ՆԱՐԷ ԵՒ ՎԱՉԷ
Կարօտ: Շատ անգամ կարօտ բառը կը գործածենք հարեւանցիօրէն. չենք անդրադառնար բառին կարեւորութեան, մինչեւ ա՛յն ժամանակ, որ անկարելի դառնայ կարօտի զգացումին գոհացում տալ` հակառակ ամէն ճիգի կամ փորձի: Այս պարագային մեր միտքը կը փորձէ մեզ մխիթարել կամ մեր կորուստի ցաւը նուազեցնել` տուեալ անձին յիշատակը վառ պահելով մեր մէջ:
Անդարձ կարօտի մեծագոյն ցաւը զգացինք մեր հօրաքրոջ կորուստով: Ֆիմի հօրքուրը մեր շրջապատի ամէնէն կարեւոր անձերէն էր: Ներկայ էր մեր կեանքի բոլոր փուլերուն անխտիր: Ան հիմնական դեր ունեցած է մեր դաստիարակութեան եւ կազմաւորման մէջ` թէ՛ իբրեւ մարդ, թէ՛ իբրեւ հայ: Եղած ըլլալով 1953-ի ճեմարանաւարտ եւ աշակերտը Շանթի, Վրացեանի, Սասունիի եւ ուրիշներու, ան մեր սերտ կապն էր Հայաստանի Հանրապետութեան, Լիբանանի հայ գաղութին եւ վերջապէս Հայ ճեմարանի հիմնադիրներուն եւ առաջնորդներուն հետ:
Մեր մանկութեան եւ պատանեկութեան ամէնէն ջերմ յիշողութիւններէն եղած է նստիլ տան միջանցքը եւ մտիկ ընել հօրքուրին Ճեմարանի յիշատակներն ու դասարանային անեքթոտները: Ֆիմի հօրքուրը ընտանիքի ամէնէն համեստ, զգայուն եւ ազնիւ անձն էր: Անկախ տարիքային տարբերութիւններէն, ան կը դառնար բոլորին ընկերուհին: Ջերմ ժպիտով եւ վարակիչ խնդուքով բոլորին հետ կը զրուցէր, կ՛ուրախանար եւ կ՛ուրախացնէր: Նոյնիսկ մեր տարեկից ընկերները հաճոյքով կը վայելէին անոր ներկայութիւնը եւ զայն կը փնտռէին մեզի այցելելու ժամանակ:
Ըլլալով քաջ ընթերցասէր` տեղական, հայկական եւ եւրոպական տարբեր թերթերու, ան` յաւերժական լաւատեսութեամբ, դրական անդրադարձ մը կը կատարէր իր կարդացած բոլոր լուրերուն, զորս մեզի կը փոխանցէր ամէն իրիկուն, ընթրիքի սեղանին շուրջ: Արուեստի, գրականութեան, հայութեան եւ Ճեմարանի հանդէպ իր ունեցած սէրը կը գերադասէր միայն իր եղբօր զաւակներուն եւ թոռներուն հանդէպ ունեցած իր սիրով: Բոլորս կը յիշենք անոր գուրգուրանքը մեզի հանդէպ եւ չենք մոռնար ցաւը անոր աչքերուն մէջ, երբ բաժնուեցաւ իր աւագ եղբօրորդիէն` Վիգէնէն, որուն հետ վերջապէս միացած է այսօր:
Հօրքո՛ւր, տակաւին չենք հասած քու կորուստդ ընդունելու փուլին, տակաւին կը ցաւինք, երբ քեզ յիշենք, մանաւանդ երբ մտածենք մեր վերջին քանի մը շաբթուան վերամիացման մասին: Կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել քեզի, որ եղար մեր մտերիմ ընկերը: Շուտով պիտի ժպտանք, երբ քու մասիդ մտածենք եւ պիտի ուրախանանք, որ կրցած ենք վայելել քու ներկայութիւնդ եւ սէրդ:
Հօրքո՛ւր, յիշատակդ անթառամ: