Անդրադարձ

Մինչեւ Ե՞րբ

Մինչեւ Ե՞րբ

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Անցնող շաբաթներուն բարեսիրական, ընկերային եւ առողջապահական մարմինները հաւաքուեցան` օգնութեան կարիքները ի մի բերելու եւ գիտնալու, որ եթէ նոյն ճգնաժամը շարունակուի, մեր համայնքի զաւակներուն կարիքները, բոլոր բնագաւառներու մէջ, ի՞նչ պիտի ըլլայ, ո՞ւր պիտի հասնինք: Ներկայ դրութեամբ կրթական, առողջապահական, դեղորայքի, ուտեստեղէնի, վարձքի, ընթացիկ ծախսերու եւ անհրաժեշտ կարիքներու համար 2500 ընտանիքի համար ամսական նուազագոյնը 1 միլիոն տոլար պէտք է: Չափազանցուած չէ...

Կարդալով Յարութիւն Թորոսեանի «Անկարելի Սէր» Յուշագրական Սիրավէպը

Նշմար. Արցախ Ի՛նք Կը Նուիրաբերէ…

 ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Նախատօնական օրերը այս տարի պայծառ չեն Լիբանանի ու լիբանանահայութեան համար: Քաղաքատնտեսական ճգնաժամը յաղթահարելու համար , ինչպէս անցեալին, այսօր ալ հաւաքական ճիգեր ի գործ կը դրուին նաեւ նուիրահաւաքի համար` նպաստելու կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ` մեր  ազգային կառոյցներու անխափան գործունէութեան ապահովման: Վեհափառ հօր կատարած ներդրումին յաջորդեցին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ անհատ ձեռնհաս հայորդիներու գիտակից ու նպատակասլաց նուիրատուութիւնները: Դեռ քանի...

Հայ Դատը Դատապարտեց «Շնորհակալութիւն Քոնկրես» Հանրային Հաւաքը Խանգարելու Փորձը

Հայ Դատը Դատապարտեց «Շնորհակալութիւն Քոնկրես» Հանրային Հաւաքը Խանգարելու Փորձը

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 14 դեկտեմբերի յետմիջօրէին տեղի ունեցած` «Շնորհակալութիւն Քոնկրես» հանրային հաւաքը խանգարելու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խումբ մը համակիրներուն արարքը խստօրէն դատապարտուեցաւ կազմակերպիչներուն կողմէ, որոնք նկատել տուին, որ հաւաքին ներկայ էին նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրածներու շառաւիղներ, որոնք տասնամեակներէ ի վեր կը սպասէին Քոնկրեսին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման: Յիշեցնենք, որ հաւաքին նպատակն էր դրուատել Քոնկրեսին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը` Ծերակոյտին Մէջ. Արձագանգները Եւ Հետագայ Անհրաժեշտ Քայլերը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 1915-ի Ցեղասպանութենէն ի վեր, Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը, առաջին անգամ ըլլալով, 12 դեկտեմբեր 2019-ին միաձայնութեամբ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ` հանրապետական տարբեր ծերակուտականներու կողմէ, երեք շաբաթ անընդմէջ Սպիտակ տան պահանջով զայն արգելափակելէ ետք: Այդ ժամանակէն սկսեալ ես անթիւ հեռաձայններ եւ ելեկտրոնային նամակներ ստացած եմ հայերէ, որոնք կը հարցնեն, թէ այս բանաձեւը իր ուղեկից...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Կոստանդնուպոլսոյ Նորընտիր Պատրիարքի Խօսքի Դժուար Լեռնանցքները, Բայց…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Անոնք, որոնք կ՛ընտրեն չարեաց փոքրագոյնը, կը ձգտին մոռնալու, որ ընտրած են չարիքը: ՀԱՆՆԱ ԱՐԵՆՏ Վերջապէս հայկական Կոստանդնուպոլիսը յաջողեցաւ ընտրել իր պատրիարքը, որուն անվերապահօրէն յաջողութիւն կարելի է մաղթել, որպէս հովիւ մնացորդացի: Միաժամանակ մաղթել`որ հասկնալի դժուար եւ անբաղձալի պայմաններու մէջ գործող պատրիարքը իր դիւանագիտական ընտրանքներուն մէջ չընէ բաներ եւ չըսէ խօսքեր, որոնք հայ ժողովուրդի պատմական եւ ընդհանուր շահերուն եւ ըմբռնումներուն...

