Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Անարժէք

Դեկտեմբեր 16, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Սահակ եպս. Մաշալեան Պոլսոյ հայոց պատրիարք ընտրուելէն ետք կատարած առաջին յայտարարութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւի որդեգրումը որակեց «անբարոյական քայլ», եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը որակեց իբրեւ 100 տարի առաջ գոյութիւն ունեցած «տառապանք», որ կ՛օգտագործուի Թուրքիոյ վրայ ճնշում գործադրելու համար:

Եթէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը նշած չըլլար, թէ կատարուած հարցազրոյցը Պոլսոյ հայոց նորընտիր պատրիարքին հետ է եւ այդ հարցազրոյցին կայացումը հաստատող լուսանկարներ հրապարակած չըլլար, զայն կարդացողը իրաւացիօրէն պիտի կարծէր, թէ հարցազրոյցը թրքական պետութեան պաշտօնեայի մը հետ է, որովհետեւ կը կրկնէ Թուրքիոյ պետութեան պաշտօնական կեցուածքները:

Պոլսոյ հայոց նորընտիր պատրիարքը թրքական պետութեան ջատագոված երկխօսութեան գաղափարը կրկնելով կ՛ըսէ. «Երբ երկու կողմերը չեն կրնար խօսիլ, խօսելու իրաւունքի կը յաւակնին երրորդ կողմերը, չորրորդ կողմերը, անոնք, որոնք արտասահմանի մէջ են»:

Ան կը յայտնէ, թէ իբրեւ հայ վշտացած է, որ «տառապանքը, որ այս հողերուն վրայ 100 տարի առաջ տեղի ունեցած է, կ՛օգտագործուի օտար երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ իբրեւ ռազմավարական, տնտեսական եւ քաղաքական ճնշման գործիք», երբ իրականութեան մէջ միակ վշտացնող երեւոյթը անոր` իբրեւ հայ եւ իբրեւ պատրիարք խօսքերն են:

Իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք Պոլսոյ հայոց պատրիարքին կատարած առաջին հարցազրոյցին մէջ հնչեցուցած կեցուածքները գայթակղալից են եւ արդարօրէն զայրոյթ ու դատապարտանք կը յառաջացնեն, սակայն նաեւ անակնկալ չէին, այլ մեծապէս կանխատեսելի:

Ան Կարօ Փայլան մը չէ եւ չի ալ կրնար ըլլալ: Պէտք չէ մոռնալ, որ իբրեւ պատրիարք ան պտուղն է այն մեքենայութիւններուն, որոնք իրենց համար ընդունելի պատրիարքի մը ընտրութեան համար կիրարկուեցան թրքական իշխանութիւններուն կողմէ եւ ապահովեցին անոնց համար ընդունելի միակ երկու թեկնածուներէն Մաշալեան եպիսկոպոսի ընտրութիւնը: Ուստի, անոր կատարած յայտարարութիւններուն համար պէտք է այպանել թրքական իշխանութիւններն ու անոնց կողմէ ստեղծուած ճնշումի ու վախի այն մթնոլորտը, որոնք Պոլսոյ հայոց պատրիարքը վերածած են ու կը վերածեն իրողական պատանդի մը, թրքական իշխանութիւններուն մէկ խօսափողին: Իրողութիւն մը, որուն լոյսին տակ անոր կողմէ հնչող այսպիսի կեցուածքները կը դարձնեն անարժէք եւ իբրեւ այդպիսին կ՛ընկալուին:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Փոխնախագահ Ժոզեֆ Ապու Խալիլ Մահացաւ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?