ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Կարծես ժամանակակից կեանքի, համաշխարհայնացման աղէտաբեր ու շատ անգամ պատուհասող հետեւանքները չէին բաւեր, ահա տարիէ մը ի վեր, ամբողջ մարդկութիւնը կ՛ապրի իր գոյութենական պայքարի փուլերէն մէկը:
Փաստօրէն, «փոքր» ժահր մը կրցաւ «տիրապետել» եւ իր սարսափելի աւերները գործել, ու կը շարունակէ իբրեւ այդպիսին մնալ ցարդ, հակառակ համաշխարհային առողջապահական ճիգերու եւ պատուաստի օգտագործումին:
Մասնաւորելով լիբանանահայութեան կեանքը` նման կացութիւններու դէմ յանդիման գտնուեցան նաեւ հայ վարժարանն ու ուսուցիչը, որոնք իրենց ստանձնած առաքելութեան առընթեր կ՛աւելնար նոր մը, այս պարագային` «փորձութիւն» մը, որ, իր կարգին, ինքզինք պարտադրեց կրթական համակարգին վրայ:
Իրօք, համաշխարհային երեւոյթ դարձաւ առցանց ուսուցումը, որ նորարար երեւոյթ մը ըլլալով հանդերձ, պատճառ դարձաւ անախորժ կացութիւններու եւ տհաճ վիճակներու ստեղծման: Նման եղելութեան դիմաց, հայ ուսուցիչը պարտաւոր եղաւ ձեւով մը գերազանցել ինքզինք եւ նետուիլ մարտի դաշտ` այս անգամ իրազեկ դառնալու համացանցի ունեցած կարելիութիւններուն, որպէսզի կարենար հեզասահ եւ լիարժէքօրէն շարունակել ուսուցողական իր առաքելութիւնը:
Տեղին է նշել, որ մեր մտածումին առանցքը հայեցի դաստիարակութիւնն է, որ դարերու խորերէն ժառանգուած ճշմարտութիւն մը ըլլալով, իր կարգին, կը գտնուի ճգնաժամի մէջ: Այլ խօսքով` ազգային արժէքներու նկատմամբ տակաւ նօսրացող հետաքրքրութիւնը, սէրն ու յարգանքը, մեզ կը պարտաւորեցնեն հազարապատկելու մեր հաւաքական ճիգերը, նուազագոյն վնասով, եթէ կարելի է, դուրս գալու կամայ թէ ակամայ ստեղծուած իրավիճակներէն:
Արդ, որո՞նք են այդ երկու արժէքները, եթէ ոչ միակը, որոնց սրբազան պարտքն ու կոչումն է տէր կանգնիլ նորահաս սերունդներու զարգացման եւ հոգեմտային աշխարհի առաւել կայացման: Արդեօք գոյութիւն ունի՞ կառոյց մը, որ պիտի կարենայ փոխարինել հայ վարժարանը, որ հայաբոյր մթնոլորտի ու ազգային արժէքներու փոխանցման միջնաբերդը եղած է սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի օրերէն ի վեր:
Ո՞վ պիտի կարենայ փոխարինել հայ դաստիարակ-ուսուցիչի կերպարը, որ ի գին մեծ զոհողութիւններու կը շարունակէ լոյսի մէջ պահել իր առաքելութիւնը:
Առաքելութիւն մը, որուն յենարանը մայրենին է, հայոց պատմութիւնն ու մշակութային գանձերը, այլ խօսքով` հայերէնագիտական ուսմունքն է, իր տարբեր ճիւղաւորումներով եւ մասնագիտական առանձնայատկութեամբ:
Ըստ երեւոյթին, պէտք է յաճախ յիշեցնել, որ մայրենի լեզուն, ՍՔԱՆՉԵԼԻՆ, բառ ու նախադասութիւն ըլլալու առընթեր, լեզուամտածողութիւն է, որ իր մէջ կը պարփակէ սեփական ազգի մը խտացուած ու անկորնչելի արժեհամակարգը:
Ու այդ սեփական լեզուին ու մտածողութեան կերտիչը նոյնինքն հայ ուսուցիչն է, որ լծուած է մայրենին ուսուցանելու, ինչպէս նաեւ` մշակութային գանձերը լոյսին բերելու եւ արժեւորելու, փոխանցելու աշխատանքին: Այլապէս, ինչպէ՛ս կարելի եղած է ձուլումէ փրկել սերունդներ, որոնք օտարութեան մէջ, հեռու հայրենիքի հողէն ու ջուրէն, կրցած են վերադառնալ հայաբոյր ակօսներ եւ ջերմ միջավայրեր:
Հաստատապէս, պատկանելիութեան, հայրենապաշտի զգացողութիւնը վառ պահելու ներուժը, հայ վարժարանի փառքն ու պատիւը բարձր պահելու հաւատամքը, մայրենի լեզուն եւ ազգային մշակոյթը փրկելու համոզումը բացառապէս կը պատկանին հայ ուսուցիչին, որ իր կողքին ունենալով գիտակից ծնողներու նեցուկը, տնօրէններու ու խնամակալներու անմնացորդ նուիրումը, կը փորձէ իր կոչումին փայլքը վառ պահել:
Իր այս ամէնօրեայ ճակատամարտին մէջ, հայ ուսուցիչը կը դիմագրաւէ նաեւ բազում դժուարութիւններ, որոնց թւումն անգամ ցաւ կը պատճառէ բոլորիս:
Այլ խօսքով, հայ դաստիարակ-ուսուցիչի նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերումը` անկեղծ գնահատանքի թէ նիւթականի յանձանձումը եղած են ձեւական, ժամանակաւոր եւ շատ անգամ` յապաղած: Այսինքն, հայ նուիրեալ դաստիարակը զերծ չէ եղած նիւթականի հոգէ կամ իր ապրուստը նուազագոյն չափով ապահովելու մտատանջութենէ, այլ ընդհակառակն` ան ապրած է նման ճնշումի տակ, այլապէս շարունակած հաւատարիմ մնալ իր առաքելութեան:
Արդ, պարտաւոր ենք հաւաքական մեր կեանքի տնօրինման մէջ ցոյց տալ առաւել լրջութիւն, որպէսզի պահպանենք ազգային արժէքներու շքեղութիւնը:
7-3-2021