Լիբանանահայուն Բարի Աւանդութեան  Շարունակութիւնը…

Լիբանանահայուն Բարի Աւանդութեան Շարունակութիւնը…

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Նախակրթարանի առաջին տարիներու աշակերտ էի հաւանաբար, խաղի ու անմեղութեան աշխարհիս փոքր պատուհանէն սկսած էի դիտել կեանքի իրական աշխարհը, ուր երեւոյթները բաւական տարբեր էին իմ ընկալմանս կարելիութենէն: Այդ օրերու յիշատակները բազմաթիւ են, սակայն յատկանշականները` սակաւաթիւ: Լաւ կը յիշեմ, որ ամէն օր հայրս իր առօրեայ ուտելիքներուն կողքին, մօրս կողմէ գուրգուրանքով պատրաստուած փոքրիկ տոպրակ մը ձեռքին` կ՛ուղղուէր Տորայի իր կօշկակարի խանութը:...

Լիբանանահայ Թատրոնի Ծառան` Թորոս Հելվաճեան (40 Տարուան Գործունէութեան Առիթով)

Լիբանանահայ Թատրոնի Ծառան` Թորոս Հելվաճեան (40 Տարուան Գործունէութեան Առիթով)

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Սփիւռքի պայմաններու մէջ փոփ մշակոյթի ստեղծումը ապացոյց է մշակոյթին եւ երիտասարդութեան երկխօսութեան մէջ մտնելուն: Պուրճ Համուտ իր իւրայատուկ փոփ մշակոյթը ունեցած է, որ, ծուռ նստինք` շիտակ խօսինք, շատեր այդ կը համարեն ստորակարգեալ` մոռնալով, որ Պուրճ Համուտ եղած է մեր հայկական մշակոյթին բննօրանը` իր վարժարաններով, եկեղեցիներով, ակումբներով, մշակութային կեդրոնով, թատերասրահներով, պատկերասրահներով, եւ, ինչո՞ւ չէ, նոյնիսկ կօշկակարներու եւ ոսկերիչներու եւ...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Սպիտակ Տունը Հայոց Ցեղասպանութեան Օրէնսդրական Ճանաչման Հակադրելու Փորձը

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Հայ դատի ճակատի վրայ մեր արձանագրած նուաճումները ճիշդ արժեւորելու գիտակցութիւնն ու պատրաստակամութիւնը լաւագոյն ապացոյցն են մեր քաղաքական հասունութեան: Որոշ շրջանակներու մէջ, միամտաբար թէ չարամտութեամբ, կը բացակայի այդպիսի գիտակցութիւն` ի դէմ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան միաձայնութեամբ որդեգրած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը հաստատող օրէնսդրական զոյգ աքթերուն: Ոմանք կը փորձեն այս քաղաքական կրկնակ նուաճումները վերագրել վերջին տարիներու աշխարհաքաղաքական մակարդակի վրայ...

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտ, Վարիչ Առաջնորդս` Սագօ Սարգիսեանը

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտ, Վարիչ Առաջնորդս` Սագօ Սարգիսեանը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Եղբայր Սագոն կը յիշեմ իբրեւ անսպառ կորովի տէր, սրտա՛նց աշխատող եւ «բարոյական յաղթանակներ»-ուն բնա՛ւ հաւատք չընծայող ղեկավար: Թուլութեան, մեղկութեան, կրաւորականութեան, անգործունէութեան, միջակութեան, Ձախէն աջ Սագօ Սարգիսեան, ----, Յակոբ Եափուճեան, Յարութ Չէքիճեան, նստած` Մովսէս Պարսումեան, Ճօճօ եւ Էլի Գրիգորեան, Դպրեվանք, Պիքֆայա, 1964: Չքմեղանքներու եւ պատճառաբանութիւններու թշնամին էր ան: Որեւէ ծրագիր կատարեա՛լ պէտք էր ըլլար, եւ իւրաքանչիւրը իր գերագոյն ճիգը...

Աւելի Քան 2,2 Միլիոն Տոլար Գոյացաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Ձեռնարկին

Աւելի Քան 2,2 Միլիոն Տոլար Գոյացաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Ձեռնարկին

