Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ռուսիոյ Նախագահին Անակնկալ Այցելութիւնը Սուրիա

Յունուար 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տարածաշրջանի լարուած իրավիճակին լոյսին տակ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոս:

Սա Ռուսիոյ նախագահին երկրորդ այցելութիւնն էր Սուրիա, սակայն առաջինը` մայրաքաղաք Դամասկոս: 2015-էն ի վեր սուրիական տագնապի լուծման գլխաւոր դերակատարներէն մէկը հանդիսացող եւ երկրին մէջ զինուորական ներկայութիւն հաստատող Ռուսիոյ նախագահը 2017-ին այցելած էր Հմէյմիմ ռուսական զինուորական խարիսխ:

Ռուսիոյ նախագահին Դամասկոս այս այցելութիւնը, սակայն, ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ տնտեսական ուղերձներ կը պարունակէր:

Քաղաքական առումով, նախագահ Փութին տարածաշրջանի ներկայ գերլարուած իրավիճակին եւ Իրանի ուղղուած ամերիկեան սպառնալիքներուն լոյսին տակ մայրաքաղաք Դամասկոս այցելելով, բնականաբար, Միացեալ Նահանգներու` Իրանի վրայ հաւանական յարձակում գործելու պարագային Ռուսիա-Սուրիա գործակցութեան համակարգումը պիտի կատարէր: Չմոռնանք, որ նախանցեալ օր ռուսական մարտանաւ մը հասած էր Միջերկրական, Միացեալ Նահանգներու` Իրանի դէմ հաւանական զինուորական գործողութեան մը պարագային հսկելու շրջանի օդային եւ ծովային տարածքներուն:

Այցելութեան ընթացքին Ռուսիոյ նախագահը իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Ռուսիա կը շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ կողքին պիտի պայքարի ահաբեկչութեան դէմ` մինչեւ երկրին ամբողջական ազատագրումը, յատկապէս Իտլիպի եւ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններու պարագան լուսարձակի տակ առնելով:

Զինուորական պատասխանատուներ կը նախատեսեն Իտլիպի մօտալուտ ազատագրումը եւ Դամասկոս-Հալէպ մայր ճամբուն բացումը: Սա բնականաբար ուղերձ մըն էր նաեւ Թուրքիոյ, որ ի կատար ածէ Ասթանայի իր խոստումները, ահաբեկիչները դուրս բերէ Սուրիայէն եւ յարգէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը: Այս իմաստով յատկանշական էր նախագահներուն Օմայատ մզկիթ այցելութիւնը: Այն մզկիթը, որուն ակնարկելով` Թուրքիոյ նախագահը քանի մը տարի առաջ ըսած էր, թէ պիտի հասնի Դամասկոս եւ աղօթէ այնտեղ:

Ռուսիոյ նախագահը միջազգային ընտանիքին ալ ուղերձ մը կը յղէր` շեշտելով, որ այս տարածաշրջանը ռուսական առանցքին մաս կը կազմէ, եւ թէ` նախորդ տարիներու Սուրիա-Ռուսիա զինուորական գործակցութիւնը արդիւնաւորուած է, ու Սուրիան վերագտած է իր երբեմնի բնականոն կեանքը, հետեւաբար այս այցելութեամբ նոր սկիզբ մը կը դրուի երկու երկիրներու բազմակողմանի գործակցութեան:

Բնականաբար Ռուսիոյ համար տարածաշրջանի երկիրներուն խաղաղութիւնն ու զարգացումը պիտի նպաստեն ռուսական դերակատարութեան ամրապնդման եւ տուեալ երկիրներու ժողովուրդներուն վրայ դրական տպաւորութիւն պիտի թողուն ռուսական միջնորդութեան առնչութեամբ: Այս իսկ հեռանկարով, Ռուսիոյ նախագահը կը շեշտէր, որ խաղաղութեան պայմաններուն մէջ Սուրիոյ վերականգնումի տնտեսական ենթահողը պիտի ստեղծուի, եւ վերաշինութիւնը թափ պիտի առնէ:

Սուրիական հարցին քաղաքական լուծման մանրամասնութիւնները հաւանաբար մաս կազմեցին նախագահ Փութինի Թուրքիա` այցելութեան օրակարգին նաեւ:

Տնտեսական առումով, Ռուսիոյ նախագահը ամերիկեան պատժամիջոցներուն առաջքը առած կը թուի ըլլալ` Ռուսիոյ եւ Չինաստանի տնտեսական ազդեցութիւնը ընդլայնելով, Ռուսիա, Չինաստան, Սուրիա, Իրաք, Իրան տնտեսական առանցքը ամրապնդելով եւ տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան ազդեցութիւնը սահմանափակելով: Այս ծրագիրին մաս կը կազմէ նաեւ նախագահ Փութինի Սուրիայէն մեկնումը Թուրքիա, բացումը կատարելու Թուրքիոյ ճամբով ռուսական կազը Եւրոպա հասցնող կազատար խողովակներուն:

Քաղաքական վերլուծաբաններ կը նախատեսեն նաեւ ռուսական միջնորդութեամբ Դամասկոս-Անգարա յարաբերութիւններու ոչ մօտալուտ, սակայն հաւանական վերականգնումը:

«Գ.»

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (14 Յունուար 1970)

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կանխարգիլման Արարքի Հետքերով

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?