ՍՈՒՐԷՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Նախաբան
Պէյրութ, Լիբանան ծնած Սուրէն Չէքիճեան (1943-2016) 1967-ին Քանատայի Թորոնթօ քաղաքը գաղթած է իր ուսումը շարունակելու համար: Թորոնթոյի մէջ տարրալուծարանի պաշտօնեայ աշխատած է` միեւնոյն ատեն յաճախելով Թորոնթոյի Ռայըրսըն եւ Եորք համալսարանները, հետեւելով գրականութեան, թատրոնի, շարժապատկերի եւ հեռատեսիլի ճիւղերուն: Քանատայի մէջ տարիներու ընթացքին աշխատած է` իբրեւ շինարարութեան բանուոր, ատաղձագործ, տպագրիչ, գործարանի մեքենաներ նորոգող եւ ուսուցիչ:
1977-ին, Համազգայինի հովանաւորութեամբ, Վահէ Պէրպէրեանին հետ հիմնած է Թորոնթոյի Արթիւր Ատամովի անուան փորձառական թատրոնը եւ իր բեմադրութեամբ, հայերէն լեզուով, առաջին իսկ ներկայացումին շահած է Օնթարիօ նահանգի Բազմամշակութային թատերական փառատօնի առաջին մրցանակը:
Երեք տարի Քանատայի պետական հեռատեսիլի CBC կայանին մէջ աշխատած է իբրեւ տեսերիզի խմբագրող:
Տասնուեց տարի Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի` «Հայ Հորիզոն» հեռատեսիլի հայկական յայտագիրի վարիչ պատասխանատուի պաշտօնը վարած է` պատրաստելով շաբաթական յայտագիրներ: Հայկական եւ քանատական շրջանակներու մէջ լայն ծանօթութիւններ եւ փորձառութիւններ ունեցած է:
Գրել սկսած է 2001 թուականին: Իր առաջին վիպակը` «Ամառնային անձրեւ»-ը, հրատարակուած է նախ «Բագին» գրական պարբերաթերթին մէջ, որոշ յապաւումներով, ապա ամբողջութեամբ հրատարակուած է Թորոնթոյի Համազգայինին կողմէ 2007-ին, եւ նոյնպէս` երկրորդ վէպը` «Անաւարտ դիմանկար»-ը, 2020-ին: Ունի նաեւ երկու անտիպ վէպեր:
Սուրէնին վէպերն ու գրութիւնները Լիբանանէն կամ այլ վայրերէ Քանատա գաղթած իրեն նման հայերուն կեանքը կը ներկայացնէ, անոնց ապրումները, «հայկականութիւնը», ծննդավայրին կարօտը եւ հակասութիւնները: Թիւով եօթը այս յօդուածաշարքին մէկ մասը քանատահայերու միջեւ զրոյցներ են, որոնք քանատահայ սփիւռքին հարցերը կ՛արծարծեն:
——————————

– Դուն տակաւին կը կարօտնա՞ս Լիբանանը, – հարցուց ընկերս, երբ գարեջուրի մեր երրորդ բաժակները լեցուցինք:
– Աւելի քան երբեք,- ըսի,- ինչո՞ւ կը հարցնես:
– Վերջերս անդիմադրելի փափաք մը ունիմ Լիբանան երթալու:
– Անկէ դիւրին ի՞նչ կայ, երանի մեր բոլոր փափաքները այդքան դիւրին լուծումներ ունենային:
– Կարծեմ ինքզինքս աւելի լաւ պէտք է բացատրեմ, ես այցելութեան մասին չեմ խօսիր, ես կ՛ուզեմ վերադառնալ եւ հոն ապրիլ:
– Վերջին անգամ ե՞րբ Լիբանան գացած ես:
– Քանատա գալէս ի վեր բնաւ չեմ վերադարձած:
– Քանի՞ տարի է, որ հոս ես:
– Քսանչորս տարի եղած է գալուս:
– Մինչեւ հիմա բնաւ չե՞ս փափաքած գոնէ այցելութեան երթալ:
– Մինչեւ ինքզինքնիս գտնենք, տուն տեղ ըլլանք, ժամանակը գլուխը առաւ գնաց:
– Ինչպէ՞ս յանկարծ այս փափաքը ունեցար, որեւէ բան պատահեցա՞ւ:
– Այո՛, պիտի խնդաս, եթէ ըսեմ: Աչքերս տկարացած էին, բայց ես պատուոյս չէի կերցներ, որ ակնոց գործածեմ, տեղ մը հասաւ, որ այլեւս թեւերուս երկարութիւնը չէր բաւեր, որպէսզի կարենամ կարդալ: Տոքթոր Ինճէեանին գացի, աչքերս քննեց, եւ վերջապէս ակնոց սկսայ գործածել: Այդ նոր ակնոցներով երբ առաջին անգամ հայելիին նայեցայ, դէմքիս երեւոյթը զիս սարսափեցուց: Հայելիին մէջ ցոլացող դէմքը ինծի համար անծանօթ թուեցաւ, քանի որ տարիքոտ մարդու մը կը նմանէր: Ե՞րբ եղաւ այս փոփոխութիւնը` չեմ յիշեր, ամէնօրեայ թոհուբոհին մէջ միտքս կարծես ցրուած էր, ամէն օր հայելիին առջեւ կ՛ածիլուէի` առանց դէմքս տեսնելու:
– Ըսածդ շատ հետաքրքրական է, քանի որ վերջերս ճիշդ ասոր նման խօսակցութիւն մը ունեցայ: Քանատա գալուս առաջին օրերուն մասին կը մտածէի եւ անշուշտ այդ օրերուն կեանքիս մէջ կարեւոր դեր խաղացող անձերը յիշեցի, ինթըրնեթով անոնցմէ մէկուն անունը եւ հեռաձայնի թիւը փնտռեցի, ան Քանատայի մէջ իմ առաջին ընկերուհիս եղած էր, սկիզբը պարզապէս հետաքրքրութեան համար կը նայէի, բայց երբ անունը գտայ, սիրտս սկսաւ ուժգին բաբախել, իրեն հետ վերջին անգամ քառասուներեք տարի առաջ տեսնուած էինք: Զարմանալի էր, որ վայրկենական յիշեց զիս: Ուրեմն անցեալի օրերուն մասին բաւական խօսելէ ետք խօսակցութիւնը դարձաւ ժամանակի թռիչքին եւ տարիք առնելու մասին, ան ալ ըսաւ, որ ճիշդ քեզի պէս ինքն ալ երկար ատեն պայքարած էր, մինչեւ որ վերջապէս տեղի տուած եւ սկսած էր ակնոց գործածել: Չես հաւատար, եթէ ըսեմ, որ ճիշդ քու խօսքերովդ նկարագրեց ակնոց գործածելու իր առաջին փորձառութիւնը: Ըսաւ, որ հիմա տան մէջ միայն մէկ հայելի կայ, որուն մէջ կը նայի, հին հայելի մըն է, որ իր փայլքը կորսնցուցած է, եւ որուն մէջ իր ցոլացումը շատ յստակ չէ: Լա՛ւ, բայց այս զգացումը ի՞նչ կապ ունի Լիբանան երթալու գաղափարին հետ:
– Հաւատա՛, որ ես ալ չեմ գիտեր, բայց այդ օրէն ի վեր կարօտի զգացում մը համակած է հոգիս, երբ այս բաներուն մասին երկար մտածեցի, այն եզրակացութեան յանգեցայ, որ իմ կեանքիս ամէնէն ուրախ տարիները Լիբանանի մէջ անցուցած եմ:
– Զգո՛ւշ, ատիկա վտանգաւոր խաղ մըն է: Այդ օրերուն մասին առարկայական չես կրնար ըլլալ, նոյնիսկ եթէ այդ օրերուն ուրախ չէիր, հիմա քեզի այդ օրերը գեղեցիկ կը թուին, որովհետեւ այն ատեն երիտասարդ էիր:
– Կրնայ ըլլալ, որ տրամաբանական մօտեցումով ճիշդ ես, բայց ես զգացումներու մասին կը խօսիմ, ինչպէս որ գիտես, կարելի չէ զանոնք հակակշիռի տակ առնել: Բայց ես ուրիշ հարց մըն ալ ունիմ, որ զիս կը չարչարէ. այսքան տարիներ ետք արդեօք Լիբանանը որքա՞ն փոխուած է, չեմ գիտեր, թէ` երբ հոն երթամ, ինչպէ՞ս պիտի զգամ:
– Լիբանանը երեւակայածէդ աւելի փոխուած է, կան շրջաններ, որոնք ամբողջութեամբ նոր են: Չէ մնացած սանթիմեթր մը հող, որուն վրայ շինութիւն չկայ: Նոյնիսկ գիւղերուն մէջ բարձրայարկ շէնքեր կառուցուած են: Օրինակի համար, Պուրճի հրապարակը, որ քաղաքին կեդրոնն էր եւ մեզի համար ամէնէն լաւ գիտցուած վայրերէն մէկը, անճանաչելի դարձած է: Ճիւնին քաղաք դարձած է, բայց հակառակ ատոր, երբ օդանաւէն դուրս ելլես, այնպիսի տարօրինակ պատկանելիութեան զգացումով մը կը լեցուիս, որ կարծես բնաւ հոնկէ չես հեռացած: Համոզուած եմ, որ աշխարհի վրայ Լիբանանի նման տեղ չկայ, հակառակ անոր որ անհաշիւ հակասութիւններով լեցուն է, անլուծելի հանգոյցներով խճճուած եւ սնդիկի պէս անկայուն, բայց միեւնոյն ատեն կարելի չէ անոր հմայքին դիմադրել: Անհաւատարիմ կնոջ մը կը նմանի, որ ամէն վայրկեան պատրաստ է քեզի դաւաճանելու, բայց որուն հանդէպ տկարութիւն ունիս եւ չես կրնար իրմէ ձերբազատիլ:
– Ամէն տեղ հակասական բաներ կան. օրինակի համար, Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ կեանքի մակարդակը բարձր է, բայց որակը` ցած, չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ է այս հակասութեան բացատրութիւնը, չեմ կարծեր, որ կայ: Բոլորովին անտրամաբանական իրողութիւն մըն է: Բայց ըսածս ճիշդ է, չէ՞ , համաձա՞յն ես, որ ըսածս ճիշդ է:
– Այո՛, եւ աւելի անտրամաբանականը այն է, որ հակառակ Լիբանանի անկայուն վիճակին եւ անորոշ ապագային` մարդիկ կարծես հոն աւելի ուրախ են, քան թէ մենք, որ ամէն ինչի դէմ ապահովագրուած ենք, բայց մեր կօշիկներուն մէջ կը դողանք: Մեր մօտ բժշկական սպասարկութիւնը ձրի է, բայց հիւանդութիւններու մասին այնքան կը խօսուի, որ ամէն մարդ ամէն վայրկեան սարսափի մէջ կ՛ապրի, որ օր մը անխուսափելիօրէն սրտի կաթուածի կամ այլ մահացու հիւանդութեան մը զոհ պիտի երթայ. այնքան քարոզչութիւն կատարած են, որ այլեւս կերածներէդ համ չես առներ, կարծես թէ հակառակութեան համար ի՛նչ համով բան որ կայ, բոլորն ալ վնաս են մեզի: Երբեմն հարսիս կ՛ըսեմ, որ հիմա երիտասարդ ես, սիրտդ ինչ որ ուզէ, կեր, վաղը իմ տարիքիս երբ հասնիս, բժիշկը քեզի համար ցանկ մը պիտի պատրաստէ այն կերակուրներուն, որոնք կը վնասեն քեզի, եւ նոյնիսկ եթէ անտեսես իր թելադրութիւնը, ամէն անգամ որ արգիլուած ցանկէն որեւէ բան ուտես, յանցաւոր պիտի զգաս:
Այսքան երկար խօսակցութեան ընթացքին ծարաւցանք եւ գարեջուրի նոր շիշեր բերելու համար ընկերս գետնայարկ իջաւ, մինչ այդ կինը Ալիսը մօտեցաւ ինծի:
– Գարեգինին վաթսուներորդ տարեդարձին առթիւ Պէյրութ երթալու տոմսեր պիտի առնեմ, բայց, ի՛նչ կ՛ըլլայ, սա մարդը համոզէ, որ այնտեղ ապրելու գաղափարէն հրաժարի: Մեր զաւակները եւ թոռնիկները հոս ձգելով` չենք կրնար Լիբանան վերադառնալ: Եւ հիմա իր գիտցած Լիբանանը ո՜ւր մնացած է, ամէն մարդ կ՛ըսէ, որ հոն ալ այստեղի պէս եղած է, եւ իր փնտռածը պիտի չգտնէ:
– Ես ալ իրեն պէս կը զգամ, թէեւ ըսածդ ճիշդ է, բայց մեր կեանքին մէջ տեղ մը հասած ենք, երբ կ՛ուզենք մեզի հարազատ տեղ մը ապրիլ:
– Բնաւ քեզմէ չէի ակնկալեր նման բան մը: Ես կը կարծէի, որ դուն համակերպած ես այստեղի կեանքին եւ բաւական ընտելացած` տեղական կենցաղին, քանատացիներուն հետ շատ մօտ ես, ինծի կը թուէր, թէ անոնց պէս կը մտածես: Քառասուն տարի առաջ եկած ես, չէ՞:
– Քառասունչորս տարի: Այո՛, ես քանատացիի պէս կը մտածեմ եւ շատ մը հարցերու նկատմամբ իրենց նման դիրք կը բռնեմ, սակայն անոնք կենցաղային կապեր են, մենք հիմա կը խօսինք զգացումներու մասին, որոնք բոլորովին տարբեր են:
Մինչ այդ Գարեգինը վերադարձաւ երկու շիշ գարեջուրով:
– Քե՞զ ալ յորդորեց, որ զիս չխրախուսես որ Լիբանան վերադառնամ: Թութիկեանին ականջը խօսի, պիտի զարմանար իմ խօսած հայերէնս լսելով, քանի մը գարեջուր երբ խմեմ, լեզուս բերնիս մէջ աւելի լաւ կը դառնայ: Պարոն Թութիկեանը քո՞ւ ալ ուսուցիչդ եղած է:
– Այո՛, հայերոց լեզուի, ուսուցիչ չեմ ունեցած:
– Իրմէ հայոց լեզու չսորվեցանք, բայց մեզի` որպէս հայու, լաւ դաստիարակութիւն տուած է, – ըսաւ Գարեգինը:
– Շատ ինքնատիպ մարդ մըն էր, – ըսի` Ալիսին դառնալով, – ամառ ձմեռ վերարկու կամ «թրենչ քոթ» կը հագուէր եւ տաք օրերուն թաշկինակով անընդհատ կը սրբուէր, բնաւ միտքէն չէր անցըներ, որ աւելի թեթեւ հագուի: Զիս շատ կը սիրէր, որովհետեւ կարդալու խենթ էի եւ իր ճշդած գիրքերը ժամանակէն առաջ ճշդած կ՛ըլլայի, շատ յաճախ այդ գիրքերուն մասին իրեն հետ վիճաբանութեան կը բռնուէի: Բնաւ գաղափար չեմ ունեցած, թէ այդ մարդը ինչպէ՛ս կ՛ապրէր, բոլորովին առանձին, եւ որքան նիհար եւ տկար կ՛երեւէր: Զինք ինչո՞ւ յիշեցիր, շատ յուզուեցայ, ընտանիքի անդամի մը պէս կը զգամ իրեն հանդէպ, հիմա երբ շատ ուշ է արդէն, եւ ինք չկայ: Երբեմն կը մտածեմ, թէ մեր ամբողջ կեանքը անցաւ կարծես երազի մէջ, առանց անդրադառնալու, որ ամէն ինչ ժամանակաւոր է, եւ մեր ունեցած անձնական կապերուն յարգը պէտք է գիտնանք. օրինակի համար, երբեք չմտածեցինք իրեն այցելել, իրմով հետաքրքրուիլ: Ինչպէս որ տարիներու ընթացքին բազմաթիւ ընկերներ ունեցանք, եւ կամաց կամաց ամէնը հին նկարներու նման գունատեցան եւ յետոյ սրբուեցան մեր յիշողութենէն:
– Տարիքի հարց է եւ գարեջուրն է, որ կը խօսի,- ըսաւ Ալիսը:
– Եթէ այս զգացումները չունենաս, հարիւր հատ գարեջուր ալ խմես տարբերութիւն չ՛ըներ, – ըսաւ Գարեգինը,- դուք` կիներդ, այս տեսակ բաներէ չէք հասկնար, ձեզի համար ուրիշ բաներ կարեւոր են:
Ալիսը մեծ սխալ մը գործեց: Կարելի չէ բոլորովին սթափ վիճակի մէջ խմած մարդոց հետ երկխօսութիւն ունենալ, բայց ան շարունակեց.
– Օրինակի համար, ի՞նչ,- հարցուց ան հեգնական, թեթեւ ժպիտով մը:
– Օրինա՞կ կ՛ուզես, շա՛տ լաւ,- ըսաւ Գարեգինը: – Հանդիպած եմ շատ մը խելացի կիներու, որոնք նոյնիսկ բարձր պաշտօններու տիրացած են, սակայն կտոր մը ադամանդի համար խելքերնին կը թռցնեն: Ինծի համար ադամանդը ոչինչ կը նշանակէ կամ կ՛արժէ, էրիկմարդոց մեծամասնութիւնը ինծի պէս կը մտածէ: Ճիշդ չե՞մ,- հարցուց ինծի:
– Ամբողջովին համաձայն եմ, աղջիկ մը երբ նշանուի, միւսները անոր մատանիով աւելի հետաքրքրուած կ՛ըլլան, քան` անոր նշանածով: Յետոյ ուրիշ ծիծաղելի բան մըն ալ կայ, երբ կիները երեխայ մը տեսնեն, կարծես վայրկենական կ՛ապուշնան, բոլորը մէկ անոր շուրջ կը հաւաքուին եւ տարօրինակ ձայներ հանելով` իրենց ուրախութիւնը կը յայտնեն:
– Հապա դո՞ւք, մէյ մը դուք ձեզի նայեցէք, երբ հաքի կամ ֆութպոլ կը դիտէք, բոլորովին երեխայ կը դառնաք, մարդու միտքէ չ՛անցնիր, որ խելքը գլուխը, ընտանիքի տէր մարդ մը նստած տեղէն երեք մեթր վեր պիտի ցատկէ, երբ իրաւարարը իր սիրած խումբին դէմ աննպաստ որոշում մը արձակէ: Մինչ այդ` չմոռնալով իրաւարարին գերդաստանը գրողին ծոցը ղրկելու, առանց մտածելու, որ տան մէջ երեխաներ կան:
– Լա՜ւ, լա՛ւ, այս նիւթը դուն բացիր, – ըսաւ Գարեգինը, – մենք հանգիստ նստած` կը խօսէինք. չեմ կարծեր, թէ ոեւէ մէկուն մասին աննպաստ խօսք մը խօսեցանք, այս նիւթը ուրկէ՞ հանեցիր:
– Սկսաք չափազանց զգացական դառնալ, ձեր տարիքի մարդոց համար ատիկա կրնայ վտանգաւոր ըլլալ,- պատասխանեց Ալիսը` առանց փորձելու իր հեգնական թոնը թաքցնել, – եւ այդ տեսակի մտածելակերպն է, որ քեզ կը մղէ Լիբանան երթալու մասին երազելու: Եթէ զգացումները մէկդի դնես, կը տեսնես, թէ որքա՛ն անհեթեթ բան մըն է ատիկա:
– Չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ կը մտահոգուիս, – ըսի` Ալիսին դառնալով, – մեր ազգային նկարագիրը մոռցա՞ծ ես: Մեր մօտ խօսքէն գործի անցնելու միջեւ կայ հսկայ տարածութիւն մը, որ խոչընդոտներով լեցուն է. ձգէ՛, որ մարդը գոնէ երազ մը փայփայէ, ամէնէն մեծ անգթութիւնն է մէկու մը երազը գետին զարնել: Նոյնքան դատապարտելի է, որքան երեխայի մը ըսել, որ Կաղանդ պապա չկայ:
– Ես չէի կարծեր, որ ձեր տարիքին տակաւին Կաղանդ պապային հաւատալու կարիքը պիտի ունենաք,- ըսաւ Ալիսը յաղթական ժպիտով մը, – ե՞րբ չափահաս պիտի դառնաք:
– Յոյսով ենք, որ երբեք այդ վիճակին չենք մատնուիր,- ըսաւ Գարեգինը եւ բաժակը բարձրացուց,- Ժագ Պրելի երգերէն մէկուն մէջ ան կ՛ըսէ` «Մեծ տաղանդ կը պահանջէ, որ մարդ ծերանայ` առանց չափահաս դառնալու»:
– Ապրի՛ս, – ըսի եւ բաժակները իրարու զարկինք ու խմեցինք: Ալիսը աչքերը երկինք բարձրացուց, քիթին տակէն բաներ մը մրթմրթաց եւ դուրս ելաւ:
– Ի՞նչ կ՛ըսես Լիբանան երթալու գաղափարիս մասին:
– Անպայման գնա՛ եւ աչքովդ տես, դուն քու գաղափարդ կազմէ: Քեզի ուրիշ հետաքրքրական բան մըն ալ ըսեմ, Լիբանանի աղջիկներուն նմանը չկայ որեւէ տեղ:
– Գեղեցի՞կ են:
– Միայն գեղեցկութիւն չէ, աշխարհը գեղեցիկ աղջիկներով լեցուն է, բայց Լիբանանի աղջիկները տարբեր հմայք մը ունին. չես կրնար երեւակայել, թէ ածուխի պէս սեւ աչքերը ինչպէ՛ս կրնան բոցկլտալ: Կեանքով լեցուն են եւ ջերմ: Իգութիւն կը ծորեն: Այստեղ անոնց նմանը չկայ, չեմ գիտեր, թէ օ՞դն է, թէ՞ ջուրն է, որ զիրենք այդքան տարբեր կը դարձնէ: Թէեւ տարիքիս պատճառով բնականաբար անոնցմէ ոչ մէկը ինծի ուշադրութիւն դարձուց, ես այս ամէնը նկատեցի խանութներու, ճաշարաններու, գրասենեակներու եւ փողոցին մէջ: Նոյնիսկ այս ամէնը տեսնելու համար կ՛արժէ Լիբանան երթալ:
– Դուն բնաւ մտածեցի՞ր հոն վերադառնալու եւ հոն ապրելու մասին:
– Այդ երազը միշտ ունիմ: Միտքիս մէկ գաղտնի անկիւնին մէջ Լիբանան վերադառնալու փափաքը ծուարած է: Այցելութեան ընթացքին, ինչպէս որ ըսի, հակառակ հսկայական փոփոխութիւններուն, զգացի, որ տուն վերադարձած եմ եւ անմիջապէս ընտելացայ այն գաղափարին, որ օրը քանի մը անգամ ելեկտրականութիւնը, երբ պետական ցանցէն պիտի անջատուի եւ շրջանին մէջ ելեկտրական մասնաւոր ցանցին պիտի կապուի, ասիկա կեանքի մէկ մասը դարձած է, այս փոխանցումը հինգ տասը երկվայրկեան կը տեւէ: Հոն մարդիկ քաղաքական լուրերուն մօտէն կը հետեւին, Լիբանանի բազմազան քաղաքական հոսանքներուն յայտարարութիւնները բոլորը կը հետաքրքրեն, եւ ամէն մարդ կարծիք ունի անոնց մասին: Թէեւ ժողովուրդին մեծ մասը այդ մասին չ՛արտայայտուիր, սակայն երբեմն մարդոց դէմքերէն եւ իրենց արտայայտութիւններէն կը զգաս, թէ որքա՜ն տառապած են քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին: Քեզ կրնամ վստահեցնել, որ Լիբանանի մէջ շատ աւելի հարազատ զգացի, քան` Հայաստանի մէջ: Ընկերներ ունիմ, որոնք Հայաստան փոխադրուեցան եւ այնտեղ կ՛ապրին, իսկ ես եթէ Քանատայէն տարբեր տեղ մը պիտի ապրէի նախընտրութիւնս Լիբանանը պիտի ըլլար:
– Բայց ինծի յստակ պատասխան մը չի տուիր, – ըսաւ Գարեգինը,- շատ բան չհասկցայ ըսածներէդ:
– Գարեգի՛ն գիտեմ, թէ ի՛նչ է ուզածդ, բայց դժբախտաբար ատիկա ուրիշ մէկը չի կրնար ընել քեզի համար: Նոյնիսկ եթէ քեզի ըսեմ, որ որոշած եմ Լիբանան վերադառնալ, ատիկա չի կրնար քու որոշումդ դիւրացնել, չափազանց անձնական քայլ մըն է, որ միայն դուն կրնաս առնել:
– Վստահ եմ, որ շատ լաւ գիտես, թէ քանատացիներէն շատեր, երբ իրենց տարիքը առնեն, ամէն աշնան Ֆլորիտա կ՛երթան եւ գարնան կը վերադառնան. անգամ մը երբ Ֆլորիտա գացեր էի, տեսայ զանոնք, շատ յուսահատական պատկեր մը կը ներկայացնեն, անոնց ապրած տեղերը ծերանոցի կը նմանին եւ միակ պատճառը, որ անոնք հոն են, կլիման է: Ես ալ սկսած եմ ամէն աշնան վախով դիմագրաւել ձմեռը, բայց նոյնիսկ եթէ նիւթական միջոցները ունենայի, Ֆլորիտա չէի երթար եւ այդ անկելանոցին մաս չէի կազմեր: Ես Լիբանանը շատ կարօտցած եմ, այսքան տարի հեռու մնալուս պատճառներէն մէկը թերեւս այն է, որ եթէ երթայի, պիտի չուզէի Քանատա վերադառնալ:
– Նոյնիսկ եթէ ծննդավայրդ քու ազատ կամքովդ ձգես եւ հեռանաս, կարօտը հոգիդ կը կրծէ, քու պարագայիդ, երբ քաղաքացիական պատերազմէն փախչած ես եւ ստիպուած ծննդավայրէդ հեռացած ես, կրնամ երեւակայել, թէ որքա՛ն դժուար է ամէն օր այդ կարօտի զգացումով ապրիլ:
– Մենք գնչու ժողովուրդ մը չենք, մեզի համար դժուար է տեղահան ըլլալ, հակառակ ատոր ամէն նոր երկրի մէջ նոր հայկական օճախներ կը կերտենք, բայց ծիծեռնակին նման «մեր հին բոյնը կ՛երազենք»,- ըսաւ Գարեգինը, յետոյ հարցուց,- երբեք մտածա՞ծ ես ամէն ինչ ձգելու եւ հեռանալու մասին:
– Շատ յաճախ:
– Ես այս անգամուն լուրջ եմ, կը բաւէ, որ այսքան տարի պանդուխտ ապրած եմ, գիտեմ, որ փոքր տարիքէս սորված եմ, որ մեր հայրենիքը Հայաստանն է, – ըսաւ Գարեգինը, – բայց Սարոյեանի տիպարին պէս «Իմ սիրտը լեռներում է, Լիբանանի լեռներում»:
Մայիս 2011
Թորոնթօ
Հեղինակը` Սուրէն Չէքիճեան:
Պէյրութի տան պատշգամէն նկարը:
Վրիպակ. «– Այո՛, հայերոց լեզուի, ուսուցիչ չեմ ունեցած:» պէտք է կարդալ՝ «- Այո, ուրիշ հայերէն լեզուի ուսուցիչ չեմ ունեցած:»