Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատը Արցախի Ականազերծման Աջակցելու Եւ Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին Ռազմական Հաւասար Նպաստ Տալու Կոչ Կ՛ընէ

Փետրուար 25, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրամփի վարչակազմին կողմէ Ազրպէյճանին 101,5 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութիւն տրամադրելու որոշումը մեծ մասմամբ պայմանաւորուած է Իրանի դէմ քայլերով, սակայն կասկած չկայ, որ այդ աջակցութիւնը նաեւ վտանգաւոր կը դարձնէ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններով սպառնացող Ալիեւի վարչակազմը, կը գրէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեանը` Ներկայացուցիչներու տան յատկացումներու յանձնախումբին յանձնուած տեղեկագիրին մէջ:

Երիմեան կը նշէ, որ Ազրպէյճանին այս գումարէն որեւէ մասի յանձնումէն առաջ Ուաշինկթըն պէտք է հաստատ երաշխիքներ ստանայ Պաքուէն, որ անոնք Հայաստանի եւ Արցախի դէմ յարձակողական նպատակներով պիտի չօգտագործուին, եւ կ՛աւելցնէ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութեան հաւասարակշռութիւնը պէտք է պահպանել:

Երիմեան նաեւ կը շեշտէ Արցախի մէջ զինադադարի պահպանման նպատակով քոնկրեսականներ Ռոյսի եւ Էնկըլզի առաջարկներուն` Արցախի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները եւ ճամբորդութիւնները բնականոնեցնելու նպատակով թիւ 452 բանաձեւին վաւերացման կարեւորութիւնը:

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարներ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր եւ Էտըմ Շիֆ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին յղած էին նամակներ` մտահոգութիւն յայտնելով Հայաստանին ու Ազրպէյճանին տրամադրուելիք ռազմական օգնութեան անհամաչափ ըլլալու իրողութեան նկատմամբ:

Քոնկրեսականները կ՛ընդգծեն, որ համաձայն չեն արտաքին գործոց նախարարութեան այն պնդումին, որ Ազրպէյճանին տրամադրուող մօտաւորապէս 102 միլիոն տոլարի ռազմական օգնութիւնը չի խաթարեր Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը եւ որեւէ կերպով Հայաստանին դէմ պիտի չ՛օգտագործուի:

«Կասկած չկայ, որ Ազրպէյճանին յատկացուող զինուորական օգնութեան աճը անհաւասարակշռութիւն կը ստեղծէ տարածաշրջանին մէջ եւ կ՛անտեսէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մէջ քսանամեայ նախադէպը», նշած էին քոնկրեսականները` շեշտելով, որ ռազմական օգնութեան համաչափ տրամադրումը միակ ճանապարհն է, որով Ամերիկա կրնայ պահպանել տարածաշրջանային գերտէրութեան հեղինակութիւնը եւ կրնայ հաշտեցնել Ազրպէյճանն ու Հայաստանը:

Երիմեան տեղեկագիրին մէջ յատուկ տեղ տրամադրած է նաեւ Արցախի ականազերծման աշխատանքները իրենց լրումին հասցնելու եւ վերականգնողական ծրագիրներուն զօրակցելու նպատակով ամերիկեան աջակցութեան շարունակութեան, ինչպէս նաեւ կը շեշտէ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտուրը եւ տնտեսական կապերը զարգացնելու նպատակով նոր համաձայնագիրի մը գոյացման կարեւորութիւնը:

Նախորդը

Արցախի Լրատուական Դաշտը Համալրուած Է Տպագիր Նոր Պարբերականով Մը

Յաջորդը

Սրբոց Ղեւոնդեանց Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?