Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անփոփոխելին Եւ Փոփոխելին

February 24, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Իրենց ծառայած հաւաքականութիւններու իրավիճակներուն եւ կարիքներուն լոյսին տակ կուսակցութիւնները պարբերաբար կը վերանային իրենց ծրագիրն ու կանոնագիրը` պատշաճելու համար կեանքի նոր կացութիւններուն ու պահանջներուն կամ… իրենց հաշիւը կը փակեն պատմութեան հետ: Այդ հաշուեփակը կրնայ մէկ օրէն միւսը ըլլալ կամ երկար ժամանակի վրայ տարածուիլ, բայց ի վերջոյ անխուսափելի կը դառնայ:

Միայն բռնապետական կարգերու տակ իրերը իրենց բնական ընթացքը չեն ունենար, արհեստականօրէն կ՛երկարի միահեծան իշխող կուսակցութիւններու կեանքը, սակայն անոնք եւս օր մը կ՛անհետանան պատմութեան բեմէն, ընդհանրապէս` բռնի ուժով:

Այդպէս է եղած բոլոր ազգերու պարագային, այդպէս է եղած նաեւ մեր պարագային, եւ եթէ աչք մը նետենք միայն մեր վերջին երեսնամեակի` վերանկախացած Հայաստանի անցած ուղիին վրայ, չենք կրնար չտեսնել, թէ ինչպէ՛ս մէկը միւսին ետեւէն բուսած կուսակցութիւններ մէկը միւսին ետեւէն ալ քաշուեցան հրապարակէն: Ապագայ պատմաբանը կրնայ որոնել այդ երեւոյթին պատճառները, վերլուծել ու դասեր քաղել անկէ, սակայն ինծի կը թուի, թէ այնքան ալ դժուար չէ բնորոշել այդ պատճառներէն ոմանք, ինչպէս` ժողովուրդի կարիքներէն ու անմիջական մտահոգութիւններէն խզուիլը, օտար` արտաքին ուժերու կողմէ խրախուսուած ու մէջտեղ եկած ըլլալը, անհատներու քմահաճոյքներուն ու փառատենչութիւններուն շուրջ յառաջացած ըլլալը եւ այլն:

Այլոց նման` ՀՅ Դաշնակցութիւնն ալ պարտաւորութիւնը ունի ինքնաքննութիւն կատարելու պարբերաբար եւ վերանայելու իր ծրագիրը, կանոնագիրն ու ռազմավարութիւնը: Իւրաքանչիւր Ընդհանուր ժողով օրակարգի վրայ ունի ռազմավարութեա՛ն քննարկումը, իսկ ժամանակ առ ժամանակ գումարուող արտակարգ ժողովները` ծրագրի ու կանոնագրի վերամշակումը` օրուան հրամայականներուն ընդառաջ:

Ահա ներկայիս կանոնագրի բարեփոխութեան գործընթացին մէջ է, որ կը մտնենք, ու կ՛արժէ հրապարակային խորհրդածութեան նիւթ դարձնել զայն:

Սոյն յօդուածին նպատակն է սեղանի վրայ դնել այն սկզբունքներն ու տրամադրութիւնները, որոնք չե՛ն կրնար փոփոխութեան ենթարկուիլ, իսկ եթէ ենթարկուին, կրնան դիմափոխ ընել կուսակցութիւնը, նոյնիսկ` ա՛յն աստիճան դիմափոխ, որ ճիգը դառնայ անհեթեթ, ու նախընտրելի ըլլայ ստեղծել նոր կուսակցութիւն մը` փոխանակ եղածը փոխելու:

Արդ, ո՞րն է այն առաջին ու հիմնական, անսասանելի սկզբունքը, որ առանցքը կը կազմէ այս կուսակցութեան գոյութեան` ահա 130 տարիէ ի վեր:

Այդ` անձնազոհութեան երեւոյթն է, այն երեւոյթը, զոր որքա՜ն կուռ կերպով բանաձեւեր է մեր մեծ տեսաբանը` Նաւասարդեան Վահանը: Ի՞նչ կ՛ըսէ ան «Գաղափարների ոգին» (1951, Գահիրէ) իր հատորի ներածականին մէջ.

«Վաթսուն տարիներ առաջ գաղափարական մի հզօր կիրք մահը հազարաւորների համար հոգեկան վայելք դարձրեց:

«Ու ծայր տուաւ Յօժարների մի հանդիսաւոր երթ դէպի Գողգոթա, յօժար ոչ միայն հոգիով, այլեւ` մարմնով:

Ֆետայի՜…

«Այս մէկ հատիկ բառը պատռեց դարերի խաւարը ու հիմքից փոխեց մեր կեանքի պատկերը»:

Դաշնակցութեան կանոնագիրը կը բխի այս նուիրումի յօժարակամութենէն: Կանոնագիր չկա՜ր, երբ սկսաւ Յօժարներու այդ երթը: Կանոնագիրը հաստատուեցաւ յետոյ` ա՛յդ ոգիով ու ըմբռնումով:

Դաշնակցականէն պահանջուած երդումն ալ նուիրականացումն է այդ երթին.

«Կ՛երդնում պատուոյս եւ հայրենիքիս վրայ` միշտ հաւատարիմ մնալ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ծրագրին, Կանոնագրին եւ որոշումներուն եւ բոլոր ուժերովս, իսկ եթէ հարկ ըլլայ` նաեւ կեանքիս գնով, ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին»:

Կանոնագրի մնացած պահանջներէն շատերը հիմնուած են այս երդումով ստանձնուած յանձնառութեան վրայ: Երդումը ինքը յստակ կը դնէ պարտաւորութիւնները.

– Հաւատարիմ ըլլալ Դաշնակցութեան ծրագրին

– Հաւատարիմ ըլլալ Դաշնակցութեան կանոնագրին

– Հաւատարիմ ըլլալ Դաշնակցութեան որոշումներուն:

Առանց այս երեք հաւատարմութիւններուն,- զուգահե՛ռ, նոյնաժամանակեա՛յ հաւատարմութիւններուն,- կարելի չէ դաշնակցական ըլլալ: Ընդունելով այդ երեքէն մէկը կամ երկուքը, բայց` ոչ երեքը միասին, կրնաս ըլլալ համակիր, կրնաս ըլլալ գործակից, բայց չես կրնար ըլլալ կուսակցական դաշնակցական: Այո՛, շատերս կը դաւանինք մենք մեզ` որպէս դաշնակցական, «սրտով» կամ «հոգիով» դաշնակցական, ինչ որ փաստ է նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը միայն կուսակցութիւն չէ, ան է՛ նաեւ գաղափարական էութիւն, շարժո՛ւմ եւ ոգի՛, սակայն, ինչպէս դիտել կու տայ Նիկոլ Աղբալեան*, առանց կանոնագրային այս տրամադրութիւններուն ենթարկուելու` կարելի չէ կուսակցական ըլլալ:

Կայ աւելին ալ այդ երդումին մէջ.

«Բոլո՛ր ուժերովս…

Իսկ եթէ հարկ ըլլայ, նաեւ կեանքիս գնով

ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին»:

Սա նոյնն է, ինչ որ Վահան Նաւասարդեան կը նշէ որպէս «Յօժարների մի հանդիսաւոր երթ դէպի Գողգոթա»:

Կը կարծուէր, թէ անցա՜ծ են կեանքը նուիրաբերելու օրերը: Պատմութիւնը ցոյց տուաւ, թէ չե՛ն անցած: Արցախի ճակատը` վկա՛յ: Իցի՜ւ թէ հասնինք հոն, աշխարհը վերածուի մեր երազած դրախտին: Մինչ այդ սակայն տակաւին մեզմէ կրնայ պահանջուիլ այդ նուիրաբերումը:

«Բոլո՜ր ուժերովս». այս երկու բառերը կը բովանդակեն դաշնակցականին ամբո՛ղջ յանձնառութիւնը, ամբողջակա՛ն յանձնառութիւնը, որ չի սահմանափակուիր ժողովներու ներկայութեամբ ու անդամավճարի կատարումով, ձեռնարկներու մասնակցութեամբ ու իրեն վստահուած աշխատանքներու յանձանձումով:

Անձնական տենչեր, անձնական նպատակներ ու անձնական գործեր կը ստանան երկրորդական կարեւորութիւն` հաւաքական տենչերուն, նպատակներուն ու գործերուն դէմ յանդիման: Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատը անձնականէն առաջ կու գայ: Այդպէ՛ս է եղած անցեալին, այդպէս է, պէ՛տք է ըլլայ եւ այսօր: Սուրբ պսակի գիշերն իսկ ճակատ մեկնողներ կային այն ատեն, կան եւ այսօր:

Իսկ ճակատները միայն թշնամիին դիմաց չեն յարդարուած: Ճակատներ կան կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ, ճակատներ, որոնց վրայ պիտի գտնուին դաշնակցականները ամէնուրեք, ճակատներ` ինքնութեան պաշտպանութեան, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, մեր գոյութեան սպառնացող բոլոր իրավիճակներուն դէմ յանդիման: Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութիւնը այդ բոլոր ճակատներուն վրայ կը պատահի: Հայաստանի հզօրացումը, տնտեսական ամրակայումը նոյնպէս այդ ազատագրական պայքարին տարբեր երեսներն են:

Կազմական կանոններուն, այսինքն Կանոնագրի այլ յօդուածներէն անփոփոխելի կը մնան նաեւ անոնք, որոնք մեր ժողովրդավարական կեցուածքները, ինչպէս օրինակ, հարցերու քննարկումն ու բանաձեւումը կատարելը վարէն վեր` ամէնէն հիմնական մակարդակներէն` խումբերէն կամ ընկերական ընդհանուր ժողովներէն դէպի Շրջանային եւ հուսկ` Ընդհանուր ժողովները, իւրաքանչիւր ընկերոջ ձայնի` մէկ ձայնի իրաւունքը, այդ ձայնը արժեւորելու պարտաւորութի՛ւնը:

Անփոփոխելի է նոյնպէս անհատի դերին ըմբռնումը, այսինքն ժողովներու եւ մարմիններու գերադասութիւնը` անհատ ընկերոջ նկատմամբ, որքան ալ այդ ընկերը կարեւոր հանգամանք ունենայ: Չկայ կուսակցապետ, կուսակցութեան ղեկավար, կայ հաւաքական ղեկավարութիւն, որուն պարտականութիւնն է գործադրութիւնը ժողովներու որոշումներուն:

Վերջապէս, անփոփոխելի է գաղափարական կեդրոնացման եւ կազմակերպական ապակեդրոնացման յղացքը, որ կուսակցութիւնը կը պահէ որպէս մէկ կուռ ամբողջութիւն` միաժամանակ ընծայելով տեղական պայմաններուն համապատասխան գործունէութիւն եւ գործելակերպ մշակելու հնարաւորութիւնը:

Իսկ փոփոխելի կրնան ըլալ բոլոր այն յօդուածները, որոնց յստակացումով կամ բարելաւումով առաւել կը շեշտուին վերեւ նշուած անփոփոխելի սկզբունքները…

 

*Անհրաժեշտ է կարդալ Նիկոլ Աղբալեանի (Ն. Հանգոյց) «Մտածումներ Հ.Յ. Դաշնակցութեան մասին» գրքոյկը (Փարիզ 1930), որ ներառուած է նաեւ իր ամբողջական գործին մէջ:

Նախորդը

Նուէրի Մը Պատմութիւնը

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրն Ու Մենք

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.