«Դաշնակցական Զինուորը»
(«Խնուսից Գալող Հայ Զինուորները Քաջ»)
Երգին Պարունակած Մարտունակ Հնչեղութիւնը
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Մեր ուսումնասիրութեան իբրեւ արդիւնք` ստորեւ յաջորդաբար կը ներկայացնենք խնուսցի խումբին ֆետայիները, որոնք նշուած են երգին մէջ: Հոն տրուած են հայդուկներու ծննդավայրի եւ իրենց մասին տեղեկութիւններ:
– ՂԵԿԱՎԱՐ ՏԻԳՐԱՆ` Տէրտրոջ Տիգրան, տէր Բարթողիմէոսի տղան, ղեկավար, խնուսբերդեցի, 1906 թուականի հայ-թաթարական ընդհարումներու իր մասնակցութեամբ եւ գործած քաջութեամբ դաշնակցական ղեկավարի բարոյական հեղինակութեան աւանդը. գաղափարական նկարագիր ու յեղափոխական կամք մարմնաւորեց:
Հայ-թաթարական ընդհարումներու շրջածիրին մէջ, յատկապէս Թիֆլիսի Խարբուղ թաղի մարտին ղեկավար Տիգրանը խիզախ մարտիկի եւ յանդուգն ռազմիկի օրինակելի ու վսեմ կեցուածք ցուցաբերելով` հայու պատիւը բարձր պահեց:
Խնուս-Բերդը կը գտնուի 5550 ոտք բարձրադիր` գեղեցիկ եւ բանաստեղծական դիրքով, նստած է Պինկէօլ-Բիւրակն, կամ աւելի նախնի անուամբ, Սրմանց սարի արեւելեան լանջերու պատուանդանին, անդնդախոր ձորակի մը մէջը ու ջրորդանի ժայռահերձ զոյգ մը բարձրաւանդակներու վրայ: Ձորի մէջէն հոսող ջուրը` Խնուս գետ կամ Արածանիի սկզբնաւորութիւնը, քաղաքը կը բաժնէր երկու մասի. արեւելեան` աջ կողմի թաղամասերը կը կոչուէին Խաստալար, Ճըռթմահլէ եւ Բաղջէ կամ Պաղջէ: Արեւմտեան` ձախ կողմը Հիւսէյն աղայի թաղը. ասոր շուկայի վերջաւորութեան կէտին` գետին ափակից կար հին մշզկիթ մը: Եկեղեցւոյ թաղը, անկէ աւելի անդին` Պալու-Քիթը, որ կ՛իյնար Սայլուայ ձորափին:
Եկեղեցւոյ թաղի սկզբնաւորութեան, գետին առընթեր, ժայռին վրայ կառուցուած էր հայոց Ս. Աստուածածին քարաշէն եկեղեցին, անոր կիցը` ծաղկոց-դպրոցը, քարաշէն` Միացեալ-ընկերութեան վարժարանը, դարձեալ քարաշէն` առաջնորդարանը, երիտասարդաց ակումբը: Յիշենք նաեւ Մահլապաշին, որ բոլոր թաղերու ճամբաներու մեկնակէտը եղած էր, երկվեցեակ մը ծորակաւոր աղբիւրներու առջեւէն հազիւ երկու քարընկէց հեռու, Միլլաթպաշի Յակոբ աղայի տան մերձակայքը, Միքայէլեաններու` Գաբրիէլ աղայի եւ իր եղբայրներու շուկան, խանութները, խանը եւ բաղնիքը, նաեւ բազմաթիւ քարաշէն տուներ` պարտէզներով եւ ցանկապատերով:
– ՄՈՒՇԵՂ, ՀԵՐՈՍ. կռիւի օրը սպաննուած: Հարամիկ գիւղացի, Գաբէ Մուրատի Մուշեղ:
Մուշեղ ծնած է Հարամիկ գիւղը: Արհեստով բրուտ էր, ինչպէս եւ` իր ընտանիքին բոլոր անդամները: Մուշեղ պարթեւ հասակով, գեղեցկադէմ, կտրիճ երիտասարդ ֆետայի էր: ՀՅ Դաշնակցութեան սուրհանդակը եղած է: Իր արհեստին բերումով, հողէ ամաններ ծախելու համար տեղէ տեղ ճամբորդելու դիւրութիւններ ունէր` առանց իր վրայ կասկած հրաւիրելու: Սակայն գիւղին մէջ տեղի ունեցած զանազան դէպքերու պատճառով իր վրայ կասկած հրաւիրելով, կառավարութեան կողմէ հետապնդուելով եւ փախստական դառնալով` կ՛անցնի Կովկաս:
