Անդրադարձ

Յակոբ Օշականը Հասանելի` Ժամանակակից Եւ Մատչելի Ձեւաչափով

Յակոբ Օշականը Հասանելի` Ժամանակակից Եւ Մատչելի Ձեւաչափով

«Գալուստ Կիւլպէնկեան»  հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը, համագործակցելով Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանին հետ, ուրախ է յայտարարելու, որ այժմ արեւմտահայ գրականութեան հսկաներէն Յակոբ Օշականի տպագիր հիմնական ժառանգութիւնը ամբողջութեամբ հասանելի է առցանց` բաց եւ անվճար ձեւաչափով: Այս համագործակցութիւնը կը միտի քայլ պահելու թուային եւ արհեստագիտական աշխարհին հետ` հաշուի առնելով հասանելիութեան անհրաժեշտութիւնը: Ծրագիրին հիմնական նպատակներէն է այս հարստութիւնը եւ հաւաքական ժառանգութիւնը տրամադրելի...

«Աշխարհի Բոլոր Երկիրները Լիբանանը  Կը Նկատեն Կտոր Մը Հող` Նպատակադրելով  Բաժնուիլ Անոր Բարիքները»  Յայտնեց Յակոբ Բագրատունի

Արտօնուեցաւ Կազմել Նոր Կառավարութիւն

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Եւ վերջապէս, տրուեցաւ որոշումը, կազմուեցաւ նոր կառավարութիւն: 13 ամսուան անձկալի սպասումէ ետք, 2 նշանակեալ վարչապետներու հրաժարումէն ետք, Նեժիպ Միքաթի կազմեց կառավարութիւն մը, որ նուազագոյն ակնկալութեամբ համեստ յոյսեր պիտի ներշնչէ բազմաչարչար լիբանանցի քաղաքացիին: Անկախ ներքին, ներլիբանանեան պարանաձգութենէն, իրաւասութիւններու քաշկռտուքէն, բարձր առաստաղներու պահանջէն եւ յատկանիշներու ճշդումէն, փաստօրէն Լիբանանին արտօնուեցաւ արտաքին ուժերու կողմէ արգելքներու վերացումով եւ ազդանշանի փոխանցումով, որ կարելի է...

Սթափելու Ժամանակը

Վերջապէս… Նոր Կառավարութիւն

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Լիբանանի ահագնացող տագնապը լուծման ճանապարհի սեմը կրցաւ թեւակոխել վերջապէս: Հիմքով քաղաքակա՞ն, թէ՞ աշխարհաքաղաքական, տագնապը, արտաքին որոշողներու ու ներքին գործադրողներու պարտադրանքով վերաճեցաւ տնտեսականի, ապա ընկերայինի, ի վերջոյ յանգելու համար պետութեան կառոյցներու գրեթէ ամբողջական ամլացումին: Լիբանանեան թղթոսկիի գահավէժ արժեզրկումը, պետական նպաստներու ցամքումը յառաջացուցին համատարած աղքատութիւն եւ երկրի տնտեսական կեանքի կասեցում: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին յաջորդած կառավարութեան հրաժարականէն տասներեք ամիս ետք, վարչապետ...

Սովորութեան Մը Գոյատեւումը

Սովորութեան Մը Գոյատեւումը

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Նկատի ունենալով, որ արհեստով սափրիչ էր, իր արձակուրդը երկուշաբթի օրն էր, ու իր տան պէտք եղած բոլոր գործերը այդ օրը կ՛ընէր: Առտուընէ մինչեւ երեկոյեան կանուխ ժամերը «մարաթոն» մը կ՛ապրէր. ջուրի ու ելեկտրականութեան հաշիւներ կը փակէր, տան ու խանութի շաբթուան պիտոյքներու գնումները կ՛ընէր, քանի մը բարեկամ կը տեսնէր: Խօսքը քեռիիս մասին է: Մեծ հօրս արհեստը ժառանգելով` ան շարունակեց իր...

Տառադարձութիւն

Հայրենի Յուշեր (19)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Նիկոլ Աղբալեան - Աղբալեանին  ճանաչե՞լ ես,- հարցուց` քիչ մը շփոթի մատնելով զիս, որովհետեւ վերջին հարցումն է, որ կրնայի ակնկալել իրմէ` այն հոգեվիճակին մէջ, ուր կը գտնուէր` յիշելով աքսորի ու գնդակահարութեան տարիները: - Ո՛չ,- պատասխանեցի,- դժուար թէ իմ տեղս ուրիշ մը կարենար յիշել զինք. նուազագոյն գաղափարն իսկ  չեմ ունեցած իր մասին. ո՛չ տարիքս կը ներէր, ո՛չ ալ այն միջավայրը,...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Թմբիրէն Դուրս Գալու Հրամայականը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Թմբիրէն Դուրս Գալու Հրամայականը

Թմբիրի մէջ ենք: Այլ ձեւով կարելի չէ բացատրել ներկայ իրավիճակը` ընդհանրապէս կովկասեան բարձրաւանդակին մէջ, հայորդիին աչքով դիտուած: Կը դժուարանանք թմբիրի փոխարէն գործածել մահաքուն բառը: Սակայն եթէ չկարենանք սթափիլ եւ առանց ակնթարթ մ’իսկ կորսնցնելու գործի լծուիլ, հետեւանքը պիտի ըլլայ մատնուիլ անյոյս վիճակի: Միայն կովկասեան բարձրաւանդակին մէջ չէ, որ ռազմաքաղաքական անցուդարձերը հերթական դրութեամբ նոր իրավիճակներ կը ստեղծեն, որովհետեւ Աֆղանիստանէն Արեւմուտքի դաշնակիցներուն հապճեպ...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ. Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Թ. Հայկազեանի Հրթիռները

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ 1964-ի ամրան` յուլիսին կը պատահի Հայկազեանի հրթիռային ակումբի աշխատանքներուն առաջին ու միակ մարդկային լուրջ արկածը: Հրթիռներու ակումբին նախագահը` Հրայր Սահակեան, քոլեճին հինգերորդ յարկի բնագիտութեան տարրալուծարանին մէջ աւելի ազդու, նոր վառելանիւթ մը կը պատրաստէր, որ կը պարունակէր կալիոմի աղ (potassium perchlorate KClO4), խիստ օքսիտացնող դիւրավառ քիմիական նիւթ մը: Հրթիռի վառելանիւթերը, նաեւ պայթուցիկներ եւ ռումբեր, որոնք մետաղէ գոց պատեանի մէջ...

Այնճարը Համահայկական Արժէք Է,  Եւ Անոր Հայեցի Դիմագիծի  Պահպանումը` Առաջնահերթութիւն

Այնճարը Համահայկական Արժէք Է, Եւ Անոր Հայեցի Դիմագիծի Պահպանումը` Առաջնահերթութիւն

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Բովանդակ հայութեան եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ համայնքի ապրած ճակատագրորոշ այս փուլին, Մուսա լերան 106-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 82-ամեակի նշումը ժամանակակից խորիմաստ նոր պատգամներով եւ մտածումներով կը ներկայանայ մեզի: Մուսա լերան ժողովուրդին ցուցաբերած համաժողովրդային դիմադրութիւնը, կերտած հերոսապատումը եւ այնճարահայութեան լինելու ու արարելու կամքը, հայոց պատմութեան բոլոր փուլերուն եւ յատկապէս ներկայ ժամանակներուն կը պահեն իրենց պատմադրոշմ վեհ ու նշանակալից...

Նոր Մահացած Այնճարցի Արուեստագէտներու` Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի, Տոքթ. Արթօ Նիքոլեանի Եւ Վրէժ Թասլաքեանի Գեղանկարչական Գործերու Ցուցահանդէս

Նոր Մահացած Այնճարցի Արուեստագէտներու` Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի, Տոքթ. Արթօ Նիքոլեանի Եւ Վրէժ Թասլաքեանի Գեղանկարչական Գործերու Ցուցահանդէս

Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին եւ գործակցաբար «Այնճար արթ կելըրի»-ին, հինգշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մուսալեռցի նորոգ հանգուցեալ արուեստագէտներու` Յարութիւն վրդ. Պզտիկեանի, տոքթ. Արթօ Նիքոլեանի եւ Վրէժ Թասլաքեանի յիշատակին գեղանկարչական ցուցահանդէսը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քենտիրճեանը, որ Համազգայինի...

Յոյս Կա՞յ. Այո՛, Կայ.  Փանոս Քէշիշեանի Օրինակը

Յոյս Կա՞յ. Այո՛, Կայ. Փանոս Քէշիշեանի Օրինակը

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք անբացատրելի հոգեվիճակի մէջ յայտնուած է հայութիւնը սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ: Կորսնցնելով ճակատամարտը (ոչ պատերազմը), թշնամիին զիջելով լայն հողատարածքներ մեր պապենական հողերէն եւ տալով հազարաւոր նահատակներ ու վիրաւորներ (չմոռնանք մեր պատերազմական գերիները), հայութիւնը, մեղմ ըսած, կքած է: Միջին Արեւելքի մեր գաղութներն ալ կը գտնուին ճգնաժամային վիճակի մէջ: Ամէն մարդ փնտռտուքի մէջ է. ուրկէ՞ կարելի է...

Անցեալի Պայծառ Յուշերու Տուրք Տալով.  Լիբանանի Աղէտի Յաղթահարման Համար  Տարբեր Խօսք

Անցեալի Պայծառ Յուշերու Տուրք Տալով. Լիբանանի Աղէտի Յաղթահարման Համար Տարբեր Խօսք

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ան, որ տեսակ մը ալշիմիով գիտէ իր սրտէն արտահանել` վշտակցութիւն, յարգանք, կարիք, համբերութիւն, զղջում, անակնկալ եւ ներողամտութիւն, զանոնք միասնաբար ձուլելու համար, կը ստեղծէ այն հիւլէն, զոր կը կոչենք սէր: ԺԸՊՐԱՆ ԽԱԼԻԼ ԺԸՊՐԱՆ (1883-1931) Լիբանանցի բանաստեղծ Ով որ ճանչցած է Լիբանանը, այսօր չի կրնար տագնապով եւ սրտի ցաւով չհետեւիլ Լիբանանի փլուզման: Լիբանանցին եւ Լիբանանը սիրողներն ու ճանչցողները անզօրութեան զգացումով...

Լիբանանահայ Տուտուկահարի Մը Փորձառութիւնը Կիպրոսի Մէջ Տեղի Ունեցած Միջարաբական Երաժշտական Ծրագիրին

Լիբանանահայ Տուտուկահարի Մը Փորձառութիւնը Կիպրոսի Մէջ Տեղի Ունեցած Միջարաբական Երաժշտական Ծրագիրին

ՐԱՖՖԻ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ Իբրեւ տուտուկահար` անպայման ուզեցի գրել Կիպրոսի մէջ արաբ երաժշտական կազմին հետ ունեցած երկշաբաթեայ փորձառութեանս մասին: Պատմական Տարիներէ ի վեր կը փնտռէի երաժշտական կազմակերպութիւն մը, որ ի մի կը բերէ հայ երաժիշտներ, որոնք կը նուագեն հայկական ժողովրդական երաժշտական նուագարաններ, միասին փորձեր կ՛ընեն եւ  իրենց երաժշտական ծրագիրով հանրային ելոյթներ կ՛ունենան: Սակայն բաւական երկար փնտռելէ ետք չգտայ Սփիւռքի մէջ նման ծրագիր...

Ակնարկ.   Քաղաքացիներու Իրաւունքներու  Պաշտպաններն Ու Քաղաքացիները  Ստորացնողները

Ակնարկ. Քաղաքացիներու Իրաւունքներու Պաշտպաններն Ու Քաղաքացիները Ստորացնողները

Լիբանանի դէմ կիրարկուող ֆինանսական եւ տնտեսական պաշարումը կը շարունակուի մեծ հաշուով: Վառելանիւթէն դեղորայք, սննդեղէնէն մինչեւ հիւանդանոցային ծառայութիւններու խիստ սահմանափակում` քաղաքացիներու ստորացման շարքերը կը խտացնեն անորոշ ձգելով փակուղիէն դուրս գալու որեւէ հնարաւորութեան գոյացումի ճակատագիրը: Խաբուսիկ լաւատեսութեան լուրեր, կարճատեւ  հանգրուանային լուծումներու փորձեր որեւէ ձեւով լոյս չեն սփռեր իրավիճակի փոփոխութեան տանող ճանապարհներուն վրայ: Բնական է, որ զանգուածային ցասումը, յուսահատական մթնոլորտի տարածումը եւ մանաւանդ...

Լիբանանահայութեան Բարեսիրական Կառոյցներու Հարուստ Կենսափորձը

Լիբանանահայութեան Բարեսիրական Կառոյցներու Հարուստ Կենսափորձը

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման օրերէն լիբանանահայ համայնքին մէջ բարեգործական առաքելութիւնը միշտ ալ եղած է առկայ: Գաղութի կարիքները հոգալու եւ ժողովուրդի առօրեայ հարցերուն ու տագնապներուն միշտ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու մտածողութիւնը եղած է տիրապետող, եւ այս մէկը իւրայատուկ նկարագիր տուած է մեր համայնքին: Շատ բան պիտի պակսէր լիբանանահայ գաղութի ընդհանուր գործընթացէն, եթէ երբեք այդ կառոյցները մեր հաւաքական կեանքէն ներս չկատարէին իրենց վստահուած...

Բզեզի Պատմութեան Կրկնութի՞ւնը, Թէ՞ Աւելին

Բզեզի Պատմութեան Կրկնութի՞ւնը, Թէ՞ Աւելին

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի 8 սեպտեմբերին Թիֆլիսի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Թիֆլիս պատրաստ է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ միջնորդի դեր ստանձնելու, ներառեալ` գերիներու վերադարձի հարցին մէջ» եւ յիշեցուց 13 յունիսին Ազրպէյճանի մէջ պահուող 15 հայ գերիներու Վրաստանի ճամբով Հայաստան վերադառնալու մասին: Ղարիպաշվիլի օրին յայտարարած էր, որ հայ գերիները ազատ արձակուած են «իմ գործօն օժանդակութեամբ...

Բանաստեղծին, Որ Փառաւորեց Հայ Գրականութիւնը Եւ Աստուած Փառաւորուեցաւ Իրմով

Ազգային Հասարակաց Շահ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Երկրատուր պատուիրակը` Մարի Ռոզ Ապուսէֆեան, անյապաղ ու անվարան ներկայացնող ծովամոյն եղող նաւը, որ «Լերան վրայ էր»: Թայթենիքի նման, որ երբ կը սուզուէր, նուագախումբը կը նուագէր: Նինուէի նման, ուր առօրեայ ցնծութիւն էր, երբ յանկարծ ահադղիրդ անշարժացաւ, քարացաւ քաղաքը` իր «պարիսպներով», ասուններով եւ անասուններով: Մեր սրբազան երկիրը ցնծութեան մէջ չէ հարկաւ: Բայց տարօրինակ, ոչ բացայայտ լռութեան մը մէջ թաթախուած է...

Հայրենիք, Հայրենիքներ, Մարդիկ Եւ Հայը

Ո՞ւր Կը Տանինք Հայաստանը. Հանդիսատես Ե՞նք, Թէ Դերակատար

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հայաստան 44-օրեայ կոչուած պատերազմէն դուրս եկաւ պարտութեամբ, որուն հետեւանքները կարծէք չեն մտահոգեր ո՛չ Հայաստանի վերնախաւը, որոշողները, ո՛չ ալ ժողովուրդը:Ընդհանրապէս կեանքի դժուարութիւնները ողջախոհութեամբ ճիշդ կը գնահատուին ժողովուրդներու կողմէ, կացութիւնները ըստ արժանւոյն կը դատուին, անոնք ըստ այնմ կը դիրքորոշուին եւ կը գործեն: Հայաստան երանութեան մէջ է, ինչպէս կ՛ըսեն` էյֆորիա... Ցարդ ոչ ոք ուզեց քննել պարտութիւնը եւ անոր բազմերես հետեւանքներէն բխող...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ակնարկ. Աֆղանիստան. Նորացուած Հին Տագնապ Մը Եւ Թաքուն Ծալքեր

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր Աֆղանիստանի իրադարձութիւնները կը գրաւեն միջազգային լրատու միջոցներուն «առիւծի բաժինը», իսկ լուրերուն ընկերացող զիրար հակասող մեկնաբանութիւնները իսկապէս որ գլխու պտոյտ կը պատճառեն: Խորքին մէջ Աֆղանիստանը մամլոյ աղբիւրներու եւ միջազգային քաղաքական բեմին վրայ իր «պատուոյ տեղը» ունի... աւելի քան 40 տարիէ ի վեր (նկատի ունինք միայն նորագոյն պատմութիւնը), սկսեալ այն օրերէն, երբ խորհրդային բանակը...

Արեւմտեան Հայաստանի Դատը Մոռնալու Էրտողանեան Նախապայման Մը

Արեւմտեան Հայաստանի Դատը Մոռնալու Էրտողանեան Նախապայման Մը

Ա. Ա. Արցախեան երկրորդ պատերազմէն շուրջ չորս ամիս առաջ Անգարայի մէջ գումարուեցաւ Թուրքիոյ պետական բարձրագոյն խորհուրդին նիստը, որուն ընթացքին, ինչպէս յայտարարեց Ռեճեփ Էրտողան, քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար գործող հայկական լոպիինկին դէմ դնելու միջոցները եւ քայլերը: Ապա պայթեցաւ արցախեան երկրորդ պատերազմը, որ աւարտեցաւ հայկական կողմին պարտութեամբ: Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն մասնակցութեամբ Պաքուի մէջ կայացած «յաղթանակի փառատօն»-ին ընթացքին արտասանած իր...

Էրտողանեան Ծրագիրներն Ու Փորձերը Կովկասը Թրքացնելու , Թուրանական  Կայսրութեան Հիմնաքար Դարձնելու Ալիեւի Հետ

Էրտողանեան Ծրագիրներն Ու Փորձերը Կովկասը Թրքացնելու , Թուրանական Կայսրութեան Հիմնաքար Դարձնելու Ալիեւի Հետ

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ Թուրքիոյ ինքնակոչ «սուլթան» Էրտողանի ծրագիրներն ու անզուսպ տենչանքը` ընդլայնելու թրքական ազդեցութիւնը Կովկասի մէջ, պիտի յանգին ռազմավարական հաւասարակշռութեան խախտման` տարածաշրջանին մէջ: Անիկա պիտի առաջնորդէ աւելի մեծ խառնաշփոթի` մտահոգութիւն պատճառելով Ռուսիոյ եւ Իրանի: Անոնք ստիպուած պիտի ըլլան պատասխանելու թրքական ծաւալապաշտութեան եւ թուրք-ազերի ռազմական համագործակցութեան` երկկողմ դաշինքով, ռազմավարական համաձայնագրի ստորագրութեամբ, անցեալ 15 յունիս 2021-ին: Այսինքն թրքական դերին ընդլայնումը կու գայ ռազմականացնելու...

Page 306 of 807 1 … 305 306 307 … 807

Արխիւներ