Անդրադարձ

Հանրութեան Պառակտում` «Մեծ Սիրոյ» Փաթեթաւորմամբ

Անցեալի Եւ Ապագայի Սահմանագծում. Հայաստանի Անցնող Մէկ Տարին

ԱՐՏԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆ 2019 թուականը Հայաստանում քաղաքական վերադասաւորումների տարի էր` պայմանաւորուած 2018 թ. ապրիլին սկիզբ առած իշխանափոխութեան աւարտով: 2018 թուականի դեկտեմբերի 9-ին տեղի ունեցած ՀՀ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնների արդիւնքում օրէնսդիրի աթոռներից 88-ը զբաղեցրեց Փաշինեանի «Իմ քայլը» դաշինքը, 26-ը` ԲՀԿ-ն, 18-ը` ԼՀԿ-ն: 2019 թուականի յունուարի 14-ին ՀՀ նախագահի կողմից Նիկոլ Փաշինեանն ինքնաբերաբար նշանակուեց Հայաստանի վարչապետ: Կառուցուածքային փոփոխութիւնների արդիւնքում Հայաստանի 17 նախարարութիւններից...

Կարեւոր Ճշդում Եւ Լուսաբանութիւն

Կարեւոր Ճշդում Եւ Լուսաբանութիւն

Ա. ԱԶԻԶԵԱՆ «Ալիք» օրաթերթի եւ «Ալիք»-ի կայքէջի (alikonline.ir)  շաբաթ, 26 հոկտեմբեր 2019 թ. համարում լոյս տեսաւ  Հենրիկ Խալոյեանի գրչին պատկանող մի գրութիւն` «Ո՞վ է այն հերոսը, որին շատերս չգիտենք...» վերտառութեամբ, նուիրուած Դաշնակցութեան խոնարհ հերոսներից` Յարութիւն Յարութիւնեանին: Նստած` Յարութիւն Յարութիւնեան:Կանգնած, ձախից աջ` Երուանդ Ֆնտքեան, Միսաք Թորլաքեան եւ Միսաք Կիրակոսեան: Գրութիւնը նոյնութեամբ  արտատպուեց «Ազդակ»-ի 28.10.2019 եւ «Ասպարէզ»-ի  1.11.2019 համարներում: Գրութեան մէջ տեղ...

Նամականի

Թրամփ Գուշակեց Իրանի Վրայ Յարձակումը 2011-ին Կը Յիշեցնէ «Տը Տէյլի Շօ»-ի Երգիծաբան Թրեւըր Նոա

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Այս առաւօտ Վարդանը «ուաթսափ»-ով տեսերիզ մը ղրկեց. կ՛արժէ, որ ամբողջ աշխարհը դիտէ զայն, մանաւանդ նոյնինքը` նախագահ Տոնալտ Թրամփ: Ամերիկեան երգիծական «Քոմետի Սենթրըլ» կայանի յայտագիրներէն «Տը տէյլի շօ»-ի հաղորդավար Թրեւըր Նոա իր 7 յունուար 2020-ի յայտագիրը յատկացուցած էր 2 յունուարին նախագահ Թրամփի հրահանգած Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» փաղանգի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի ահաբեկումին` սպանութեան (1): Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնեմ յայտագիրին...

Իրաքահայոց Կրթօճախները

Իրաքահայոց Կրթօճախները

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Սլէխի դպրոցը Պաղտատի հայահոծ երկու այլ վայրերու մէջ ալ կը կառուցուին ազգապատկան դպրոցներ: Քաղաքին արեւմուտքը`  Սլեխ, 1939-էն առաջ հաստատուած ընտանիքներ, իրենց մանուկներու հայեցի կրթութեամբ մտահոգ, վարձու տան մը մէջ մանկապարտէզ մը եւ նախակրթարանի առաջին քանի մը դասարանները կը բանան: Հինգ տարի սեփական շէնք ունենալու բաղձանքը կը ձեռնարկուի ազգապատկան հողամասի մը վրայ ու կ՛իրականանայ դպրոցի մը կառուցումը, որ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դեկտեմբերս

