Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ղարաբաղի Ազրպէյճանական Համայնք» Հասկացողութիւնը Սկսած Է Իր Գլուխը Ցցել

Դեկտեմբեր 17, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Երբ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Պաքուի մէջ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր տեսակցութենէն ետք յայտարարեց, որ կարեւոր են Ղարաբաղի հայերուն եւ Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնքին անդամներուն միջեւ շփումները, որովհետեւ Ղարաբաղի ամբողջ բնակչութիւնն է, որ պիտի որոշէ, թէ այսուհետեւ ինչպէ՛ս կ՛ուզէ ապրիլ միասնաբար, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման բանակցային հոլովոյթին կողմերու մասնակցութեան փոփոխութեան ակնարկութիւնը առաւել յստակացաւ:

«Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնք» կոչուած խմբաւորման նախագահ Թուրալ Կեանճայեւ

«Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնք» կոչուած խմբաւորման մը մասին խօսակցութիւնները եւ ակնարկութիւնները առաւել շեշտուեցան վերջին ամիսներուն, երբ համայնքի ղեկավար Թուրալ Կեանճայեւ յանկարծ սկսաւ աշխուժ գործունէութեան մը: Ան նախ շրջապտոյտ մը կատարեց Պաքուի հայոց եկեղեցւոյ մէջ եւ զայն ներկայացուց իբրեւ հայկական լաւապէս պահպանուած կառոյց մը, որ` «կը վայելէ Պաքուի իշխանութիւններուն ամբողջական հոգատարութիւնը»: Եկեղեցւոյ միայն արտաքին շինութիւնը ցոյց տալով` ազրպէյճանցիք կը խորհէին, որ կրնան խաբել միջազգային ընտանիքը եւ ներկայանալ իբրեւ հայկական կառոյցներու նկատմամբ հոգածու վերաբերում ունեցող կողմը:

Կեանճայեւ ապա պատրաստեց երկրորդ տեսանիւթ մը, այս անգամ ներկայացնելով ղարաբաղեան ձիերը` իբրեւ ազրպէյճանական ձիեր, մինչդեռ Ազրպէյճան անունով երկրի մը գոյութենէն դարեր առաջ իսկ արցախեան ձիերը մեծ հռչակ ունէին եւ կը գործածուէին նոյնքան հռչակաւոր եւ բարձրագոյն աստիճանի մարտունակ հայկական նշանաւոր այրուձիին կողմէ: Այս պարագային ալ կար պատմական իրողութիւնները նենգափոխելու նպատակ, ինչպէս էր, օրինակի համար, արցախեան գորգերուն, փայտագործութեան եւ արուեստի միւս բոլոր բնագաւառներուն պարագային: Նպատակը յստակ էր: Այն ամէն ինչը, որ արցախեան է, ներկայացնել իբրեւ ազրպէյճանական ժառանգութիւն:

Այս գործունէութեան զուգահեռ, Կեանճայեւ սկսաւ նաեւ քաղաքական տեսակցութիւններու եւ հանդիպումներու: Նախ Ուաշինկթըն, ապա Մոսկուա, ապա այլ մայրաքաղաքներու մէջ ան դասախօսութիւններու, տեսակցութիւններու եւ հանդիպումներու միջոցով սկսաւ խօսիլ «Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնք»-ին մասին` ներկայացնելով անոր պատկերացումները, իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները` Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ:

Այս ծիրին մէջ Կեանճայեւ այս շաբաթասկիզբին կը գտնուէր Պրիւքսել, ուր եւրոպական քաղաքական կեդրոնին մէջ կայացած կլոր սեղանին մասնակցեցաւ եւ զեկուցեց «Հայկական ուժերուն գրաւման հետեւանքներուն մասին»: Կեանճայեւ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանցիները պատրաստ են բանակցելու շրջանին հայ բնակիչներուն հետ:

Կեանճայեւի այս աշխուժութեան վրայ է, որ իւրայատուկ իմաստ եւ բաւական մտահոգիչ կը դառնայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւնը, ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի հայ եւ ազրպէյճանցի համայնքներուն միջեւ շփումներու կարեւորութեան, որ ի վերջոյ երկու համայնքները պիտի որոշեն, թէ ինչպէ՛ս կ՛ուզեն իրարու հետ ապրիլ:

Եւ երբ ի մտի կ՛ունենանք Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնութիւն կազմող «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Յովհաննէս Իգիթեանի այն նշումը, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ յայտարարած է, որ խնդիր չկայ, եթէ բանակցութիւններուն պիտի մասնակցի նաեւ Արցախի ազրպէյճանական համայնքը, պատկերը առաւել կը յստականայ, թէ ի՛նչ բովանդակութեան մէջ է, որ կը կատարուէին Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն յայտարարութիւնները եւ ակնարկութիւնները` «Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնք»-ին տունդարձի իրաւունքին եւ անկէ ետք միայն հանրաքուէի կայացման մասին:

Յստակ է, որ Պաքու քայլ առ քայլ կը փորձէ ուղղուիլ եւ ընթանալ այնպիսի ուղիէ մը, որուն վրայ կանգառներ չկան, ոչ ալ ճամբան քարքարոտ է, եթէ հարցը կը վերաբերի Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման` Լեռնային Ղարաբաղի վերակցմամբ: Այս մարտավարութեան մէջ «Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնք»-ին ներկայացուցած կարեւորութիւնն է, որ առաւել սկսած է շեշտուիլ, այնքան մը, որ անոր ներկայացուցիչները կրնայ հաւասարէ հաւասար բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստեցնել, եթէ Մինսքի համանախագահութիւնը եւ Ազրպէյճան ընդունին, որ Արցախի պետութեան ներկայացուցիչները բանակցութիւններու կրնան մասնակցիլ` իբրեւ տագնապին առնչակից կողմ մը, որուն համահաւասար կը ներկայանայ ազրպէյճանական համայնքը:

Այս համահաւասարութեան խնդիրն է, որ անդրադարձաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, որուն կարծիքով, չափազանց վտանգաւոր է վերջին օրերուն շրջանառութեան դրուած այն տեսակէտը, թէ արցախեան կողմին բանակցութիւններուն մասնակցութեան զուգահեռ, «Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնք»-ին ներկայացուցիչներն ալ պէտք է մասնակցին բանակցութիւններուն:

 

 

Նախորդը

«35 Տարի Օդում` Արցախեան Ազատամարտից Մինչեւ Աֆղանստան Ու Իրաք»

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Սփիւռք Գալ Եւ Զեկուցել, Երբ Որոշողը Միայն Երեւանն Է

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?