Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Զգուշ Ըլլանք Լիբանանի Մէջ Թրքական Յետին Նպատակներէ

March 9, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Իմատ Օսմանի վերջերս յղեց շրջաբերական մը` ներքին ապահովութեան ուժերու սպաներուն եւ զինուորներուն հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան հետ գործակցաբար թրքերէն լեզուի ուսուցման առցանց դասընթացքներ պիտի կատարուին:

Սոյն որոշումը ո՛չ տրամաբանական է, ո՛չ ալ համոզիչ, անոր ոչ մէկ պատճառ կայ: Իսկ եթէ այս որոշումի գործադրութեան դէմ չդնէ Լիբանանի կառավարութիւնը, ապա քանի մը տարի ետք մայրաքաղաքէն այլ շրջաբերականով մը կը վերցուի Լիբանանի Նահատակաց յուշարձանը:

Թուրքը յաճախ կը փորձէ մտնել Լիբանան` հիւսիսի ճամբով, բարեսիրական, մարդասիրական օգնութիւններ տրամադրելով հոն ապրող ժողովուրդին: Հիմնել դպրոց, որուն մէջ թրքերէն լեզուն եւս կը դասաւանդուի. մեծ ու արդիական հիւանդանոց, որուն մէջ աշխատելու համար մարդիկ արդէն իսկ սկսած են Թուրքիոյ մէջ հետեւիլ դասընթացքներու: Այս բոլորը դիտելով, անձնապէս կը կարծեմ, թէ թրքական որոշ կնիք մը ունի նաեւ անցած ամիս Թրիփոլի քաղաքին մէջ եղած հարցերը, եւ երբեք հեռու չէ յանկարծ այդ քաղաքի ժողովուրդին տրամադրուին մարդասիրական օգնութիւններ, նոյնինքն թրքական կառավարութեան կողմէ, ինչ որ, կը կարծեմ` երբեք անմեղ չէ, որովհետեւ այդ բոլորը կը հետապնդեն այլ նպատակներ:

Թուրքիոյ ժողովուրդին քառասուն առ հարիւր տոկոսը անգրագէտ է, իսկ ութսուն առ հարիւր տոկոսը արաբերէն լեզուն ո՛չ գիտէ, ոչ ալ կը հասկնայ: Արդեօք այդ երկրի կառավարութիւնը պէ՞տք չէ, հոն գտնուող արաբական որեւէ երկրի դեսպանատան հետ գործակցաբար, առցանց արաբերէն լեզուի դասընթացքներ տայ թուրք ժողովուրդին, որպէսզի նուազագոյնը հասկնան իրենց աղօթքները:

Այս բոլորին լոյսին տակ արդեօք ի՞նչ կարեւորութիւն կամ օգուտ ունի այդ լեզուն սորվիլը, եթէ ոչ թաքուն նպատակ: Ո՞վ կը հաւատայ, թէ թուրքը այսքան մարդասէր է, եթէ ոչ հակառակը: Այդ երկրի ամէն մէկ անկիւն կը հոտի արիւն, կը հոտի մահ, կը հոտի ջարդ` պատմութիւնը վկայ: Գեղեցիկ է այն առածը, որ կ՛ըսէ. «Ով քեզ կոչե՞ց զօրաւոր. պատասխանը` ոչ ոք, ես ինքզինքս կոչեցի եւ ոչ ոք հակառակը ըսաւ»: Այդպէս ալ Էրտողանի առած քայլերը ոչ ոք խոչընդոտեց. արդարեւ, ան Այա Սոֆիան վերածեց մզկիթի, եւ ոչ մէկը հակառակեցաւ, մտաւ Սուրիա, սպառնաց Յունաստանի, Կիպրոսի, թիկունք կեցաւ Ազրպէյճանի, ո՞վ հակառակեցաւ: Եւ այսօր մարդասիրական օգնութիւններով կ՛ուզէ քայլ առ քայլ տէր դառնալ նաեւ Լիբանանի ներքին քաղաքականութեան:

Զգո՛ւշ եղէք, այդ բոլոր քայլերը անմեղ չեն:

 

Նախորդը

Հին Յունական «Ֆէյսպուքը» Եւ Նոր Հայկական «Օստրակիսմոսը»

Յաջորդը

Կեցցէ՛ Ազատագրուած Հայրենիքը

RelatedPosts

Ամէն Տարի Այս Օրերուն
Անդրադարձ

Ամէն Տարի Այս Օրերուն

September 19, 2026
Վերաթարմացուող Պատգամ
Անդրադարձ

Վերաթարմացուող Պատգամ

September 19, 2026
Դիմադրութեան Շուքին Տակ Մեծցած Մանուկներ
Անդրադարձ

Դիմադրութեան Շուքին Տակ Մեծցած Մանուկներ

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.