Անդրադարձ

Ինչպէ՞ս Էր Հայկական Բանակի Անցնող Տարին

Ինչպէ՞ս Էր Հայկական Բանակի Անցնող Տարին

Չափազանցութիւն չ՛ըլլար, եթէ ըսենք, որ 2019 թուականին դրական առումով ամենամեծ բաժինը հասած է ՀՀ Զինուած ուժերուն: «Սփիւթնիք»-ի լրագրող Աշոտ Սաֆարեանի հաղորդմամբ, 2019 թուականը հայկական բանակին համար յաջող տարի էր: Բարեփոխումները անդրադարձան զինուած ուժերու գործունէութեան գրեթէ բոլոր առանցքային ուղղութիւններու վրայ: Նոր սպառազինութիւն ու ռազմական սարքեր կայ, սնունդի համակարգի արմատական փոփոխութիւն, զինծառայողներու հիմնադրամի գործունէութեան ժամային շրջանակներու ընդլայնում, շփման գիծի վրայ ենթակառուցուածքներու բարելաւում...

Մինչեւ Ե՞րբ

Նշմար. Պատի Օրացոյցի Պատմութիւնը

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ ՀՅԴ «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան անդամ էինք: Դեկտեմբերի սկիզբը ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի երիտասարդներուն հետ օրացոյց ծախելու կամ բաժնելու «պարտականութիւնը» կը ստանձնէինք: Հինգ-հինգ խումբերու բաժնուած` շէնք-շէնք կը բարձրանայինք եւ կը սկսէինք դուռերը զարնել ու առաջարկել, որ տարուան օրացոյցը գնեն: Ոմանք սիրայօժար, ուրիշներ մերժելով, ոմանք դուռը չբանալով, ուրիշ մը քանի մը հատ առնելով` ամերիկաները ղրկելու նպատակով եւ, այսպէս, մեզի համար...

Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեանի Առաքելութիւնն Է Պահել Հայկական Քանոնի Դիմագիծը Եւ Մաքրամաքուր Կատարումներով Ներկայանալ Մերօրեայ Մշակութային Խառնաշփոթում

Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեանի Առաքելութիւնն Է Պահել Հայկական Քանոնի Դիմագիծը Եւ Մաքրամաքուր Կատարումներով Ներկայանալ Մերօրեայ Մշակութային Խառնաշփոթում

ԳագԱթ Մարիաննա Գեւորգեանը ընտրել է ազգային նուագարան քանոնը, որն առանձնանում է իր շքեղ ու դիւթիչ հնչողութեամբ: Համամարդկային այս քնքուշ էակը, շատ լաւ գիտակցելով, որ արուեստը անձնազոհ է, իր առաքելութիւնն է համարում  հայ ազգային երաժշտութեան` գանձերի, տաղերի, բարձր արժէքների տարածմանը ի նպաստ գործունէութիւնը: Մշակոյթ ունեն բոլոր ազգերը, բայց արուեստ` ոչ: Արուեստը սահմաններ չունի, իսկ ազգային մշակոյթը ունի սահմաններ, ու պէտք չէ...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Նշմար. Բոլո՛րս Ալ Կը Ստորագրենք

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Աշխարհի տարածքին ապրող իւրաքանչիւր հայ, ըլլա՛յ իշխանութեան համախոհ թէ ընդդիմադիր, վստահաբար իր ստորագրութիւնը պիտի դնէ այն յայտարարութիւններուն տակ, զորս նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ այլ պատասխանատուներ հրապարակեցին երկուշաբթի, 13 յունուարին, Ազրպէյճանի կողմէ Պաքուի, Սումկայիթի եւ այլ շրջաններու հայութեան դէմ ջարդերու շղթայազերծման 30-րդ տարեդարձին առիթով (լսատեսողական միջոցները հրատարակեցին օրին կամ յաջորդ օրը): Պատմութիւնը ծանօթ է. իբրեւ թրքաոճ...

«Կատարուած Յանցագործութիւնները Մինչ Օրս Պատշաճ Իրաւական Գնահատական Չեն Ստացել».  Արտակ Բեգլարեան

«Կատարուած Յանցագործութիւնները Մինչ Օրս Պատշաճ Իրաւական Գնահատական Չեն Ստացել». Արտակ Բեգլարեան

Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքների պաշտպան Արտակ Բեգլարեանը յայտարարութիւն է տարածել` 1990թ. յունուարին Ազրպէյճանի կողմից Պաքւում կազմակերպուած հայերի կոտորածների 30-րդ տարելիցի առթիւ: Յայտարարութեան բնագիրը` ստորեւ. 1990 թուականի յունուարին Ազրպէյճանի Պաքու քաղաքը կրկին դարձել էր հայերի նկատմամբ շարունակաբար իրականացուող ջարդերի թատերաբեմ (1905թ. եւ 1918թ. հայերի զանգուածային կոտորածներից յետոյ երրորդ անգամ), որտեղ, ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի միւս բնակավայրերի, դեռեւս շարունակում էին բնակուել զգալի թուով...

«Կը Ներխուժէին Մարդոց Տուները, Տանջամահ Կ՛ընէին, Կը Սպաննէին». Gazeta.Ru

«Կը Ներխուժէին Մարդոց Տուները, Տանջամահ Կ՛ընէին, Կը Սպաննէին». Gazeta.Ru

Gazeta.ru կայքը ծաւալուն յօդուածով մը կ՛անդրադառնայ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ջարդերուն` գրելով, որ 30 տարի առաջ, այս օրերուն, ազրպէյճանցի ծայրայեղականները կը ներխուժէին մարդոց տուները, տանջամահ կ՛ընէին, կը սպաննէին հայերը եւ այլ ցեղերու պատկանողներ: «12 յունուար 1990-ին Պաքուի մէջ կը սկսի հայերուն ջարդերը, անոնց դէմ հալածանքները: Անօրինական գործողութիւններ կը կիրարկուին նաեւ ռուսերուն, հրեաներուն, վրացիներուն եւ յոյներուն նկատմամբ», նշուած է յօդուածին մէջ:...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց  «Զուարթնոց» Կեդրոն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց «Զուարթնոց» Կեդրոն

Երեքշաբթի, 14 յունուար 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու եւ պատանիներու «Զուարթնոց» կեդրոնը` Պուրճ Համուտի մէջ: 33 տարիներ առաջ, վեհափառ հայրապետի` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդութեան օրերէն սկիզբ առած յիշեալ կեդրոնը, վերջին տարիներուն օժտուած է ներկայ ժամանակներու մասնագիտական բոլոր կարելիութիւններով: Կեդրոնին տնօրէնն է Վարդի Գէորգեան: Անիկա ունի իր խնամակալութիւնը եւ մասնագէտներէ բաղկացած ուսուցչական կազմը: Այս տարի կեդրոնին...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Յորդանանի Մէջ Կայացած Երիտասարդական Ֆորումին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Յորդանանի Մէջ Կայացած Երիտասարդական Ֆորումին

Կազմակերպութեամբ Ապտալլա Բ. թագաւորի Միջկրօնական եւ միջմշակութային երկխօսութեան միջազգային կեդրոնին (KAICIID) եւ «Ալ հայաթ» քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման կազմակերպութեան, 20-22 դեկտեմբեր 2019-ին Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ ընթացք առաւ «Միջեկեղեցական եւ միջմշակութային երկխօսութեան համար արաբական երիտասարդական ֆորում»-ը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հրակ Տէտէեանը: Եռօրեայ այս համագումարին մասնակցած էին արաբական աշխարհի մէջ գործող զանազան մշակութային եւ կրօնական կազմակերպութիւններէ...

«Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի» Հռչակագիրը Կը Կարդացուի Կաթողիկոսութեանս Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ

«Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի» Հռչակագիրը Կը Կարդացուի Կաթողիկոսութեանս Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2020 տարին հռչակեց «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի», իսկ հայրապետին պատգամը Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ կարդաց Մակար եպս. Աշգարեան, կիրակի, 12 յունուար 2020-ին, յընթացս պատարագին: Սրբատառ կոնդակը կարդացուեցաւ նաեւ կաթողիկոսութեանս թեմերու եկեղեցիներուն մէջ: Կոնդակին մէջ նորին սրբութիւնը հիմնականօրէն կ՛անդրադառնայ յատուկ խնամքի կարօտ եզրի սահմանումին` ընդգծելով, որ ոմանք ի ծնէ կամ...

Ակնարկ.  Պահանջներու Ճիշդ Արծարծման  Հրամայականը

Ակնարկ. Պահանջներու Ճիշդ Արծարծման Հրամայականը

Կառավարութեան կազմութեան վերջին ճշդումներու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկատուութիւնը երէկ կատարեց շրջադարձ, եւ լիբանանեան լրատուադաշտը ողողուեցաւ դէպի զերօ կէտ արագ անցումի նիւթերով: Կառավարութիւն կազմելու մագոգային հանդիպումները առկախուած են, մինչ կը հնչեն վերապահութիւններ, անհամաձայնութիւններ գլխաւոր հոսանքներու, ուժերու եւ դէմքերու կողմէ: Նախկին առկախումներու ձեւը կը թուի, որ փոխուած է: Նախապէս վեթոյի ենթարկելու վճռակամ յայտարարութիւններ կը կատարուէին, եւ գլխաւոր կողմ մը նոյնիսկ իր...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Դասախօս Եւ Գրող Ազատ Եղիազարեանի Լեզուի Մասին Բանիմաց Հայու Խօսքը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հայաստանեան մամուլին մէջ լոյս տեսաւ Ազատ Եղիազարեանի լեզուի մասին յօդուածը: Լաւ պիտի ըլլար, որ Հայաստանի լրատուամիջոցները, մանաւանդ` հեռատեսիլը, լայնօրէն անդրադառնային արծարծուած հարցերուն եւ դատումներուն: Յօդուածը նկատի ունի Հայաստանի կացութիւնը, բայց Սփիւռք(ներ)ը եւս, եթէ իմաստուն ընթերցում կատարէ, լսելիք եւ սորվելիք կ՛ունենայ, առաջին հերթին` արտատպելով եւ տարածելով այս յօդուածը, քննադատութիւնը չարակամութիւն չհամարելով: Առանձնացնենք կարգ մը միտքեր եւ քննադատութիւններ: «Արդէն երեսուն...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Բրիտանիոյ Աշխատաւորական Կուսակցութեան Վերականգնումը Կ՛անցնի Ընկերվարութեան Վերանորոգման Ճամբէն

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ 2015-ին Բրիտանիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը ստանձնեց Ճերեմի Քըրպընը` իր արմատական ձախ կեցուածքով: Ան իր ղեկավարութեան ամբողջ ընթացքին դարձաւ այն հեղինակութիւնը, որ յաջողեցաւ ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը վերանորոգել: Վերանորոգել այն իմաստով, որ հրաժարեցաւ Երրորդ ուղիի ուղղութենէն եւ յատկապէս նախորդ տարիներու տնտեսական ազատական քաղաքականութիւններէն: Ան նոր կեանք տուաւ ընկերվարութեան` երկար տարիներու խոր քունէ ետք: Աշխարհի չորս ծագերուն ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնները, խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց...

Բանաստեղծութեան Մը Պատմութիւնը

Մօտաւորապէս քառորդ դար անցած է, երբ Նոր տարուան սեմին հետեւեալ բանաստեղծութիւնը գրեցի, եւ որովհետեւ գրութիւնը Ամանորի նախօրեակին էր, այդ պատճառով ալ, «Ամանոր» բառը եկաւ «աղօթք»-ին միանալու: Տարիներ անցած են, եւ բանաստեղծութիւնը տպուեցաւ ու արտատպուեցաւ բազմիցս: Հիմա, երբ կը կարդամ այս բանաստեղծութիւնը, կը նկատեմ, որ հոն արտայայտուած աղերսը մասնաւոր օրուան մը կամ դէպքի մը հետ չ՛առնչուիր: Ամէնօրեայ աղօթք է, ընդհանրական, համամարդկային...

Ստացուած Գիրքեր.  Ժիրայր  (Հեղինակ` Եղիկ Ճէրէճեան)

Ստացուած Գիրքեր. Ժիրայր (Հեղինակ` Եղիկ Ճէրէճեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի մէջ 2019-ին լոյս տեսաւ Եղիկ Ճէրէճեանի «Ժիրայր» (Մարտիրոս Պոյաճեան)», հատորը, որ «Հրասիրտները» մատենաշարին թիւ 4-ն է, բաղկացած` 223 էջերէ: Նախաբանին մէջ փրոֆ. Էդիկ Մինասեան կ՛ըսէ, որ Եղիկ Ճէրէճեան Ժիրայրի կեանքի եւ գործունէութեան ներկայացմամբ ցոյց կու տայ հայոց ազգային ազատագրական պայքարի մէջ ընդգրկուած կարեւոր տարածաշրջանի եւ ժամանակահատուածի իրադարձութիւնները, տալով նաեւ այդ պայքարին մասնակից մարդոց, տեղի ունեցած դէպքերու եւ...

Հրապարակուեցաւ Պոլսահայ Երգչուհի Սիպիլի Եւ Աւստրալահայ Դաշնակահար Արայի Միացեալ Տեսահոլովակը

Հրապարակուեցաւ Պոլսահայ Երգչուհի Սիպիլի Եւ Աւստրալահայ Դաշնակահար Արայի Միացեալ Տեսահոլովակը

Արդէն համացանցի վրայ էր պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի եւ աւստրալահայ դաշնակահար Արայի առաջին համատեղ տեսահոլովակը` հանրայայտ «Անաստասիա» գծանկարի ամենասիրուած ստեղծագործութեան` «Once upon a December»-ի cover տարբերակը: Անիկա առաջին պահէն սիրուեցաւ դիտողներուն կողմէ` արժանանալով «յուզիչ», «հեքիաթային», «կախարդական» եւ այլ կարծիքներու: Թէեւ համագործակցութեան որոշումը կայացած էր երկու տարի առաջ, սակայն միայն այս դեկտեմբերին յաջողեցան Սիպիլ եւ Արա միաժամանակ հայրենիքի մէջ ըլլալ: Սիպիլը կը...

Իմ Ակնոցով Մտաւորականը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Աւելի ճիշդ` հայ մտաւորականը: Շատ հաւանաբար, ինծի նման շատեր, յաճախ զարմացած, իրենք իրենց հարց տուած են, թէ մեր ներկայ սովորական կեանքէն ներս, երբ ամէն տեղ եւ ամէն տեսակի պայմաններու տակ, նորութիւններ եւ անակնկալ փոփոխութիւններ ակամայ մեզ դիմաւորած ու մեզ հիմնովին շշմեցուցած, շփոթանքի մատնած եւ կամ ալ ապշեցուցած են, յանկարծ մեր ազգային կեանքի հրապարակին վրայ մեծ բացակայ մը նշմարած...

Կեդրոնականցի Արմենակ, Մատաթիա, Անելգա Եւ Ստոյիպա

Կեդրոնականցի Արմենակ, Մատաթիա, Անելգա Եւ Ստոյիպա

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա Կապուտակ Ծովափի իշխանական քաղաքներուն մէջ հայեր կան` ծագումով եւ նորահարուստ: Կեդրոնականցի Մատաթիա Սերգիսօղլուն հոն շէնքեր ունի, Չինաստան-Թուրքիա-Ֆրանսա եռանկիւնին մէջ կ’առնէ-կը ծախէ: Հարստացեր է: Քսան տարիէ ի վեր եռանկիւնը Հայաստանով քառանկիւն է: Մատաթիա Արմենակը եւ Էլպիսը հրաւիրեր էր Նոր տարին միասին անցընելու, մայրիներու մէջ թաքնուած իր պալատին մէջ: Անոնք արեւոտ ծովափէն վերադարձան Աշտարակի կարճացերեկ քաղաքը: - Մատաթիան Կրաս...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կանխարգիլման Արարքի Հետքերով

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կանխարգիլման Արարքի Հետքերով

Բռնկած է կրկին Միջին Արեւելքը: Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս կամ ի՞նչ պատճառներով: Իրաքի կամ արաբ-իսրայէլեան պատերազմի պատրաստութիւն տեսնելու կարիքը չկար: Պայմաններն ու սարքաւորումներն ալ փոխուած ու կատարելագործուած են: Ամերիկեան անօդաչու օդանաւով յարձակում մը` Պաղտատի օդակայանին մօտ, բաւարար եղաւ սպաննելու Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար Քասեմ Սուլէյմանին եւ անոր մօտ գտնուող քանի մը բարձրաստիճան ղեկավարներ: Լուրերն ու վերլուծումները կը յորդին, յատկապէս` համացանցի մէջ, ուր...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Ռուսիոյ Նախագահին Անակնկալ Այցելութիւնը Սուրիա

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ռուսիոյ Նախագահին Անակնկալ Այցելութիւնը Սուրիա

Տարածաշրջանի լարուած իրավիճակին լոյսին տակ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոս: Սա Ռուսիոյ նախագահին երկրորդ այցելութիւնն էր Սուրիա, սակայն առաջինը` մայրաքաղաք Դամասկոս: 2015-էն ի վեր սուրիական տագնապի լուծման գլխաւոր դերակատարներէն մէկը հանդիսացող եւ երկրին մէջ զինուորական ներկայութիւն հաստատող Ռուսիոյ նախագահը 2017-ին այցելած էր Հմէյմիմ ռուսական զինուորական խարիսխ: Ռուսիոյ նախագահին Դամասկոս այս այցելութիւնը, սակայն, ե՛ւ քաղաքական,...

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս  2020 Տարին Կը Հռչակէ  «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի»

Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի 2020. Պատգամ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունենք Ազգ. Ընդհանուր ժողովը, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները, թեմակալ առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգ. իշխանութիւնները եւ մեր ժողովուրդի սիրելի՛ զաւակները: Խոր գոհունակութեամբ կ՛ուզենք հաստատել, որ իւրաքանչիւր տարի մեր ժողովուրդի կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող արժէք մը կամ երեւոյթ մը լուսարձակի տակ բերելու Մեր...

Page 418 of 807 1 … 417 418 419 … 807

Արխիւներ