Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրաժեշտի Խօսք (Յովհաննէս Աբրահամեանի Յիշատակին)

Մայիս 21, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀԱԳՆ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Քանի մը տարի առաջ, յունիս 21-ի ուշ երեկոյեան, եղբայրս` Վարագը, որ այժմ Կիպրոս կ՛ապրի, հեռաձայնած էր Յովհաննէս քեռիիս տարեդարձը շնորհաւորելու, մինչ ես ու մայրս եղբօրմէս քիչ մը առաջ հեռաձայնած էինք անոր: Մեր Յովհաննէս քեռին, այսպիսի պարզ խօսակցութիւններու եւ ձեւակերպութիւններու շատ համբերութիւն չունենալով` պատասխանած էր. «Ի՞նչ է ամէնքդ ալ կը հեռաձայնէք, ի՞նչ կայ»: Վստահ եմ, եթէ կարենար ճիշդ հիմա մեզ տեսնել, հետեւեալ արտայայտութիւնը պիտի ունենար` «Ի՞նչ եղաւ, որ բոլորդ հոս հաւաքուած էք»:

Իրականութիւն է, որ որոշ կեանք ու տարբեր տեղեր ապրած մարդիկ, ինչպէս էր Յովհաննէս քեռիին պարագան, մէկ անձնաւորութիւն չէր մարմնաւորեր, այլ` քանի մը: Այս պահուս հաւանաբար իւրաքանչիւրս կը յիշենք անոր տարբերակները Այնճարի կամ Պէյրութի, եւ կամ Աթէնքի ու Նիւ Ճըրզիի մէջ: Մօրս եւ Թամարին մօրեղբայր դառնալէ առաջ եւ ետք:

Այսօր, սակայն, կը փափաքիմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել երկուշաբթի օրէն սկսեալ իմ մտածած այն մի՛ակ մարդուն մասին, որ աներկբայ կը կոչեմ արուեստագէտ-բանաստեղծ Յովհաննէս Աբրահամեան: Ան միակ մարդն էր, զոր ես երբեւիցէ ճանչցած եմ, որ լրիւ տիրապետած, իւրացուցած ու տէրն էր Հոմերոսի «Իլիական»-ին եւ «Ոդիսական»-ին հայերէն թարգմանութեան: Ան այն մարդն էր, որ իր տունը տրամադրած էր իր բարեկամ-ընկերոջ նկարիչի գործերուն, նոյնիսկ այդ տան մէջ ի՛ր բնակութենէն առաջ, եւ անոր գործերէն հպարտութեամբ կը ցուցադրէր իր սիրելի կնոջ` Յասմիկին հարազատօրէն նկարուած դիմանկարը, եւ որուն սեփական արուեստը կը զարդարէր իմ մանկութեան տունս:

Անկախ անկէ, թէ ի՛նչ փոփոխութիւններ կրած են անոր բնաւորութիւնն ու կեանքը տարիներու ընթացքին, ան միշտ հետամուտ եղած է գեղեցիկին ու իսկականին: Բարձր կը գնահատէր կրթութիւնն ու մտաւոր զարգացումը: Յասմիկ քեռկինիս հետ միասին եւ անմիջական ընտանիքիս կողքին,  անոնք ներկայ եղան իմ ու եղբօրս համալսարանական վկայականներու տուչութեան հանդիսութեանց: 2018-ին, երբ այցելեցի իրեն, պնդեց, որ շատ չանցած` անպայման շարունակեմ ուսումս:

Մէկ տեղ հանգիստ չէր կրնար կենալ, հակառակ անոր որ երբեմն կը դժուարանար հետս քալելու իրենց տան շրջակայքը: Այս բոլորով հանդերձ, ան շատ կը սիրէր ճամբորդել եւ կը խօսէր Հայաստան, Արեւմտահայաստան, Արցախ եւ Պարսկաստան իր կատարած ու կատարելիք այցելութիւններուն մասին, դէպի այն հայկական մշակոյթի ու պատմութեան աղբիւրները, որոնք իր բոլոր շքեղութեամբ` Նիւ Ճըրզին չէր կրցած իրեն հրամցնել:

Աբրահամեան ընտանիքի տղաքը երկու տեսակի են` արուեստագէտ կամ զինուորական: Յովհաննէս քեռիս անկասկած առաջին տեսակին կը պատկանէր, սակայն մայր հայրենիք կատարած իր քանի մը այցելութիւններուն ընթացքին հաւանաբար կը ցանկար յարմար առիթը գտնել նուիրուելու եւ մասնակցելու ազատագրական պայքարի համար մղուած մարտերուն, բան մը, որ անմահական էր իրեն համար: Ի վերջոյ, ան ամբողջ կեանք մը բացարձակապէս անձնական ու անհատական մարտեր մղած էր:

Զինք ուշ ճանչցած եմ, առաջին անգամ հաւանաբար 2004-ին, երբ ան յաղթական դուրս եկած էր իր պայքարի ընթացքին եւ կը գտնուէր իմաստութեան գագաթնակէտին, իր զուարթախօսութեամբ եւ կեանքի հանդէպ ունեցած իր դրական մօտեցումով:

Ես անձամբ պիտի շարունակեմ յիշել այն տեսակի մարդը, որ անդրադարձաւ, թէ արժանի է իր արուեստը յաւերժացնելու` թուղթին յանձնելով հետեւեալ տողերը.

Ափ մը հող
ձեռքերուս մէջ դարձած կրակ
Ափ մը հող
որուն բոցերէն դուրս կը սլանայ
յաղթանակի կարօտով հոգիս երիտասարդ:

Յիշատակդ  անթառամ` Յովհաննէս քեռի: Լոյս` հոգւոյդ:

 

 

Նախորդը

Ծառայութեամբ Յատկանշուած Համակ Կեանքը Մը (Տոքթ. Րաֆֆի Նալպանտեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

Կինը Եւ Պատերազմը

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?