ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Լիբանան դարեր շարունակ օսմանեան տիրապետութեան տակ մնացած, բայց իր ինքնուրոյն գոյավիճակը պահպանած է:
Լեռնալիբանանի էմիրութիւնը, տիւրզի Մաան եւ այնուհետեւ Շեհապ ընտանիքներու ղեկավարութեամբ, եւ իբրեւ կեդրոն ունենալով Տէյր Քամարը եւ հետագային Պէյթէտտինը, երկար ժամանակ յաջողած էր պահպանել իր ինքնիշխան գոյավիճակը: 1860-ի տիւրզի-մարոնի կռիւներէն եւ քրիստոնեաներու ջարդէն ետք Լեռնալիբանանի մութասարրիֆութիւնը հաստատուած էր:
Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ դաշնակիցները ծովային շրջափակում սահմանեցին Միջերկրականի արեւելեան ափերուն: Իրենց կարգին թուրքեր պաշարեցին Լեռնալիբանանը եւ պարէնային պաշարները բռնագրաւելով զօրքերուն տրամադրեցին: Ծայր առաւ նաեւ մարախի համաճարակը: Սկսաւ ահաւոր սով մը, որուն զոհ գնաց շուրջ 200 հազար հոգի:
Պատերազմի աւարտին, 1918 հոկտեմբերին թրքական պարտուած բանակները քաշուեցան Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ արաբական բոլոր հողերէն:
Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ, 1916-ին գոյացած Սայքս-Փիքօ համաձայնութեան հիմամբ Սուրիա եւ Լիբանան ֆրանսական հոգատարութեան տակ մտան:
Սուրիոյ Ազգային քոնկրեսը 1920-ին Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ եւ Լիբանանի անկախութիւնը հռչակեց: Լիբանանի քրիստոնեաները, անկախ Լիբանանի տեսլականով, Պաապտայի մէջ 22 մարտ 1920-ին անկախութեան որոշում առին:
Լեռնալիբանանի մարոնիները Իլիաս Հոայէք պատրիարքի ղեկավարութեամբ դիմեցին Ֆրանսայի, Լիբանանի սահմանները ընդարձակելու եւ զայն կաթոլիկ քրիստոնեայ պետութեան վերածելու առաջադրանքով:
Հոայէք պատրիարքին առաջադրած Մեծն Լիբանանը կ՛ընդգրկէր Ռաս Նաքուրայէն Նահր Քեպիր եւ ամբողջ Անդիլիբանանեան լեռնաշղթան: Պատրիարքը, պատերազմի տարիներուն պատահած ահաւոր սովը նկատի ունենալով, կ՛առաջադրէր Պեքաայի բարեբեր հովիտը ընդգրկել Մեծն Լիբանանի կազմէն ներս:
Ընդառաջելով պատրիարքի կամքին, ֆրանսական հոգատարութեան բարձրագոյն կոմիսար զօրավար Հենրի Կուրօ 1 սեպտեմբեր 1920-ին յայտարարեց Մեծն Լիբանանի կազմաւորումը: 1926-ին, երբ ընդունուեցաւ առաջին սահմանադրութիւնը, երկիրը պաշտօնապէս անուանուեցաւ Լիբանանի Հանրապետութիւն:
Ֆրանսեւլիբանանեան դաշինքը ստորագրուեցաւ 1936-ին, որուն հիմամբ Ֆրանսա կը խոստանար երեք տարուան ընթացքին անկախութիւն շնորհել Լիբանանի: Սակայն Ֆրանսայի օրէնսդիր իշխանութիւնը մերժեց վաւերացնել դաշինքը:
Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, 1941 նոյեմբերին Լեւանթի մէջ Ազատ Ֆրանսայի ներկայացուցիչ զօրավար Ժորժ Քաթրու խոստացաւ, որ Լիբանան ֆրանսական հովանաւորութեան տակ անկախութիւն պիտի ստանայ:
Սակայն Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներու ներկայացուցիչները մերժեցին ձեւական անկախութիւնը եւ ամբողջական անկախութիւն պահանջեցին:
Խորհրդարանական ընտրութիւններէն եւ Պշարա Խուրիի նախագահ ընտրուելէն ետք, 1943-ին, Ռիատ Սոլհի վարչապետութեամբ նոր կառավարութիւն կազմուեցաւ: Սոլհի կառավարութիւնը սահմանադրութենէն ջնջեց ֆրանսական հոգատարութեան ակնարկող յօդուածները: Մշակուեցաւ նաեւ Լիբանանի իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ համակեցութիւնը ապահովող Ազգային ուխտը:
Զօրավար Քաթրու հակադարձեց եւ ձերբակալել տուաւ Լիբանանի ղեկավար դէմքերը ու զանոնք Ռաշայայի բերդին մէջ բանտարկեց:
Ձերբակալութենէ ազատ մնացած ղեկավարներ Պշամունի մէջ կառավարութիւն կազմեցին:
Լիբանանցի ժողովուրդի դիմադրութեան եւ արտաքին ճնշումի տակ, 22 նոյեմբեր 1943-ին Ռաշայայի բերդին մէջ արգելափակուածները ազատ արձակուեցան: Այսպիսով Լիբանան դարձաւ անկախ պետութիւն:


