Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէ՞ս Էր Հայկական Բանակի Անցնող Տարին

Յունուար 17, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չափազանցութիւն չ՛ըլլար, եթէ ըսենք, որ 2019 թուականին դրական առումով ամենամեծ բաժինը հասած է ՀՀ Զինուած ուժերուն:

«Սփիւթնիք»-ի լրագրող Աշոտ Սաֆարեանի հաղորդմամբ, 2019 թուականը հայկական բանակին համար յաջող տարի էր: Բարեփոխումները անդրադարձան զինուած ուժերու գործունէութեան գրեթէ բոլոր առանցքային ուղղութիւններու վրայ:

Նոր սպառազինութիւն ու ռազմական սարքեր կայ, սնունդի համակարգի արմատական փոփոխութիւն, զինծառայողներու հիմնադրամի գործունէութեան ժամային շրջանակներու ընդլայնում, շփման գիծի վրայ ենթակառուցուածքներու բարելաւում եւ բազմաթիւ այլ երեւոյթներ. իւրաքանչիւրը առանձին-առանձին ուշադրութեան եւ վերլուծութեան արժանի են:

Ահեղ «Թոր» Աստուած

Տարեվերջին մենք տեսանք Ռուսաստանէն գնուած «ԹՈՐ-Մ2ՔՄ» ժամանակակից զենիթահրթիռային համալիրները: ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նոյնիսկ սելֆի առած էր այդ համալիրներու խրապատկերին:

«ԹՈՐ»-ը ժամանակակից զենիթահրթիռային համալիր է, որ կրնայ նոյնիսկ անձնակազմի բացակայութեան պարագային, պայքարիլ որեւէ օդային յարձակումի դէմ, ներառեալ` բարձր ճշգրտութեան հրթիռները:

Համալիրը ստեղծուած է օդային հարուածներէն զինուորական, տնտեսական եւ այլ զինակէտեր պաշտպանելու համար: Կրնայ պայքարիլ հակառակորդի տարբեր տեսակի հրթիռներու, ԱԹՍ-ներու (անօդաչու թռչող սարք), ինքնաթիռներու եւ ուղղաթիռներու դէմ: «ԹՈՐ»-ը իսկական մղձաւանջ կրնայ դառնալ հակառակորդի որեւէ ռազմօդանաւի համար:

«ԹՈՐ» համակարգերու ձեռքբերման մասին կը խօսէին դեռ անցած տարուան գարնան: Սակայն ռազմական ղեկավարութիւնը մատակարարման ժամկէտը գաղտնի պահեց մինչեւ վերջ: Եւ ահա անոնք արդէն հասած են: Համալիրներու առկայութիւնը ՀՀ հակաօդային պաշտպանութեան շատ մեծ առաւելութիւններ կու տայ եւ զայն առաւել արդիւնաւէտ կը դարձնէ:

Նախեւառաջ Ռազմօդանաւերը

2019 թուականի սկիզբին իմացանք 4+ սերունդի Սու-30ՍՄ կործանիչներու 4 միաւոր գնելու մասին: Այդ ժամանակ Sputnik Արմենիա գործակալութիւնը յայտնած էր կործանիչներու մատակարարման պայմանագրին ստորագրման լուրը:

Օդանաւերը Հայաստան ժամանած էին 2019 թուականի Դեկտեմբերի վերջը: Հայաստանը հետագային մտադիր է նման առնուազն 8 օդանաւ ձեռք բերել:

Սու-30ՍՄ-ը կրնայ բարձր ճշգրտութեան հարուածներ հասցնել հակառակորդի առանցքային թիրախներուն, ինչ որ կարելի չէ ըսել Ազրպէյճանի մէջ առկայ ՄԻԿ-29 կործանիչներուն մասին:

Սու-30ՍՄ-ը կրնայ օգտագործել սպառազինութեան լայն շրջանակ, ինչպէս` նոյն X59 MK2-ները, որոնք կրնան մինչեւ 285 քմ հեռաւորութենէ հարուածներ հասցնել ռազմական թիրախներուն: Ան նաեւ կրնայ յաջողապէս պայքարիլ հակառակորդի հակաօդային համակարգերուն դէմ:

Ջուրը Կեանք Է

Մէկ տարուան ընթացքին մեծ աշխատանք տարուած է հայ-ազրպէյճանական սահմանին եւ ԼՂՀ շփման գիծին` մարտական հերթապահութեան պայմանները բարելաւելու հարցով: Դեռ օգոստոսի վերջը ՀՀ կառավարութիւնը որոշում կայացուց լրացուցիչ 2,1 միլիառ դրամ յատկացնել այդ նպատակին:

2019 թուականին աւելցաւ արեւային մարտկոցներով յագեցած դիրքերու, էապէս աւելցան ջերմային պատկերապատիչներու եւ վերահսկման այլ սարքերու քանակը: Դիրքերը դիտարկման միջոցներով զինումը թոյլ կու տայ ժամանակին նկատել խափանարար խումբերու տեղաշարժը եւ անոնց արժանի հակահարուած տալ: Տարեվերջին մարտական դիրքերուն շուրջ 35%-ը ապահովուած էր խմելու ջուրով: Այս մէկը չափազանց կարեւոր ցուցանիշ է, որ կ՛աւելցնէ մարտական դիրքերու ինքնաբաւ ըլլալը:

Իւրայիններուն Դժբախտութեան Մէջ Մինակ Չեն Ձգեր

2019 թուականին զգալիօրէն աւելցած է զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամի շահառուներու ցանկը: Ի սկզբանէ, երբ հիմնադրամը կը ստեղծուէր, կը նախատեսուէր ծրագրին մէջ ներառել միայն 2017 թուականի յունուարէն վիրաւորուած կամ զոհուած զինծառայողները:

Սակայն 2018 թուականին ընթացքին եւ յատկապէս 2019 թուականին քանի մը անգամ ժամանակային շեմը «տեղաշարժած» է: Ասոր որպէս արդիւնք` 2020 թուականի յունուարէն սկսեալ հիմնադրամը կը սկսի գումար յատկացնել 1998 թուականէն հայրենիքի պաշտպանութեան ժամանակ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն եւ 1-ին ու 2-րդ կարգի հաշմանդամութիւն ունեցող զինծառայողներուն:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը բազմիցս նշած է, որ կ՛ուզէ աստիճանաբար հասնիլ մինչեւ 1992 թուական: Փոխհատուցում կը ստանան զոհուած զինուորներու եւ սպաներու ընտանիքները, ինչպէս նաեւ` 1-ին եւ 2-րդ կարգի հաշմանդամութիւն ունեցող զինծառայողները: Զոհուած զինծառայողներուն եւ 1-ին կարգի հաշմանդամներուն տրուող փոխհատուցումը կը տատանի 52-82 միլիոն դրամի սահմաններուն: 52 միլիոն կը ստանան շարքայինները, 72 միլիոն ենթասպաները եւ 82 միլիոն դրամ` սպաները: Ըստ որոշման, 10 միլիոնը կը տրուի միանուագ, իսկ մնացածը` 20 տարուան ընթացքին, ամսական` 200-300.000 դրամ:

2-րդ կարգի հաշմանդամներու փոխհատուցումը կը կազմէ 26-52 միլիոն դրամ` կրկին զինուորական կոչումէն կախեալ: Անոնցմէ 5 միլիոնը կը յատկացուի միանուագ, մնացածը` 20 տարուան ընթացքին` ամսական 100-200 հազար դրամի չափով: Հիմնադրամի գումարները կը ձեւաւորուին ՀՀ քաղաքացիներու աշխատավարձերէն գանձուող ամէնամեայ վճարներու հաշուոյն: Իւրաքանչիւր պաշտօնապէս գրանցուած աշխատող ամսական 1000 դրամ կը վճարէ:

Երջանկութիւնը Ոչ Թէ Դրամին Մէջն Է, Այլ` Քանակին

Ռազմական բարեփոխումներուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւեց 2019 թուականի յունիսէն զինծառայողներուն աշխատավարձերու բարձրացումը: Շարքայիններուն եւ սպաներուն նիւթապէս շահագրգռելը ոչ պակաս նշանակալի գործօն է մարտունակութեան առումով, որքան` ժամանակակից սպառազինութիւններու ձեռքբերումը: Արդարեւ, բարձրացումը կախեալ է զինծառայողի աստիճանից: Աշխատավարձերու աճը, այսպիսով, կազմած է 5 առ հարիւր բարձրագոյն սպայական կազմին համար, աւագ սպայական կազմը ստացած է 8 առ հարիւր յաւելում, կրտսեր սպայական կազմը` 13 առ հարիւր, աւագ ենթասպաները` 15 առ հարիւր, կրտսեր ենթասպաները եւ պայմանագրային ծառայութեան շարքային կազմը` 18 առ հարիւր:

Աւելի յստակ` իրավիճակը հետեւեալ տեսքը ունիգ գունդի հրամանատարներու աշխատավարձը աւելցած է 23 հազար (7 առ հարիւր), գունդի զօրահրամանատարներու տեղակալներունը` 20 հազար դրամ (7 առ հարիւր), գումարտակի հրամանատարներունը` 85 հազար դրամ (12 առ հարիւր), վաշտի հրամանատարներունը` 96 հազար դրամ (18 առ հարիւր), դասակի հրամանատարներունը` 72 հազար դրամ (18 առ հարիւր), աւագ ենթասպաներունը` 38 հազար դրամ (18 առ հարիւր), պայմանագրային ծառայութեան շարքային զինուորականներունը` 30 հազար դրամ (18 առ հարիւր):

«Ան, Որ Չ՛ուզեր Կերակրել Սեփական Բանակը, Կը Կերակրէ Օտարինը»…

Կարծես թէ բարեփոխումներուն գագաթնակէտը դարձաւ զինծառայողներուն սնունդի կազմակերպման բացարձակապէս նոր համակարգը: ՀՀ կառավարութիւնը տակաւին 2019 թուականի փետրուար 21-ին որոշեց փոփոխութիւններ մտցնել բանակին համար պարէնի գնման գործընթացին:

Այժմ պարենամթերքը կը մատակարարէ մասնաւոր հատուածը: Ան նաեւ կը կազմակերպէ սնունդի պատրաստման եւ բաժանման գործընթացը:

Զինծառայողները այժմ կ՛օգտուին «շուէտական սեղանէն»` համեղ եւ տարատեսակ սնունդով: Նոր համակարգը նաեւ թոյլ կու տայ ամբողջութեամբ բացառելու հերթապահութիւնները խոհանոցին մէջ: Անձնակազմը այսուհետեւ չի միջամտեր սնունդի պատրաստման գործընթացին եւ կը զբաղի բացառապէս մարտական պատրաստուածութեամբ:

Նոր համակարգին անցում կը կատարուի աստիճանաբար: Այսօր այն կը գործէ 30 զօրամասերու մէջ, սակայն ժամանակի ընթացքին կը նախատեսուի զայն տարածել, առանց բացառութեան, բոլոր զօրամասերուն մէջ: Պարենամթերքի մատակարարման եւ պատրաստման գործընթացին մէջ ներգրաւուած է 4 մասնաւոր ընկերութիւն, անոնց թիւը եւս կ՛աւելնայ:

Հարկ է նշել, որ այս մէկը բանակին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն ամբողջական ցանկը չէ: Մենք պարզապէս յիշատակեցինք առաւել «գովազդուածները»: Որոշ բնագաւառներ լուսաբանման ենթակայ չեն` հաշուի առնելով անոնց առանձնայատկութիւնները, որոնք եւ ամենաշատը կ՛ազդեն որակի եւ հայկական ԶՈւ-ի մարտական պատրաստուածութեան մակարդակին վրայ:

 

Նախորդը

Նշմար. Պատի Օրացոյցի Պատմութիւնը

Յաջորդը

Մեր Առաջնահերթութիւնը Դուք Չէք

RelatedPosts

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?