20-25 տարեկան երիտասարդ, հուժկու, թիկնաւէտ հերոս Մուշեղի մասին յատկապէս հայ-թաթարական ընդհարումներուն ցուցաբերած սխրագործութիւնները եւ մանաւանդ Թիֆլիսի մէջ մղած պայքարին հետեւանքով քաջաբար նահատակութիւնը վերը հանդիպեցանք արդէն Արմէն Գարոյի վկայութեան:
Հարամիկ կամ Հարեմիկ գիւղաւանը կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստան, Էրզրումի նահանգի Խնուսի գաւառին մէջ, Խնուս գետի ձախ ափին, Բիւրակն բարձրաւանդակի արեւելեան ստորոտին, զոյգ բլուրներու լանջերուն: Եղած է հայաբնակ գիւղ: Խնուսի ամենանշանաւոր գիւղերէն էր:
Ըստ Ժողովրդական ստուգաբանութեան, գիւղին անունը սերած է Հայկ նահապետի Հարամա որդիի անունէն:
Ըստ աւանդութեան, Հարամիկի տեղը կ՛ապրէին Ադամն ու Եւան, իսկ գիւղէն ոչ հեռու` Սելի Մօրուք կոչուած բլուրի գագաթին կը հանգչի Ադամի որդին` Աբէլը: Այլ աւանդութեան մը համաձայն, գիւղէն հարաւ գտնուող բարձունքը Կայէնի բլուրն է, ուր զայն զգետնած է որսորդ Ղամեքի նետը:
1885 թուականին ունէր 93, 1905 թուականին` 112, իսկ 1914 թուականին` 200 տուն հայ բնակիչ: 1906 թուականին, մօտաւորապէս 30 տուն Կովկասէն գաղթած թաթարներ, թուրք կառավարութեան թելադրութեամբ եւ բռնութեամբ, բնակութիւն հաստատած են:
Գիւղին հիւսիս-արեւմուտքը կ՛իյնար թուրքերու թաղը եւ ծանօթ էր Տաճիկներու թաղ անունով, ուրկէ կը սկսէր Յոբի ձորի գեղատեսիլ բլրահովիտը: Պաղ ջուրով նշանաւոր աղբիւրին դիմացը, քով քովի, ուղիղ գիծի մը վրայ կառուցուած է թաթար գաղթականներու թաղը: Այս գաղթականները 1905-1906 թուականի Կովկասի հայ-թաթարական ընդհարումներու պատճառով գաղթելով` եկած ու հաստատուած են հոս եւ ուրիշ հայաբնակ գիւղերու մէջ: Սուլթան Համիտի գահակալութեան դաժան օրերուն վերոնշեալ թաթարները եկած են Խնուս. կառավարութեան հրամանով եւ պարտադրանքով` աշնան երկու ամիսներուն եւ ամբողջ ձմեռը, մինչեւ գարուն, հայերու տուներուն մէջ բնակած են եւ` կերակրուած, թէ՛ իրենք եւ թէ՛ իրենց անասունները: Գարնան, երբ կառավարութեան օգնութեամբ հայոց կալուածներուն վրայ բռնութեամբ տուներ կառուցած են, մեծ կռիւ տեղի ունեցած է անոնց եւ հայերու միջեւ. կռիւի ընթացքին գիւղի տաճիկներէն շատեր բնականաբար թաթար գաղթականներուն կողմը բռնած եւ մասնակցած են կռիւին: Կռիւը ստացած է հայ-թրքական-թաթարական ընդհարումի բնոյթ:
Հարամիկ գիւղաւանի բնակչութեան հիմնական զբաղմունքը երկրագործութիւն, անասնապահութիւն, տարբեր արհեստներ ու առեւտուր եղած էր: Գիւղը ունէր 5 խանութ:
