Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յաղթանակէն Ետք Ալ` Պայքար (Սագօ Սարգիսեանի Մահուան 35-ամեակին Առիթով)

Դեկտեմբեր 16, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փ. Գ.

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ 13 ապրիլ 1975-ին: Բոլոր շրջաններուն նման` մեր շրջանի ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» ակումբն ալ հաւաքավայրը դարձաւ մեր թաղի բոլոր երիտասարդ տղոց եւ աղջիկներուն: Դէպքերուն զարգացումը ստիպեց մեզի, նոր կացութեան համաձայն, կազմակերպուիլ եւ անհրաժեշտ դասաւորումները ընել թաղերու պաշտպանութեան եւ շրջանի ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու համար: Հո՛ն էին բոլոր երիտասարդ եւ տարեց կուսակցականները, ԼԵՄ-ական տղաքն ու աղջիկներ, ինչպէս նաեւ` ժողովրդային բոլոր խաւերէն ազգայիններ, իւրաքանչիւրը ընելիք ունէր անպայման, իսկ գիշերային պահակութիւնը հիմնականին մէջ ստանձնած էին ԼԵՄ-ականները:

Այդ օրերուն երիտասարդներուն մէջ տարածուեցաւ շշուկ մը, թէ` զաւարեանական ընկեր մը փոխանցուած է մեր շրջանը: Անհամբեր էինք ծանօթանալու իրեն: Լսէր էինք, որ ան 1972-ի ՀՅԴ 20-րդ Ընդհանուր ժողովի կազմակերպիչ անձերէն եղած է եւ այդ հանգամանքով մասնակցած` ժողովին, Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութեան անդամ եղած է եւ շատ խիստ դաշնակցականի կարգապահական հարցերուն նկատմամբ:

Շատ չուշացաւ մեր ծանօթացումը: Ապրիլ 24-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 60-ամեակի տօնակատարութեանց ծիրին մէջ, «Արմենիա» պողոտայէն դէպի Պուրճի Նահատակաց յուշարձան քայլարշաւին զաւարեանական ընկեր` Սագօ Սարգիսեան ուզեց մեր շրջանի տղոց միանալ եւ մեզի հետ քալել: Իր այս մտածումը արդէն շատ լաւ տպաւորութիւն ձգեց բոլորիս վրայ: Քայլարշաւի ամբողջ տեւողութեան գրեթէ ինք էր խօսողը` դաստիարակիչ գաղափարներով եւ համոզիչ ոճով մը: Կը խօսէր Հայ դատի, կուսակցական եւ ազգային հարցերու մասին, իսկ այս բոլորին ընդմէջէն նոր տեսադաշտ կը բացուէր մեր դիմաց:

Երկրի ապահովական վիճակը պատճառ եղաւ, որ մեր հանդիպումները գրեթէ ամէնօրեայ դառնան կա՛մ ակումբին մէջ, եւ կա՛մ` իր տան, որ բաց էր բոլորին դիմաց` երէցին, երիտասարդին կամ պատանիին:

Ընկերոջ տունը երկրորդ ակումբ մըն էր: Իրեն կ՛այցելէին տարբեր շրջաններէ երիտասարդ ընկերներ, ղեկավար մարմիններու անդամներ, մտաւորականներ, հոգեւորականներ, ուսանող տղաք թէ մարտական ընկերներ: Կու գային  մեր ազգը յուզող հիմնական հարցերու մասին խօսելու եւ անոր տեսակէտը իմանալու: Ինք, իր կարգին, կը խօսէր, կը տագնապէր, կը բարկանար եւ անպայման որոշիչ դերակատարութիւն կ՛ունենար խնդիրներու լուծման մէջ: Առաջնորդողի եւ ղեկավարողի բնատուր խառնուածքով օժտուած էր: Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմը պաշտողներէն էր: Ինք եւս, Ռոստոմի նման, քիչ խօսող եւ շատ գործող էր:

Յաճախ այնպիսի կիրքով կը խօսէր եւ կը վիճէր, որ նաեւ կը պատահէր, որ վիրաւորէր իր խօսակիցները: Դիմացին մօտ եթէ սխալ բան մը նկատէր, երեսն ի վեր ուղղակի դիտել կու տար պոռթկալով` առանց դիւանագիտական ձեւերու դիմելու: Պէտք է խոստովանիլ, որ իր այս կրքոտ խօսելաոճը պատճառ դարձած է, որ կարգ մը ընկերներ նեղանան եւ հեռանան իրմէ:

Ընկերը կրքոտ էր նաեւ կուսակցական պայքարներու մէջ: Բայց ասիկա պարզապէս մարմինի մը մէջ հանգիստ աթոռ մը ունենալու ձգտող պայքար չէր, այլ` նոյն կիրքով տարբեր մարզերու մէջ աշխատելու միտումով: Գործեր կը ստանձնէր եւ մինչեւ վերջ կը հետապնդէր զանոնք` երաշխաւորելով անոնց յաջողութիւնը: Չէր սիրեր կրաւորական դիրք բռնողները: Կուսակցական բոլոր խնդիրներու մասին ըսելիք ունէր: Իրեն համար համոզիչ չեղող որեւէ հարցի համար կ՛երթար այդ օրուան Բիւրոյի հերթապահ ընկեր Հրայր Մարուխեանին քով` հարցեր քննարկելու, լուսաբանուելու եւ եզրակացութեան մը յանգելու նպատակով: Ընկեր Հրայրի վստահելի տղան էր: Միեւնոյն ատեն նաեւ շատ մօտ էր ընկեր Սարգիս Զէյթլեանին: Անշուշտ նաեւ` Բիւրոյի բոլոր ընկերներուն:

Երիտասարդ տարիքին յաջողեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ դառնալ, ուր ստանձնեց երիտասարդականի ներկայացուցչութիւնը: Այդ օրերուն հիմնովին վերափոխեց ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը` երիտասարդ նոր դէմքեր գործի հրաւիրելով: Իր ճիգերով էր, որ 1983-ին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ առաջին միջերիտասարդական բանակումը Յունաստանի մէջ` մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով դաշնակցական երիտասարդականներուն մէջ:

Միշտ նոր առաջարկներ եւ ծրագիրներ ունէր օրակարգի վրայ: Իր երազներէն մէկն էր Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծի պահպանումը: Իր ճարտարապետի մասնագիտութեան բերումով ծրագիր մշակած էր, քաղաքաշինութեան արդի մեթոտներու համաձայն, նոր  բնակարաններու համալիրներ կառուցելու: Իր խօսքին անպայման պէտք էր գործը հետեւէր: Այդպէս ալ Պուրճ Համուտի մէկ ծայրամասէն սկսաւ երեք բնակարանային շէնքերու կառուցման: Աւարտելէն ետք սկսաւ ընկերներ համոզել եւ քաջալերել, որ յարկաբաժիններ գնեն յարմար վճարման դրութեամբ, որպէսզի հայահոծ շրջաններէն չհեռանան հայ տղաք: Բայց ափսո՜ս, որ իր այս ծրագիրը` անհրաժեշտ շարունակականութիւնը չունեցաւ:

Նաեւ մեծ խանդավառութեամբ ստանձնեց Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի կառոյցին ճարտարապետութիւնը: Իր ներկայացուցած ծրագիրին շատ հսկայ ըլլալուն պատճառով, նիւթապէս անհնար էր իրագործելը: Այդ պատճառով ալ հետագային որոշ փոփոխութիւններով այլ ճարտարապետ ընկերներ գործը շարունակեցին:

Մէկ շրջան Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ըլլալէ ետք պայքարեցաւ, որ լիազօր ձայնով պատգամաւոր ընտրուի եւ ընտրուեցաւ 1981-ի ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին: Հոն հսկաներու հետ Բիւրոյի անդամ ընտրուեցաւ 36 տարեկանին: Հոս եւս ընկեր Սագօ իր շուրջ համախմբեց երիտասարդ մտաւորականներ եւ նոր դիմագիծ տուաւ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին: Ընկերները մղեց, որ երիտասարդականը ունենայ իր առանձին օրկանը, ուր երիտասարդ մտաւորական գրիչներու տեղ պիտի տրուէր եւ հոն անոնց գրութիւնները պիտի հրապարակուէին: Կը յիշեմ, քանի՜-քանի՛ գիշերներ լուսցուցած է օրկանին յարմար անուն մը յղանալու համար: Վերջապէս կանգ առաւ «ԿԱՅԾԵՐ»-ին վրայ: Նաեւ մօտէն հետեւեցաւ առաջին թիւի լոյս ընծայումին եւ առաջին խմբագրականին: «ԿԱՅԾԵՐ»-ը մօտաւորապէս 15 տարի անընդմէջ հրատարակուեցաւ իր առաջնորդողի հանգամանքով, մինչեւ որ 2000 թուականին Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը փոխադրուեցաւ Երեւան:

Ընկեր Սագօ տարբեր հարցեր, խնդիրներ քով քովի դնելու, համադրելու բացառիկ ձիրք ունէր: Հայ դատի գործնական աշխատանքներուն առաջին դէմքերէն մէկն էր: Այդ ծիրին մէջ մարտական եւ մտաւորական տղաք իրարու մօտեցնելով` միասին գործի մղելու բացառիկ կարողութիւնը ունէր: Նախանձախնդիր էր դաշնակցականի բարոյական ըմբռնումներու գծով: Դաշնակցական մարդը իր նիստ ու կացով օրինակելի անձ պէտք էր ըլլար եւ զանազանուէր այլոցմէ:

Ընկեր Սագօ Սարգիսեան իր վերջին ներդրումը ունեցաւ Լոս Անճելըսի գաղութին, երբ 1983-ին Բիւրոյի կողմէ շրջան գործուղուեցաւ կազմակերպական աշխատանքներ ծաւալելու համար: Հոն ալ սրտի բաց վիրահատութենէ մը ետք հիւանդանոցի մէջ իր մահկանացուն կնքեց 39 տարեկան հասակին:

Ընկերը ապրեցաւ շատ կարճ եղաւ, բայց` փոթորկալի: Հաւատարիմ մնաց Դաշնակցութեան գաղափարական եւ ծրագրային հանգանակին. «Բոլոր ուժերով պայքարիլ ու ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին»: Այդ ուղղութեամբ գործեց, պայքարեցաւ եւ Դաշնակցութեան գաղափարները միայն իրեն չպահեց, այլ ամբողջ հոգիով տարածեց իր շրջապատի ընկերներուն:

Ընկերոջ կանուխ բաժնուիլը այս աշխարհէն մտածել կու տայ մեզի, որ եթէ երկար ապրէր եւ Հայաստանի անկախութիւնը տեսնէր, ի՞նչ ըսելիք եւ ընելիք պիտի ունենար: Նաեւ երկար ապրէր եւ տեսնէր Արցախեան սխրանքները, ի՞նչ պիտի ըսէր եւ ընէր:

Մէկ պատասխան կրնանք տալ` ամբողջ հոգիով եւ սրտով ջատագովը պիտի հանդիսանար ազատագրական պայքարին…

Ապա` յաղթանակէն ետք ալ պայքար…

 

 

Նախորդը

Յիշելով Մեր Ամուսինն Ու Հայրը

Յաջորդը

Ընկ. Սագօ Սարգիսեան (1945-1984)

RelatedPosts

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞
Անդրադարձ

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞

Օգոստոս 21, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?