Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Խայտառակ Ընտրութիւններ

Փետրուար 26, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոյնինքն ազերիին համար կատարուածը անհասկնալի եւ շինծու սենարիօ կամ բեմադրութիւն մըն էր:

Ի՞նչ պայմաններու տակ կազմակերպուած էին փետրուար 9-ի Ազրպէյճանի խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները: Ո՞վ էր այդ որոշումին ետին կեցող անձը կամ կազմակերպութիւնը:

Ընդհանրապէս «արտակարգ ընտրութիւններ» հասկացողութիւնը կը ներկայացնէ դրական փոփոխութիւն մը կամ աւելի ճիշդը` բարեշրջում մը:

Ազրպէյճանի պարագային, այս արտակարգ ընտրութիւնները կատարուեցան որոշուած թուականէն ինն ամիս առաջ, այդ պայմանաւորումով եւ պատճառաբանութեամբ, որ երկրին մէջ լայնածաւալ տնտեսական բարեփոխումներ պիտի կատարուին:

Այո՛, այդ արտակարգ ընտրութիւնները «կարգաւորուած» էին, տեղի ունեցածը պարզապէս չափուած ու ձեւուած անթափանցիկ թափանցիկութիւն մըն էր, որուն պատկերն ու եզրակացութիւնը յստակ էր: Արդարեւ, ընտրութիւններէն ետք 125 երեսփոխաններէն 87 վերստին ընտրուած էին, որոնց կարգին` ներկայ ղեկավարութեան հլու կամակատար «ծեր աղուէսներ»-ու խումբ մը, որուն միջին տարիքը կը գերազանցէ 75 գարունները:

Նոյնիսկ մատի վրայ հաշուող քանի մը այլախոհներու ընտրութիւնը մաս կը կազմէր այս ձախող բեմադրութեան: Արդարեւ, Վուկար Պայրամով եւ Էրքին Կատիրլի զարմանալիօրէն իրենց շրջաններուն մէջ զօրաւոր ընդդիմութեան չհանդիպեցան եւ կրցան ընտրուիլ: Թէ ապագային ինչպէ՞ս պիտի ընթանայ այս բուռ մը այլախոհներու գործունէութիւնը… մանաւանդ որ ընտրուած են նաեւ «անկախ» թեկնածուներ, որոնք գրեթէ բոլորն ալ սերտ կապեր ունին ղեկավարութեան վրայ գտնուող Ալիեւ ամոլին «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան հետ:

Ալիեւ ամոլին միտք բանին այն էր, որ կանխաւ ու շտապ ընտրութիւն կատարելով` ընդդիմութիւնը առիթ չունեցաւ կազմակերպուելու: Դեռ աւելի՛ն. 2015-ին ընտրողներուն 56 առ հարիւրը մասնակցած էր, մինչդեռ այս անգամ Ազրպէյճանի բնակիչներուն կէսէն աւելին` 52 առ հարիւրը չէր ուղղուած քուէատուփ:

Ուրիշ այլախոհ քաղաքական վերլուծաբան մը` պերլինաբնակ Ալթայ Կոյուշեւ, առանց բառերը ծամծմելու, ընտրութիւններուն մասին արտայայտուելով` յայտնեց, որ ներկայ ղեկավարութիւնը այլեւս բարոյական հեղինակութիւն չունի Լեռնային Ղարաբաղի համար պայքարելու:

Եւրոպացի դէտերը մօտէն հետեւեցան այս արտակարգ ընտրութիւններուն եւ առանց յապաղելու եւ տատամսելու` հաստատեցին, որ երկրին մէջ կը պակսին քաղաքական հասուն քննարկումներն ու յատկապէս ժողովրդավարական չափանիշները:

Հետեւաբար անակնկալ մը չէր Եւրոպայի Խորհրդարանական վեհաժողովի դիտորդներու բանաձեւը. «Ազրպէյճանի խորհրդարանական ընտրութիւնները չեն համապատասխաներ եւրոպական ժողովրդավարական չափանիշներուն, եւ զանոնք կարելի չէ նկատել բնակչութեան ազատ կամքի արտայայտութիւն»:

Շատ աւելի սուր քննադատական էր Եւրոխորհրդարանի պատուիրակութեան ղեկավարին մէկ արտայայտութիւնը. «Ընդդիմադիր թեկնածուներու մեծամասնութեան արտօնուած էր միայն մասնակցիլ, բայց` ո՛չ յաղթական դուրս գալ»:

Իսկ միջազգային մարդկային իրաւունքներու գրասենեակին համար, պարզ ու մեկին, այս ընտրութիւնները բոլորովին ժողովրդավարական սկզբունքերէն հեռու էին: Արձանագրուած էին օրէնքի լուրջ խախտումներ:

Հաւանաբար այս անցուդարձերուն լոյսին տակ, Ալիեւ, շաբաթ մը ետք, Միւնիխի մէջ եւրոպացի իր գործընկերներուն եւ յատկապէս Հայաստանի պատուիրակութեան հետ տեսակցութեան ժամանակ յստակօրէն պրկուած ու զայրացած էր:

Նախորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. «Ես»-ի Ու «Մենք»-ի Պայքար

Յաջորդը

Տեսակէտ. «Սպանութիւն, Ինքնասպանութիւն, Դժբախտ Պատահար»

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?