Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նուէրի Մը Պատմութիւնը

February 24, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԹԱՇՃԵԱՆ

«Դեհ, սեւ օրեր, բողոք դարձէք,
Արիւն  քրտինք, երկունք մտէք,
Տանջանք զրկանք, լեզու առէք,
Դաշնակցութեան ճամբա՛յ բացէք»:

Այսօր քրոջս տղուն տարեդարձն է, տասներորդ տարեդարձը: Մեծցաւ մեր տան առաջին ճրագը, ընտանիքով պիտի հաւաքուինք եւ ռենչպերական տարեդարձ մը ընենք Միհրէին, քրոջս տունը® Նիւթական սին արժէքներու դիմաց ուրախացողները չենք, պատի՛ւ մեզ դաստիարակած ծնողներուն, ուսուցիչներուն, վարիչներուն եւ կուսակցական դաստիարակութեան:

Կ՛ուզեմ ես ալ նուէրով մը ուրախացնել Միհրէն եւ քեռիական պարտականութիւնս կատարել ® Ափսո՜ս, նիւթապէս ի վիճակի չեմ: Գործազուրկ ուսուցիչ մըն եմ:

Չէ՛, յուզիչ ու մելամաղձոտ վիճակ չեմ ուզեր ստեղծել չորս դիս, լա՛ւ գիտեմ` ինձմէ շա՜տ աւելի կարօտ պարագաներ կան: Ընդվզումս հայ ուսուցիչին հանդէպ ցուցաբերուած վերաբերմունքն է:

Երբ տակաւին պատանի էինք եւ նոր կը կազմաւորուէինք որպէս անհատներ, մեր մեծերը մեզ կը խրախուսէին միայն բժշկութեան եւ ճարտարապետութեան ետեւէն չվազելու` նիւթապէս ապահով ապագայ ունենալու համար: Մենք նոյնիսկ այն ժամանակ ալ շա՛տ լաւ գիտէինք, որ ուսուցիչ մը ի՛նչ ալ ընէ, պիտի չկարենայ ունենալ ճարտարապետի կամ բժիշկի մը նիւթական ապահովութեան մէկ տասներորդն անգամ:

Այո՛, կայ մարդու տեսակ, շա՛տ հազուագիւտ, որ  իր ազգակիցին փոքր յաջողութեան համար կ՛ուրախանայ այնքան, որքան իր զաւակին կամ քրոջ տղու յաջողութեամբ:

Մենք գիտակցաբար եւ մեծ համոզումով ընտրեր ենք մեր ասպարէզը, պատրաստ ենք ցմրուր խմելու ամէն դառնութեան բաժակէն` ՄԵԾ ԳՈՀՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ:

Պարզապէս դուք զգաստացէ՛ք, ձեր երեխաներու բարօրութեան սիրոյն®

Միհրէ՛, արծիւս, երբ մեծնաս, հայկական դպրոցի մէջ դասաւանդող ուսուցիչ դարձիր, ո՛չ մէկ տեղ պիտի գտնես երախտագիտական փայլքով քեզ նայող աչուկներ` քու կրթած սիրասուն աշակերտներուդ աչուկներէդ բացի:

Այս խորհուրդն է քու տասներորդ տարեդարձի նուէրդ, գիտեմ` անվա՛խ ես:

17 փետրուար 2020
Արագած – Պէյրութ

Նախորդը

Ի՞նչ Կը Պատահի Հայոց Բանակին Մէջ

Յաջորդը

Անփոփոխելին Եւ Փոփոխելին

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.