Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շրջանցենք Փորձութիւնը

March 8, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Լիբանան անդունդի եզրին է: Եզրը գործածուած է լաւատեսութեան նշոյլ մը յուսալու համար: Խորքին մէջ, Լիբանան անդունդի եզրէն սայթաքած ու ինկած է յատակը:

Սովորական քաղաքացիին համար, նոյնիսկ քիչ թէ շատ քաղաքականութենէ հասկցողի համար, գլուխկոտրուկի վերածուած է Լիբանանի քաղաքական կեանքի ներկայ ընթացքը: Կա՞յ քաղաքական կեանք, թէ՞ եղածը լոկ շաղակրատութիւն է, քննարկում անուանումով հակոտնեայ դիրքորոշումներու յամառ դրսեւորում:

Տնտեսական սուր տագնապը, «Քովիտ 19»-ի համաճարակը, նաւահանգիստի պայթումը արդէն յառաջացուցած էին կաթուածահար ընկերային կեանք: Մշակութային ձեռնարկներու գրեթէ չգոյութիւն, ուսումնական հեռակայ դասաւանդութիւն, որ կը բացառէ յարաբերութիւնները, միայն սնունդի հայթայթման կապուած առեւտրական գործառնութիւններ, զբօսաշրջութեան չգոյութիւն, այլազան մարզումներու եւ մրցումներու սահմանափակում եւ շարքը կարելի է երկարել, արդէն ստեղծած են հաւաքական կեանքի, կենցաղային պայմաններու այնպիսի սահմանափակումներ, որ կարծես մեզ մղած են նոր տեսակի ապրելակերպի մը, ուր անհատապաշտութիւնը պարտադիր կանոն է:

Մեզ բաւական ժամանակ լիբանանեան դրամանիշի ամերիկեան տոլարին դիմաց արժեզրկման վարժեցնելէ ետք, նորագոյն արժեզրկումները մրցանշային մակարդակ մը նուաճեցին: Գահավիժումը դեռ կը շարունակուի, ամէն օր, օրուան մէջ քանի մը անգամ, նոր սակեր սահմանելով: Արժեզրկումը կ՛առաջնորդէ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու սղաճին: Ապրանքներու գիները գրեթէ ամէնօրեայ փոփոխութիւն կը կրեն: Անգործութեան ենթարկուած քաղաքացին, որուն եկամուտը, եթէ գոյութիւն ունի, արժեզրկուած է, դատապարտուած է ծայրայեղ աղքատութեան: Ընչազուրկ բառը այլեւս պէտք է հասկնալ իր արմատական իմաստով:

Մինչեւ ո՞ւր, մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի այս դժոխային ընթացքը: Լիբանանեան պետութիւնը կ՛ուղղուի դէպի քայքայում: Նոյնիսկ հանրապետութեան նախագահը ցուցարարներու կողմէ իբրեւ բողոք ճամբաներու փակումը արդարացի կը համարէ: Նշանակեալ վարչապետը երկիրներ կ՛այցելէ Լիբանանի համար, ըստ իրեն, օժանդակութիւն ապահովելու, մինչ իր այցելած երկիրներու ղեկավարները կը պահանջեն կառավարութեան շուտափոյթ կազմութիւնը եւ անյետաձգելի դարձած բարեկարգումներու ձեռնարկումը:

Ստեղծուած կացութիւնը թէեւ ամբողջ Լիբանանին եւ իր բոլոր բնակիչներուն կը վերաբերի, սակայն չենք կրնար չանդրադառնալ հայ համայնքի մասնայատուկ կացութեան: Համայնքային կառոյցներուն` եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, մշակութային կեդրոններուն, բարեսիրական եւ ընկերային հաստատութիւններուն, մամուլին, կը սպառնայ նիւթական միջոցներու անբաւարարութիւն եւ գործունէութեան սահմանափակում: Անհրաժեշտ է, արդէն իսկ կատարուածը եւ կատարուողը առանց մոռնալու, նոր նախաձեռնութիւն եւ նոր ճիգ: Ոչ միայն մեր հայրենակիցներուն արժանավայել կեանքի նուազագոյն պայմաններ պէտք է ապահովենք, այլեւ մեր կառոյցները եւս գործօն պահելու պիտի ձգտինք: Գօտիները սեղմելով, մեր բոլոր հնարաւորութիւնները ի գործ դնելով, պէտք է բարեյաջող կերպով շրջանցենք փորձութեան այս պահը եւս, ինչպէս շրջանցած ենք ոչ հեռաւոր անցեալին նման փորձութիւններ:

 

 

Նախորդը

Պիտանին Եւ «Անպիտանին»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Խաւարէն Դէպի Լոյս
Անդրադարձ

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը
Անդրադարձ

Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.