Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կանխարգիլման Արարքի Հետքերով

January 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բռնկած է կրկին Միջին Արեւելքը: Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս կամ ի՞նչ պատճառներով:

Իրաքի կամ արաբ-իսրայէլեան պատերազմի պատրաստութիւն տեսնելու կարիքը չկար: Պայմաններն ու սարքաւորումներն ալ փոխուած ու կատարելագործուած են: Ամերիկեան անօդաչու օդանաւով յարձակում մը` Պաղտատի օդակայանին մօտ, բաւարար եղաւ սպաննելու Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար Քասեմ Սուլէյմանին եւ անոր մօտ գտնուող քանի մը բարձրաստիճան ղեկավարներ:

Լուրերն ու վերլուծումները կը յորդին, յատկապէս` համացանցի մէջ, ուր պետութեան անունով ղեկավարներ հաստատումներ կը կատարեն` երբեմն նոյնիսկ պետութիւնն ու անհատը իրարմէ զանազանել չկարենալով: Մերթ` ծայրայեղ, մերթ` անհասկնալի, այս յայտարարութիւնները կը շարունակեն սանձարձակօրէն ողողել կայքէջերը:

Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, այս արարքը կատարուած էր Իրանի կողմէ մօտալուտ յարձակում մը կանխարգիլելու համար: Փենթակոնն ալ հաղորդեց, որ այս գործողութիւնը մտայղացուած էր արտասահմանի ամերիկացիները պաշտպանելու համար: Իսկ նախագահ Թրամփ իր առօրեայ դայլայլող «Թուիթըր»-ով շեշտեց, որ Սուլէյմանի շարունակ հալածած ու սպաննած էր ամերիկացիներ:

Այս արարքին մասին նաեւ բազմաթիւ այլ ամերիկացի դիւանագէտներ, քաղաքագէտներ եւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններու թեկնածուներ արտայայտուեցան: Դեմոկրատ թէ հանրապետական, թեկնածու թէ ոչ թեկնածու, յստակ էր ամէն մէկուն արտայայտածը, կամ աւելի մտերմիկ ու ժողովրդային արտայայտութեամբ մը` փորի ցաւը: Անոնք ալ «կրակի հետ կը խաղային»` արդէն իսկ ծայր առած ու «խաղցուած» կրակին անդրադառնալով:

Այս գծով, Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածու, ծերակուտական Պըրնի Սանտըրզի սուր քննադատութիւններէն աւելի յիշատակելի է Թրամփի մէկ պատասխանը, ուր ան կը շեշտէ, թէ Թեհրան երբեք չէ պարտուած բանակցութիւններու մէջ, իսկ պատերազմի դաշտին մէջ երբեք չէ յաղթած: Անշուշտ այս արտայայտութեամբ ան վերստին կը քննադատէր նախկին նախագահ Օպաման, որ 2015-ին բանակցութեան մէջ մտած էր Իրանի հետ եւ համաձայնագիր մը կնքած` հիւլէական գործածութիւնը պակսեցնելու:

Արդեօք չափազանցութի՞ւն մըն է եզրակացնելը, թէ Միացեալ Նահագներու նախագահական ընտրութիւններու նախընտրական արշաւն ալ տեղափոխուած է երկրէն դուրս եւ, այսպէս, փոխանակ յարափոփոխ նահանգներու` «սուինկ սթէյց»-ի մէջ կատարուելու… փոխադրուած է Միջին Արեւելք:

Վերոյիշեալ նշումը նորութիւն մը չէ, այլ` լափալիսեան ճշմարտութիւն մը, որ միշտ ալ արտայայտուած է: Դեռ թարմ են Պուշ աւագի եւ կրտսերի արձանագրած յաղթանակները միջազգային ահաբեկչութեան դէմ մղուած պատերազմի օրերուն…

Միջին Արեւելքի մէջ այս արարքը բոլորովին տարբեր ակնոցով կը դիտուի: Սիւննիներու համար Սուլէյմանիի սպանութիւնը յաղթանակ մըն է: Ան կրցած էր շարունակ նեցուկ կանգնիլ Պաշար Ասատի վարչակարգին եւ յատկապէս Եմէնի մէջ օժանդակելով հութիներուն:

Վերադառնալով դիւանագիտական բնագաւառ` Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆի Միացեալ Նահանգներ մուտք գործելու արտօնագիր չշնորհուեցաւ` ՄԱԿ-ի մէկ ժողովին մասնակցելու համար Նիւ Եորքի մէջ:

Արդեօք պատշա՞ճ է այս պայթուցիկ մթնոլորտը փոխադրել դիւանագիտական բնագաւառ… եւ դեռ աւելին` մշակութային ոլորտ, ուր բազմաթիւ կառոյցներ եւ կոթողներ ՄԱԿ-ի ենթայանձնախումբին կողմէ նկատի առնուած են իբրեւ մշակութային ժառանգութիւն:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ռուսիոյ Նախագահին Անակնկալ Այցելութիւնը Սուրիա

Յաջորդը

Տարածաշրջանի Թէժացումները Որոշակի Վտանգ Են Ներկայացում Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութիւնների Համար

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.