Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անհասցէ Նամակ` Հուրիկին. (Հուրիկ Խանճեան-Ապտիւլեանի Յիշատակին)

Դեկտեմբեր 14, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հեռաձայնեցի բջիջայինիդ` ենթադրելով, որ Մարի-Թամարին քով կրնայ ըլլալ,  որպէսզի ցաւակցութիւններս յայտնեմ, ոչ ոք պատասխանեց, փորձեցի ձեր տան թիւին կապուիլ` մտածելով, որ բոլորը հոն հաւաքուած կրնային ըլլալ, ի վերջոյ, ո՜ւր պիտի երթային, եթէ ոչ` ձե՛ր տունը, քու եւ Միսակին շինած տունը, որ, Ամերիկայի մէջ ըլլալով հանդերձ, կարողացեր էիր վերածել հիւրընկալ ու ջերմ հայու օճախի: Երկար զանգելէ ետք,  յուսահատ, տեղը պիտի դնէի ընկալուչը, երբ յանկարծ հնչեց ուրախ ու զուարթ ձայնդ. «Հաճեցէք ձեր անունը եւ հեռաձայնին թիւը ձգել, որ վերադարձիս հեռաձայնեմ ձեզի», ժապաւէնի վրայ արձանագրուած: Այնքան ցնցուեցայ, կարծեցի` Մարի-Թամարը կամ եղբայրներդ պիտի պատասխանեն, սակայն կենդանի ձայնդ առաւ զիս իր ալիքներուն մէջ եւ տարաւ… հին օրեր:

Մանկութեան ամենավաղ ժամանակներէն ընկերներ եղած էինք, ապրած` միեւնոյն թաղին մէջ եւ մեծցած` թաղի ներարկած ազգային, մշակութային աւանդութիւններով, ապրումներով եւ յոյզերով:  Յաճախած էինք միեւնոյն դպրոցը` ճեմարան, ապա նոյն երկրորդականը` Դարուհի Յակոբեան, եւ միեւնոյն համալսարանը` Պէյրութի աղջկանց քոլեճ: Ապրած էինք մանկութեան ուրախ եւ խենթ օրերը,  կը յիշեմ  երազներ, զորս միասին հիւսեր էինք, սէրեր, զորս բաժներ  էինք, ուրախութիւններ, զորս կիսեր էինք եւ խիզախ պատանեկան  տենչեր, որոնք միայն ու միայն մե՛րը եղած էին, մինչեւ այն օրը, երբ որոշեցիր մեկնիլ Ամերիկա:

Ես մնացի Լիբանան, եւ դուն մեկնեցար Ամերիկա` ամուսնանալու Միսակին հետ, 1972-1973  թուականներուն պէտք էր ըլլար: Սկզբնական տարիներուն նամակագրութիւնները յաճախակի էին, սակայն զաւակներու բազմացումով, կեանքի պարտաւորութիւններու կուտակումով եւ օրուան հեւքին պատճառած յոգնութեան բերումով, նամակագրութիւնները վերածուեցան հեռաձայնային խօսակցութիւններու, այդ ալ ընդհանրապէս` մասնաւոր առիթներով: Սակայն ո՛չ ժամանակը եւ ո՛չ ալ հեռաւորութիւնը մեզմէ խլեցին ջերմութիւնն ու սէրը, որ ունէինք իրարու հանդէպ:  «Քոյրիկ չունիմ եւ ես քեզ քրոջ մը պէս կը փնտռեմ», պիտի ըսէիր ամէն անգամ, որ ուշանայի կամ թերանայի հեռաձայնելու, գրելու կամ  տեսնուելու:

Այս տողերը այլեւս երբեք պիտի չհասնին քեզի եւ կարդալէ ետք երբեք պիտի չըսես` «Այնքա՜ն կարօտցեր էի»:

