Անդրադարձ

Յաւիտենականութեան Դեղագիրն Ու Դեղորայքը

Յաւիտենականութեան Դեղագիրն Ու Դեղորայքը

ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ Դպրեվանք կաթողիկոսութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Պահքը առողջութեան լաւագոյն ու անհրաժեշտ դեղը կը պարգեւէ պահեցողին: Ան անուշաբոյր վարքով կը ցամքեցնէ ու կ՛անհետացնէ ժահահոտութիւնը եւ կենդանութիւն կը շնորհէ հիւանդներուն, որոնք մեղքով ապականած ու պղծուած են: Առողջութենէն ետքն ալ սուրբ, անարատ եւ անբիծ կեանք մը կը յայտնաբերէ նոր բժշկուած անձին մէջ: Նոր առողջացած հիւանդը իր այդ սուրբ կեանքով պիտի կարենայ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Խօսքէն Անդին` Ծրագիր Եւ Գործ – Ա. (*). Արցախ-Հայաստանի Յետպատերազմեան Ուրուագիծ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «Ու պիտի գայ հանուր կեանքի արշալոյսը...» Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ Երբ օդանաւի, շոգեկառքի կամ նաւային արկած մը տեղի ունենայ, իյնան զոհեր ու վիրաւորներ, անմիջապէս բազմաճիւղ քննութիւններ կը բացուին, ստուգելու համար աղէտին պատճառը, ճշդելու` պատասխանատուն(երը), յանցաւորներուն դէմ որդեգրելու պատժական քայլեր, բայց այս բոլորէն անդին` ճիգ կ'ըլլայ, որ ինչպէ՞ս եւ որքանո՞վ կարելի է դարմանել հետեւանքները, հատուցում կատարել վնասուողներուն, կանխարգիլել կրկնութիւնը: Քննութեան տեւողութենէն...

Հայաստանի Նոր Ուղենիշները

Հայաստանի Նոր Ուղենիշները

ՀՐԱՆԴ ՄԵԼԻՔ-ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ Չնայած արցախեան երկրորդ պատերազմի աւարտից աւելի քան երեք ամիս է անցել, հայկական պետութիւնները շարունակում են ամէն օր նոր կորուստներ կրել: Այս իրողութիւնն այնքան էլ հասկանալի չէ ժողովրդի համար: Մարդիկ կարծում էին, որ նոյեմբերի 10-ի տխրահռչակ եռակողմ յայտարարութիւնը, որքան էլ այն անբարենպաստ լինէր հայկական կողմի համար, այնուամենայնիւ պէտք էր որոշակիօրէն կայունացնէր իրավիճակը Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններում: Բայց ժամանակը ցոյց...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Կեցցէ՛ Ազատագրուած Հայրենիքը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Կեցցէ՛ Ազատագրուած Հայրենիքը», (1) այս է ենթախորագիրը «Ազատ Հայաստան»-ի 20 փետրուար 1921-ի, «Փետրուար 18-ի պատմական օրը» խորագիրին տակ, պոլշեւիկներուն դաժան լուծէն ազատած Երեւանի առաջին օրուան նկարագրականը: Ստորեւ` արեւմտահայերէնը. 1. «Կեցցէ՛ Ազատագրուած Հայրենիքը» թղթակցութիւնը, «Ազատ Հայաստան», 20-2-1921: «Վերջին հոգեվարքի օրերուն յուսահատական ճիգեր կը թափէին «Կոմունիստ» կոչուած թափթփուքները` բանտերն ու բազմատեսակ չեկաները մեր լաւագոյն ընկերներով` «հակայեղափոխական» կոչուածներով» լեցնելով: (Որքա՜ն կը...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Զգուշ Ըլլանք Լիբանանի Մէջ Թրքական Յետին Նպատակներէ

ՏԻԳՐԱՆ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Իմատ Օսմանի վերջերս յղեց շրջաբերական մը` ներքին ապահովութեան ուժերու սպաներուն եւ զինուորներուն հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան հետ գործակցաբար թրքերէն լեզուի ուսուցման առցանց դասընթացքներ պիտի կատարուին: Սոյն որոշումը ո՛չ տրամաբանական է, ո՛չ ալ համոզիչ, անոր ոչ մէկ պատճառ կայ: Իսկ եթէ այս որոշումի գործադրութեան դէմ չդնէ Լիբանանի կառավարութիւնը, ապա քանի մը...

Հին Յունական «Ֆէյսպուքը» Եւ Նոր Հայկական «Օստրակիսմոսը»

Հին Յունական «Ֆէյսպուքը» Եւ Նոր Հայկական «Օստրակիսմոսը»

ԱՐԱ ՆՌԱՆԵԱՆ 2018 թուականի գարնանը, երբ արդէն կանխորոշուած էր «ժողովրդի թեկնածուի» ընտրութիւնը վարչապետի պաշտօնում, յայտնի հեռուստատեսային հարցազրուցավարին հիւրընկալուել էր իշխանութեան ձգտող խմբակի պատասխանատու ներկայացուցիչներից, որն այն ժամանակ դեռ ոչ թէ փողկապով պաշտօնեայ էր, այլ կարճաթեւ մարզաշապիկով երիտասարդ: Հարցին, թէ` ինչպէ՞ս էք պատրաստւում ղեկավարել երկիրը, քանի որ ոչ փորձ ունէք, ոչ էլ գիտելիք, նա պատասխանեց, որ իրենք չեն պատրաստւում ղեկավարել երկիրը:...

Մահախօսական.  Մեծ Ընկերներէս` Վարդան Փայասլեանի Յիշատակին

«Եալլա Պայ»

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ «Եալլա պայ» եւ ասոր նման` ուրիշ բազմաթիւ օտար բառեր եւ բառեր: Այսպէս, «օ քէյ»-էն սկսեալ մինչեւ «թանք եու», «սորի», «շուր» «ուաթ», «նօ ուէյ», «այ թինկ». «եու նօ» եւ տակաւին շարքը երկար է: Այսպէս, զաւակ, թոռնիկ, ծնողք, դրացի, զարմիկ, բարեկամ կամ խնամի, աշակերտ, միութենական կամ առեւտրական` դուք ձեզի հարցուցէ՛ք, թէ ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ կը գործածէք այս բառերը: Անկեղծօրէն բոլորս...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Չծանրաբեռնենք…

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Չծանրաբեռնենք…

Սուրիահայ գաղութի թիւի նօսրացումին պատճառով նկատելի է ազգային այլազան մարզերու մէջ ներգրաւուած անձերու մէկէ աւելի գործեր ստանձնած ըլլալու ծանրաբեռնուածութիւնը: Այս երեւոյթը բնական է ներկայ պայմաններուն մէջ, որովհետեւ ծառայողներու, մշակներու տագնապ կայ ամէն բնագաւառի մէջ: Կրթական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական, երիտասարդական թէ պատանեկան հաստատութիւններու մէջ կը հանդիպինք նուիրեալներու, որոնք ստանձնած ըլլալով մէկէ աւելի աշխատանքներ, չեն կարենար իրենց պատկերացուցած ներդրումը ունենալ` ծանրաբեռնուած ըլլալնուն...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Կրկնակի Առաքելութիւն (Ուսուցչաց Տօնին Առիթով)

 ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Կարծես ժամանակակից կեանքի, համաշխարհայնացման աղէտաբեր ու շատ անգամ պատուհասող հետեւանքները չէին բաւեր, ահա տարիէ մը ի վեր, ամբողջ մարդկութիւնը կ՛ապրի իր գոյութենական պայքարի փուլերէն մէկը: Փաստօրէն, «փոքր» ժահր մը կրցաւ «տիրապետել» եւ իր սարսափելի աւերները գործել, ու կը շարունակէ իբրեւ այդպիսին մնալ ցարդ, հակառակ համաշխարհային առողջապահական ճիգերու եւ պատուաստի օգտագործումին: Մասնաւորելով լիբանանահայութեան կեանքը` նման կացութիւններու դէմ յանդիման գտնուեցան...

Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

Շրջանցենք Փորձութիւնը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Լիբանան անդունդի եզրին է: Եզրը գործածուած է լաւատեսութեան նշոյլ մը յուսալու համար: Խորքին մէջ, Լիբանան անդունդի եզրէն սայթաքած ու ինկած է յատակը: Սովորական քաղաքացիին համար, նոյնիսկ քիչ թէ շատ քաղաքականութենէ հասկցողի համար, գլուխկոտրուկի վերածուած է Լիբանանի քաղաքական կեանքի ներկայ ընթացքը: Կա՞յ քաղաքական կեանք, թէ՞ եղածը լոկ շաղակրատութիւն է, քննարկում անուանումով հակոտնեայ դիրքորոշումներու յամառ դրսեւորում: Տնտեսական սուր տագնապը, «Քովիտ...

Անվարա՛ն

Պիտանին Եւ «Անպիտանին»

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ «Ինչի՞ պէտք ունինք» (De quoi avons-nous besoin?) վերնագրուած հետաքրքրական յօդուած մը ստորագրած է Մուսթաֆա Ֆահմի (Mustapha Fahmi)` Շիգութիմիի մէջ Քեպեքի համալսարանի անգլիական գրականութեան դասախօսը, «Լը Տըվուար» (Le Devoir) օրաթերթի 2020 դեկտեմբեր 24-ի թիւին մէջ: Ինչի՞ պէտք ունինք... Հարցը կը ծագի համաճարակի շրջանին նուազագոյն կարիքներու բաւարարման խնդիրէն. ո՞ւր պէտք է դրուի շեշտը, մեր ո՞ր կարիքները կենսական պիտի նկատուին ու անպայման...

Հայրենիք, Հայրենիքներ, Մարդիկ Եւ Հայը

Երկխօսութիւն, Երրորդ Ուժ, Մտաւորականութեան Որոնում

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Երկխօսութիւնը հասունութիւն եւ իմաստութիւն է: Այս բառը կը գործածուի, երբ հակամարտ կողմերու միջեւ հասկացողութիւն գտնելու փորձ կ՛ըլլայ: Գրեթէ նոյնիմաստ ուրիշ բառեր ալ կան, նոյն նպատակին, բայց` տարբեր կացութիւններու, պատշաճեցումներու, եւ միտումներու համար: Կ՛ըսենք` զրոյց, խօսակցութիւն, գիտաժողով, վիճարկում, ճառ, բանախօսութիւն, տեսակցութիւն, հարցազրոյց, գլուխ գլխի հանդիպում, վիճաբանութիւն: Կան այլ բառակապակցութիւններ ալ` տեսակէտի փոխանակում, տրամախոհութիւն: Ասոնց կը հակադրուին` մենախօսութիւնը, մեկուսի խօսակցութիւնը,...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Զգուշացում` Հայաստանի Ղեկավարներուն. Դարձեալ Մի՛ Իյնաք Թրքական Ծուղակը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Ինչպէս Հայաստանի նախկին, այդպէս ալ ներկայ ղեկավարները չեն ունեցած երկիր ղեկավարելու համապատասխան փորձառութիւն, որ կը վերաբերի թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին քաղաքականութեան: Այս տհաճ իրավիճակը ուղղելու համար ոմանք առաջարկած են գտնել համապատասխան փորձագէտներ, որոնք խորհուրդներ պէտք էր տային Հայաստանի ղեկավարներուն: Ցաւօք, բոլոր նմանօրինակ ջանքերը ձախողած են այն պարզ պատճառով, որ ղեկավարները իրենք նախ...

HAYTADOLOGY II Խտացեալ Դասընթացքը Աւարտեցաւ Յուսադրող Մթնոլորտի Մէջ

HAYTADOLOGY II Խտացեալ Դասընթացքը Աւարտեցաւ Յուսադրող Մթնոլորտի Մէջ

Աւստրիոյ Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնած եւ 24-27 փետրուարին կայացած առցանց HAYTADOLOGY II Հայկական ժամանակակից հարցերու խտացեալ դասընթացքի վերջին օրը տեղի ունեցաւ Եւրոպայի մէջ Հայ դատի աշխատանքներուն առնչուած առկայ ու ապագայի ծրագիրներու քննական վերլուծում-արժեւորում ու ապագայի ծրագիրներու մշակում: Դասընթացքի այս օրը հիմնականին մէջ բաժնուած էր երկու մասի: Առաջին փուլին ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Գէորգեանը, որ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց ՀՅԴ...

Այո՝ ժողովրդային շարժմանը, ոչ՝ անարխիային…

Մեր Սրբութեան Սրբոց՝ Հայրենիք-Պետականութեան Փրկութեան Ի Խնդիր…

ԴԵՐԵՆԻԿ  ՄԵԼԻՔԵԱՆ «Ալիք» Օրաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր Ու այսպէս.- Փաստ 1. Երէկ հայատեաց ու հայաստանատեաց Ալիեւը յայտարարելով այն մասին, որ Զանգեզուրը ադրբեջանական պատմական հող է, ուստի այդտեղից էլ անցնելու է հաղորդակցական ուղին՝ կապելով միմեանց Ազրպէյճանը, Նախիջեւանն ու Թուրքիան (աւելի քան հարիւրամեայ երազի՝ պանթուրանիզմի միջանցքը): Փաստ 2. Երէկ նոյնպէս Թուրքիայի նախագահը վերյիշեց Հայաստանում «գեներալների ռազմական յեղաշրջման անթոյլատրելիութեան» մասին, միաժամանակ ընդգծելով «ժողովրդի կողմից...

