Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՄՆ Օրէնսդիր Իշխանութեան Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Ունի Տասնամեակներու Վրայ Երկարող Գուպարումի Ճանապարհ

Դեկտեմբեր 17, 2019
| Newsletter, Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Մենք այսօր չունենք աւելի արդիական հարց, քան Հայ Դատի աշխատանքն է, քանի որ հենց ներքին, հասարակական հարցերը, ի վերջոյ, ածանցեալ են այն հսկայական ողբերգութեանը, ինչպիսին ցեղասպանութեան հարցն է։
Վահան Յովհաննիսեան

Իր հիմնադրութենէն 75 տարի ետք, Ամերիկայի հզօրագոյն հայանպաստ քաղաքական քարոզչութիւն եւ լոպիինկ իրագործող կազմակերպութիւնը՝ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը պատմութիւն կերտեց, երբ տասնամեակներու վրայ երկարող յամառ ու յարատեւ քարոզարշաւի եւ ճիգերու որպէս արդիւնք՝ Միացեալ Նահանգներու վերին պալատը՝ Ծերակոյտը, միաձայնութեամբ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը։

ԱՄՆ Վերին պալատի պատմական բանաձեւի վաւերացումը իւրայատկութեամբ կը զատորոշուի, վասնզի բանաձեւի խորքային բովանդակութեան մէջ յատկապէս կը շեշտադրուի Ցեղասպանութիւն յղացքը եւ նաեւ իւրայատուկ է այն իմաստով, որ ԱՄՆ երկու քաղաքական կուսակցութիւնները համախոհութեամբ կը հովանաւորէին բանաձեւը։

Շուրջ վեց շաբաթներ առաջ, ԱՄՆ ստորին պալատի՝ ներկայացուցիչներու Տան կողմէ քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ վաւերացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւը կու գար յաւելեալ ներուժ ներարկելու Ծերակոյտի մէջ նման բանաձեւի մը վաւերացման։

Այստեղ պարտինք արձանագրել, որ երկու պալատներու բանաձեւերու համահեղինակներուն հետ ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի երկարամեայ համագործակցութիւնը յաւելեալ չարկ կուտար բանաձեւերուն շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու ուղղութեամբ։

Ամերիկեան մամուլը (Նիւ Եորք Թայմզ, Ուաշինկթըն Փոսթ, Ուալ Սթրիթ Ճուռնըլ, CNN) հաւատարիմ մարդկային իրաւանց սկզբունքները գերադասելու իր կոչումին, շաբաթներ շարունակ թիրախաւորեց եւ պախարակեց այն ծերակուտականները, որոնք կը փորձէին խոչընդոտել բանաձեւը։ Բանաձեւի գործնական վաւերացման քուէարկութիւնը երեք անգամ արգելակելէ ետք, Դեկտեմբեր 12-ին ո՛չ մէկ ծերակուտական տրամադիր էր որեւէ պատրուակով դիմակայելու վաւերացման գործընթացը։

Այսպիսով, երկպալատանի համակարգով գործող Ամերիկայի Միացեալ Նահահանգներու օրէնսդիր իշխանութիւնը առաջին անգամ ըլլալով կը ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Աւելի քան 30 պետութիւններու կու գար միանալու ազատութեան եւ արդարութեան ջահակիր Միացեալ Նահանգները եւ աւելին՝ առաջին անգամ ըլլալով թրքական ժխտողական քաղաքականութեան դէմ կը կազմուէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Ամերիկեան ցամաքամասի երկպալատանի համակարգով օժտուած երկիրներու պատնէշը՝ Գանատա-ԱՄՆ–Արժանթին-Ուրուկուէյ առանցքով։

Զոյգ բանաձեւերը կը վաւերացուին «Ցեղասպանութիւն» եզրի ծննդոցի 75-ամեակի շեմին, որուն նախահայրը իրաւաբան Լեմքին խմբագրած է նաեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան «Ցեղասպանական յանցագործութիւններու կանխարգիլման եւ պատժատուութեան համագումար»ի նախնական բանաձեւը։ Անբացատրելին այն է, որ ՄԱԿ-ի վերոնշեալ համագումարի անդամ պետութիւններու շարքին է Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրած եւ զայն դրժող եւ ուրացող Թուրքիան…։

Անցնող 30 տարիներուն ընթացքին, ԱՄՆ յաջորդական չորս նախագահներ՝ հայր Պուշ, Քլինթըն, որդի Պուշ եւ Օպամա խափանած են Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատող օրէնսդիր տարբեր պալատներու բանաձեւեր։ Նախագահ Թրամփ իր կարգին այդ փորձը կատարեց՝ փորձելով համոզել յատկապէս Հանրապետական ծերակուտականները, որ կարելի չէ հարուած հասցնել ԱՄՆ երկարամեայ ռազմավարական դաշնակից Անգարային։ Սուրիոյ մէջ վերջին ամիսներուն Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան ընդդիմացող ԱՄՆ Գոնկրէսի անդամները արդէն իսկ անհանդուրժելի կը նկատէին դաշնակից մը, որ S-400 հեռահար հրթիռներու գնման պայմանագրութիւն կը ստորագրէր Ամերիկեան 2016-ի ընտրութիւններուն միջամուխ դարձած եւ ԱՄՆ ներքաղաքական կեանքը «թունաւորած» Քրեմլինէն։

Չկար Ուաշինկթընի Քափիթոլ Հիլի միջանցքներուն մէջ Թուրքիոյ օգտին քարոզչութիւն կատարող Անգարայի երբեմնի դաշնակիցը՝ Իսրայէլը, որուն վարչապետ Շիմոն Փերէսը երկու տասնամեակ առաջ անձամբ միջամտած էր՝ կասեցնելու համար Քլինթընի նախագահութեան օրերուն ԱՄՆ Ներկայացուցչական Տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը առաջադրող բանձեւը, իսկ ԱՄՆ-ի մէջ գործող հրէական լոպիինկի կազմակերպութիւնները՝ AIPAC-ը (Ամերիկա-Իսրայէլ Հասարակական Կապերու Կոմիտէ) ADL-ը (Հակա-Վատահամբաւման Լիկա), AJC-ն (Ամերիկեան Հրէական Կոմիտէ), տարիներ շարունակ հակահայ լոպիինկ կատարած էին Անգարայի հաշւոյն։

Հայ Դատի Յանձնախումբին համար կացութիւնը հակակշռելի դարձած էր մանաւա՛նդ այն հանգամանքէն ետք, որ բանաձեւի նախաբանին մէջ իսկ կը յիշուէր ոչ միայն հայ ժողովուրդը, այլեւ՝ կը յիշուէին թրքական ցեղասպանական բռնարարքներուն զոհ գացած յոյները, ասորիները, քաղդէացիները, արամէացիները եւ մարոնիները։ Թուրքիոյ վրայ ճնշումը սաստկացնելու յստակ միտումով այս մարտավարութիւնը գործադրութեան կը դրուէր եւ Ներկայացուցիչներու Տան մէջ օրինագիծի լսումներու նիստերու ընթացքին ելոյթ կ՚ունենային հայ-ասորի ծագումով գոնկրէսական Աննա Էշուն եւ կաթոլիկ քրիստոնեայ լիբանանեան ծագումով Աննա Շալլալան, որոնք կը վկայակոչէին իրենց նախնիներուն հանդէպ գործադրուած թրքական բրտութիւններն ու ցեղասպանութեան համազօր սպանութեան ու բնաջնջման արարքները։

Ապարդիւն դարձած էին նաեւ լոպիինկի ամերիկեան կազմակերպութիւններու ճիգերը։ Լոպիինկի ծիրէն ներս ուշագրաւ է նշել հետեւեալ թիւերն ու տեղեկութիւնները.

– Լոպիինկի ամերիկեան կազմակերպութիւններու ամենէն բարձր գինը վճարող պետութիւններուն մէջ, Թուրքիան չորրորդն է, տարեկան 3,5-4 միլիոն տոլարով:

– Ներկայացուցիչներու Տան անդամներու հետ ամենէն յաճախակի հաղորդակցական կապերը հաստատող երկիրը 2009-ին հանդիսացած է Թուրքիան, 2268 հաղորդակցական կապերով:

