Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի

Դեկտեմբեր 14, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէն խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի վերջին մէկ տարուան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան, բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կատարած յայտարարութիւններուն, Ազգային ժողովէն ներս օրէնսդրական կարգ մը նախաձեռնութիւններուն եւ այդ քայլերուն պատճառով հասարակութեան մէջ յառաջացած վատառողջ մթնոլորտին:

Մեր արժեւորումներով կը հաստատենք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները.-

Ա.- Իրենց պաշտօնավարման նոյնիսկ այս կարճ ժամանակահատուածին, օգտագործուած բառամթերքով ու կատարուած քայլերով շատ հեռացած են իրենց իսկ կողմէ յայտարարուած ժողովրդավարութեան, սիրոյ եւ համերաշխութեան շարք մը սկզբունքներէն` հայ հասարակութեան մէջ արհեստականօրէն յառաջացնելով ու արմատաւորելով բազմաթիւ բաժանարար գիծեր, սերմանելով ատելութիւն ու թշնամանք:

Բ.- Բացառելով որեւէ տեսակի երկխօսութիւն եւ անգամ ամենամեղմ ընդդիմախօսութեան արձագանգելով կոշտ, անհամաչափ, հիւանդագին ու փողոցային ձեւով, կացինահարած են ժողովրդավարութեան բոլոր նորմերը:

Գ.- Կրթութեան, մշակոյթի ու զինծառայութեան գծով ազգային արժէքներն ու պետականութեան հաստատութիւններու հիմնաքարերը խարխլող օրէնսդրական նախաձեռնութիւններով ու Արցախի նկատմամբ հնչած հակասական մօտեցումներով եւ յայտարարութիւններով, մեղմ ըսած, վստահութիւն չեն ներշնչեր:

Դ.- Այս ընթացքով ու համազգային արժէքներուն ճիշդ գնահատականներ չտալով` պարարտ հող կը ստեղծեն հայութեան հերոսական յաղթանակներու ու այդ յաղթանակները կերտած հերոսներու նսեմացման ու արժեզրկման, որուն դրսեւորումներէն վերջինը Պռօշեան աւանի Արցախի նուիրեալներու պանթէոնի սրբապղծումն էր:

Ե.- Ազգն ու պետութիւնը դարձուցած են անցեալի սխալներու պատանդ, որուն միջոցով կը փորձեն խեղդել իւրաքանչիւր բովանդակային քննադատութիւն, քողարկելու համար հեռանկարային ու տնտեսապէս ու քաղաքականապէս աւելի լաւ ապագայի կերտման միտող ծրագիրներ մշակելու եւ իրագործելու իրենց անընդունակութիւնը:

Զ.- Չարաշահելով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան էութենէն բխած իշխանութիւնն ու պետականութիւնը տարբերակող սկզբունքն ու անկէ բխած լրջախոհ կեցուածքն ու յարգալից վերաբերմունքը` հանդէպ իշխանութեան եւ անոր ներկայացուցիչներուն, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հասցէին կը հնչեցնեն յերիւրանքներ, չհիմնաւորուած զրպարտանքներ, մանկունակ կանխատեսումներ եւ կը կատարեն Դաշնակցութիւնը պառակտելու քանիցս փորձուած ու ձախողած ապարդիւն ու դատապարտելի փորձեր:

Այս հաստատումներուն ի տես ՀՅԴ Միացեալ Նահանգների Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէն անգամ մը եւս կը վերամիանայ Հայաստանի մեր կառոյցին` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ամիսներ առաջ հնչեցուցած լրջանալու կոչին եւ Հայաստանի կառավարութենէն կը պահանջէ ինքնասրբագրում ու սկսեալ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի (ԿԳՄՍ) նախարարէն` իշխանական օղակներէն հեռացնել ապազգային նկրտումներ ունեցող, պառակտիչ, անհասցէ զրպարտութիւններով զբաղած եւ հեռանկարային ազգային եւ համազգային ծրագիրներ մշակելու անընդունակ տարրերը:

Մենք պիտի շարունակենք հաւատարիմ մնալ հայրենի պետականութեան սատարելու մեր առաքելութեան` ի հեճուկս այսօրուան իշխանութեան, որովհետեւ կը հաւատանք, որ իշխանութիւնները անցողիկ են, իսկ մնայունը մեր պետականութիւնն է: Միաժամանակ կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան` անյապաղ սրբագրել ի սկզբանէ ձախողութեան դատապարտուած հասարակութեան մէջ բաժանարար գիծեր քաշելու, Դաշնակցութիւնը պառակտելու, հասարակութեան մէջ ազգային եւ համազգային օրակարգերու բովանդակային քննարկումներուն անհանդուրժողականութեամբ վերաբերուելու, ինքն իր անատակութիւնը քողարկելու սնափառութեան եւ լծուիլ հայրենաշինութեան ազգանուէր աշխատանքներուն:

10 դեկտեմբեր 2019

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ
ՀՅԴ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Նախորդը

«Արցախի Եւ Հայաստանի Միջեւ Օր Առաջ Պէտք Է Ռազմաքաղաքական Դաշինք Կնքուի». Վ. Բալայեան

Յաջորդը

Անհասցէ Նամակ` Հուրիկին. (Հուրիկ Խանճեան-Ապտիւլեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?