Սխալ Մարդը…

Սխալ Մարդը…

ԹՈՐԳՈՄ Որոշած էի մահագրութենէ խուսափիլ եւ արժանաւորներու մասին գրել նախքան անոնց ի վերին Երուսաղէմ անդարձ մեկնիլը: Սակայն շաբաթը ուրբաթէն առաջ եկաւ: Համազգայինի գործունէութեան, Զաքար Քէշիշեանի եւ Վ. Ստեփանեանի մասին գրած յօդուածս կը պատրաստուէի «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեանին ուղարկել, երբ հասաւ Վիգէնին մահուան գոյժը: Որքա՜ն պիտի ուզէի, որ ան կարդար գրածս: Եւ որովհետեւ կարելի չէ գրածս ի վերին Երուսաղէմ ուղարկել, իսկ...

Սօսի Տէմիրճեան` Կամաւոր Աշխատանքին Հաւատացողը (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Սօսի Տէմիրճեան` Կամաւոր Աշխատանքին Հաւատացողը (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Տարի մը անցաւ, բայց այս  «Քորոնա»-ի համաճարակը չվերացաւ, չանհետացաւ. ըստ երեւոյթին, տակաւին երկար ալ պիտի մնայ: Այս ահաւոր ժահրը աջ ու ձախ մահ սփռեց, հարազատներ իրարմէ հեռացուց, անմարդկային կացութիւն մը ստեղծեց` «հեռուից հեռու»: Ամէն ինչ կրճատուած է` ուրախութիւնները, տխուր առիթները, հիւանդի այցելութիւնը, տօնական օրերը, ամէ՛ն ինչ: Քառասուն օրեր առաջ ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղը կորսնցուց իր գործունեայ անդամներէն, նախկին վարչական` Սօսի Տէմիրճեանը: ...

Ֆիմի Աղասարգիսեանի Յիշատակին

Ֆիմի Աղասարգիսեանի Յիշատակին

ՆԱՐԷ ԵՒ ՎԱՉԷ Կարօտ: Շատ անգամ կարօտ բառը կը գործածենք հարեւանցիօրէն. չենք անդրադառնար բառին կարեւորութեան, մինչեւ ա՛յն ժամանակ, որ անկարելի դառնայ կարօտի զգացումին գոհացում տալ` հակառակ ամէն ճիգի կամ փորձի: Այս պարագային մեր միտքը կը փորձէ մեզ մխիթարել կամ մեր կորուստի ցաւը նուազեցնել` տուեալ անձին յիշատակը վառ պահելով մեր մէջ: Անդարձ կարօտի մեծագոյն ցաւը զգացինք մեր հօրաքրոջ կորուստով: Ֆիմի հօրքուրը...

Ո՞ւր Են Մեր Արժէքներն Ու Սկզբունքները

Ո՞ւր Են Մեր Արժէքներն Ու Սկզբունքները

ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ Քաղաքակրթուած աշխարհի պատմութիւնը կը վկայէ մարդկային արժէքներով եւ սկզբունքներով դաստիարակուելու եւ դաստիարակելու անհրաժեշտութիւնը: Անոնցմով դաստիարակելն ու զանոնք հետեւողականօրէն պահպանելը էական կռուաններն են հասարակութեանց գոյութեան ու յառաջդիմութեան: Իսկ ազգերու պատմութեան խճանկարը, մարդկային արժէքներուն ու սկզբունքներուն կողքին, զարդարուած է նաեւ ազգային արժէքներու եւ սկզբունքներու սրբազան հիմնաքարերով, որոնց միաձուլումով կը կերտուի մարդուն ամբողջական տիպարը` որպէս բանական հրաշակերպ էակ: Իսկ ինչո՞ւ ասոնց...

Երգի Մը Պատմութիւնը.   «Դաշնակցական Զինուորը» («Խնուսից Գալող Հայ Զինուորները Քաջ») Երգին Պարունակած Մարտունակ Հնչեղութիւնը

Երգի Մը Պատմութիւնը

«Դաշնակցական Զինուորը» («Խնուսից Գալող Հայ Զինուորները Քաջ») Երգին Պարունակած Մարտունակ Հնչեղութիւնը ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Մեր ուսումնասիրութեան իբրեւ արդիւնք`  ստորեւ յաջորդաբար կը ներկայացնենք խնուսցի խումբին ֆետայիները, որոնք նշուած են երգին մէջ: Հոն տրուած են հայդուկներու ծննդավայրի եւ իրենց մասին տեղեկութիւններ: - ՂԵԿԱՎԱՐ ՏԻԳՐԱՆ` Տէրտրոջ Տիգրան, տէր Բարթողիմէոսի տղան, ղեկավար, խնուսբերդեցի, 1906 թուականի հայ-թաթարական ընդհարումներու իր մասնակցութեամբ եւ գործած քաջութեամբ դաշնակցական ղեկավարի բարոյական...

Page 341 of 807 1 … 340 341 342 … 807

Արխիւներ