Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Պանկլատէշի ոճրադատ ատեանը երկուշաբթի, 17 նոյեմբերին մահավճիռ արձակեց նախկին վարչապետ Շէյխա Հասինայի եւ անոր ներքին գործոց նախարարին դէմ, անոնց այլ գործակիցներ տարբեր վճիռներ ստացան: Հասինայի իշխանութիւնը տապալած էր աւելի քան տարի մը առաջ, օգոստոս 2024-ին, երբ անոր դէմ բողոքի ցոյցերը, մասնաւորաբար ուսանողներու շարժումը, եւ զայն ճնշելու իշխանականներու բռնամիջոցները երկիրը նետած էին արիւահեղութեան ոլորապտոյտի մը մէջ: Ըստ ՄԱԿ-ի տեղեկագիրներուն, 1400 ցուցարար սպաննուած էր, բազմահազար ուրիշներ` վիրաւորուած: Իբրեւ բռնատէր ու ջարդարար հռչակուած Հասինա ապաստանած էր Հնդկաստան: Ամբաստանագիրը զայն կը նկատէ ոճրագործ եւ ոճիրներու կանխարգիլումէ ետ կեցող:
Ժամանակաւոր կառավարութեան պետը` Նոպէլեան մրցանակի արժանացած Մոհամետ Եունուս, «պատմական» որակեց վճիռը: Պանկլատէշ կը պահանջէ, որ Հնդկաստան իրեն յանձնէ փախստական վարչապետը, Հնդկաստան տուած է «գաղջ» պատասխան մը, թէ` նկատի պիտի ունենայ «պանկլատէշցի ժողովուրդին շահերը»: Հասինայի կողմնակիցները կը սպառնան խռովութիւններ ստեղծել…
Վճիռին հրապարակումէն ետք…
Աշխարհի աչքին «յետամնաց»-ի որակում ունեցող Պանկլատէշ մը, ուրեմն, իբրեւ ոճրագործ ճանչցուած պետական վարիչէ մը կեանքի՛ հաշիւ կը պահանջէ:
Իսկ ի՞նչ կ՛ընեն «յառաջադէմ», «ժողովրդավար», «մարդու իրաւունքներու պաշտպան» հռչակուածները: Անոնք կը ծափահարեն` իբրեւ ՑԵՂԱՍՊԱՆ ճանչցուած էրտողանները, ալիեւները, նեթանիահուները, ծայրայեղական-կրօնամոլ կազմակերպութիւններու առաջնորդները, ճակատաբաց կը տեսակցին անոնց հետ ու կը թօթուեն անոնց արիւնոտ ձեռքերը: Չեն վարանիր կուլ տալ Հայաստանը «ժողովրդավարութեան պասթիոն» հռչակող ՔՊ-ապետին ու մանկլաւիկներուն սին յոխորտանքները, աչք կը փակեն ընդդիմադիրներու հալածանքներուն, բանտարկութիւններուն, ընտրական դաշտերու մէջ տարրական սկզբունքներու ոտնակոխման վրայ, ինչպէս որ կը հրաժարին մինչեւ իսկ դիտողի դեր ստանձնելէ Պաքու մէջ, Արցախի ղեկավարները կեղծ դատավարութիւններու ենթարկելու` բռնապետին «հերոսութիւններուն» նկատմամբ: Հայաստան-Արցախի մէջ գործուած են շատ աւելի ծանրակշիռ ոճիրներ` շուրջ հինգ հազար զոհ, բազմահազար վիրաւորներ, 150 հազար բռնագաղթուած, տասնեակ հազարաւոր քիլոմեթր տարածութեամբ հայկական հողերու բռնագրաւում, հայութեան հետքերու ջնջում: Բացայայտուած է թշնամիին հետ ՔՊ-ականներու լծակցութիւնը: Աշխարհի «ժողովրդավարներուն» եւ «մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ»-ուն պէս, Հայաստանի ՔՊ-ականներն ալ որդեգրած են լուռ հանդիսատեսի կեցուածք, չեն ուզեր այդ կողմն իսկ նայիլ, երբեմն… խօսքի ապուր կը հրամցնեն իրենց հաւատացողներուն:
***
«Յետամնաց» Պանկլատէշը կողմնացոյց մը կու տայ աշխարհին: Երեւանի մէջ կայ Պանկլատէշ անունով թաղամաս մը…
17 նոյեմբեր 2025




