Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յաւիտենականութեան Դեղագիրն Ու Դեղորայքը

Մարտ 10, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ
Դպրեվանք կաթողիկոսութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Պահքը առողջութեան լաւագոյն ու անհրաժեշտ դեղը կը պարգեւէ պահեցողին: Ան անուշաբոյր վարքով կը ցամքեցնէ ու կ՛անհետացնէ ժահահոտութիւնը եւ կենդանութիւն կը շնորհէ հիւանդներուն, որոնք մեղքով ապականած ու պղծուած են: Առողջութենէն ետքն ալ սուրբ, անարատ եւ անբիծ կեանք մը կը յայտնաբերէ նոր բժշկուած անձին մէջ: Նոր առողջացած հիւանդը իր այդ սուրբ կեանքով պիտի կարենայ մեղքն ու անոր իշխանը` սատանան դատապարտել, մինչ ինք ճշմարիտ խոստովանութեամբ եւ ապաշխարութեամբ (պահքով ու աղօթքով), փրկական խորհուրդով կատարեալ առողջութիւն պիտի ստանայ: Այսպիսով ան պիտի առնէ յաղթութեան պսակը, որ գովութեամբ ու պարծանքով պատրաստուած է պահեցողներուն համար:

Պահքով կը դադրին անտեղի մտածումները եւ զգայարանքներուն շուայտութիւնները: Աչքերը կը դառնան լաւատես, ականջները` աստուածային ձայնը լսելու կազմ ու պատրաստ, լեզուն` քաղցրախօս, ձեռքերը` բարեգործ, սիրտը` ուղիղ եւ բերանը` պարկեշտ: Պահքով ցանկութեան ու հեշտասիրութեան ամէն կամեցողութիւն արմատախիլ կ՛ըլլայ, կը զարթնու մոռցուած բարեգործութիւնը` աստուածասիրութեան ճառագայթներով եւ կը ձերբազատինք մեղքի չար բռնկումէն, որովայնամոլութենէն, ամբարտաւանութենէն, նախանձէն, բարկութենէն, ագահութենէն, գողութենէն, ստախօսութենէն, երդումէն, չարախօսութենէն, վրէժխնդրութենէն, զրկելէն, նենգութենէն, ցասումէն, նախատելէն, ծուլութենէն, ծաղրելէն, խեղկատակութենէն, արբեցութենէն եւ բամբասելէն:

Ճիշդ է որ պահքով յիշեալ մոլութիւններէն կը ձերբազատինք եւ անոնց փոխարէն կը ստանանք աստուածային օգտաշատ շնորհներ, սակայն պէտք է խոստովանինք, որ պահեցողութիւնը դիւրին եւ նեղութիւններէ զուրկ բան մը չէ: Անոր ընթացքին յաճախ չարը մեզ փորձութիւններու կ՛ենթարկէ, որպէսզի մենք կասեցնենք մեր պահեցողութիւնը եւ կամ մեղանչենք: Ուստի ճշմարիտ խոստովանութեամբ փորձենք սատանան վտարել եւ, յիշեալ բեռ-մոլութիւնները մեր վրայէն թօթափելով,  ստանանք «կեանքի դեղ»-ը, ու, հոգւոյն սիրովն առողջանալով, աշխատինք դառնալ ա՛յնպիսի մշակներ, որոնք իրենց ըրածներուն համար ամչնալիք բան չունին (հմմտ. Բ. Տմ. 2. 15):

Պահքը զօրացուցիչ է հոգեւոր կեանքին եւ խափանիչ մարմնական ցանկութիւններուն, որովհետեւ մէկուն զօրանալով (հոգիի), միւսը (մարմինը) կը տկարանայ: Այսպէս` գիշակեր թռչունները շատ ուտելէն թռչելու ժամանակ կը տկարանան, եւ դիւրաւ կը բռնուին որսորդներէն, իսկ սակաւակերները արագաթռիչ են եւ որոգայթադիր որսորդներէն չեն բռնուիր:

Մարգարէներն ու սուրբերն ալ իրենց կեանքով մեզի յորդորներ կու տան պահեցողութեան զօրութեան մասին: Եղիա մարգարէն քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր պահք պահեց եւ այդ իսկ պատճառով արժանի եղաւ հրեղէն կառքով երկինք համբարնալու (տե՛ս` Դ. Թգ. 2. 1-18): Յովհաննէս Մկրտիչի պահքը բացայայտ է անոր ամբողջ կեանքի ընթացքին: Ան երկրի կերակուրի համար պատրաստուած բերքէն ոչինչ կ՛ուտէր ու

կը խմէր, այլ` միայն մարախով եւ վայրի մեղրով իր պէտքերը կը հոգար անապատին մէջ (հմմտ. Մտ. 3. 4 եւ Մր. 1. 6): Ան` պահքով մաքրուած, եղաւ նախակարապետ եւ տեսանող անճառելի շնորհներուն: Այսպէս նաեւ մեր Տէրն ու Փրկիչը` Յիսուս Քրիստոս, որ մկրտութենէն ետք պահքով զօրացած` աստուածախառն մարմնով պատերազմեցաւ թշնամիին դէմ (հմմտ. Մտ. 4. 1-11, Մր. 1. 12-13 եւ Ղկ. 4. 1-13), որպէսզի այսպիսով մարդոց սորվեցնէ պահքով զինուիլ թշնամիին դէմ պատերազմելու ու պահքով նահատակուիլ, եւ կատարեալ առաքինութեամբ յաղթութեան շնորհն ստանալ եւ յաղթել փորձիչին: Ուստի մեր վրայէն թօթափենք ամէն տեսակի մեղք ու չարութիւն, որպէսզի արժանի ըլլանք Սուրբ Հոգւոյն թեւերով բարձրանալու եւ տեսնելու փառաց Տէրը, որ կ՛ըսէ` «Եկէ՛ք, Հօրս կողմէ օրհնեալներ, եւ ժառանգեցէք այն արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի  սկիզբէն պատրաստուած է» (Մտ. 25. 34):

Բոլոր սուրբերուն համար պահքը եղաւ առիթ սրբանալու, բարձրանալու համար այս երկրէն եւ մերձենալու հոգեղէններուն: Անոնք պահքի միջոցաւ կրակի նման սրբութիւն ստացան, եւ ապա կիզող հուրը ընտելացաւ անոնց, ինչպէս որ հնոցին մէջ երեք երիտասարդները, որոնք պահքով սրբուած էին (տե՛ս` Դն. 3. 19-30): Վասնզի հուրը այրուելիքները կ՛այրէ եւ պահքով սրբուածները աւելի՛ կը լուսաւորէ, ու անոնք կը պայծառանան: Իսկ անոնք, որոնք արժանի չէին, երբ մերձեցան կրակին` խռիւի պէս այրեցան, որովհետեւ պահքին սրբութիւն չէին ստացած:

Հետեւաբար, եթէ պահքը արդարները ոգեղէն եւ հրեղէն կատարելիութեան կը հասցնէ, ապա ուրեմն որքա՜ն օգտակար կը հանդիսանայ մեղաւորներուն, որոնք պէս-պէս տկարացող ցանկութեանց մէջ կը գտնուին: Որովհետեւ պահքով սրբուածը` իր ներքին եւ արտաքին մարդը կը մաքրէ այդ բիծերէն, ինչպէս ոսկին ու արծաթը` կրակով կը սրբուին եւ կը յստականան այդ աղտէն, եւ այսպիսով իր Տիրոջ պատուական անօթ կը դառնայ:

Պիքֆայա, Լիբանան

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Պարտէզս Ու… «Հայհոյանքի Շտեմարանը»

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?