Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշատակելի Օր

Փետրուար 24, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ

Բառարանին մէջ իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ «նուիրել» բայը, որովհետեւ իր բովանդակութեամբ կը փոխանցէ նաեւ հոգեկան այնպիսի գոհունակութիւն ու ջերմութիւն` թէ՛ նուիրողին եւ թէ՛ ալ ստացողին մօտ:

Այս արժէքի հասկացողութենէն մեկնելով` Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլեճի ԺԱ. դասարանի աշակերտները, անցնող շաբթուան ընթացքին Յովհաննէս Թումանեանի կեանքի տարբեր փուլերուն ծանօթանալէ, իր անձն ու գործը ներկայացնող դրուագներ կարդալով` գաղափար մը յղացան. Թումանեանի ծննդեան յիշատակելի օրուան առթիւ այցելել նախակրթարանի ամենակրտսեր դասարանը եւ իւրաքանչիւր աշակերտի նուիրել Թումանեանի հրատարակութիւնը:

Քանի մը օր ետք, Տէրունական աղօթքէն ետք, ԺԱ. դասարանի աշակերտները անհամբեր քայլերով այցելութիւն տուին Ա. դասարան` իւրայատուկ պահ մը ստեղծելով բոլորին մօտ. պահ մը, որ խօսքէն աւելի հաղորդական էր իր զգացական զօրութեամբ. հայեացքներու փոխադարձ հետաքրքրութիւն մը կը թափանցէր հորիզոնին. ժպիտին կ՛ընկերանար զարմանքը:

Այո՛, զարմա՛նքը… Չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ նշեմ, որ «շնչահեղձ» զարմանք մը կար փոքրիկներու դէմքին, որովհետեւ անոնք ծանօթ էին ԺԱ.ի աշակերտներուն, սակայն այս պահուն, անոնց այցելութիւնը նուէրներով` անակնկալի ու շփոթութեան մատնած էր զանոնք: «Ո՛չ Կաղանդ էր եւ ո՛չ ալ Զատիկ», կը մտածէին շատեր ու իրարու դէմքին նայելով` պատասխան չէին գտներ: Թերեւս լռութիւնը կրնար փոխանցել գաղտնիքը…

Այնպիսի գուրգուրանքով Ա. դասարանցիները սկսան թերթատել իրենց բաժնուած գիրքերը, որ յափշտակութենէ աւելի` կարծես մանկական իրենց նախասիրած առաջին առարկան ըլլար: Իրենց փոքր մատներով կը դարձնէին էջերը, ինչպէս Մեծն Թումանեան պիտի փափաքէր տեսնել ընթերցասէր մանուկներուն աչքերէն ցայտող բռնկումը` սէր դէպի հայ գիրն ու գրականութիւնը:

Ինչպիսի՜ գոհունակութիւն, երբ անխօս բառերու ընդմէջէն տողանցեցին Թումանեանի Փիսոն, Շունը, Ձուկը, Աղուէսն ու մնացեալ տիպարները, որոնք առաւել գեղեցկացուցին նուիրումի խորհրդանշական այս տօնը, որ գունագեղ երանգներու նոր անդաստանով պարուրեց բոլորին երեւակայութիւնը:

Երկրորդականի աշակերտներուն մէջ յուզում մը յառաջացաւ, շող մը պլպլաց, կենսունակութեան խինդ մը բարձրացաւ, երբ, իրենց կարգին, իբրեւ երէց ընթերցասէրներ, վերականգնեցին իրենց մանկութիւնը, այս յարկին տակ, գրասեղանի ետին, երբ իրենք ալ անպայմանօրէն ազդուած էին իրենց նախնիներէն. իսկ այժմ եկած ու կանգնած էին` այբուբենի անմար ճառագայթները մատուցելու մանկահասակներուն:

Դասապահին զանգը հնչեց` ազդանշան տալու, որ յիշատակելի օր մը սկսաւ` անհուն ուրախութեամբ ու երանաբեր ժպիտով…

18/2/2020
Այնճար

Նախորդը

Նշմար. Ամէ՛ն Օր «Գիրք Նուիրելու Օր» Է

Յաջորդը

Հայոց Լեզուն Կը Տուայտի Փակուող Դպրոց(Ներու) Եւ Բացուող Գիտաժողով(Ներու) Միջեւ (Մայրենի Լեզուի Օր)

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?