Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ամէ՛ն Օր «Գիրք Նուիրելու Օր» Է

February 24, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 19 փետրուարը Հայաստանի մէջ հռչակուած էր «Գիրք նուիրելու օր»:

Ահա թէ ի՛նչ գրած է «Հայաշխարհ» անունով կայքէջը, որ իբրեւ հասցէ ունի մանուկներն ու պատանիները. «Փետրուար 19-ը Հայաստանի մէջ կը նշուի` «Գիրք նուիրելու օր»: Այս տօնը հիմնուած է Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի առաջարկով, 2008-ին: Տօնը նշել նախաձեռնած է Հայաստանի կառավարութիւնը` Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը: Այսօր Հայաստանի բոլոր դպրոցներուն մէջ աշակերտները իրարու գիրք կը նուիրեն. թող այս տօնը տարածուի նաեւ սփիւռքի բոլոր դպրոցներուն մէջ: Սիրելի՛ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ցիներ, դուք եւս գիրքեր նուիրեցէք ձեր սիրելիներուն, հաւանաբար առիթ ըլլայ, որ անոնք նոյնպէս գիրք կարդան եւ տեսնեն, թէ որքա՛ն կարեւոր է գիրք կարդալը»:

Այո՛, Հայաստանի մէջ Գիրքը իր յատուկ օրը ունի. անիկա չի կոչուիր «Գիրքի օր», այլ ունի գործնական, ներգործական թելադրանք մը` ԳԻՐՔ ՆՈՒԻՐԵԼ: Սա թելադրանք է աշխարհացրիւ բոլոր հայ ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն, նաեւ` մանուկ, պատանի ու երիտասարդ տարիքի ընկերներու, առանց անտեսելու տարեցները, որպէսզի գիրք նուիրեն սրտամօտ անձի մը: Երեւանի պատկերասփիւռէն լրատուութեանց հետեւողները տեսան, որ վարչապետը դուռ-դուռ ափ առեր է, մարդոց զոյգ մը գիրք նուիրեր է` յանձնարարելով, որ մէկը իրենց պահեն, երկրորդը նուիրեն սիրելիի մը (ոմանք այս քայլին մէջ տեսան քարոզչական նպատակ. այս պարագային չենք հետաքրքրուած նման մեկնաբանութիւններով):

«Գիրք նուիրելու օր»-ը յուշարար է եւ զգաստութեան կոչ, որ կը հնչէ հայրենիքէն, պէտք է արձագանգ գտնէ սփիւռքեան իւրաքանչիւր օճախի մէջ: Գիրք նուիրելու հրաւէրը նախ եւ առաջ կ՛ենթադրէ, որ մարդիկ պիտի իմաստնանան եւ պիտի անդրադառնան Գիրք-արժէքին, յետոյ նաեւ մտածեն, որ գիրք նուիրելը ինքն իր մէջ ամփոփուած արարողութիւն մը չէ, այլ ձեռք բերուած գիրքը պէտք է ըմբոշխնել իր լիարժէք տարողութեամբ:

Կայ աւելի՛ն. եթէ գիրք նուիրելու օրը կը նշանակէ տարուան մէջ մէկ օր գիրք գնել ու հարազատի մը կամ բարեկամի մը նուիրել, սա ինքնաբերաբար յանձնարարութիւն մըն է, պատգամ մը, որ նման նախաձեռնութիւն պէտք չէ «բանտարկուի» մէկ օրուան մէջ, այլ տարածուի բազմաթիւ օրերու վրայ, ամիսներու վրայ` տարուան ամբողջ երկայնքին: Սա պիտի նշանակէ, ինքնաբերաբար, հայրենիքին ու սփիւռքեան օճախներուն մէջ նուազագոյնի իջած տպաքանակներու բազմապատկումը…

Փաստօրէն չի՛ բաւեր տարի մը ձօնել Հայ Գիրքին. չի բաւեր տարին օր մը կամ քանի մը օր գիրքի ցուցահանդէս-վաճառք կազմակերպել (բոլորն ալ` տեղին եւ ողջունելի քայլեր), այլ ազգի բոլոր զաւակները իրենք զիրենք պէտք է զգան ազնիւ մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման, որպէսզի գիրքը վերագտնէ իր արժէքն ու արժանի տեղը` մեր կեանքին մէջ, տարածում գտնէ ընտանեկան, դպրոցական եւ հաւաքական կեանքի բոլոր երդիքներուն տակ:

Գիրք կարդալը «հին-գլուխութեան» վկայութիւն չէ: Արդի արհեստագիտութիւնը ամէն օր նորութիւն կը բերէ մեր կեանքին, դիւրութիւններ կ՛ընծայէ երէց ու մատղաշ սերունդներուն, սակայն սխալ է այս բոլորը ընկալել մէկ աչքով, այսինքն` կլանուիլ միայն արդիին ընձեռած առուականման բարիքներով, ու թողլքել տարածուն ծովն ու ովկիանոսը` գիրքը: Ի վերջոյ, անիկա է, որ բոլոր սերունդները հաղորդակից կը դարձնէ ազգային ու միջազգային արժէքներուն, ժառանգութեանց, գիտութեան ու մշակոյթի գանձերուն, չհինցող հինին ու լուսաւորող նորին:

Կրկնենք. Գիրք-արժէքին վերականգնումը կը սկսի տան յարկէն, որուն նեցուկ են դպրոցն ու հաւաքական միւս յարկերը: Մանուկն ու պատանին չեն կրնար գիրքի մտերմութեամբ վարակուիլ, եթէ այդ մտերմութեան գո՛րծնապէս ականատես չըլլան իրենց ծնողներուն ու դաստիարակներուն, առաջնորդող անձնաւորութիւններու մօտ: Եթէ երէցը գիրք ու թերթ չի կարդար կանոնաւոր կերպով, այնպէս` ինչպէս հոգ պիտի տանէր իր նախաճաշին, ճաշին եւ ընթրիքին, չի կրնար ակնկալել, որ զինք իբրեւ իտէալական տիպար դիտող զաւակը, աշակերտն ու իր խնամքը վայելող սերունդը վարուի տարբեր:

«Գիրք նուիրելու օր»-ը յուշարար է, որ ստամոքսին արդարօրէն ընծայուած ամէնօրեայ խնամքին չափ կենսական է միտքին ու հոգիին սննդառութեան հոգացումը, ամէ՛ն օր, տարուան բոլո՛ր օրերուն, «այժմ եւ միշտ…»:

 

 

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրն Ու Մենք

Յաջորդը

Յիշատակելի Օր

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.