Հարամիկ ունէր քարակերտ եկեղեցի եւ ժողովարան-աղօթատեղի, ունէր նաեւ 2 վարժարան, որոնցմէ մէկը կոչուած էր Ս. Սահակեան:
Գիւղի մօտ կային` լճակ, խաչքարեր, մատուռներ, բնակավայրի մնացորդներ, ամբարտակներ, որոնցմէ գիւղի կարիքներու համար ջուր կը հանէին:
– ՇԱՊՈՀ ԵՒ ՄԵԼԻՔ.- Քարաքէօփրու գիւղէն:
Գարաքէօփրու` Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Էրզրումի նահանգի Խնուսի գաւառին մէջ գտնուող գիւղ: Կը գտնուէր Խնուս քաղաքէն 22 քմ հարաւ-արեւելք, Խնուս գետի եւ անոր ձախակողմեան վտակի միախառնման տարածքին, հարթավայրին մէջ:
Ըստ աւանդութեան, գիւղը իր անունը առած է գետին վրայ կառուցուած սեւ քարերով կամուրջէն, եւ կամուրջն ալ կառուցուած է գարա-գոյունլուներու տիրապետութեան շրջանին:
Գիւղը ունի առողջարար օդ եւ խմելու սառնորակ ջուր: Հանդիսացած է գաւառակի նշանաւոր գիւղերէն մէկը:
1885 թուականին ունէր 65, 1905 թուականին` 57, իսկ 1915 թուականին` 150 տուն հայ բնակիչ:
Գարաքէօփրուցիները մեծ սէր տածած են ուսման եւ կրթութեան հանդէպ: 150 տուներէ բաղկացած այս գիւղը ունէր քարաշէն եկեղեցի մը եւ հինգ դասարանէ բաղկացած դպրոց մը` Ս. Մեսրոպեան Ազգային վերժարան:
Բնակչութեան հիմնական զբաղմունքը անասնապահութիւն, գորգագործութիւնն ու ջուլհակութիւնն էր:
Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին ունէր մօտ 200 տուն հայ բնակիչ: Գիւղը աւերուած է, իսկ բնակիչները զանգուածաբար կոտորուած կամ բռնութեամբ տեղահանուած են 1915-1918 թուականներու Մեծ եղեռնի ժամանակ:
– ՄԱՐՏԻՐՈՍ.- Խալչաուշ գիւղէն: Խանտիլի Մարտիրոս:
Խաչալոյս կամ Խալչաուշ` կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Պիթլիսի նահանգի Խնուսի գաւառին մէջ: Հանդիսացած է Խնուսի դաշտի նշանաւոր գիւղերէն մէկը: Կառուցուած էր Խամուր բերդ լերան ստորոտին. բնապատկերը ընդգծուած էր հովիտին մէջէն գալարուող Դանիէլ գետի գեղածիծաղ դարատափերով. կռնակը` հարաւէն` Խամուր բերդին տուած, հիւսիսակողմէն իր եւ Հարամիկ գիւղին միջեւ կանգնած էր Գուռնովներու բարձրադիր բլուրը` Ծռոտ բուլի գագաթով:
Բնակիչները քաջ, ռազմասէր եւ արհեստաւոր մարդիկ եղած են:
Գիւղացիներու գլխաւոր զբաղումներն էին` երկրագործութիւնը, խաշնարածութիւնը, անասնապահութիւնը: Ջուլհակութեան եւ գորգագործութեան արհեստին մէջ ալ վարպետ եղած են:
1890-ական թուականներուն աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած են թուրքերու դէմ մղուած ազատագրական պայքարներուն մէջ:
1885 թուականին ունէր 50, 1905 թուականին` 48, իսկ 1915 թուականին` 85 տուն հայ բնակիչ:
Գիւղը ունէր եկեղեցի եւ դպրոց: Եկեղեցւոյ անունը` Ս. Սարգիս Զօրավար:
Հետագային, բնակիչները բռնութեամբ տեղահանուած են 1915 թուականի Մեծ եղեռնի ժամանակ: Անոնց մեծ մասը զոհուած է բռնագաղթի ճանապարհին:
– ՄՈՍՕ.- Հարամիկ գիւղէն: Իրիցու Գեւէ Մոսօ:
– ՄԽԻԿ.- Մխօ Գսպէ Մխիկ: Հարամիկ գիւղէն: Մելիքեան գերդաստանի անդամներէն Մելքոնի որդին:
– ՇԱՊՈն 1915 թուականի ձմեռը, ռուսական բանակի հետախոյզ, գաղտնի Խնուս եկած է Կովկասէն: Հետը բերած որսկան շուն մը, որ պատճառ դարձած է թուրք կառավարութեան կողմէ զինք հետապնդելուն, սակայն ան կրցած է փախչիլ եւ վերադառնալ Կովկաս:
«Խնուսից գալող հայ զինուորները քաջ» երգին չորրորդ համարին մէջ կը նկարագրուի Վրաստանի կամ յատկապէս Թիֆլիսի հայութեան վերջին յարգանքը, զոր հայ-թաթարական կռիւներուն մասնակցած եւ նահատակուած իրենց արիւնակից խնուսցի Մուշեղի հանդէպ ցուցաբերած էր:
Մեր հետազօտութենէն կը յայտնուի, որ ժողովրդական հանգանակութեամբ, Մուշեղի շիրիմին վրայ մարմարեայ կոթող մը կառուցելով, անոր յիշատակը յաւերժացուցած էին թիֆլիսցի հայեր:
Հետեւաբար, Աշուղ Ջիւանին, բարձր գնահատելով թիֆլիսցի հայերուն ցուցաբերած վերոնշեալ փափկանկատ կեցուածքը նահատակուած հայ մարտիկի նկատմամբ, յարմար նկատած է այս նախաձեռնութիւնը անմահացնել, ուստի իր յօրինած եւ նուիրած սոյն երգին մէջ շատ գեղեցիկ տողերով լաւագոյնս դրսեւորած ու յաւերժացուցած է.
Վրաստանի շքեղ Թիֆլիս քաղաքը
Չէր ճանաչում կանխաւ իրա որդոցը,
Երբ նրանք Մուղնու թաղում կանգնեցան,
Այն ժամանակ հայերը ուրախացան:
Վերոնշեալ համարի երրորդ տողին մէջ կը հանդիպինք «Մուղնու թաղ»-ի: Մուղնուն Բեգլար Ախոսպիրելու N6 հասցէին (Կալա թաղամաս) գտնուող Թիֆլիսի երբեմնի նշանաւոր Մուղնու Ս. Գէորգ եկեղեցին է, որուն թաղը համանուն անունը կը կրէ:
Ըստ հայ պատմիչ Զաքարիա Քանաքեռցիի, եկեղեցին իր անունը ստացած է Աշտարակ քաղաքէն քիչ հեռու գտնուող Մուղնի գիւղի համանուն եկեղեցւոյ անունէն: Ժամանակին, վրաց թագաւորներէն մէկու ժառանգին բուժելու նպատակով, Յովաննա վանքէն Թիֆլիս տեղափոխուած են Սուրբ Գէորգի մասունքներէն: Ու թէեւ արքայորդին կը մահանայ, երբ դեռ մասունքները ճանապարհն էին, սակայն, երբ ան տեղ կը հասնի, կը փոխադրուի նորակառոյց եկեղեցի եւ կ՛ամփոփուի այնտեղ: Նորակառոյց եկեղեցին կ՛անուանուի Թիֆլիսի Մուղնու Ս. Գէորգ եկեղեցի[1]:
1763 թ. Մուղնու Սուրբ Գէորգ եկեղեցին կը յիշատակուի` որպէս «…Հաղբատու վանիցն վիճակք»[2]: 1784 թ. եկեղեցին Հաղբատի թեմի մէջ մտնող Թիֆլիսի հայոց 7 եկեղեցիներէն մէկն էր[3]:
Խորհրդային տարիներուն բռնագրաւուելէ ետք, տարիներու ընթացքին աստիճանաբար վնասուելով ու քայքայուելով, այժմ յայտնուած է խոնարհած եկեղեցիներու շարքին` գրեթէ ոչնչացման եզրին:
Ահաւասիկ մեր ազգային-հայրենասիրական, յեղափոխական երգացանկի գանձարանին մաս կազմող «Դաշնակցական զինուորը» կամ աւելի ծանօթ` «Խնուսից գալող հայ զինուորները քաջ» խորագրով երգը, որուն ետին հերոսներու ու նահատակ մարտիկի պատումն է, որ մեզի կը ներկայանայ: Այս պատմական դրուագը երգի ընդմէջէն խիստ ուսանելի դաս մը կը պարունակէ. անոր մէջ կայ մարդկային յուզումը, եղերական պատկերները, հայրենական երազները, ազգի ինքնապաշտպանութեան գիտակցութիւնը, վրէժխնդրութիւնն ու հերոսական խոյանքները:
Տխուր եւ յուզիչ` միաժամանակ, երբ հերոսի մահը կը նկարագրուի, բայց նաեւ` ուրախ ու խանդավառող, երբ յաջող կռիւը կը պարզէ, կենաց եւ մահու մաքառումները կը նկարագրէ: Զանազան դիտարկումներու աւարտին կը շեշտադրուի անձնուրացներու բերած յաղթական պատիւը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:
Վերջապէս, պէտք է աւելցնել, որ այս դժուարին օրերուն, երբ նոյն թշնամիի կողմէ վերահաս վտանգի սպառնալիքը դարձեալ կախուած է հայ ժողովուրդի գուլխուն, պէտք է աւելի յաճախ հնչէ «Դաշնակցական զինուորը» եւ ժողովուրդի սիրտին այնքան հոգեհարազատ ազգային-հայրենասիրական եւ յեղափոխական այլ երգեր ալ` իբրեւ զգաստութեան կոչ, անոնց միջոցով ներկայ մատաղ սերունդին փոխանցելու մեր նախնիներէն ժառանգուած հայրենասիրութեան եւ հերոսական պայքարի ոգին:
(Շար. 2 եւ վերջ)
[1] J. Chardin, Voyages du chevalier Chardin en Perse et autres lieux de l’Orient, par. L. Langles`, t. 2, Paris 1811:
[2] Սիմէոն Երեւանցի, «Ջամբռ», Վաղարշապատ, 1873, էջ 49:
[3] Ղուկաս Կարնեցի, «Դիւան հայոց պատմութեան», Նոր շարք, հ. Ա., Երեւան, 1984, էջ 479:
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
– Ա-Դօ, «Վանի, Բիթլիսի եւ Էրզրումի վիլայէթները», Երեւան, 1912:
– Ալիշան հայր Ղեւոնդ, «Քաղաքական աշխարհագրութիւն», 1853, Վենետիկ, Քաղաքական նկարագիրք Հայոց Մեծաց:
– «Դրօշակ», փետրուար, 1906, Ժընեւ, No 2 (168), էջ 27-29 (253-255):
– Երեւանցի Սիմէոն, «Ջամբռ», Վաղարշապատ, 1873:
– Կարնեցի Ղուկաս, «Դիւան հայոց պատմութեան», Նոր շարք, հ. Ա., Երեւան, 1984:
– Միրախորեան Մանուէլ, «Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս. Արեւելեան Տաճկաստանի», մասն Ա-Գ, Կ. Պոլիս, 1884-1885:
– Մելիքեան Եղիշէ Յ., «Հարք-Խնուս», Անթիլիաս-Լիբանան, 1964:
– Չամչեան Միքայէլ, «Պատմութիւն Հայոց», Ա. եւ Բ. գիրք, 1784 եւ 1785, Վենետիկ:
– Chardin J., Voyages du chevalier Chardin en Perse et autres lieux de l’Orient, par. L. Langles`, t. 2, Paris 1811:
– Վարանդեան Միքայէլ, «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն», Առաջին հատոր, Փարիզ, 1932: