Տեսակէտ. «Սպանութիւն, Ինքնասպանութիւն, Դժբախտ Պատահար»
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Վերջին երկու ամիսներուն Հայաստանի լրատուական միջոցները, բոլոր մակարդակներու վրայ, բանակին մէջ խաղաղ պայմաններու մէջ մահացած զինուորներուն թղթածրարը արծարծեցին: Բանակին մէջ դեկտեմբերէն ի վեր 14 զինուորներու մահը ցնցած էր բոլորը: Ընդդիմութիւնը իշխանութեան վարչակարգի բացթողումները կը շեշտէ, իսկ իշխանութիւնը` նախկին նախագահ Քոչարեանի, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ շանթաժ կը նկատէ: Խորքին մէջ, սակայն, երբեք ընդունելի չէ զինուորներուն կեանքը այսքան պարզութեամբ քաղաքականացած...



















