Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եալլա Պայ»

March 9, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

«Եալլա պայ» եւ ասոր նման` ուրիշ բազմաթիւ օտար բառեր եւ բառեր: Այսպէս, «օ քէյ»-էն սկսեալ մինչեւ «թանք եու», «սորի», «շուր» «ուաթ», «նօ ուէյ», «այ թինկ». «եու նօ» եւ տակաւին շարքը երկար է: Այսպէս, զաւակ, թոռնիկ, ծնողք, դրացի, զարմիկ, բարեկամ կամ խնամի, աշակերտ, միութենական կամ առեւտրական` դուք ձեզի հարցուցէ՛ք, թէ ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ կը գործածէք այս բառերը:

Անկեղծօրէն բոլորս ալ այս բառերը, իբրեւ սովորական եւ բերնի ծամոն, կը գործածենք գիտակցաբար եւ կամ` անգիտակցաբար: Կը գործածենք, կարծես, մեր շրջապատին ցոյց տալու, թէ` «Տեսէ՛ք, ես անգլերէն ալ գիտեմ…»:

Պէտք է նշել, որ այս յիշած բառերս դիւրին հնչուող են եւ հաճելի ալ են, միավանկ, կարճ ու սահուն եւ համայն աշխարհի մարդկութեան` հասկնալի: Շատերուն համար այս բառերու սովորական գործածութիւնը, կարծես, տեսակ մը իրենց անձին «շուք» կու տան` անգլերէն «գիտցողի» հովերէն քշուած: Բայց չմոռնանք, որ այս նշուած բոլոր բառերուն հայերէններն ալ կան: Նորէն դուք գիտէ՛ք:

Սակայն` ինչո՞ւ այս յառաջաբանը. ըսե՛մ, որովհետեւ 21 փետրուարը «Մայրենի լեզուի օր» նշանակուած է: Այդպէս որոշուած է: Հպարտութիւն բուրող տօն ալ է: Երբ թուականն ու առիթը յիշեցի, անհանգիստ ջիղ մըն էր, որ յանկարծ սկսաւ տրոփել մտքիս մէջ: Նաեւ ըսեմ, որ նոյն այս թուականն է, որ իրեն հետ բերաւ զանազան հարցեր եւ խնդիրներ, որոնք թէեւ նոր չեն, բայց, հաւատացէ՛ք, տագնապալի են իրենց արդիւնքներուն նման:

Անկասկած, շա՜տ շատերու մօտ այս բոլորը նոր բացուած արշալոյսի նման կը մտնեն իրենց կեանքին մէջ, արեւի գոյնին նման պայծառ: Ահա թէ ինչո՛ւ յաճախ ալ հոգեպէս տառապանք հագած կ՛ապրին: Այս եւ նման բառերու արտասանութեամբ, կարծես, նոյնիսկ մեր մտքի բանալին կորսնցուած ըլլանք: Ահա՛ մտահոգութիւնը: Տեսակ մը մեծամտութիւն: Երբեմն պարտաւոր ենք նման «բաներ» հրապարակային հնչեցնել:

Ինչո՞ւ սակայն: Որովհետեւ հայ ենք եւ սփիւռքի մէջ կ՛ապրինք: Ուստի յստակ եւ տեսանելի է, թէ ինչպէ՛ս սկսած ենք մաշիլ: Միւս կողմէ` նաեւ ըսեմ, որ դժբախտ ազգ ալ ենք մեր երկրին պէս, եւ մեր ներկան մեր աչքին առջեւ իսկ հսկայ վիհ մըն է: Այս է մեր ճակատագիրը: Բայց…

Տխուր եւ հաստատ ըսեմ. բոլորս ալ շուարած կը նայինք մեր այս ճակատագրի աչքին, որովհետեւ մենք զոհ ենք, բայց նաեւ մտահոգ ենք այս անբնական կացութեան դիմաց: Արեւելքի միւս ժողովուրդներու նման` մենք մոլեռանդ ազգ չենք: Սակայն այս բոլորը խորունկ եւ շօշափելի կը զգանք:

Եւ տակաւին աւելցնեմ, որ արցախեան պատերազմն ալ եկաւ իր խիստ խօսքերով ու մահացու, քանդեց մեր կորովը` վիրաւոր մեր երազներուն հետ: Այդ պատճառով մշուշը բռնած է մեր ուղեղները եւ` զայն խստօրէն պաշարած: Օտար աղմուկներու մէջ եւ ամէն տեղ սկսած ենք ծերանալ: Յստակ է, որ ապրումը զիջած է մեր խոհին, ու սփիւռքեան մեր ապրած երկիրներէն ներս տեղական լեզուները նոր գոյն եւ տարբեր գիծ տուած են մեր խօսակցութեան եւ մայրենիի հարազատութեան:

Չեմ փորձեր եւ ոչ ալ կ՛ուզեմ, որ տողերս յարատեւ տագնապի երգեր դառնան: Բայց եւ այնպէս, պէտք է պահպանել մեր մնայուն արժէքները, որոնց առաջին շարքին կու գայ մայրենի լեզուն:

Հայ զանգուածները կապելու միակ բանալին մայրենի լեզուն է. կը կրկնենք շարունակ: Բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք եւ սակայն յաճախ ալ անոր հետ անհոգ կը վարուինք: Կարծես ան մերը չէ: Օտարինն է: Մեզի համար` անծանօթ: Տեսնուած է, որ յաճախ ալ դիմազուրկ կ՛ապրինք:

Քաջութիւն է պէտք` ցեղին հայելիին մէջ դիտելու: Ամերիկայի մէջ հայ մնալու գաղտնիքը պէտք է որ գիտնանք:

Ուստի հայ միտքը պէտք է ազատել օտար եւ «վնասակար» փշրանքներէն: Գիտակցելու զօրութիւն ունենալ է պէտք: Հակառակ մեր շուրջը տիրող եւ փոխուող արագ իրողութիւններու` մեզի կ՛իյնայ մեր նոր սերունդը հայրենի մթնոլորտէն չզրկել:

Երբ շատերու բերնէն մաքուր հայերէնով արտայայտութիւնը կը լսեմ, հիացումս կ՛երթայ:

Յաճախ զմայլանք մը ունիմ: Հաւանաբար շատ բան կայ այս մասին գրելիք եւ խօսելիք:

Նաեւ աւելցնեմ, որ մեր պատմութեան անիւը ծռած է: Ուստի հաստատ կամք է պէտք: Դրական մօտեցում: Ճիշդ է, որ մեր լեզուի նահանջի ներկայութիւնը կ՛ապրինք, ականատեսներ ենք արդէն, ուստի ամէն օր եւ ամէն առիթով անոր մաքուր գործածութեան հանդէպ անտարբեր պէտք չէ որ մնանք կամ ըլլանք: Ճեղք մը կայ հայոց լեզուի պարզ սովորական խօսակցութեան եւ մաքուրին միջեւ: Ժամանակն է, պաշտպանել լեզուի իշխանութիւնը, որպէսզի ան դառնայ թռիչք եւ մտածում: Այս մէկը կը սկսի տուներէն` հասնելու անմիջապէս հայ դպրոցին եւ հայ ակումբ-կեդրոնին ու միութենական կեանքին:

Ուստի խորապէս կապուինք մեր լեզուին, սիրենք եւ պաշտպանենք: Պահենք եւ գուրգուրանք:

Այս կը նշանակէ` մեր ապրելու եւ գոյատեւելու միջուկը բազմացնել: Լա՛ւ յիշենք, որ մեզմէ շա՜տ շատեր հայութեան աղմուկէն հեռու կ՛ապրին` զանազան պատճառաբանութիւններու եւ պատրուակներու ետին պահուըտելով: Օտար լեզուն է տիրապետողը, աղէտալի հետեւանք կը ձգէ մեր եւ մեր մշակոյթին վրայ: Չեմ խօսիր հայրենիքի մասին: Հո՛ն պապենական երկիր է: Հո՛ն մեր երկիրը իր տէրը ունի, որ հայ ժողովուրդն է: Հո՛ն հող կայ, դարերու պատմութեամբ եւ մշակոյթով: Ահա սեփականութեան հրճուանքը: Ուստի այս խօսքս կամ մատնանշումս հասցէագրուած է մեզի` սփիւռքի մէջ ապրողներուս, զաւակներէս, թոռներէս եւ հարազատներէս սկսեալ, մինչեւ համայն հայութեան:

Յիշենք այս առթիւ Շահան Շահնուրի մտահոգ տողերը.

«Սփիւռք դարձած հայերս պիտի սկսինք կամաց-կամաց մոռնալ մեր լեզուն: Լեզուն կորսնցնելով` մեր կռնակը պիտի դարձնենք հայուն մեծագոյն գանձին` մեր մշակութային արժէքներուն»:

Նաեւ յիշեցնեմ Պարոյր Սեւակի մտածումներէն բաժին մը. «Օտար բառեր գործածելով` ոմանք ուզում են կրթուած կամ իբրեւ ժամանակակից երեւնալ»:

Լեզուն պահպանելու ահաւոր այս բեռը կ՛իյնայ նախ հայ ծնողքին, հայ դպրոցին եւ հայ ուսուցիչին վրայ: Յաճախ կը տեսնենք եւ կը լսենք, որ հայ լեզուն մեզմէ դուրս է: Կարծես մերը չէ: Անտէր ձգած ենք զինք: Որբ եւ աղքատ: Ուստի զայն ներգրաւելու միջոցներու անմիջական կարիքը պէտք է որոնենք: Եւ կը կարծեմ, որ լաւագոյն դեղատոմսը իրարու հետ հայերէն խօսիլն է: Հայերէն գիրքեր կարդալն է: Այլապէս պարտութեան կը մատնուինք, եւ ձուլումը կը յաղթանակէ: Եւ այն ժամանակ` վա~յ եկեր է մեզի…

Բացառութիւնները ներելի ու հասկնալի են: Իսկ եթէ իրապէս կ՛ուզենք հայօրէն ապրիլ, մենք պէտք չէ որ մեր դէմքը, մեր ինքնութիւնը, մեր լեզուն փոխենք, որովհետեւ, հաւատացէ՛ք, կ՛այլափոխուինք: Պարտաւո՛ր ենք մնալ հայ:

Եւ եթէ կամքը կայ, մեր բոլոր ճիգերը ապարդիւն չեն:

bedig43@aol.com

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Չծանրաբեռնենք…

Յաջորդը

Հին Յունական «Ֆէյսպուքը» Եւ Նոր Հայկական «Օստրակիսմոսը»

RelatedPosts

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

January 9, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Խաւարէն Դէպի Լոյս
Անդրադարձ

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.