Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեդրոնականցի Արմենակ, Մատաթիա, Անելգա Եւ Ստոյիպա

January 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա

Կապուտակ Ծովափի իշխանական քաղաքներուն մէջ հայեր կան` ծագումով եւ նորահարուստ: Կեդրոնականցի Մատաթիա Սերգիսօղլուն հոն շէնքեր ունի, Չինաստան-Թուրքիա-Ֆրանսա եռանկիւնին մէջ կ’առնէ-կը ծախէ: Հարստացեր է:

Քսան տարիէ ի վեր եռանկիւնը Հայաստանով քառանկիւն է:

Մատաթիա Արմենակը եւ Էլպիսը հրաւիրեր էր Նոր տարին միասին անցընելու, մայրիներու մէջ թաքնուած իր պալատին մէջ: Անոնք արեւոտ ծովափէն վերադարձան Աշտարակի կարճացերեկ քաղաքը:

– Մատաթիան Կրաս քաղաքի օծանելիքներ լեցուց մեր ճամպրուկին մէջ: Մէկ մասը ձեզի բերինք: Մենք ալ նոր հարուստի պէս անուշ բուրենք,- ըսաւ Արմենակ:

Եւ սեղանին վրայ շարեց գեղեցիկ սրուակներ:

Մակարուհին ուրախացաւ: Կարդաց` ինչ որ գրուած էր սրուակներուն վրայ. գործածել առաւօտեան, երեկոյեան, ամառը, քրտինքի դէմ: Ապա մեզ հիւրասիրեց պոլսական անուշապուրով եւ սուրճով:

– Մակա՛ր, ընկերս` Մատաթիան հայազգի երեւելիներ ալ հրաւիրած էր: Հայաստանէն եկածները ի՜նչ հպարտութեամբ ֆրանսերէն կը ջարդէին: Տեսնելիք եւ լսելիք բան էր: Կօշիկիս երկարութեամբ եւ հաստութեամբ սիկառներ կը ծխէին:

– Արմենա՛կ, ֆրասացին կ’ըսէ` noblesse oblige, այցեքարտ է սիկառը:

– Այդպէս է: Սիկառը իրաւունքներ կու տայ ազգային եւ միջազգային հարցեր լուծելու: Մին հպարտութեամբ կ’ըսէր, թէ քաղաքապետին ձեռքը թօթուած է, որ իրեն ըսած է, թէ հայերը օրինակելի քաղաքացիներ են, յաջողած, լաւ մերուած, ֆրանսացիէն աւելի լաւ ֆրանսացի են: Հայաստանցի մը ըսաւ, որ հոս ինքզինք շատ լաւ կը զգայ:

– Տեսնելու բան էր,- ըսաւ Էլպիս:- Հայաստանէն հասած տիկին Անելգան իր սուղ վճարուած բարեկենդանի շորերուն մէջ կը շորորար: Կը կչկչար այնպէս, որ ֆրանսերէնը չսորված` հայերէնը մոռցած էր:

– Մակա՛րս, Էլպիսի նկարագրած Անելգան ոչինչ: Ամուսինը, որուն Ստոյիպա անունը երբեք չէի լսած, հպարտութեամբ կ’ըսէր Մատաթիային, որ իր յաճախած ֆրանսական շրջանակներուն մէջ չեն գիտեր, որ ինք հայ է, զինք ռուս կը կարծեն: Դրամատէրեր եւ աւազակներ չեն սխալած: Այդպէս հայ կ’ըլլա՞յ: Աւազակները կը նմանին իր ձագը լաւ ճանչցող գայլի:

Մակարուհին, որ լուռ հետեւած էր խօսակցութեան, Արմենակին հարցուց.

– Կեդրոնականցի ընկերդ` Մատաթիան, ուրկէ՞ գտած է ռուս կարծուող Ստոյիպան եւ Անկելգան, ինչո՞ւ այդպիսիներ կը հրաւիրէ:

– Սիրելի՛ս, պարզ չէ՞, որ եռանկիւնի եւ քառանկիւնի մեծ վաճառական Մատաթիան ալ մաս կը կազմէ վերնախաւին: Թաղի կօշիկ նորոգող Սեդրակին հետ պիտի չյարաբերի,- ըսաւ Արմենակ:

– Ուրեմն, քանի քսակով դասակարգային բարձրացում կ’ունենան մարդիկ, բնական կը դառնան այլասերածներու հետ յարաբերութիւնները: Մեր կեդրոնականցի Մատաթիան ալ զերծ չէ մնացած ախտէն,- ըսաւ Էլպիս:

Սրտնեղած` Արմենակ ուզեց վերջ տալ անհաճոյ զրոյցին.

– Կը խնդրեմ, որ Մատաթիան չբաղդատէք Ստոյիպային եւ Անկելգային: Ան իր զգացական հայրենասիրութեան զոհն է:

Բարեբախտաբար Մակարուհին երկրորդ սուրճը բերաւ` խնայելով Էլպիսի եւ Արմենակի տասնամեակներու անդորրին:

Մտածեցի, որ եթէ հարցախոյզ մը կազմակերպուի, կրնանք գիտնալ, թէ մեր ժողովուրդի ո՛ր տոկոսը Ստոյիպա, Անկելգա եւ Մատաթիա չեն, կամ են:

6 յունուար 2020

 

Նախորդը

Տարածաշրջանի Թէժացումները Որոշակի Վտանգ Են Ներկայացում Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութիւնների Համար

Յաջորդը

Ջուրի Կարեւորութիւնը Մարդու Առողջութեանը Համար

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.