Վերջերս Պէյրութ գտնուած օրերուս «Ազդակ»-ի անխուսափելի սուրճը կ՛ըմբոշխնէի, երբ խմբագրատուն այցելեց Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանը եւ իր հեղինակած գիրքէն օրինակ մը մակագրելով` ինծի նուիրեց: Կողքին վրայ կարդացի «ՄԵՐ ՏՈՒՆԸ»: Առաջին մտածումս եղաւ այն, թէ ինչպէս ուրիշներ, չոր ու յաճախ անհամ նկարագրութիւն մը պիտի ըլլայ իր ընտանիքին կենսագրութեան մասին: Յուշագրութիւն մը` իբրեւ խղճի պարտք: Ինչ որ է, խորհեցայ, թէ վերադարձի ճամբուս` օդանաւին մէջ թերթատելու գիրք մը պիտի ունենամ:
Բայց ահաւասիկ սխալած եմ իմ դատումիս մէջ. եւ` չարաչա՛ր սխալած:
Կարդացի «Յառաջաբանի փոխարէն»-ը նորոգ հանգուցեալ բժիշկ Արմենակ Եղիայեանի, որ իր մանկութեան ու պատանեկան տարիներուն մօտէն ապրած է այդ «Մեր տունը»-ին շրջանակին մէջ եւ վայելած` անոր ջերմութիւնն ու մտերմութիւնը:
Նախաբանին կը հետեւէր գրութիւնը Կարօ Յովհաննէսեան մտաւորականին, որ պեղելով դպրոցական տարիներու յուշերն ու իրադարձութիւնները` կ՛անդրադառնար աշակերտական-ուսանողական կարգ մը նախաձեռնութիւններուն եւ կու տար վկայութիւնը, որ գրքին հեղինակը` աշակերտուհի Սեդան, այդ տարիներուն իսկ աշակերտական ձեռնարկներուն ընդմէջէն կը ցոլացնէր իրերն ու առարկաները խօսեցնելու իր տաղանդը:
Հետագայ էջերու ընթերցումը կապեց զիս «Մեր տունը» գիրքին եւ գրաւեց հետաքրքրութիւնս: Ոչ միայն չոր ու անհամ նկարագրութիւն մը չէր ան, այլ` ընդհակառակն. կարծես ըլլար շղթայի մը պէս իրարու կապուած դիպաշար մը, որ օղակ առ օղակ յաջորդականութեամբ կը քակուէր, եւ ընտանեկան շրջանակի տիպարներուն ընդմէջէն ու անոնց բերնով ու բարբառով կը ներկայացուէին ապրուած գաղթականութեան ու աքսորի ոդիսականը մարդոց, որոնց կեանքը եղած է վերապրումի անխնայ ու տիտանեան մաքառում մը թշուառութեան դէմ, անգութ ճակատագիրին դէմ եւ յաջողած են անոնք վերակառուցել հինին անուանակոչումով Նոր Թոմարզան, վերականգնած են ընտանիք ու ընտանեկան սրբութիւն, հաւաքական կեանք` հայկական բարքերով ու աւանդութիւններով եւ միշտ վառ պահած` հայրենական օճախ վերադարձի յոյսը: Մաքուր հոգիով, պարզ ու բարեպաշտ տիպարներ, որոնցմէ միայն բարիք կը ցոլայ ու ազնուութիւն: Ապա` կենցաղային դժբախտ խաղերու պարտադրանքներով յաջորդ սերունդին վիճակուած աստանդական կեանքը երկրէ երկիր` հոգեբանական խորունկ խոցերով թէ՛ մնացողներուն եւ թէ՛ մեկնողներուն մէջ: Եւ այսպէս, շարունակաբար իրարու կը յաջորդեն էջերը եւ կը կլանեն ընթերցողը…
Իբրեւ շարքային ընթերցող մը` կը ձայնակցիմ նորոգ հանգուցեալ Ա. Եղիայեանին ու Կարօ Յովհաննէսեանին, որոնք աւելի բանիմաց գրական արուեստի գնահատման մէջ կ՛ափսոսան, որ Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան անարդար կամ անհոգ գտնուած է (քիչ մնաց պիտի ըսէի` ապերախտ գտնուած է) իր տաղանդին նկատմամբ եւ մինչեւ այս գիրքը` բացակայած է գրականութեան անդաստանէն…
Այս առիթով երեք նշումներ.
1.- Մեր գեղարուեստական գրականութիւնը առհասարակ չի սիրեր գործածել հասարակ-ոգեզուրկ բառեր, ինչպէս, օրինակ, դուռ-պատուհան, դգալ-պատառաքաղ, դանակ-գաւաթ, խոհանոց-կերակուր կամ աթոռ, սեղան ու տիւան, կամ` այս կարգի բառեր, համարելով, որ անոնք կը խաթարեն, կը նսեմացնեն արուեստին գեղեցկութիւնն ու նրբակերտութիւնը: Սեդային գրիչը հմտութիւնն ունի այդ կարգի բառերուն տալու ազնուականութիւն ու խորհրդանշական ոգեկանութիւն ու իմաստ: (Ի դէպ, թէեւ «Մեր տունը» գիրքին հետ որեւէ կապ չունի, բայց քանի որ խօսքը ըրի, աւելցնեմ, որ մեր լեզուն նոյնպէս չի սիրեր սեռայնութեան (sex) առնչուող բառերու գործածութիւնը, անիկա նկատելով ամօթխածութեան դէմ մեղանչում…):
2.- «Մեր տունը» գիրքին շնորհիւ եւ գրական արուեստի ճամբով տրուած է առնուազն նախաճաշակը Թոմարզայի բարբառին եւ փրկուած` Նոր Թոմարզայի հիմնադրութեան պատմութիւնը: Կենդանացուած պատկերներով ներկայացուած են` բնակիչներու պարզամտութիւնը, ընտանեկան այցելութեանց սիրալիրութիւնը, անկեղծ հիւրասիրութիւնը, իրարու նկատմամբ սրտցաւութիւնը եւ այլն:
3.- Փրկութեան կը կարօտին, եթէ անհետ կորսուած չեն արդէն, թրքախօս կիլիկեցիներու` այսինքն Մարաշի, Սիսի, Ատանայի, Հաճընի, Այնթապի եւ այլոց հայկական բարբառները, ինչպէս նաեւ` այս անուններով կազմուած Պուրճ Համուտ հայկական քաղաքի հիմնադրութեան պատմութիւնը: Խօսելու չեմ համարձակիր փրկութեանը մասին պուրճհամուտեան կենսաձեւին ու տիպարներուն… Արդեօք պիտի գտնուի՞ն սեդա մարկոսեան-խտըշեաններ…
Յամենայն դէպս, ո՛վ որ սքանչելի հայերէնով ու վճիտ ոճով գիրք կարդալ կը սիրէ, թող չվարանի «Մեր տունը» կարդալու:
Նման պարագաներու շարքային ընթերցողը երկու բառերու մէջ կը խտացնէ իր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը.
Վա՛րձքդ կատար, ինչ որ կը պարփակէ նաեւ նոր իրագործումի մը սպասումը…



