Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տպաւորութիւն. «Կռունկ, Մեր Աշխարհէն Խապրիկ Մը Չունի՞ս…»

Դեկտեմբեր 14, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մ. Ն.

Երէկ գիշեր, կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած համերգով անգամ մը եւս հայ հոգեւոր եւ ժողովրդական երգը մաքրազտած, հաւաքագրած եւ անմահացուցած վեհափայլ վարդապետը իբրեւ «առաւօտ լուսաբեր» ապրեցուց մեր հոգիներուն մէջ:

Ամբողջ համերգի ընթացքին, «Կռունկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս…»-ին բառերը եւ զանոնք խթանող ապրումները կը յաճախէին զիս: Մեր բռնագրաւեալ հայրենիքին վերատիրանալու մեր հաւաքական կամքին ձայնն էր, որ կը հնչէր ներաշխարհիս մէջ եւ զիս կը տանէր մէկ օր առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան միաձայն ճանաչումի վճռական փուլին անմիջական ներգործութեան: Այս անգամ մեր աշխարհին խապրիկը կու գար Ամերիկայէն եւ արդարութեան ղօղանջով կը լեցնէր հայ սիրտերը: Ահաւասիկ այս յաղթակա՛ն փուլն էր, որ կը նշուէր` Կոմիտաս վարդապետին ծնունդը, հանճարը, տառապանքն ու յաւերժութիւնը ընդելուզելով համայն հայութեան կեանքին ու պայքարին: Կոմիտաս կը յառնէր որպէս վաւերական շառաւիղը մեր բոլոր դարերու վարդապետներուն, որոնք աղօթքով եւ գիրով ու կենդանի եւ արեան նահատակութեամբ հայ մշակոյթը կտակեցին հայ միտքին եւ մեզ դարձուցին քաղաքակիրթ եւ մշակութատէր ազգ:

Ըսուած է, որ այս աշխարհին մէջ հնչած ձայները չեն մեռնիր եւ յաւիտենապէս կ՛արձագանգեն: Աշխարհի ստեղծագործութեան աստուածային «Եղիցի լոյս» առաջին ձայնէն մինչեւ Կոմիտաս եւ անդին անընդմիջաբար պիտի լսենք եւ աշխարհին լսելի դարձնենք «Կռունկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս…»-ը` մինչեւ մեր երթը աւարտենք «Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա»-ով…:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի Աշակերտները Յաջողութեամբ Ներկայացուցին «Տը Նաթքրաքըր»-ը` Տօնական Մթնոլորտ Սփռելով

Յաջորդը

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Գումարեց 2019 Նստաշրջանի Երկրորդ Նիստը

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?