Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Զուգադիպութի՞ւն

Փետրուար 25, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Չինաստանի Ուհան շրջանին մէջ համաճարակի վերածուելէն ետք, «Քորոնա» ժահրին Իրանի մէջ յայտնուիլն ու Իրանէն եկած ճամբորդներուն մօտ ժահրի յայտնաբերումը պատճառ դարձան, որ անոր դրացի եւ ոչ դրացի երկիրները անմիջապէս փակեն անոր հետ օդային ու ցամաքային սահմանները: Իբրեւ հետեւանք, Իսլամական հանրապետութիւնը յայտնուեցաւ միջազգային մեկուսացման մէջ: Այսպիսով «Քորոնա»-ն յաջող կերպով իրագործեց Իրանը մեկուսացնելու ամերիկեան նպատակը, որուն կատարեալ իրագործման մէջ ձախողած էին Ուաշինկթընի հաստատած պատժամիջոցները: Իրողութիւն մը, որ ոմանք թերեւս զուգադիպութիւն նկատեն:

27-30 դեկտեմբեր 2019-ին Հնդկաց ովկիանոսի հիւսիսային մասին եւ Օմանի ծոցին մէջ տեղի ունեցաւ Իրանի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի ռազմածովայիններուն միացեալ ռազմափորձ մը, որ կը կրէր «Ծովային անվտանգութեան գօտի» անունը: Միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ, նախագահ Քարթըրի վարչակազմին մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիու Պրզեզինսքի 1997-ին լոյս տեսած իր «Ճատրակի մեծ տախտակը» գիրքին մէջ արդէն զգուշացուցած էր նշեալ երեք երկիրներուն միջեւ դաշինքի մը գոյացումէն: «Ռուսիան Չինաստանին ու Իրանին միացնող դաշինք մը կրնայ ձեւաւորուիլ միայն այն ատեն, երբ Միացեալ Նահանգներ բաւարար կարճատես ըլլան Չինաստանն ու Իրանը միատեղ թշնամացնելու», գրած էր ան: Իրապէս ալ, այդ մերձեցումը Միացեալ Նահանգներու նշեալ երեք երկիրներուն դէմ  կիրարկած քաղաքականութեան արդիւնքն է: Այդ դաշինքը աշխարհի միակ գերուժին համար գլխու ցաւ մը ըլլալուն կողքին, նաեւ ապագայ սաղմնային վտանգ մըն է, որ կրնայ աճիլ, եթէ անոր միանան այլ երկիրներ եւս: Եւ ահա «Քորոնա» ժահրը հարուածեց այդ ճակատի երեք ուժերէն երկուքը` Չինաստանն ու Իրանը: Դարձեա՞լ զուգադիպութիւն է:

Ամերիկացի գրող Տին Քունց 1981-ին հրատարակուած իր «Գիշերուան աչքերը» վէպին մէջ կը գրէ Ուհանի քաղաքի մէկ տարրալուծարանին մէջ պատրաստուած «Ուհան-400» ժահրին մասին եւ զայն կը կոչէ «կատարեալ զէնք մը»: Նոյն գիրքին մէջ մէկ այլ տեղ կը գրէ, թէ 2020-ին ծանր թոքատապի նման հիւանդութիւն մը պիտի տարածուի ամբողջ աշխարհի վրայ, պիտի հարուածէ թոքերը եւ բոլոր ծանօթ դարմանումներու դէմ դիմադրողականութիւն ունի: Այս բոլորէն ետք արդեօք տակաւին կարելի՞ է այս բոլորը զուգադիպութեան վերագրել:

«Զուգադիպութիւնը Աստուծոյ անծանօթ հեղինակ մնալու ձեւն է», կ՛ըսէ Ալպերթ Այնշթայն: Իսկ ո՞վ է այս «կատարեալ զէնք»-ին «անծանօթ հեղինակ»-ը. վստահ` ոչ Բարձրեալը:

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Վարչութեան Շնորհաւորական Այցելութիւնը` Նախարար Օհանեան-Գէորգեանին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?