Անդրադարձ

Մեծ Ղարաքիլիսայի Հերոսամարտի Նշանակութիւնը Եւ Նրա Հերոսները

Մեծ Ղարաքիլիսայի Հերոսամարտի Նշանակութիւնը Եւ Նրա Հերոսները

ԱՐՄԷՆ Ց. ՄԱՐՈՒՔԵԱՆ Պատմական գիտութիւնների դոկտոր, փրոֆեսէօր Ղարաքիլիսայի ճակատամարտը վերջինն էր մայիսեան հերոսամարտերի շարքում, որով եւ վերջակէտ դրուեց թուրք-հայկական պատերազմին, եւ ստորագրուեց Պաթումի հաշտութեան պայմանագիրը: Եթէ Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերով Արարատեան դաշտավայրում ծուարած հայութիւնը փրկուեց անխուսափելի ոչնչացումից, եւ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուեցին հայոց պետականութեան վերականգնման համար, ապա Ղարաքիլիսայի ճակատամարտը, նշուածից բացի, ունէր նաեւ աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն, քանզի դրա շնորհիւ որոշ ժամանակով...

Հայկական Մամուլի Օրուան  Առթիւ (16 Հոկտեմբեր).   Շնորհաւոր Հայկական Մամուլի Օր

28 Մայիս 1918. Սարդարապատի Յաղթանակը Եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հռչակման 104-րդ Տարեդարձը

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ 1917 թուականի Հոկտեմբերեան ռուսական յեղափոխութենէն ետք ռուսական զօրքերը Հայաստանէն քաշուելով` մերկացուցին կովկասեան ճակատը: Փետրուար 1918-ին Վրաստան, Ազրպէյճան եւ Հայաստան միասնաբար կազմեցին Անդրկովկասեան Ժողովրդավարական դաշնակցային  հանրապետութիւնը, սակայն կարճ ժամանակուան ընթացքին այս հանրապետութիւնը քայքայուեցաւ եւ փլաւ: 28 մայիս 1918-ին Հայաստան անկախացաւ ու Երեւանի մէջ հռչակեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Յովհաննէս Քաջազնունի-Իգիթխանեան (30/5/1918-28/5/1919) վարչապետ, իսկ Աւետիք Սահակեան (1/8/1918-5/8/1919) խորհրդարանի նախագահ ընտրուեցան:...

Ակնարկ.   Յետընտրական Տագնապի Խորացում

Ակնարկ. Յետընտրական Տագնապի Խորացում

Խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտէն անմիջապէս ետք կայծակնային մագլցում կ՛ապրի լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումը: Կար այն տեսակէտը, որ կառավարութեան շրջանցումով կատարուող օժանդակութիւններն ու լիբանանեան դրամանիշի համեմատական արժեւորման միտումները իբրեւ ժամկէտ ունէին խորհրդարանական ընտրութիւնները: Դրամանիշի կայունացման  կը նպաստէր շուկայ ներդրուած ստուերային ընտրական արժոյթը. յայտնապէս աստղաբաշխական գումարներ ներմուծուած էին Լիբանան` քուէագնման նպատակներու համար: Հիմա կանգնած է քուէագումարի շրջանառութիւնը: Չի բացառուիր, որ դանդաղի նաեւ ոչ կառավարական...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարցականներ` Ուքրանիոյ Պատերազմին Մասին

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հարցականներ` Ուքրանիոյ Պատերազմին Մասին

ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այս պատերազմը կը նախատեսուէ՞ր: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Նախ եւ առաջ ըսեմ, որ չյայտարարուած պատերազմ է, կամ բախում` Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ, որուն վայրն ու զոհը Ուքրանիան է: Գալով հարցումին, շատ յստակ յայտնի էր պատերազմին գալուստը` նկատի առնելով այն բոլոր ճնշումներն ու սադրանքները Ռուսիոյ դէմ, Արեւմուտքին կողմէն ծրագրուած եւ գործադրուած, որուն վերջին փորձը կատարուեցաւ Ղազախստանի մէջ, ներքին ըմբոստութեամբ մը տապալելու...

Ի Յուշ.  Արսինէին Հանդիպած Ըլլալու Վայելքը

Ի Յուշ. Արսինէին Հանդիպած Ըլլալու Վայելքը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Երբ Վահէ Օշականի մահուան առաջին տարելիցին առիթով հարցազրոյց մը ունեցեր էի իր այրիին` Արսինէին հետ, այս վերջինին իսկ բառերը օգտագործելով գրութեանս իբրեւ խորագիր` դրեր էի «Վահէն ճանչնալու Վայելքը», գլխագիր «Վ»-ով: Հիմա, ընկհ. Արսինէ Ռստիկեան-Օշականի (1942-2022) անժամանակ մահուան ցնցումին ներքեւ, ստիպուած կը զգամ նոյնիմաստ խորագիր մը դնելու այս ակնարկիս, որ դժուարութեամբ կը շարագրեմ: Ուրեմն, Արսինէն ալ գնաց: Գնաց` կարծես լռիկ-մնջիկ,...

Բայց Մենք Հայ Ենք…

Բայց Մենք Հայ Ենք…

ԹԱՄԱՐ Ս. Քանի մը օր առաջ դուստրս` Նարօտը,  Հայաստան մեկնեցաւ Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ջութակի բաժնի 4-րդ տարուան դասընթացքները ամբողջացնելու եւ ամավերջի քննութիւններուն հետ կապուած մանրամասնութիւնները դասաւորելու համար, երկու տարուան ակամայ հեռաւորութենէ մը ետք: Հազիւ հասած Հայաստան` հեռաձայնիս վրայ արդէն ստացայ իր ուղարկած առաջին նկարը... Գուշակեցիք հաւանաբար... կախարդական Արարատը իր սքանչելի պայծառութեամբ... Յանկարծ ահաբեկիչ զանգ մը. «Մա՛մ, վիզա ստանալու արտօնութիւն...

Ընթերցումներ.  Միացեալ Եւ Անկախ Հայաստանի Գաղափարը

Ընթերցումներ. Միացեալ Եւ Անկախ Հայաստանի Գաղափարը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Միւս կողմէ` յաջորդող էջերուն շարժանկարի մը նման կը տեսնենք տարբեր փուլերը Հայաստանի անկախութեան իրողութեան ընկալման թէ՛ ներքին ճակատի վրայ եւ թէ՛ արտաքին: Եւ մէկ կողմէն հոն, Արարատի շուքին, իրողական գոյառումը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ միւս կողմէ` այլ կուսակցութիւններու, նոյնիսկ Դաշնակցութեան մէջ որոշ խմբաւորումներու տարբեր պատկերացումները` միացեալ Հայաստանի կերտումին, անոր ունենալիք տարածքին ու անկախութեան, կամ անոր ընդդիմութեան տեսակէտէն: Բայց իրաւամբ, ինչպէս...

Ակնարկ.  Ինքնորոշման Իրաւունքը` Ուշադրութեան Յանձնելէն Եւ Դերակատարութեան Ճանաչումէն Առաջ

Ակնարկ. Ինքնորոշման Իրաւունքը` Ուշադրութեան Յանձնելէն Եւ Դերակատարութեան Ճանաչումէն Առաջ

Պրիւքսելի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպումէն ետք կատարուած յայտարարութիւնը ըստ էութեան վերստին արծարծած է 9 նոյեմբերի հրադադարի համաձայնութեան 9-րդ կէտը. ամփոփ` տարածաշրջանային ապաշրջափակում: Միջնորդական մրցապայքարը կը շարունակուի Պրիւքսելի եւ Մոսկուայի միջեւ: Յայտարարութեան մէջ Մոսկուայէն հնչած յայտարարութիւններուն ուղղութեամբ հակասութիւն չկայ. տարածաշրջանային ապաշրջափակումը կամ սահմանազատումն ու սահմանագծումը ընդհանուր առաջադրանք է: Խնդիրը ազդեցութիւններու կիրարկման եւ տարածման վրայ կը կեդրոնանայ: Եւրոպական խորհուրդի նախագահին կատարած յայտարարութեան...

Ինչո՞ւ Օտարով Օտարանալ

Կրնաս Տարբեր Ըլլալ, Սակայն Մի՛շտ Հաւասար…

ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ Բոլոր ժամանակներու մէջ եղած են մարդիկ, որոնք կարծած են, որ իրենք են լաւագոյնները աշխարհի, իրենց նմանը չկայ, կարծէք` առանց իրենց աշխարհը կանգ կ՛առնէ: Եւ իսկապէս այսպէս մտածողներ գոյութիւն ունին, որոնց համար զարմանալէ առաջ եւ աւելի` աղօթք պէտք է ընել, որպէսզի Աստուած անոնց աչքերը բանայ, եւ անոնք տեսնեն, որ աշխարհը շատ աւելի լուրջ բաներով կը զբաղի: Այս...

Քանի Դեռ Ուշ Չէ

Քանի Դեռ Ուշ Չէ

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ Դեմոկրատիան կամ յունարէնից թարգմանած` ժողովրդաիշխանութիւնը ղեկավարման այն ձեւն է, երբ ժողովրդի ձեւաւորած իշխանութիւնը կառավարում է ժողովրդի կամքի համաձայն, եւ ժողովրդի ու իշխանութեան միջեւ եղած փոխյարաբերութեան որակով է որոշւում տուեալ պետութեան մէջ ժողովրդավարութեան մակարդակը: Այս յայտնի ճշմարտութեան առանցքային բաղադրիչը հանրութեան եւ ուժային կառոյցների յարաբերութիւններին է վերաբերում, քանի որ առաւելապէս հէնց այդ փոխյարաբերութեան մէջ է դրսեւորւում սեփական իրաւունքներից օգտուելու հասարակութեան...

Ճանաչո՞ւմ, Թէ՞ Կանխարգիլում

Մի՛ Շեղէք Սլաքները

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչման պաշտօնական յայտարարութիւններուն եւ ընկերային ցանցերուն վրայ ընթացող քննարկումներուն մէջ անուղղակի, բայց շատ վտանգաւոր շեշտադրումներ կային, որոնք գիտակցաբար եւ ենթագիտակցաբար հանրութիւնը կը շեղեն ոգեկոչման հիմնական նպատակէն ու խորհուրդէն` արդարութեան վերականգնումի պահանջատիրութենէն: Այս շեշտադրումներուն միտք բանին այն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու լաւագոյն միջոցը հզօր ու ժողովրդավար պետութիւն կառուցելն է: Օրինակ` ՀՀ նախագահը...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Մտածե՛նք Հայ Մամուլի, Գրողի Եւ Ընթերցողի Իրաւութեան Եւ Պաշտպանութեան Մասին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ըսուեցաւ` «Սփիւռքի տարի»: Երբեմն կը մտածեմ, թէ ի՞նչ կրնայ ըլլալ սփիւռք(ներ)ի մօտաւոր ապագան, եթէ բացակայի հայ մամուլը, եթէ չունենանք եւ չպահենք իր դերին եւ կոչման ծառայող արժանաւոր հայ մամուլ: Հայ մամուլի դերը ոչ ոք կրնայ կասկածի ենթարկել, բայց, յարաբերաբար ընթերցողին, ի՞նչ է հայ մամուլը, ան ըլլայ հայալեզու, թէ օտարաբարբառ: Ի՞նչ տոկոս կը ներկայացնեն հայ մամուլի ընթերցողները` բաղդատած իրենց...

Իրենց Ստեղծագործական Ուղին Ճշդած Երկու Գեղանկարչուհիներ

Թամար Յովհաննիսեան (ԺԲ.) Օժտուած Դերասանուհին, Որ «Խաղալ» Չէր Գիտեր…

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Թամարը Այդ օրերուն ես խանդավառուած էի այլ` նոյնպէս օժտուած  դերասանուհիով մը` Յասմիկ Տէր Կարապետեանով: Անոր մասին եւս ունիմ այնպիսի հետաքրքրական ու շահեկան  յուշեր, որոնց մէկ մասը նոյնպէս հարկաւոր է թուղթին յանձնել... Սերտ ընկերներ էինք... Օր մը ըսաւ. - Մովսէ՛ս ջան, քեզ ծանօթացնելու եմ իմ լաւագոյն ընկերուհիներից մէկի` Թամարի հետ: - Ո՞ր Թամարի: - Յովհաննիսեան, բանաստեղծ Դաւիթի քոյրը... -...

Ստացուած Գիրքեր.  Նամակներ Կիլիկիայէն (Օրագրութիւն)  (Հեղինակ` Ալիս Քիփ Քլարք)

Ստացուած Գիրքեր. Նամակներ Կիլիկիայէն (Օրագրութիւն) (Հեղինակ` Ալիս Քիփ Քլարք)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հաճնոյ հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ, Հայկազեան համալսարանի մամուլէն 2020-ին լոյս տեսաւ միսիոնարուհի Ալիս Քիփ Քլարքի «Նամակներ Կիլիկիայէն (օրագրութիւն)» հատորը, մեկենասութեամբ Հենրի եւ Րաֆֆի Սիսլեան եղբայրներուն, ի յիշատակ իրենց ծնողաց` Յակոբ եւ Վերժին Սիսլեաններու: Գիրքը բաղկացած է 168 էջերէ: Երկու խօսքին մէջ Անդրանիկ Տագէսեան կ՛ըսէ, որ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, Թուրքիոյ պարտութեամբ, տարագիր հայերը վերադարձան իրենց բնօրրանները, վերապրած հաճընցիներուն մեծամասնութիւնը...

Հ.Բ.Ը. Միութեան Հաճընի Որբանոցը, 1919-1920

Ստացուած Գիրքեր. ՀԲԸ Միութեան Հաճընի Որբանոցը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հաճնոյ հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ Անդրանիկ Տագէսեանի ներածութեամբ, թարգմանութեամբ ու ծանօթագրութեամբ Հայկազեան համալսարանի մամուլէն 2020-ին լոյս տեսաւ «Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Հաճընի որբանոցը (1919-1920)» հատորը, բաղկացած` 288 էջերէ: Գիրքը լոյս տեսած է Կարապետ Պապահէքեանի մեկենասութեամբ, իր ծնողաց` Տէօվլէթ եւ Էօժենի Պապահէքեաններու յիշատակին: Եղեռնէն վերապրած տարագիր հաճընցիներու առաջին վերամուտը ծննդավայր կ՛արձանագրուի 25 մարտ 1917-ին: Յուլիսին արդէն քաղաքին բնակչութեան թիւը...

Ընթերցումներ.  Միացեալ Եւ Անկախ Հայաստանի Գաղափարը

Ընթերցումներ. Միացեալ Եւ Անկախ Հայաստանի Գաղափարը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Այսպէս է գլխաւոր տիտղոսը շատ կարեւոր գիրքի մը` «Հայոց պատմութեան հոլովոյթում» ենթախորագրով, հրատարակուած 2020-ին, Երեւան, որպէս «Դրօշակ»-ի մատենաշար թիւ 1: Գիրքը հրատարակուած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկին որոշումով եւ «Լուսակն» հրատարակչականին կողմէ: Այս 212 էջերու մէջ ադամանդի պէս սեղմուած-խտացուած հատորը հեղինակութիւնն է պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, պատմաբան Արարատ Մ. Յակոբեանի: Խմբագրութիւնը կատարած է նոյնպէս պատմական գիտութիւններու դոկտոր,...

Սթափելու Ժամանակը

Ապաքինման Յոյսով

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Մեծ սպասումներ կային Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն: Չորս տարի առաջ, առաջին անգամ գործադրուելով, ընտրական վերջին օրէնքը ցոյց տուած էր իր անկատարութիւնը եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովելու իր անատակութիւնը: Նման բացայայտ թերութիւնները բառնալու համար, քաղաքական ուժեր ու կուսակցութիւններ ոչ բնական, նոյնիսկ հակասական համաձայնութիւններ գոյացուցին ու ընտրական դաշինքներ կազմեցին: Ժողովրդավարական բնականոն ընտրապայքարի մը ընթացքին, քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային հանգիտութիւնները կ՛առաջնորդեն ընտրական դաշինքի,...

Նշաձող Եւ Կարմիր Գիծ

Նշաձող Եւ Կարմիր Գիծ

Ա. Ա. Արցախի վերջնական կարգավիճակին վերաբերեալ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն մօտեցումներուն եւ դիրքորոշումներուն միջեւ հակասութիւնը շատ յստակ է: Երեւանի իշխանութիւնները կը խօսին Արցախի վերջնական կարգավիճակին մասին նշաձողը իջեցնելու միջազգային ընտանիքին ակնկալութեան մասին, իսկ Ստեփանակերտի իշխանութիւնները կը շեշտեն կարմիր գիծը, որ կը տեսնեն Արցախի կարգավիճակին պարագային: Այլ խօսքով, Ստեփանակերտ Արցախի կարգավիճակը կը համարէ կարմիր գիծ, զոր կարելի չէ հատել: Իսկ Երեւան...

Հիմա, Երբ Ամէն Ինչ Կարմիր Է Արդէն…  Գէորգ Հաճեանի Լուսաւոր Ստուերին…

Սփիւռքի Նոր Ժամանակը Ե՞րբ Է…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ Փոքր հարցումներով չէ, որ պիտի սկսիմ այս նիւթին, որովհետեւ մեր ժողովուրդին համար իսկապէս գոյութենական մեծ ժամանակներ կ՛ապրինք: Ու մեծ իրադարձութիւններու առընթեր, ամէնէն աւելի թիրախ կը դառնայ մեր գոյութիւնը, որ նետուած է համայնակուլ աշխարհի մը մէջ: Մենք ալ կը հալինք այս մեծ հալոցին մէջ, ուր լեզու, աւանդութիւններ, պատմութիւն, անցեալ եւ ճակատագիր իրարու դէմ կը մարտնչին եւ մեզ կը նետեն...

Հայ Հոգեւոր Երգի Պահապանն ու Գիտակը` Խորէն Պալեան

Հայ Հոգեւոր Երգի Պահապանն ու Գիտակը` Խորէն Պալեան

ՅԱՍՄԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ Նա ծնուել էր Լիբանանում, 1935 թուականի մարտի 10-ին, սփիւռքի բազմամեայ մանկավարժ եւ հասարակական գործիչ Յարութիւն Պալեանի ընտանիքում: 1946 թուականին նրանց ընտանիքը հայրենադարձուելու էր Հայաստան, եւ նրանց կեանքի այդ դրուագը ճակատագրի պարգեւ էր լինելու մի ամբողջ ազգի համար: Խորէն Պալեանը աւարտելու էր Ս. Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը, 1955 թուականի դեկտեմբերին մայր տաճարում ձեռնադրուելու էր սարկաւագ: Իսկ 1961 թուականին Վազգէն...

Page 258 of 807 1 … 257 258 259 … 807

Արխիւներ