Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Խորհրդարանի Նիստին Երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանի Արտասանած Խօսքը

Փետրուար 24, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 13 փետրուար 2020-ին, Սուրիոյ խորհրդարանի 10-րդ նիստին ընթացքին, խորհրդարանի անդամ Ժիրայր Ռէյիսեան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման բանաձեւի քննարկման ընթացքին արտասանեց հետեւեալ խօսքը.

«Խորհրդարանի մեծարգո՛յ նախագահ,
Յարգելի՛ երեսփոխաններ,

Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ մղեցինք ու կը մղենք յանուն մեր ժողովուրդին արժանապատուութեան եւ սուրիական հայրենիքին խաղաղութեան: Չափազանցած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ մենք` սուրիացիներս, համայն մարդկութեան փոխարէն` պատերազմեցանք ահաբեկչութեան ու այնպիսի բարբարոսութիւններու դէմ, որոնք անհաւատալի ու աննկարագրելի էին, սակայն կը կրկնուէին:

Հայ ժողովուրդը 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը թրքական իշխանութիւններուն կողմէ` օսմանցի թէ իթթիհատական, ենթարկուեցաւ ծրագրուած ցեղասպանութեան, պոկուեցաւ իր արմատներէն: Ցեղասպանութենէն մազապուրծ, աստուածային հրաշքով փրկուած մեր ժողովուրդին մնացորդացը հասաւ Սուրիա` ապահովութեան ափ: Սուրիոյ ժողովուրդը գրկաբաց ընդունեց եւ պաշտպան հանդիսացաւ անոր` իր մարդկային բնոյթէն ու կրօնական ըմբռնումներէն մեկնելով:

Սուրիան իր աշխարհագրական տարածքով եւ ժողովուրդով պատմական վկան դարձաւ Մեծ եղեռնին: Այս իսկ պատճառով, երբ ինծի հարց կու տային, թէ Սուրիան ինչո՞ւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման չի նախաձեռներ, կը պատասխանէի` ըսելով, որ Սուրիոյ վկայութիւնը ճանաչումի բանաձեւերէն աւելի ուժեղ է:

Այդուհանդերձ, հայոց, սուրիանիներուն եւ ասորիներուն դէմ ցեղասպանական ոճիրներուն իրականացումը եւ ոճրագործին ուրացումն ու նոյն բարբարոսութիւններուն կրկնութիւնը, այս անգամ` Սուրիոյ մէջ, հետեւանք են անոր անպատիժ մնալուն եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ դատապարտման եւ հաշուետուութեան չենթարկուելուն:

Տեղին է յիշել Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմի հետեւեալ խօսքը. «Եթէ միջազգային ընտանիքը անհրաժեշտ պատժամիջոցներ որդեգրէր 1915-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը իրագործող Օսմանեան կայսրութեան դէմ, այսօր անոր ժառանգորդները չէին յանդգներ իրենց գործակալներուն ձեռամբ նոյն ոճիրները գործելու սուրիական հողերուն վրայ»:

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւս տարբեր հանդիպումներու եւ հարցազրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարած էր Հայոց ցեղասպանութեան: 27 մայիս 2015-ին արտասանած իր խօսքին մէջ ան ըսած էր. «Այսօր Սուրիոյ ժողովուրդը, իր բոլոր բաղադրիչներով, կը տառապի այն բարբարոսութիւններէն, որոնց ենթարկուած էր հայ ժողովուրդը, թէկուզ` տարբեր միջոցներով ու նպատակներով»:

Վերոյիշեալ տուեալներու լոյսին տակ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Սուրիա-Հայաստան  խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնաժողովին` իր առաջարկած բանաձեւին համար: Կոչ կ՛ուղղեմ խորհրդարանի իմ գործընկերներուս` քուէարկելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման բանաձեւին ի նպաստ, Սուրիոյ ժողովուրդը ներկայացնող պաշտօնական այս հարթակէն, քաջ իմանալով, որ այս երկրին հողն իսկ վկան է այդ սպանդին: Կոչ կ՛ուղղեմ նաեւ Թուրքիայէն պահանջելու` ճանաչում, հատուցում եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերականգնում` վերջ դնելու թրքական նմանօրինակ ոճրագործութիւններուն եւ ամէնուր կանխելու նման սպանդներու իրագործումը»:

Նախորդը

105 Տարի Ետք Սուրիա Վերջապէս Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Սուրիական Աղբիւրները Անժխտելիօրէն Կը Վկայեն Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմական Իրողութեան Մասին

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?