Սակայն կը գրեմ ու կու տամ հովին, թերեւս հովերը փսփսան ականջիդ…

Կապուտաչեայ ու խարտեաշ մազերով շատ սիրուն աղջիկ մըն էիր` բոլորէն սիրուած ու փնտռուած: Պարզ եւ ուրախ, բարի ու անոխակալ, անսահման հիւրասէր ու առատաձեռն, պատրաստակամ ու ծառայասէր: Առաքինութիւններու փունջ մը, որ ժառանգած էիր վանեցի  ծնողներէդ` Գուրգէնէն ու Հերմինէէն, երաժշտասէր ընտանիք մըն էիք, թաղին մէջ միակը, որոնց տունը վերածուած էր երաժշտական վայրի, հայրդ իր ջութակով, իսկ դուն դաշնակ նուագելով` կը ստեղծէիք ուրախ ու խանդավառ մթնոլորտ մը: Բոլորս կը հիանայինք ճարտար մատներուդ, որոնք զարմանալի ճկունութեամբ ու արագութեամբ կը սահէին ստեղներուն վրայ` ստեղծելով հոյակապ երաժշտութիւն մը: Ի՜նչ հազուադէպ երեւոյթ եւ  առանձնաշնորհում էր դաշնակ նուագել այդ օրերուն: Կը բերէինք ազգային հայրենասիրական երգերու նոթագրուած երգարանը եւ կը նուագէիր, ու մենք խանդավառ` կը ձայնակցէինք հրաշալի երաժշտական տօնահանդէսի վերածելով պահը:

Տակաւին աշակերտական տարիներէն հմայուած էիր հասարակական կեանքով  եւ ներգրաւուեցար անոր մէջ` ըլլալով զաւարեանական, աւելի ուշ` ազգային եկեղեցական կեանքին մէջ եւ տուիր առանց պայմանի ու սրտաբուխ, մնալով հաւատարիմ քու պաշտած իտէալներուդ` հայրենիքին ու հայութեանը:

Հարուստ էր հոգիդ ու լեցուն` սիրով, սրտով ապրեցար ու սրտով տուիր, ու բոլորը սիրեցին քեզ ու փնտռեցին ներկայութիւնդ:

Իսկ մայրի՜կդ` Հերմինէն, քնքուշ, անհունօրէն բարի, ներողամիտ ու ազնուական ու անզուգական Հերմինէն,  որ երբեք չայլակերպեցաւ իր կերպարին  մէջ: Մնաց միշտ միեւնոյն ժպտուն, հիւրասէր ու պատուական տանտիկինը, մայրը, կինը, որ եղաւ իր կեանքին ընթացքին: Ինչպիսի՜ ջերմ ու աղուոր  յիշատակներ կ՛ամփոփուին իր անուան շուրջ, որ անառարկելիօրէն հայ կնոջ կատարելութեան տիպարը կը պարզէ: Այնքան դրուագներ կան իրեն հետ կապուած, որ մինչեւ օրս կը յիշեմ. «Սեդա՛, ճանի՛կս, ամէն օր,  ամէն ժամ պիտի կրկնես, պիտի յիշեցնես, որ այս երիտասարդները օտար ամուսնութիւն չկնքեն, եթէ չխօսիս, չեն գիտեր, կ՛երթան, ուզածնին  կ՛առնեն, պիտի յիշեցնես, որ իրենք հա՛յ պէտք է առնեն»: Յիշեցումներ եւ մայրական յորդորներ, որոնք մեր մանկութեան պատանի հոգիներուն վրայ տաշեց  անջնջելի կերպով` ինք  հանդիսանալով տիպարը այդ յորդորներուն, իբրեւ լաւագոյն դաստիարակչական օրինակ: Ընտանիքը, զաւակները եւ հայութիւնն էին իր ամբողջ աշխարհը, որ պահեց անաղարտօրէն ամբողջ կեանքի ընթացքին:  Այսպէս էր մեր թաղը, մեր մեծ ընտանիքը, ուր զաւակները բոլոր մայրերունն էին, ու մայրերը բոլորին զաւակներուն` մայր:

Մղոններով հեռու եւ տասնամեակներով` անգամ մըն ալ չտեսայ զինք, սակայն  մեր կեանքին վրայ իր ունեցած դրոշմը  մնաց  եւ որպէս յուշարար`  պահապան հրեշտակի նման  յայտնուեցաւ այն ատեն, երբ պարագաները ստեղծուեցան:

Սիրելի՛ Հուրիկ, եղար մօրդ կրկնօրինակը եւ շինեցիր Միսակին նաեւ այն տունը, ուր դուն ապրած ու շէնցուցած էիր: Ստեղծեցիր նոր կեանքդ բարեկամներու եւ հարազատներու առջեւ միշտ  բաց պահելով դուռդ` քու սրտիդ պէս:  Առատ եղան ճաշի սեղաններդ քու սիրոյդ պէս, շէն եղաւ տունդ քեզի պէս: Ուրախութիւնդ եղաւ ճառագոյթող եւ շռայլեցիր վարակիչ ժպիտովդ:

Հրաշալի  եւ  իմաստուն  մայր ու կին դարձար եւ ապա` մեծ մայր:  Թոռնիկներդ  շուրջդ` ներողամտութեան, գորովանքի  եւ անսահման սիրոյ աշխարհ մը ստեղծեցիր անոնց համար:  Մայրութեան հրաշալի  տիպարը կերպարանաւորեցիր  քու ինքնաբուխ ու անսահման սիրովդ:

Բայց կեանքը անխնայ իր հարկադրանքներով քեզ դրաւ նոր ու դժուարին ստիպողութիւններու առջեւ, բայց միեւնոյն ժպիտով ամենածանր պահերը  անգամ կարողացար լեցնել զուարթախոհ բնաւորութեամբդ: Վերադարձար կեանքին ու Աստուծոյ եւ ոգեկան աշխարհի պարգեւած իմաստութեամբ գալիք օրերուն նայեցար աւելի խորունկ  ու աւելի թափանցող աչքերով եւ համբերութեամբ ու սիրով տարիր դժուար օրերը:

Եւ երբ պարտականութիւններդ աւարտած ծնողքիդ, ամուսնոյդ հանդէպ` քիչ մը հանգիստ պիտի ընէիր, եկաւ կեանքի անակնկալ հարուածը` չսպասուած պահու մը եւ հարուածեց քեզ եւս ու անցաւ: Ո՛չ ոք բացառուած է բնութեան օրէնքէն, թէ ե՞րբ է հնչելու  իւրաքանչիւրիս ժամը, թող Աստուած ողորմածութեամբ տնօրինէ եւ մեզ` մեղաւորներուս բարեխղճութեամբ խնայէ:

Հուրի՛կ ջան, ամէն եկողի ու գացողի հետ լուր մը, նամակ կամ նուէր մը պիտի ղրկէիր, իսկ տօնական օրերուն հեռատեսիլին առջեւ նստած` կարօտով պիտի դիտէիր Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Ս. Ծնունդի կամ Ս. Զատկուան արարողութիւնները եւ ժխորին մէջ փնտռէիր սիրելի ու ծանօթ դէմքեր եւ պիտի հեռաձայնէիր գիշերը` ըսելու համար, որ տեսած էիր զիս կամ ուրիշ մը եւ հետեւած` մեզի հեռուէն: Հեռու էիր Լիբանանէն, բայց երբեք չբաժնուեցար անկէ, մեր հասարակական կեանքի ելեւէջներով տրոփեց հոգիդ եւ ջերմութիւնդ առիր Լիբանանէն եկող այցելուներու լուրերով մեր գաղութի կեանքին մասին:

Ոչինչ կրնամ ղրկել մեկնողներուն հետ` փոխադարձելու սէրդ, բայց կրնամ հաստատ ըսել, որ բոլոր ծաղիկներուն նման, որոնք օր մը բացուեցան այս աշխարհին ու իրենց գեղեցկութեամբ հմայեցին զիրենք դիտողները, դուն եւս պարգեւեցիր հիացմունքի, հմայքի եւ սիրոյ սքանչելի պահեր շրջապատիդ, որուն մէջ ապրեցար ու շէնցուցիր: Անոնք երբեք պիտի չկարենան մոռնալ քեզ, որովհետեւ  ժառանգեցիր աւանդութիւններու հարստութիւն մը` մեր պատմութեան խորերէն եկող, որ ինքդ ժառանգած էիր ծնողներէդ: Մեր ծնողները, հեռու` հայրենի հողի ներարկած բնական աւիշէն, ամէն ճիգ ըրին տալու այն, ինչ որ յափշտակուեր էր, հոն էին  թողեր, եւ որպէսզի չկորսուի գալիքը, տուին իրենց մտքէն, հոգիէն, իրենց ամբողջ ունեցուածքը` ազգային ժառանգութիւնը ի գին ամէն զոհողութեան,  տուին, որ պահուի եւ շարունակուի աւանդութիւնը Վանին ու վանեցիին: Դուն եւս ժառանգեցիր միեւնոյնը քու զաւակներուդ:

Տարիները անցան, մենք իրարմէ հեռու, բայց մեր սէրն ու բարեկամութիւնը մնաց ամուր ու վճիտ` մեր մանկութեան անմեղ օրերու անխարդախ սիրոյն պէս:

Թող այս խօսքերը իբրեւ ծաղիկներ նետուին անհունին մէջ ու զարդարեն ժպտուն դէմքդ յաւերժօրէն:

Քոյդ` Սեդա

30 նոյեմբեր 2019, Պէյրութ

Նախորդը

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի

Յաջորդը

«Շատ Վտանգաւոր Տեսակէտ Շրջանառութեան Մէջ Դրուեց Վերջին Երկու Օրուայ Ընթացքում». Դաւիթ Իշխանեան

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?