– Al Monitor վերլուծողական կայքէջի հետաքննական լրագրական տուեալներով՝ 2018 թուականին Անգարայի կողմէ վարձակալուած ամերիկեան լոպիինկի կազմակերպութիւններէն մէկն է Mercury Public Affairs ընկերութիւնը, որ 758 հազար տոլար ստացած է Թուրքիոյ պետութենէն։

Ամիսներ առաջ, պատմութիւնը խեղաթիւրելու վերջին ճիգով մը Էրտողանի վարչակարգը գործի կը մղէր Թուրքիոյ հաղորդակցութեան գերատեսչութեան գրասենեակը, որպէսզի այս վերջինս յառաջացնէր համացանցային կայքէջ մը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող յօդուածներով եւ կեղծ վկայութիւններով։

Ուաշինկթընի օրէնսդիրներուն համար չկար այլեւս Սկիլլայի եւ Գարիբդէսի միջեւ ելք որոնելու այլընտրանք, այլ՝ կար միայն պատմական ճշմարտութիւնը ընդունելու հրամայականը։

Դէպքերու այս հոլովոյթով, Հոկտեմբեր 29-ին, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Ներկայացուցչական Տան ցեղասպանութեան բանաձեւի 125 համահովանաւորներուն կը միանային հարիւրաւորներ, եւ բանաձեւի քուէարկութեան արդիւնքը կ’ըլլար՝ 405 թեր եւ 11 դէմ։

Հայ Դատի Յանձնախումբի քաղաքական սեւեռուն նպատակը եղած է Հայ Դատին ու պահանջատիրութեան ի խնդիր ծառայելու ուխտապահութիւնը, քաջ գիտակցելով որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը համահիւսուած է Հայաստանի եւ Արցախի պետականութեանց ազգային անվտանգութեան հետ։

Ուաշինկթընի գրասենեակէն եւ աշխարհասփիւռ Հայ Դատի յանձնախումբերու գրասենեակներուն կողմէ այսօր քարոզչական եւ լոպիիստական ճակատամարտները կը մղուին բազմաբեւեռ ճակատներու վրայ, ըլլայ այդ Արցախի, Հայաստանի, Ջաւախքի համար, հայրենի զոյգ պետութեանց համար միջազգային դրամաշնորհներ ապահովելու գծով կամ տագնապի մէջ գտնուող սփիւռքահայ ոստաններուն օժանդակելու գծով։

Այլ գետնի վրայ, ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբին համար կարեւորագոյն հիմնադրոյթ է Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութիւնը պատմական ճշմարտութեան իրազեկ դարձնելու գործընթացը, որուն առաջին նախաքայլը կրնայ դառնալ թրքական պետական կրթական ծրագրի պատմութեան դասագիրքերու վերախմբագրումը եւ անոնց բովանդակութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարիտ պատմագրութեան ներառումը։

Ցեղասպանութեան վէրքերը կարելի է սպիացնել միայն համապատասխան հատուցումով, որ կ՚ենթադրէ հայ ժողովուրդի սեփականութիւնը հանդիսացող Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հողատարածքներու վերադարձը՝ իրաւատիրոջ։

Իր հիմնադրութենէն 75 տարիներ ետք, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, գիտարուեստի հաղորդակցական միջոցներով ոչ միայն հարիւր հազարաւոր ամերիկահայերու հասանելիութիւնը ապահոված է, այլեւ՝ անոնց բարոյական ու նիւթական յանձնառութիւնն ու վստահութիւնը՝ թեւ ու թիկունք կանգնելու յանձնախումբի աշխատանքներուն։

Աշխարհագրական մէկ ու ամբողջական տարածութեամբ հայրենի հողի վրայ, անկախ ու ինքնիշխան երկրի միաւորուած երկնակամարին ներքոյ ապրելու տեսլականով՝ Հայ Դատի յանձնախումբերը իրենց գործադաշտը ծաւալելու վճռակամութեամբ՝ անվկանդ կը շարունակեն հայրենակերտման առաքելութիւնը։

Նախորդը

Մեծաթիւ Մասնակցողներու Մասնակցութեամբ. Պեք-Կամընի 2019-ի Ախոյեանութիւնը Տեղի Ունեցաւ Մեծ Յաջողութեամբ

Յաջորդը

Լողարշաւ. Նաժահ Ակումբը Տիրացաւ 17 Մետալի` Տուպայի Մէջ

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?