Աւստրիոյ Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնած եւ 24-27 փետրուարին կայացած առցանց HAYTADOLOGY II Հայկական ժամանակակից հարցերու խտացեալ դասընթացքի վերջին օրը տեղի ունեցաւ Եւրոպայի մէջ Հայ դատի աշխատանքներուն առնչուած առկայ ու ապագայի ծրագիրներու քննական վերլուծում-արժեւորում ու ապագայի ծրագիրներու մշակում:
Դասընթացքի այս օրը հիմնականին մէջ բաժնուած էր երկու մասի: Առաջին փուլին ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Գէորգեանը, որ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց ՀՅԴ Երիտասարդական գրասենեակի հայեցակարգն ու Արցախի մէջ կեանքի կոչած ուսուցողական, վարժողական եւ վերականգնողական ծրագիրներն ու ընթացող աշխատանքները: Ան կոչ ուղղեց երիտասարդներուն` նախաձեռնող ըլլալու, դասընթացքի միջոցին իրենց սորվածը իրենց շրջապատին հետ կիսուելու եւ ի նպաստ հայութեան ու Հայաստանի հետեւողական աշխատանքի լծուելու: Ապա առցանց կլոր սեղանի մը շուրջ, Ամերիկայի, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Քանատայի եւ Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակներու (Հայաստան) տնօրէնները կամ նախագահները ելոյթներ ունեցան զրուցելու համար իրենց գրասենեակներուն տարած աշխատանքներուն մասին:
Կլոր սեղանի զրուցավարն էր Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբէն Անահիտ Յակոբեանը:
Առաջին հերթին Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը ներկայացուց գրասենեակին կեանքի կոչած քարոզչական, քաղաքական եւ երիտասարդութիւնը թիրախաւորող վարժողական ծրագիրները, ինչպէս նաեւ արցախեան պատերազմի օրերուն Եւրոխորհրդարանի եւ Եւրոմիութեան շրջանակներուն մօտ գրասենեակին տարած ու մինչեւ օրս շարունակուող աշխատանքները` Արցախի ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութիւնը ապահովելու, ռազմագերիներու հարցը բարձրաձայնելու, Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման նպաստելու: Ան շեշտեց կարեւորութիւնը` եւրոպական զանազան պատուիրակութիւններու (քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական, տնտեսական) Արցախ այցելութիւնը կազմակերպելու ծրագիրները, որոնք հայանպաստ որոշումներ որդեգրելու կը նպաստեն:
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Արամ Համբարեան իր խօսքը սկսաւ` հաստատելով, որ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի շահերուն եւ իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը Հայ դատի աշխարհատարած յանձնախումբերուն առաքելութիւնն է: Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին ներկայ աշխատանքները, որոնք կը կեդրոնանան Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման եւ օժանդակութեան նպաստելուն, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ Ամերիկա-Հայաստան յարաբերութիւններու բարելաւման վրայ: Ան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբ աշխատանք կը տանի, որ դերակատարութիւնը զարգանայ մեր տարածաշրջանին մէջ եւ Արցախի միջազգային ճանաչման ու անվտանգութեան նպաստէ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դերակատարութիւնը հակակշիռի տակ առնէ: Ան ընդգծեց, որ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները բաւականին խրթին փուլ մը կ՛ապրին` նկատի առած վերջին տարածաշրջանային զարգացումները եւ Թուրքիոյ ու Ռուսիոյ դերակատարութիւնները:
Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Վերա Եագուպեանը իր խօսքին սկիզբը ներկայացուց Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական ու կրօնական նրբութիւններն ու վերջին տարիներու դէպքերը եւ անոնց որպէս հետեւանք` շրջանի փոքրամասնութիւններուն, ներառեալ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Ան բացատրեց, որ երբ արաբ-թրքական յարաբերութիւնները ջերմ են, Հայ դատի աշխատանքները բաւական կը դժուարանան, ու խոչընդոտները կը շատնան, իսկ երբ յարաբերութիւնները վատանան, ապա աւելի դիւրին կը դառնան այդ աշխատանքները: Արցախի հիմնահարցին գծով Եագուպեան ներկաներուն բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս գրասենեակը աշխատանք կը տանի արաբ հասարակութիւններուն բացատրելու, որ արցախեան հիմնահարցը կրօնական հակամարտութիւն չէ, այլ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին կը վերաբերի: Ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, նկատի առած, որ Ցեղասպանութեան մէկ փուլը արաբական աշխարհին մէջ գործադրուած է, արաբական պետութիւնները ընդհանրապէս չեն դրժեր կամ ուրանար անոր իրողութիւնը, սակայն մինչ օրս, քաղաքական շահերու բերումով, բացի Սուրիայէն ու Լիբանանէն, արաբական այլ երկիր մը չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան իր խօսքի աւարտին ներկայացուց գրասենեակին քարոզչական աշխատանքները, որոնք արաբ զանգուածները հայկական հարցերու գծով իրազեկութեան մակարդակը բարձրացնել կը նպատակադրէ, եւ հաստատեց, որ գրասենեակը շատ ջերմ յարաբերութիւններ ունի արաբական կարեւոր զանգուածային լրատուամիջոցներու հետ ու անոնց ճամբով մեր ձայնը լսելի կը դարձնէ հասարակական լայն զանգուածներու: Ան նշեց նաեւ, որ պատերազմի օրերուն, առաջին անգամ ըլլալով, գրասենեակը շրջանին մէջ գործող քրտական լրատուական միջոցներու հետ ալ գործած ու համապատասխան լուսաբանութիւններ ներկայացուցած է:
Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակէն (Հայաստան) Գէորգ Ղուկասեանը համապարփակ ներկայացուց Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի ընթացիկ աշխատանքներն ու աշխարհատարած Հայ դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու գործունէութիւնը համակարգելու եղանակը: Ղուկասեան տեղեկացուց մասնակիցներուն, որ գրասենեակի ընթացիկ աշխատանքներուն մէջ կը մտնեն` աշխարհատարած Հայ դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու գործունէութեան հայերէնի թարգմանութիւնը, զանոնք աւելի քան 120 զանգուածային լրատուամիջոցներու հետ կիսելը եւ ամփոփագիրներու հրապարակումը: Կեդրոնական գրասենեակը նաեւ ունի նոր ել. կայք, որ հանրութեան կը ներկայանայ նոր հնարաւորութեամբ: Բովանդակային իմաստով, շուտով կը հրապարակուի Արցախի շահերու պաշտպանութեան ուղեցոյցը, որ պիտի ընդգրկէ շահերու պաշտպանութեան տեսական ուղղութիւններ եւ քաղաքական առաջադրանքներ: Ան ընդգծեց նաեւ կարեւորութիւնը աշխուժացնելու Pro-Artsakh Forum-ն ու Pro-Artsakh Network-ը, որ կեանքի կոչուեցաւ հոկտեմբեր 2019-ին, Ստեփանակերտի մէջ, իր մէջ ներառելով` Արցախի ի նպաստ աշխատանք տանող միջազգային քաղաքագէտներ, գիտնականներ, խորհրդարանականներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, մասնագէտներ եւ լրագրողներ:
