւ մօտեցումներէ, ստոյգ, պիտի չկարենայ կերտել իրաւ անկախ պետութիւն:

Միւս կողմէ, ընդունիլ է պէտք, որ Լիբանանի պետական կեանքին մէջ եղեր են զարտուղի անձինք, որոնք փորձեր են ամուր հիմերու վրայ դնել պետութիւնը` լոյսին բերելով իրենց հաւատամքն ու աշխատելու կորովը: Կրցեր են որոշակի յաջողութիւն ձեռք ձգել ու քաղաքական արեւելումի հարցերը հաւասարակշռել, այդուհանդերձ, երկիրը դէմ յանդիման գտնուեր է ոլորապտոյտ մարտահրաւէրներու ու շատ անգամ ընկրկեր, տուրք տալով օտարի ազդեցութեան ու ներքին փտածութեան:

Արդեօք յիշե՞լ է պէտք, որ պաղեստինեան, արաբ-իսրայէլեան թէ շրջանային պատերազմներ իրենց ուղղակի ազդեցութիւնը ունեցեր են եւ այս փոքրիկ երկիրը վերածեր կռուախնձորի մը, ուր բոլորի շահերը ապահովուեր է բացի`լիբանանեան պետութեան:

Իրօք, օտարին շահերը կամայ թէ ակամայ ապահովող Լիբանանի ժողովուրդը իր պետական կարգ ու սարքով ցարդ կքած է ընկերատնտեսական թէ քաղաքական անել կացութեան դիմաց, որովհետեւ չէ ունեցած ռազմավարական միտք, ծրագիր ու միասնակամ ժողովուրդ, որ պիտի կարենար դէմ դնել բոլոր ոտնձգութիւններուն եւ հայրենիքի ազատութիւնն ու անկախութիւնը ամէն բանէ վեր դասել:

Լիբանանահայութեան տարեգրութիւնն ու քաղաքացիական գիտակցութիւնը եթէ երբեք օրինակելի են եղած ու յարգուած բոլորէն, ատիկա պարզապէս որովհետեւ անիկա հիմք է ունեցեր մեր նախնեաց հաւաքական դաստիարակութիւնը, համոզումն ու վարքագիծը:

Մենք, ապահովաբար գիտցեր ենք, թէ ի՛նչ կ՛ուզենք այս երկրէն, կը մնայ որ այս կամ այն համայնքին պատկանողն ա՛լ գիտակցի ու արթննայ իր խոր թմբիրէն կամ «խենթանոցի» կարգավիճակէն:

 

 

 

 

Նախորդը

Լիբանան` Անկախութեան Կանչը

Յաջորդը

Անկախութեան 82-Ամեակ. Լիբանանի Ինքնորոշման Եւ Անկախութեան Կերտման Երկար Պայքարը

RelatedPosts

Անկախութեան 82-Ամեակ.  Լիբանանի Ինքնորոշման Եւ Անկախութեան Կերտման Երկար Պայքարը
Անդրադարձ

Անկախութեան 82-Ամեակ. Լիբանանի Ինքնորոշման Եւ Անկախութեան Կերտման Երկար Պայքարը

Նոյեմբեր 22, 2025
Ազգային Ինքնորոշման Իրաւունքը Տուն Պէտք Է Բերել  (Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Առիթով)
Անդրադարձ

Լիբանան` Անկախութեան Կանչը

Նոյեմբեր 22, 2025
Հպանցիկ Ակնարկ` Մեր Եկեղեցւոյ Դէմ  Սադրանքներու Պատմութեան Վրայ – Գ.
Անդրադարձ

Հպանցիկ Ակնարկ` Մեր Եկեղեցւոյ Դէմ Սադրանքներու Պատմութեան Վրայ – Գ.

Նոյեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?