Կիրակի, դեկտեմբեր 8-ին Պեւըրլի Հիլզի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ կայացած Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակութային կեդրոնին տարեկան 2-րդ ձեռնարկին ընթացքին կարելի եղաւ աւելի քան 2,2 միլիոն տոլար գոյացնել: Թանգարանին գործադիր վարիչ Շանթ Սահակեան արտայայտուեցաւ թանգարանի ծրագիրին կարեւորութեան մասին` շեշտելով, որ անիկա պիտի նպաստէ հայոց պատմութիւնը եւ մշակոյթը պահպանելու եւ անոնց բարգաւաճումը ապահովելու ջանքերուն` հանդիսանալով նուէր մը յաջորդող սերունդներուն: Իր կարգին, թանգարանի...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Տխուր Երգիծանք. «Ականջ Տուէք Նոր Աշխարհի Պահանջներուն»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը երեքշաբթի, 17 դեկտեմբերին վաւերացուց օրինագիծ մը, որ պատժամիջոցներ կը նախատեսէ Ռուսիայէն դէպի Գերմանիա երկարող կազատար խողովակի մը կառուցման մասնակցող ընկերութիւններուն դէմ: Նախագիծը շաբաթ մը առաջ շահած էր Ներկայացուցիչներու տան վաւերացումը եւ կը սպասուի, որ նախագահ Թրամփ շուտով ստորագրէ զայն: Օրինագիծը ունի երկար պատմութիւն, եւ եթէ անմիջականօրէն բախման գիծի վրայ կը դնէ մէկ կողմէ Միացեալ Նահանգները...

Մանուկին Ճաշարանը

Հարիւր Տարիներու Պատերազմը…

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Նախակրթարանի եւ երկրորդականի դպրոցական տարիներուն` Պէյրութ, մեր կրթական ծրագրին մէջ նաեւ ներմուծուած էին պատմութեան դասապահերը` թէ՛ հայոց պատմութիւն, թէ արաբերէն լեզուով «թարիխ», որ մէկ մասն էր պետական քննութիւններու ծրագրին: Իսկ պետական քննութիւնները մեր ժամանակ պիտի սկսէին նախակրթարանի հինգերորդ դասարանի սերթֆիքայի քննութիւններէն հասնելու համար իններրորդ դասարանի պըրըվէի քննութիւններուն, ապա պաքալորէայի քննութիւններուն` առաջին եւ երկրորդ մասերով: Բայց պատմութեան դասապահերուն...

Իբրեւ Ամանորեայ Շնորհաւորանք

Իբրեւ Ամանորեայ Շնորհաւորանք

ՆՈՒԱՐԴ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ Տարիներ շարունակ պէյրութաբնակ ամուսիններ`  Զաքար եւ Կամիլա Քեշիշեանների արցախեան  աւանդական այցերը` համերգաշարով, գրքերի շնորհահանդէսով, տարաբնոյթ հանդիպումներով ու  միջոցառումներով հանդերձ, նաեւ մէկ այլ  հաստատուն կանոն ունէին: Իրենց նախաձեռնած արցախեան մշակութային օրերի նախերգանքն ու  աւարտական աքորտը միշտ «պատկանում» էր  ընտանիքի գլխաւորին` պարոն Զաքարին: Իսկ ահա վերջին ժամանակներս հաճելիօրէն նկատելի է այդ, արդէն իսկ ընտանեկան ծէս դարձած աւանդոյթի հետաքրքիր տեղաշարժ: Տիկին...

Բագրատունի. «Համահայկական Օրակարգը Իսկապէ՛ս Համահայկական Տարողութիւն Պէտք Է Ունենայ»

137.573.000 Շնորհակալութիւն

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Լիբանանի դաժան այս օրերուն, Լիբանանի հայութիւնը ցնծութիւն ապրեցաւ երէկ ամբողջ օրը: Հայկական երեսփոխանական պլոքին նախաձեռնութեամբ «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» նուիրաբերումի արշաւը գլեց ու անցաւ ակնկալութեան շեմը, եւ հայութիւնը անգամ մը եւս փաստեց, որ իր հպարտութիւնն ու արժանապատուութիւնը անշրջանցելի պատուանդաններ են, եւ ոչ ոք կրնայ ընկճել ու խուճապի մատնել զինք: Պէտք էր երէկ տեսնել «Շաղզոյեան» կեդրոնի եռուզեռը առաւօտեան...

Յայտարարութիւններ (4 Յուլիս 2018)

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Կը Զօրակցի «Ազդակ»-ի Առաքելութեան

Երէկ «Ազդակ» ստացաւ հետեւեալ նամակը` Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութենէն. «Ազդակ» օրաթերթի յարգարժա՛ն խմբագրութիւն 17 դեկտեմբեր 2019 Ողջո՛յն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով: Աստուծոյ փառք կու տանք, որ տակաւին Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար օրերուն մէջ, մեզի առիթ կը շնորհէ ծառայելու մեր ժողովուրդին եւ հասնելու անոր զանազան տեսակի պէտքերուն: Ծառայութեան այս ծիրին մէջ, իբրեւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւն եւ Ամերիկայի...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

«Ո՛վ Հայ Ժողովուրդ, Քո Միակ Փրկութիւնը Քո Հաւաքական Ուժի Մէջ Է». Եղիշէ Չարենց

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ վերջին մէկ ամսուան ընթացքին տարուած մեր յաղթանակները ոտքի հանած են մեր ժողովուրդը ամէնուրեք, խանդավառութեան ալիքը ամէն կողմ է տակաւին: Դիմատետրի պատերը նեղ կու գան մեր հաւաքական ապրումներուն համար: Սրտաբուխ խօսքերուն մէկ մասը նաեւ ուղղուած է ինծի, քանի որ տարիներ առաջ ինծի վիճակուեցաւ վերցնել պատասխանատուութիւնը ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործին, որ այսօր, շատ աւելի...

Դիմաւորել 100-Ամեակը – 20.  100-ամեակին Կ՛ունենա՞նք Հայրենադարձութեան  Ծրագիր Եւ Գործադիր Մարմին

Հայ Զանգուածները Կրկին Յուզուած Են Ցեղասպանութեան Ճանաչման Յաղթանակով

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հողը մի կենդանի էակ է, նա ունի իր հոգին, և առանց հայրենիքի, առանց հարազատ հողի հետ սերտ կապի` մարդ չի կարող գտնել իրեն, իր հոգին: ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՍԱՐԵԱՆ, գեղանկարիչ Հայը իր հոգին գտնելու համար իրմէ խլուած հողի վերադարձի նպատակով պէտք է ապրի եւ գործէ: Տարիներու աշխատանք, մարդկային եւ նիւթական ներդրում, վերջապէս` երկու յաջորդական յաջողութիւններ. Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցուցիչներու տան եւ...

«Միասնաբար Ուրախացնե՛նք Հայ Ընտանիք Մը». Նուիրաբերումի Հայ Մարդուն Առաքինութիւնը

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Լիբանանի հայութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամը չէ, որ ան տագնապալի փուլի դէմ յանդիման կը գտնուի: Տարագրութենէն ետք մեծաթիւ վերապրող գաղթականներու Լիբանան հաստատումը եւ անոր կեցութիւնը հոս դիւրին ու հեզասահ պայմաններու մէջ չէ եղած: Բայց ապրած է մեր ժողովուրդը, ծաղկած է անոր առօրեան, հայ մարդը անհատապէս կամ հաւաքաբար կառուցած է ինքզինք: Արագ ակնարկով մը գէթ վերջին հարիւրամեայ մեր լիբանանահայ...

Մահուան 4-րդ Տարելիցին Առիթով.  Իւրայատուկ Ու Անկրկնելի Վահան Յովհաննիսեան

Դաշնակցութիւնը Կը Գնայ Իր Ճանապարհով

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան մի խումբ անդամների արտաքսումն ու հրաժարականը ոմանց համար առիթ ծառայեց խօսելու հրապարակ նետուած, ՀՅԴ-ին առնչուող հարցերի վերաբերեալ օրակարգեր յստակեցնելու մասին: Իրականում սա կեղծ եւ քննարկման անհրաժեշտութիւն չպահանջող հարցադրում է: Հայաստանի արտաքին ու ներքին քաղաքական խնդիրների վերաբերեալ ՀՅԴ դիրքորոշումները բանաձեւուել են ՀՅԴ Ընդհանուր, ինչպէս եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն վերջին ժողովների կողմից, իսկ սրանցից բխող մարտավարական...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Դաշնակցութեան Օրը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Դաշնակցութեան Օրը

Դաշնակցութեան օրուան յիշատակումը տօնական հանդիսութիւններու սահմաններէն դուրս հանելով, հայկական մեր կեանքին դաշնակցականի հայեացքով նայելու, դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան հիմնական տարրերուն գործնականացման հսկելու եւ երիտասարդ տարրը մեր ազգային արժէքներուն հաղորդակից պահելու առիթ պէտք է հանդիսանայ նաեւ, հեռու` գովասանքի ու փառաբանանքի կրկնուող խօսքերէն, որոնք պատմութեան էջերուն մէջ անմահացած են արդէն: ՀՅԴ գաղափարաբանութեան հիմնական տարրը ազատութիւնն է, մարդ անհատին եւ ազգային մեր հաւաքականութեան ազատ գոյատեւելու...

Page 423 of 807 1 … 422 423 424 … 807

Արխիւներ