Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսած Է ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2022-ի Հինգերորդ Թիւը

Մայիս 18, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համացանցի վրայ  արդէն կարելի է ընթերցել «Դրօշակ»-ի մայիսեան թիւը: Աւանդաբար տօնական մայիսը մեր օրերուն կը տրամադրէ այլ խորհրդածութիւններու` բնականաբար դարձեալ առանցքի մէջ ունենալով հայոց պետականութեան անցեալի, ներկայի ու ապագայի հիմնահարցերը:

Այդ ոգին կը կրէ նաեւ թիւի առաջնորդող յօդուածը, որուն քննարկումին հիմնական առարկան այսօրուան ներքաղաքական իրողութիւններն են: Քաղաքագէտ Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան «Մոսկուա՞, թէ՞ Պրիւքսել» վերտառութեամբ յօդուածին մէջ կը քննէ ազրպէյճանաթրքական հովանաւորին կողմէ պարտադրուող զիջումներու պայմաններուն մէջ Հայաստանի պատեհապաշտ իշխանութիւններու դեգերումներուն հարցը` Մոսկուայի եւ Պրիւքսելի միջեւ:

Յօդուածին հեղինակը համոզմունք յայտնած է, որ վարուող պարտուողական քաղաքականութեան դէմ այս ներկայիս ծաւալող համազգային ընդվզումը բոլորին համար ակնյայտ կը դարձնէ, որ հայ ժողովուրդը չի պատրաստուիր համակերպելու իշխանութիւններուն դաւաճանական քաղաքականութեան հետ եւ իր այս վճռական կեցուածքով ժողովուրդը իր պետութիւնը առարկայական կարգավիճակէն կը բարձրացնէ տուեալական մակարդակի:

Իշխանութիւններու համագործակցութեան էութեան կ՛անդրադառնայ պատմաբան Անի Մելքոնեան` այս անգամ եւս երեւոյթը ընդհանրացնելով պատմական համապատկերին վրայ: Հիմնուելով Հայաստանի բարձր պաշտօնեաներու արտայայտութիւններուն վրայ միջազգային իրաւունքի մասնագէտ, Աւստրիոյ Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Գէորգ Յակոբճեան կը նկատէ, որ պետական-պաշտօնական մակարդակով փորձ կատարուած է ճարպիկօրէն հրաժարելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդարութեան վերականգնումի պահանջատիրութիւնը` յայտարարելով, որ` «Մեր նահատակուած հայրենակիցներուն յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու լաւագոյն ձեւը հզօր եւ ժողովրդավար Հայաստանի կայացումն է, մեր ժողովուրդի բարօր կեանքի, մեր երկրի սահմաններու ամրութեան ու անվտանգութեան ապահովումն է, Հայաստանի միջազգային հեղինակութեան ամրապնդումն է»:

ՀՀ նախագահի ապրիլքսանչորսեան ուղերձէն կատարուած այս մէջբերումը, ըստ յօդուածագիրին, ազգային կարեւոր հիմնահարցէն հրաժարելու, զայն մոռացութեան մատնելու ձեւ է: 104 տարի առաջ հայոց անկախ պետականութեան վերականգնումին, այդ ճակատագրական իրողութեան դասերուն ու խորհուրդներուն կ՛անդրադառնայ պատմական գիտութիւններու դոկտոր Արարատ Յակոբեան:

Նոյն շրջանին հետազօտողի հայեացք նետելով` պատմական գիտութիւններու դոկտոր Արմէն Մարուքեան կը լուսաբանէ 1918 թուականին տեղի ունեցած Ղարաքիլիսայի ճակատամարտին, անոր առնչուող իրադարձութիւններուն, ինչպէս եւ ճակատամարտի նշանակութեան վերաբերող հարցեր:

Պատմաբան դոկտոր Վանիկ Վիրաբեանի յօդուածը նուիրուած է Ա. Հանրապետութեան շրջանին Ազրպէյճանի գործադրած ջանքերուն` Հայաստանէն խլելու Զոդն ու Պասարկեչարը(Վարդենիսը): Աւելորդ է ըսել, որ սրծարծուող նիւթը խիստ արդիական է ներկայիս Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն խորապատկերին վրայ:

«Դրօշակ»-ի ընթերցողը հետաքրքրութեամբ կ՛ընթերցէ նաեւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Դաւիթ Գասպարեանի յօդուածը` նուիրուած Եղիշէ Չարենցին եւ Ճարտարապետ Ռոմէօ Ջուլհակեանին նուիրուած գիրքին անդրադարձը` քանատահայ մտաւորական, Ճարտարապետ, գրող, հրապարակագիր Վրէժ Արմէնի կողմէն:

Նախորդը

Մայիս 18-ը` «Թանգարաններու Միջազգային Օր»

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Խաղաղութիւնը Մուրա՞լ, Թէ՞ Նուաճել

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?