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դեկտեմբերս

ՌԱԶՄԻԿ ՏԷՐՈՒՆԵԱՆ Դեկտեմբեր` խանդավառ մթնոլորտ, լաւատես մտքեր, ժպտադէմ մանուկներ: Դեկտեմբերը յատկանշական է` իբրեւ նոր տարուան պատրաստութեան ամիս: Աշակերտները,  ծանրաբեռնուած քննութիւններով, անհամբեր կը սպասեն արձակուրդը, մանուկները նամակներ կը գրեն Կաղանդ պապային, իսկ ծնողները կը ծրագրեն երջանկութեամբ լի ընտանեկան ջերմ հաւաքներ: Ճիշդ է, որ ես ալ մաս կը կազմեմ այս բնական պատկերին, սակայն իմ խոր զգացումներս դեկտեմբեր ամսուան հանդէպ բոլորովին տարբեր են:...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Օրուան Դէպքերուն Հետ. Օգտակար Հետապնդում, Որ Պէտք Չէ Որբ Մնայ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Կիրակի, 6 յունուարին, Հայաստանի զանգուածային լրատուական միջոցները` թերթեր, պատկերասփիւռի կայաններ եւ այլք, միձայն արձագանգ եղան այն լուրին, որ օր մը առաջ հրապարակուած էր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ` կեղծ անունով դիմատետրեան էջի մը տիրոջ ձերբակալման մասին: Կարճ` ձերբակալուած էր անանուն երիտասարդ մը, որ իր Դիմատետրին ճամբով լուր տարածած էր, որ Հայաստանի վարչապետը շնորհաւորական նամակ մը յղած է Սպիտակ տան...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Սէյիտ Նասրալլա «Բաց Պատերազմ» Կը Յայտարարէ Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Ուժերուն Դէմ

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ 5 յունուար 2020-ին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլա կարեւոր յայտարարութիւններ կատարեց` ի պատասխան ամերիկեան ուժերուն կողմէ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» փաղանգի ղեկավար Քասեմ Սիւլէյմանիի Պաղտատի մէջ ահաբեկման: Սէյիտ Նասրալլա նախ բացայայտեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ բազմիցս փորձած էին մահափորձի ենթարկել Սիւլէյմանին, ան նաեւ խօսեցաւ այն ծրագիրին մասին, որ ամերիկացիները պատրաստ էին պայթեցնելու այն մզկիթը, ուր Սիւլէյմանին...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Մեր Առաքելութիւնն Է Միացնել Ազգը Մեր Ազգային Գերագոյն Շահերուն Շուրջ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ «Ես այսօր կ՛ուզեմ պաշտօնապէս ըսել, որ մենք պատրաստ ենք այլազան տիպի համագործակցութեան, եւ եթէ վարչապետը ունի յատուկ օրակարգ` քննելու մեզի հետ, իր կոչերը չեն մնար անարձագանգ»: ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Ի սրտէ կ՛ողջունեմ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկերոջ քաղաքական իմաստուն եւ պարտաւորեցնող ժեսթը: Ընկերը կը խօսի յանուն Դաշնակցութեան եւ յանուն իւրաքանչիւր դաշնակցական ընկերոջ` առանց բացառութեան: Եւ հոս...

Այո՝ ժողովրդային շարժմանը, ոչ՝ անարխիային…

Ազրպէյճանական Կեղծարարութեան Հետքերով…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ Զօրավար Սոլէյմանիի զոհուելուց յետոյ Իրանում խոր ցասումի ու սգոյ պայմաններում, ահա, ազրպէյճանական մամուլը իւրայատուկ քստմնելիութեամբ «տեղեկատուութիւն» է տարածում ու պահի չարաշահմամբ` հակահայ քարոզչութիւն իրականացնում, թէ իբր ՀՀ վարչապետը շնորհաւորել է Միացեալ Նահանգների նախագահին` Պաղտատում վերջին գործողութիւնների կապակցութեամբ... Ճիշդ է, ՀՀ վարչապետն իր «Ֆէյսպուք»-եան էջում անմիջապէս հերքել ու դատապարտել է այդ կարգի լրատուութիւնը` քաջ գիտակցելով, որ հարեւան ու բարեկամ...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Ծերակոյտին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Ընդունումը Վշտացուցած Է Պոլսոյ Նորընտիր Պատրիարքը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Անցեալ ամիս ես պատասխանեցի Պոլսոյ նորընտիր պատրիարք Սահակ Բ. եպս. Մաշալեանի` թրքական թերթին տուած հարցազրոյցին, ուր ան քննադատած էր Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումը: Այդ օրէն ի վեր հայոց աշխարհը անհանգստացած է, որ պատրիարքը շարունակած է հարցազրոյցներ տալ թրքական լրատուական միջոցներուն` կատարելով թրքամէտ եւ հակահայկական մեկնաբանութիւններ: Ինչպէս գրած էի...

Քառասունքի Գիր.  ՀՄԸՄ-ական Սարգիս Հաճինազարեան

Քառասունքի Գիր. ՀՄԸՄ-ական Սարգիս Հաճինազարեան

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ ՀՄԸՄ-ական եղբայր Սարգիսը կը մարմնաւորէր միեւնոյն ժամանակ լիբանանահայ կեանքի պատմութեան հետ առնչուող, քանի մը բնագաւառներու վերջին ներկայացուցիչներէն մէկը: Եղած է հեծանիւի մարզիկ եւ երկրորդ սերունդի սկաուտ խմբապետներէն` Պէյրութ մասնաճիւղի երէց փաղանգի խմբապետ (1966-ին) եւ ասպարէզով` այր մարդոց հագուստի, Պէյրութի երբեմնի կեդրոնական շուկաներէն «Սուք Սըրսոք»-ի եւ «Սուք Ալ Էրմէն»-ի (հայկական շուկայ) համբաւաւոր վաճառականներէն մէկը: Պէյրութ քաղաքին կեդրոնը` իբրեւ դարերու...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

100-ամեակ, 30-ամեակ. Ամանորեան Խոհեր

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Սիրոյ վրայ հիմնուած իշխանութիւնը հազար անգամ աւելի ազդու եւ աւելի երկարատեւ է, քան ան, որ կը բխի վախէ եւ պատիժէ» ՄԱՀԱԹՄԱ ԿԱՆՏԻ Պիտի աւարտի այս տարին ալ: Անցան երեք տասնամեակները Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման եւ արցախեան յաղթանակի, անցաւ դարը մեր կրած ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման: Ճառեր խօսեցանք ազգի վերակառուցման, միացման, միասնութեան, միացեալ հայրենիքի, մէկ ժողովուրդի եւ մէկ մշակոյթի մասին: Բեմերէ...

Ակնարկ.  Երրորդ Տարածքներու Տեսութիւնը

Ակնարկ. Երրորդ Տարածքներու Տեսութիւնը

Տարածաշրջանային մակարդակի վրայ տարին սկսաւ նոր փուլի նախանշային իրադարձութեամբ: Միացեալ Նահանգներ - Իրան առճակատման յարաբերութիւններու մէջ գերլարուած իրավիճակ ստեղծուեցաւ Թրամփի հրահանգով Իրաքի մէջ իրանցի զօրավարի սպանութեամբ: Այնուհետեւ կատարուած յայտարարութիւնները, մեղադրանքները, կարմիր գիծերը հատած ըլլալու հաստատումները, դատապարտանքները քանի մը ուղենշային երեւոյթի մասին մտածել կու տան: Հակադարձ գործողութիւնը անպայման պիտի ձեռնարկուէր: Իրաքի մէջ ամերիկեան յենակէտեր հարուածելու Իրանի պատասխանը անխուսափելի էր: Ուաշինկթընը արդէն...

Միացեալ Նահանգներ-Հիւսիսային Քորէա, Միացեալ Նահանգներ-Իրան. Կա՞ն Արդեօք Նմանութիւններ

Զօրավար Քասեմ Սուլէյմանիի Սպանութեան Եւ Դրա Հնարաւոր Հետեւանքների Մասին

ԱՐԱՄ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ Յունուարի 2-ին, Միացեալ Նահանգներու գործողութեան արդիւնքում, զոհուեց մի մարդ, որն ամենաարդիւնաւէտ ձեւով կազմակերպում եւ ղեկավարում էր ահաբեկչութեան դէմ պայքարը տարածաշրջանում: Զօրավար Քասեմ Սուլէյմանիի նշանակութեան եւ տրամաչափի ռազմաքաղաքական գործչի սպանութիւնն անշուշտ լուրջ հարուած էր տարածաշրջանային երերուն կայունութեանը, որը չի կարող անհետեւանք մնալ: Այս կապակցութեամբ անհրաժեշտ է կատարել մի քանի դիտարկում. Ա.- Զօրավար Քասեմ Սուլէյմանին առաւելապէս յայտնի էր որպէս խորաթափանց...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Չդիտե՛նք… Այլ Կարդա՛նք (120-Ամեակի Բացառիկ)

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Չդիտե՛նք… Այլ Կարդա՛նք (120-Ամեակի Բացառիկ)

Անիշխանական կացութեան մը մէջ է չորրորդ իշխանութիւնը` մամուլը: Արդեօք խոտոր եւ չափազանցուած չէ՞ այսպիսի կարճ ու կտրուկ հաստատումով կամ կարծիքով մը սկսիլ թերթի մը 120-ամեակի նշումը, առաջնորդող յօդուածը` խմբագրականը... Հաւանաբար կարգ մը ընթերցողներ կը սպասեն գգուանքով, փայփայանքով եւ փաղաքշական խօսքերով ու նախադասութիւններով, «լեզուամարզանքային» կամ «ուղեղալուացքային» ոճով, շքեղ ու անծայրածիր, գովասանք բուրող ածականներով լի յօդուած մը, որ կրնայ հեռու թուիլ իրականութենէն:...

Ռազմափորձն Ու Համաշխարհային Համակարգը

Ռազմափորձն Ու Համաշխարհային Համակարգը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 2 սեպտեմբեր 1945-ին վերջ գտաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմը: Միացեալ Նահանգներ կորսնցուցին շուրջ 400 հազար զինուորներ եւ սակաւաթիւ քաղաքայիններ, իսկ Խորհրդային Միութիւնը կորսնցուց շուրջ 11 միլիոն զինուորներ եւ 7-10 միլիոն քաղաքայիններ, եւ մինչ անոր ու եւրոպական քաղաքները կը վերաշինուէին, ամերիկեան քաղաքները կը բարգաւաճէին: Միացեալ Նահանգներ նաեւ հիւլէական զէնք ունեցող միակ երկիրն էին: Ուստի յստակ էր, որ ապագան կը պատկանի...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յունուար Ա. –   2018 Տարին Կը Բացուի Նոր Լարուածութեան Սրումով

«Գանձասար»-ի Նախորդ Տարին

2019-ին «Գանձասար» շարունակեց լոյս տեսնել` յաղթահարելով կարգ մը դժուարութիւններ, յաջողելով կարգ մը ծրագիրներու իրականացման մէջ, որոշ ծրագիրներ ալ անկատար ձգելով: Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս աշխատակազմէն գաղթողներ եղան ու փոխարինուեցան նորերով: Այս երեւոյթը նոր երիտասարդներ խմբագրական աշխատանքի դաշտ ներգրաւելու դրական կողմին կողքին, բնականաբար պիտի ունենար իր բացասական կողմը: Խմբագրական տարբեր աշխատանքներու մէջ հազիւ փորձառութիւն ձեռք ձգած երիտասարդներ տարի մը...

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի.  2020 Եւ Անկէ Անդին

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. 2020 Եւ Անկէ Անդին

Տարի մը եւս հասցուցինք աւարտին, եւ սովորոյթի կամ աւանդութեան կարգով` պէտք է ըսել, որ արդէն պահն է ընթացիկ տարուան մէջ մեր կատարած գործին, տարած աշխատանքին եւ արձանագրած ձեռքբերումներուն ընդհանուր գնահատումի լոյսին տակ ուղեգծելու մեր ընելիքը 2020-ին, եւ, ինչո՞ւ չէ, անկէ անդին: Հայ ժողովուրդի եւ յատկապէս Ամերիկայի մեր համայնքի տարեգրութեան մէջ 2019-ը իր իւրայատուկ տեղը պիտի ունենայ անկասկած` իբրեւ քաղաքական նշանակալի...

«Հայ Մամուլի Տարի»

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Աստուծոյ Որդւոյն Ծնունդը` Հրաւէր Փրկութեան

Եբրայեցւոց ուղղած իր երկրորդ նամակին մէջ, Պօղոս Առաքեալ նորադարձ քրիստոնեաներուն կը պատուիրէ ըսելով` «չըլլայ որ փրկութեան ճամբէն հեռանաք» (2ե 1): Անհրաժեշտ է արթնութեան ու զգաստութեան հրաւիրող առաքեալին այս կոչը լուսարձակի տակ բերել ա՛յս օրերուն մանաւանդ, երբ կը պատրաստուինք հոգեւոր ցնծութեամբ դիմաւորելու աշխարհի Փրկչին ծնունդը: Եկէք նախ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք վերոնշեալ երեք բառերուն վրայ. 1.- Փրկութիւն.- Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր էջին ու նոյնիսկ...

Առաջնորդական Պատգամ.  Ամանորի, Ս. Ծնունդի Եւ Աստուածայայտնութեան Առիթով

Առաջնորդական Պատգամ. Ամանորի, Ս. Ծնունդի Եւ Աստուածայայտնութեան Առիթով

«Յաւիտենական Աստուածը երկրի վրայ երեւցաւ եւ մարդոց հետ շրջեցաւ, որպէսզի մեզ կենդանացնէ» (Ս. Ծնունդի սրբասացութիւն) Սիրելի՛ հայորդիներ, որ ի Լիբանան, Նոր տարիէն քանի մը օր ետք, երբ դէմ յանդիման պիտի գտնուինք մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին, եկէք անդրադառնանք, որ անժամանակն Աստուած մեզ ժամանակին մէջ եւ ժամանակէն անդին առաջնորդելով` յաւիտենական կեանքի վայելումին կը հրաւիրէ: Տարին...

Page 419 of 807 1 … 418 419 420 … 807

Արխիւներ