ՃԵՆԻ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
Օրհնուած շունչով օծուած կամաւոր,
Սուրբ առաքելութեամբ, լուսաւոր
Բիւր աշխատանքով խանդավառուած
Միշտ հաւատքով դու ներշնչուած:
Ի՜նչ քաղցրահունչ, անձնուէր կամքով,
Աղքատին, հիւանդին հոգալով,
Աստուծոյ շնորհքով քաջ հայուհի
Ծառայութեամբ նուիրուած Սիրելի:
Պատերազմի արհաւիրքի ծոցէն ծնած խաչուհի,
Ժողովուրդի ցասումէն ոտքի կանգնած Տիրուհի,
Աղօթքով դու զայն կատարած
Ուրախ գոհունակ դարձած:
Կամաւոր ես դու բաղձալի
Լոյսի աղբիւր հրաշալի
Քանդակուած ժպիտը քո դէմքին
Մենք… կը խոնարհինք քո՛ հմայքին:
Կեցցէ՛ կամաւորը:
Կեցցէ՛ ԼՕԽ-ը:
10 դեկտեմբեր 2019, Լիբանան