Սեւակ Պելեանը` որպէս Քանատայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն, իր զեկոյցի սկիզբը բացատրեց, որ Քանատան միջազգային ասպարէզի վրայ որպէս միջին ուժ կը ներկայանայ եւ հայկական հարցերու գծով իր ազդեցութեան մակարդակը սկսած է բարձրանալ` շնորհիւ Քանատայի Հայ դատի գրասենեակի աշխատանքներուն: Ան հաստատեց, որ հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ` Քանատան պատերազմի օրերուն անմիջապէս ըսելիք ունեցաւ: «Պայրաքտար» անօդաչու սարքերու ամէնէն կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը Քանատայէն Թուրքիոյ տրամադրումը կասեցնելը կարեւոր ձեռքբերում նկատեց, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի քանատական արտադրութեան զէնք ու զինամթերք մատակարարելը կասեցնելը հիմնական աշխատանք նկատեց: Պելեանը նշեց, որ պատերազմի օրերուն ազերիները աշխուժ չէին, սակայն պատերազմէն ետք կազմակերպութիւն մը հիմնեցին եւ սկսան մօտէն հետեւիլ հայութեան գործունէութեան: Քանատայի գրասենեակը ջերմ յարաբերութիւններ ունի, եւ բաղդատած անցեալի հետ` Քանատան աւելի հայանպաստ կեցուածքներ սկսած է որդեգրել: Ան նշեց նաեւ, որ գրասենեակը խորհրդարանական մակարդակի վրայ դարձեալ բաւականին լաւ յարաբերութիւններ ունի եւ պատերազմի օրերուն յաջողած է խորհրդարանին մէջ գործող հինգ կուսակցութիւններէն հայանպաստ կեցուածքներ ստանալ, ներառեալ` Քանատա-Ազրպէյճան խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահին` Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը հաստատող յայտարարութիւնը: Քարոզչական հսկայական աշխատանք կը տարուի նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցներու հետ, ինչպէս նաեւ` մարդասիրական օժանդակութիւններ առաքելու դէպի Արցախ: Գրասենեակը նաեւ մնայուն կապի մէջ է ՄԱԿ-ի ու ԵԱՀԿ-ի մօտ Քանատայի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն հետ:
Զեկոյցներու աւարտին մասնակիցները կարեւոր հարցադրումներով շահեկան զրոյց ունեցան գրասենեակներու տնօրէններուն հետ: Յատկանշական էր քննարկել պատերազմի օրերուն յաճախ կեանքի կոչուած առցանց խնդրագիրներու (Online Petition) երեւոյթը, ուր հաստատուեցաւ, որ այդ խնդրագիրները, եթէ յստակ թիրախաւորում չունենան եւ կազմակերպուած չ՛ըլլան, ո՛չ միայն ապարդիւն են, այլ նաեւ կրնան վնասակար ըլլալ: Առ այդ, շատ կարեւոր է, որ այս մարզին մէջ մասնագիտական եւ համակարգուած մօտեցում ցուցաբերուի եւ ճիշդ ձեւով օգտագործուին առցանց այս միջոցները:
Օրուան երկրորդ կիսուն դասընթացքի մասնակիցները նախորդ օրը իրենց կատարած աշխատանոցներու արդիւնքները ներկայացուցին եւ քննարկեցին: Եօթը աշխատանոցներու ճամբով տղաքը կրցած էին քննական մօտեցումով արժեւորել վերջին պատերազմի օրերուն Եւրոպայի հայութեան տարած աշխատանքները, ձեռքբերումները, ձախողումները, դժուարութիւններն ու քաղուած դասերը: Անոնք ցաւալի, բայց իրապաշտ հաստատումներ ըրած էին պատերազմի օրերուն առկայ կազմակերպական, ներհամայնքային, զօրաշարժի ենթարկուելու, համավարակի սահմանափակումներու, քարոզչական-ցուցական աշխատանք տանելու, ազերիական ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարելու, դրամահաւաքի ու մարդասիրական օժանդակութիւններ ապահովելու եւ այլ խնդիրներու մասին: Այս քննարկումներուն հիման վրայ խումբերը յառաջիկայի համար առաջարկներ ներկայացուցին, որոնք հիմնականին մէջ կը վերաբերէին` տեղեկութիւններու միասնական շտեմարան ստեղծելու (database), Եւրոպայի հայկական կազմակերպութիւններուն միջեւ հորիզոնական կապ եւ տեղեկութիւններու արագ փոխանակման առցանց հարթակ ստեղծելու, յառաջիկայի քարոզարշաւները համակարգելու, տեղւոյն քաղաքական կեանքին առաւել մասնակից դառնալու, եւրոպական երկիրներուն մէջ ապրող այլ փոքրամասնութիւններու հետ համագործակցելու, թուրքերու եւ ազերիներուն գործունէութիւնը լրջօրէն հետապնդելու եւ անոնց ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարելու, եւրոպական հասարակութեան մօտ հայկական հարցերու գծով մնայուն քարոզչական աշխատանք տանելու, տեղական կառավարական ու ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ճամբով հայանպաստ որոշումներու հասնելու, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի անսակարկելիութիւնը հանրայնացնելու եւ անոր միջազգային ճանաչման նպաստելու, ինչպէս նաեւ` Եւրոպա-Հայաստան յարաբերութիւնները բարելաւելու:
Դասընթացքի պաշտօնական փակումը կատարելու համար ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ շնորհաւորեց ներկաները իրենց մասնակցութեան համար, անդրադարձաւ Հայ դատի աշխատանքներու հիմնական չորս ուղղութիւններուն (Հայաստանի հզօրացում, արցախեան հիմնադրի կարգաւորում եւ անկախութեան ճանաչում, Հայոց ցեղասպանութեան Միջազգային ճանաչում եւ հետեւանքներու վերացում, սփիւռքի կազմակերպում եւ սփիւռք-Հայաստան կապերու ամրագրում): Ան մաղթեց, որ դասընթացքի մասնակից երիտասարդները աներեր ու վճռականօրէն շարունակեն իրենց աշխատանքը Եւրոպայի մէջ, նորարար ըլլան, չյուսահատին եւ հաւատան, որ միասնական ջանքերով հայ ժողովուրդը պիտի կարենայ այս օրերու ծանր ճգնաժամէն դուրս գալ ու վերականգնիլ:
Եւրոպայի 13 երկիրներէ հաւաքուած աւելի քան 80 երիտասարդներ չորս օրերու ընթացքին առիթը ունեցան գիտական մօտեցումով 18 մասնագէտ դասախօս-զեկուցաբերներէ ներկայ օրերու հիմնական գերխնդիրներուն մասին սորվելու, համապատասխան գիտելիքներ, տեղեկութիւններ եւ վերլուծութիւններ ձեռք ձգելու, անոնց հետ քննարկումներ եւ կարծիքներու փոխանակումներ ընելու: Դասախօս-զեկուցաբերներու կողքին, մասնակիցները 10 փորձառու զրուցավարներու հետ արժեւորեցին մինչ օրս տարուող աշխատանքները եւ այդ արժեւորման հիման վրայ նոր ծրագիրներ առաջարկեցին, որոնք համադրաբար Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին ու մնացեալ յանձնախումբերուն հետ, շուտով կարելի է կեանքի կոչել:
HAYTADOLOGY II խտացեալ առցանց դասընթացքը աւարտեցաւ ապագային յաճախ կրկնելու նպատակադրութեամբ ու յուսադրող դրական մթնոլորտի մէջ:
22 փետրուար 2021-ին Եւրոպայի 12 երկիրներէ հաւաքուած 80 երիտասարդներ առիթը ունեցան լսելու, սորվելու եւ քննարկելու արցախեան վերջին պատերազմի լոյսին տակ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տիրող ժողովրդագրական, ապահովական, մարդասիրական, տնտեսական, սահմանային, մարդու իրաւունքներու խնդիրներու հետ կապուած իրավիճակները, ինչպէս նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու նոր ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու փոխակապակցութիւնն ու գործընթացները:
Այսպէս, առաջին նիստի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ Անգլիոյ Ուէսթմինիսթըր համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն փրոֆ. Տիպիէշ Անանտ եւ մանրամասնօրէն ներկայացուց` ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը` որպէս մարդկային տարրական իրաւունք, անոր սահմանումը, նախադրեալներն ու բաղադրիչները եւ յստակօրէն ընդգծեց, որ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն հաստատելու համար Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութիւնը անառարկելի ու անքննարկելի նախապայման է: Ան շեշտեց, որ հայութիւնն ու Հայաստանը պէտք չէ յուսահատին, այլ պատրաստուին, զարգանան, կառչին իրենց մշակութային ժառանգութեան եւ ինքնութեան կերտումին, որպէսզի աշխարհաքաղաքական յարմար պահուն Արցախի ժողովուրդը կարենայ իր ազգային ինքնորոշման իրաւունքը կեանքի կոչել:
Փրոֆ. Տիպիէշի շահեկան ու ոգեւորիչ ելոյթէն ետք հանդէս եկաւ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, որ ուղղակի Արցախէն առցանց միանալով երիտասարդներուն հետ` ներկայացուց Արցախի մէջ տիրող այսօրուան վիճակը` բնակչութեան թիւ, տեղահանուածներու դժուարութիւններ, ապահովական եւ անվտանգութեան մարտահրաւէրներ, ապագայի եւ Արցախի կարգավիճակի նկատմամբ տիրող անորոշութիւն, մարդկային, հողային, նիւթական ու մշակութային ժառանգութեան կորուստներու ծաւալ, տնտեսական, արդիւնաբերական եւ ուժանիւթային ոլորտի խնդիրներ, ռուս խաղաղապահ ուժերու գործունէութիւն եւ ռուսերէնը Արցախի պաշտօնական լեզու դարձնելու քննարկումներ:
Յաջորդ զեկուցաբերն էր Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան (ՄԻՊ) Արման Թաթոյեանը, որ հանգամանալից ներկայացուց պատերազմէն ետք Հայաստանի ու Արցախի մէջ տիրող մարդկային իրաւանց գերխնդիրները: Ան իր խօսքին սկիզբը հաստատեց, որ բազմաթիւ հիմքեր եւ փաստեր կան եզրակացնելու, որ Ազրպէյճանի շղթայազերծած վերջին պատերազմը էթնիկ զտումներու եւ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւն կը հետապնդէր: Ան խօսեցաւ մարդկային իրաւանց կոպիտ խախտումներուն` կեանքի, ունեցուածքի, ապահովութեան, սահմանային գօտիներուն մէջ մինչ օրս տեղի ունեցող ապահովական դէպքերուն, անօրինական սահմանագծումներու առթիւ քաղաքացիներու տարրական իրաւունքներու ոտնահարման մասին, ինչպէս նաեւ` ռազմագերիներու վերադարձին համար տարուած աշխատանքներուն մասին: ՄԻՊ-ը մանրամասնօրէն ներկայացուց նաեւ Ազրպէյճանի գործած պատերազմական ոճիրներու եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու մասին իրենց կատարած փաստահաւաքի աշխատանքներն ու հրատարակուած զեկոյցները, որոնք ուղղուած են մարդկային իրաւանց միջազգային ու եւրոպական կազմակերպութիւններու եւ Եւրոպայի Մարդու իրաւունքներու դատարանին:
Առաջին նիստի վերջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդր. վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեանը, որ ներկայացուց պատերազմի օրերուն եւ անկէ ետք Արցախի ու Հայաստանի մէջ ՀՕՄ-ի ձեռնարկած մարդասիրական ու վերականգնողական ծրագիրներուն ու յստակ թիւեր ու տուեալներ փոխանցեց: Բուժօգնութեան, վերականգնողական ծրագիրներու նպաստելու, տեղահանուած ընտանիքներու ամսական նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու կողքին, ՀՕՄ-ը նաեւ զոհուած հերոսներու զաւակներուն յատուկ ծրագիր կը գործադրէ: Աւելի՛ն. Տէրտէրեան նշեց, որ նախքան պատերազմը` ՀՕՄ-ի Արցախի մէջ գործող 8 մանկապարտէզներէն չորսը անցած է թշնամիին, եւ այսօր միայն չորս մանկապարտէզներ կը գործեն ու ձրիաբար իրենց դռները բացած են Արցախի մանուկներուն համար: Տէրտէրեան նաեւ այլ զարմանալի ու դատապարտելի երեւոյթի մը անդրադարձաւ, որ կը վերաբերէր Հայաստան առաքուած մարդասիրական օժանդակութիւնները մաքսազերծելու գործընթացին: Ըստ անոր, մինչ օրս Հայաստանի մաքսատան մէջ նոյեմբեր 2020-էն Հայաստան հասած մարդասիրական օժանդակութիւններ կան, ու բազմաթիւ այլ օժանդակութիւններ տակաւին մաքսազերծումի կը կարօտին, եւ իշխանութիւնները դժուարութիւններ կը յարուցեն ու դանդաղութեամբ կը շարժին:
Դասընթացքի երկրորդ նիստը նուիրուած էր «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը որպէս երաշխիք` կանխարգիլելու նոր ցեղասպանութիւններ» նիւթին: Դասախօսներն էին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի նախկին տնօրէն, պատմաբան Հայկ Դեմոյեանն ու Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեանը: Երկու դասախօսները իրենց ելոյթին մէջ, որպէս հիմնական նախապայման Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ապահովելու եւ նորերը կանխարգիլելու, Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացումն ու կայունութիւնը նկատեցին: Անոնք շեշտեցին, որ անհրաժեշտ է ջրել Ազրպէյճանի այն քննարկումները, որ վերջին պատերազմը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու համար մղուած պատերազմ էր, այլ պէտք է ամէն տեղ բարձրաձայնել, որ պատերազմը յստակ շարունակութիւնն էր Հայոց ցեղասպանութեան եւ ցեղային մաքրագործումներու քաղաքականութեան, որ անմիջականօրէն կատարուեցաւ Թուրքիոյ ու վարձկան ահաբեկչական կառոյցներու ներգրաւումով: Ըստ Դեմոյեանի, միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ շատ վտանգաւոր նոր երեւոյթ մը արձանագրուեցաւ, երբ երկու պետութիւններ, այս պարագային` Թուրքիան ու Ազրպէյճանը, որոնք միջազգային օրէնքի ենթակայ են, անմիջականօրէն օգտագործեցին ահաբեկչական կառոյցներ` տարածքային հարց լուծելու, այսինքն մենք գործ ունէինք ահաբեկչական պատերազմի հետ: Դեմոյեան նաեւ առաջարկեց, որ շատ կարեւոր է փանթրքութեան, նացիականութեան եւ պոլշեւիզմի նման, անցանկալի ու դատապարտելի գաղափարախօսութիւններու ցանկին դասելու համար լուրջ աշխատանք տանիլ միջազգային հարթակներու վրայ: Ան նաեւ կը հաւատայ, որ առանց Հայաստանի ու սփիւռքի համատեղ գործակցութեան ու ջանքերուն` անհնար է հասնիլ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու նորերը կանխարգիլել. առ այդ, շատ կարեւոր է, որ հայութեան ներուժի իսկական գնահատում կատարուի եւ հնարաւորութիւններու համադրումով դուրս գալ առկայ ծանր ճգնաժամէն: Համբարեան իր կարգին խօսեցաւ, թէ, հակառակ անոր որ վերջին եօթանասուն տարիներուն Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման, հետեւանքներու վերացման ու կանխարգիլման ճարտարագիտութիւնը միջազգային օրէնքին ու ընտանիքին կողմէ զարգացաւ, սակայն անոր գործադրութիւնը մինչ օրս գերի կը մնայ աշխարհաքաղաքական շահարկումներու եւ հաշիւներու: Ան խօսեցաւ նաեւ Ամերիկայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Պայտընի իշխանութեան այս գծով որդեգրելիք ուղղութեան, եւ կարծիք յայտնեց, թէ դժուար է պատկերացնել, որ Ամերիկան իր կեցուածքն ու քաղաքականութիւնը փոխէ Թուրքիոյ նկատմամբ` նկատի առած երկու պետութիւններուն միջեւ առկայ ռազմավարական յարաբերութիւնները: Իրենց խօսքերու աւարտին երկու դասախօսները յստակօրէն շեշտեցին, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը անմիջականօրէն կապուած է արցախեան հիմնախնդրին, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ազգային ու պետական անվտանգութեան հետ, եւ կարելի ու ընդունելի չէ հրաժարիլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու նորերը կանխարգիլելու գործընթացներէն:
26 փետրուար 2021-ի առաջին նիստի վերնագիրն էր «Եւրոպաի դերը` արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման եւ Եւրոպա-Հայաստան յարաբերութիւններու բարելաւման մէջ»: Նիստի զեկուցաբերներն էին` Եւրոխորհրդարանի անդամ Քոսթաս Մաւրիտեսը, Եւրոմիութեան մօտ Հայաստանի դեսպան Աննա Աղաճանեանը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը: Նիստի զրուցավարն էր Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էվինեանը: Նիստի աւարտին դասընթացքի մասնակիցները օժտուեցան համապատասխան մասնագիտական տեղեկութիւններով ու վերլուծութիւններով, որոնք վստահաբար կը նպաստեն յառաջիկային Եւրոպայի մէջ հայութեան, Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ որոշումներ եւ գործընթացներ որդեգրելու աշխատանքներուն:
Դասընթացքի երկրորդ բաժինով մասնակիցները եօթը առցանց աշխատանոցներու բաժնուեցան քննարկելու համար հետեւեալ թեման` «Արցախեան պատերազմի օրերուն եւրոպահայութեան գործունէութիւնը. զօրաշարժի ջանքեր, մարտահրաւէրներ, քաղուած դասեր ու ապագայի ծրագիրներ»: