ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
Այս օրերուն շատ կը խօսուի, թէ «ընդդիմութեան ծրագիրները ի՞նչ են», եւ կամ` «սա եթէ գնաց, ո՞վ տեղը պիտի գայ»: Ես անձամբ «տեղը ո՞վ պիտի գայ»-ով բնաւ մտահոգ չեմ. մեր ազգային ղեկավարութեան (սփիւռք եւ երկիր) նշաձողը այնքան ցած եղած է, որ մեր համազգային մասնագիտական մարդուժը հանգիստ կարող է թերին ամբողջացնել:
Յետանկախութեան տարիները կարծես ցոյց տուին, որ մեր հասարակութիւնը վարժ եղած է միայն անձեր լսելու, հետեւելու, սիրահարելու եւ կամ անոնցմէ հիասթափուելու: Ընդհանրապէս գաղափարական եւ կամ ազգային ծրագիրին շուրջ կարելի չէ եղած ցարդ ժողովրդային զանգուածը հրահրել:
44 օրուան պատերազմը միայն Փաշինեանի իշխանութեան թերիները չէ, որ յայտնաբերեց, այլ նաեւ` մեր «պետական հաստատութիւններու» թերինները, իսկ պետական հաստատութիւններ հիմնելն ու շարունակաբար կատարելագործելու գործը միայն վարչակարգ փոխելով չէ, որ կ՛իրագործուի, այլ` լուրջ մասնագիտական եւ ֆինանսական ներդրումներով, երկա՜ր տարիներու վրայ. Հայաստանի նման փոքր երկրի մը համար նշաձողը, օրինակ, Սինկափուր քաղաք-պետութեան հաստատութիւններու մակարդակով կարելի է որդեգրել:
Այս օրերուն, երբ կը խօսուի «ինչպիսի՞ Հայաստանի» մասին, խօսքը յաճախ ազգային անվտագութեան բաղադրիչներու մասին է. Ցեղասպանութենէն վերապրած հայը այսօրուան ճգնաժամին մէջ կարծես անհանգիստ է այսօրուան ազգային անվտանգութեան մեր պատրաստակամութեամբ:
Անվտանգութեան ռազմական (այսինքն բանակի) երեսը ազգային անվտանգութեան կարեւոր, բայց ոչ միակ բաղադրիչն է: Այսօրուան արդիական պետութիւնները ունին անվտանգութեան ուրիշ շատ մը բաղադրիչներ, ներառեալ `
Ռազմական անվտանգութիւն,
Բնապահպանական անվտանգութիւն,
Սնունդի անվտանգութիւն,
Տնտեսական անվտանգութիւն,
Սփիւռքի անվտանգութիւն,
Ուժանիւթի անվտանգութիւն,
Քաղաքական անվտանգութիւն (ընկերային կարգի կայունութիւնը),
Կիպեռնետիկային անվտանգութիւն,
եւ այլն:
Ազգային անվտանգութեան ապահովման ուղղուած միջոցառումներուն մէջ կարելի է ներառել զանազան միջոցներ, օրինակ` դիւանագիտութիւն, տնտեսական ուժ, քաղաքացիական պաշտպանութեան եւ արտակարգ իրավիճակներու նախապատրաստման միջոցառումներ եւ այլն: Պետական հիմնական միջոցառումներ, զորս իրերայաջորդ իշխանութիւններ չկարողացան լրջօրէն հիմնարկապահել:
Այսօր, երբ կը խօսինք թուրք-թաթարական արտաքին վտանգը դիմագրաւելու մասին, Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան մասին, Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան մասին, երկրի սնունդի եւ պարենային անվտանգութեան մասին , դրացի թշնամի երկիրներու ուժի կիրարման եւ ուժի կիրարկման սպառնալիքով սահմանազատման եւ սահմանագծման մասին, անպայման պէտք է վերաբերիլ պինդ անվտանգութեան պետական (այսինքն` փոխուող իշխանական վարչակազմերէ անկախ) հաստատութիւններու մասին. Միայն լուրջ պետական արհեստավարժութամբ, յստակ չափորոշիչներով եւ մարդուժի քաղաքականութիւն ապահովելով մեր այսօրուան անվտանգութեան կառավարման համակարգային ճգնաժամը կարելի կ՛ըլլայ (թերեւս) յաղթահարել:
Ուժեղ Հայաստան կերտելու համար նախ պէտք է ազգը միացնել երկրի անվտանգութեան համակարքը զօրացնելու տեսլականին յանձնառութեան շուրջ. անզիջող քաղաքական կամքով է, որ պէտք է կերտել մեր նահատակներուն վայել հայկական անառիկ բերդը:
Հայ քաղաքական միտքը ազգային անվտանգութեան պատասխանատուութիւնը միայն «կողմերու» վրայ պէտք չէ որ նետէ (նախկիները կամ ներկաները), երբ մեր դիմաց հսկայական գործ ունինք, եւ երբ թշնամի զօրքերը սահմանին կը կուտակուին, երբ երկրի պաշտպանութեան պիւտճէն համայն հայութեան տուրքը պէտք է ըլլայ (ամէն օր), եւ ոչ միայն չքաւորին եւ կամ միայն պատերազմներու ընթացքին:
Բայց եկէք նաեւ ազնուօրէն գիտակցինք, որ ազգի մը անվտանգութեան հարցերու մէջ ոչինչ աւելի վնասակար կրնայ ըլլալ, քան` պարտուած իշխանութիւն մը, որ թոյլ դիրքերէ հրապարակաւ «պարտուողականութիւն» կը քարոզէ իր ընկճուած ժողովուրդին, կեղծ ու պատրանքային խաղաղութեան գործընթացներու անուան տակ` պարտուած իշխանութիւն մը, որ մանաւանդ ձախողած է մեր համազգային մարդուժը ներառել երկիրը յետպատերազմական իր ճգնաժամէն դուրս բերելու մարտահրաւէրին մէջ:
Յոյսով եմ, որ այս օրերու ժողովրդային ընդդիմութեան ցոյցերու պատճառով, միթինկներ եւ մանաւանդ լուրջ քննարկումներ ու հետազօտութիւններ ինքնամաքրման (catharsis) դեր կ՛ունենան յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն: Յաջորդ փուլին Հայաստանին անհրաժեշտ պիտի ըլլայ ոչ թէ միայն ազգային դատարկ լոզունգներով առաջնորդուող վերնախաւ, այլ` անվտանգութեան ոլորտին մէջ լուրջ բարեփոխումներ իրականացնող ազգային համախոհութիւն: Հայաստանի փրկութիւնը եւ ազգային անվտանգութիւնը կախեալ են անկէ, թէ ի՛նչ պիտի ընենք ազգովին յառաջիկայ տարիներուն, եւ ոչ թէ` ի՛նչ պիտի ընեն մեր թշնամիները: Միանգամընդմիշտ պէտք է համոզուինք, որ «օտարին նաւերը հայկական լեռնաշխարհ պիտի չբարձրանան», մենք պիտի ուխտենք ամէն գնով ապահովել մեր տարածքային ամբողջականութիւնը` մեր նահատակներուն վայել ռազմաճարտարարուեստով եւ աննահանջ կամքով: Միայն հզօր ազգային անվտանգութեամբ է, որ խաղաղութեան արշալոյսը օր մը կը բացուի Հայաստան աշխարհին վերեւ:
Ժամանակն է վերակառուցելու մեր ազգային անվտանգութեան շուրջ ներազգային խօսոյթը, միանալու զարգացող ընդդիմութեան շարքերուն եւ ապա նորոգելու մեր քաղաքական վերնախաւը:
Կեցցէ՛ Արցախը, կեցցէ՛ Հայաստանը:
Մնացէ՛ք պինդ: