ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Եւ եղաւ, որ Տիր նայուածքը կեդրոնացուց տպարան «Սեւան»-ի «Սփիւռք»-ին վրայ ու ըսաւ` «Եղիցի՜ կապոյտ լոյս»: Խմբագրապետ Սիմոն Սիմոնեանը, լոյսերուն մէջը հանգչի, հաւաքեց մեզ` «սկսնակ»-ներս եւ աւետեց իր գիւտը (ամէն լաւ բան, որ յղանար, գիւտ կ՛անուանէր)` նորագոյնը. երկու ամիսը անգամ մը «Սփիւռք» շաբաթաթերթը լոյս պիտի տեսնէ ծայրէ ծայր կապո՜յտ գոյն մելանով եւ իր դարպասներէն ներս ընդունի միմիայն երիտասարդ գրողներ:
Այդ կապոյտին պայծառութիւնը ըմբռնեցինք, երբ լոյս տեսաւ «Սփիւռք-Գարուն»-ի առաջին թիւը, 1966-ի դեկտեմբերին: Սիմոնեանի աչքերուն մէջ ժպիտ կար, երբ թիւը ցոյց կու տար մեզի: «Գարո՛ւն էք դուք, երկինքի կապոյտը կը վայելէ ձեզի: Ահա ասկէ ետք դո՛ւք պիտի որոշէք գրութիւնները, ես աչքէ կ՛անցընեմ, բայց դուք պիտի խմբագրէք «Սփիւռք-Գարուն»-ը. ես միա՜յն պիտի տպեմ»: Ցուրտ ձմեռ էր դուրսը, ներսը արեւավառ ճամբայ մը կը բացուէր մեր առջեւ:
Ա՜խ, այդ ի՛նչ գուրգուրանք էր, որ Սիմոնեան կը տածէր նոր սերունդին նկատմամբ: Կապոյտը, խաղաղութիւնը, ընտանեկան ջերմութիւնը, համայնքային եռուն կեանքը, սէրն ու գորովը, մայրիներու շունչը, Միջերկրականի շնչառութիւնը` ինչպէ՞ս յաջող չըլլային մեր ստեղծագործութիւնները: Վերջին թիւը լոյս տեսաւ 1970-ին:
Մեր ճամբան գարուն չմնաց անշուշտ. երբեմն եղանակները իրարու խառնուեցան, երբեմն ձմեռը երկարեցաւ, փոթորիկ ու կայծակ տեղաց` քսան, երեսուն, քառասուն, յիսո՛ւն տարի անցաւ: Բայց մինչեւ հիմա, երբ խօսինք իրարու հետ, չենք կրնար չկրկնել, թէ ի՛նչ բախտաւոր ենք, որ պարոն Սիմոնեանը ունեցանք իբրեւ ուղեցոյց եւ պատսպարան:
Շատ չէինք թիւով, բայց շատ կը խօսէինք, բացի մէկէն` Խոսրով Ասոյեանէն: Ինքզինքնուս հովեր տուած 17-18 տարեկան պատանիներ, շաբաթ օրերը տպարանի գրասենեակին մէջ խմբուած` հասած բազմաթիւ գրութիւններէն ընտրութիւն կը կատարէինք: Խոսրովը իր երկար հասակով, ջղուտ, շիփ-շիտակ նստած, լարուած աչքերով կը հետեւէր եւ յանկարծ տուեալ գրութիւնը ճիշդ բնորոշող նախադասութիւն մը կ՛արտաբերէր:
Աչքերուն մէջ միշտ փայլք կար, կարծես թէ այդ տարիքին խորհրդաւոր անցեալ մը շալկած էր:
Իրողութիւնը այն է, որ խորհրդաւորը, նուիրականը պարագրկեց ու պաշտպանեց աւելի ուշ, երբ Լիբանանի պատերազմը ծայր առած էր. դարձաւ զինեալ պահակ, միշտ պատրաստակամ` օգնելու, զուսպ ու գթասիրտ: Աւելի ետք Արցախ գնաց իբրեւ կամաւոր, պաշտպանեց Արցախը առաջին պատերազմին, ինչե՜ր ապրեցաւ ու գրեց անոնց մասին: Եթէ չեմ սխալիր, սփիւռքի մէջ թերեւս առաջին անձն էր, որ երբեւիցէ հրատարակած ըլլայ բանաստեղծութիւն Ղարաբաղի մասին: Իր էութեան մաս կը կազմէր Երկի՛րը, ոչ միայն բանիւ, այլ նաեւ` գործով:
Տակաւին շիկացած պատերազմ էր Լիբանան, երբ Երուանդը եկաւ Ամերիկա, Մարկոն` Ամերիկա, Վարդին` Քանատա, Յարութիւնը` Քանատա, ես ալ ճամպրուկով մը հասայ Ամերիկա, Պօղոս Գուբելեանը Ափրիկէէն եկաւ Ամերիկա, Խոսրովը` Լիբանանէն Ամերիկա:
Ահա՛ լուսանկարը, քառասունհինգ տարի ետք Լոս Անճելըսի մէջ, Եու Սի Էլ Էի կազմակերպած Գրական համագումարին հանդիպեցանք: Մհեր Պապեանն ու իր կինը գիշեր մը մեզ հիւրասիրեցին իրենց տան մէջ, Խաչիկ Թէօլէօլեանն ալ կար, Մարուշ Երամեանն ալ կար, Կասիա եւ Օհան Արմէնեաններն ալ կային:
Տեղահանուած էինք, բայց կէս դարեայ կնիքը վրանիս` գարունականներն էինք: Քով-քովի նստանք աստիճաններուն վրայ եւ նկարուեցանք: Ետեւի շարքը ձախէն` Երուանդ Գոչունեանն է, Պօղոս Գուբելեանը եւ Խոսրով Ասոյեանը, իսկ առջեւի շարքը` Վարդի Դանիէլեանը, ես, Մարկօ Ճեմճեմեան-Քիւփէլեանը, գարնանաժպիտ նստեր ենք: Հէ՜յ Սիմոնեան, ականջներդ խօսին:
Ո՛չ պատերազմ կար, ո՛չ երկրաշարժ եղաւ. բայց ամիս մը առաջ բան մը պատահեցաւ եւ Սիմոն Սիմոնեան հիմա նորէն ստանձնած է հայրական գուրգուրանքը. Խոսրով Ասոյեանը հասած է իր մօտ:
Ասոյեանի երկե՞րը` «Կէտեր», «Արեւագալ», «Վեր ա դարձ», «Մենք ենք մեր սարերը», «Ձայնը», «Հազրոն», «Անաւարտ պատարագ», «Կանչը»:
Խոսրո՛վ, միշտ ազնուական, արիասիրտ ու արթնամիտ գրչեղբայր, մենք` պատերազմէ, արհաւիրքներէ անցածներս, շատոնց սորվեր ենք, որ կեանքը արդար չէ: Բայց քեզի հանդէպ անարդարութեան սահմանը անցաւ, անգութ եղաւ: Կնոջդ եւ երեք զաւակներուդ անհատնում գուրգուրանքի ընթացքին դուն` ամուսին, հայր ու ամրաբազուկ ռազմիկ, հիւծեցար, մաշեցար: Մահէդ քանի մը ամիս առաջ Հայաստան եւ Արցախ այցելեցիր դարձեալ: Քու բանաստեղծ բարեկամդ` Յարութիւն Պէրպէրեանը, ի՜նչ կսկիծով կը հաղորդէր մեզի վիճակդ: Եղաւ անխուսափելին, անագորոյնը. դադրեցաւ բանաստեղծին գրչի հոսքը:
Բայց կը մնայ անոր խօսքը` մարդասէր ու հայրենասէր, սիրառատ ու զուսպ, պիրկ եւ համապարփակ: Շնորհակալութի՛ւն Յարութիւն Պէրպէրեանին եւ Սարգիս Մահսէրէճեանին, որոնք կը խմբագրեն գործերուդ հատընտիրը: Եւ օր մը երբ բոլորին մատչելի դառնայ գործդ պիտի տեսնեն, որ թէպէտ անշունչ ես ֆիզիքապէս, բայց հոգիդ ո՛չ միայն կը շնչէ, այլ կը ներշնչէ՛:
Հիմա յոգնատանջ աճիւնդ կը հանգչի Արցախի եւ Հայաստանի գիրկին մէջ:
Երանի անոնց, որոնք իրենց կեանքի ընթացքին արդէ՛ն լուսեղէն էին:
7 ապրիլ, 2022