Նոր խորհրդարանի ընտրութեան առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Նոր խորհրդարանի ընտրութենէն ետք, եկէ՛ք մէկդի դնենք տարակարծութիւնները եւ մեր ճիգերը կեդրոնացնենք հայրենիքի փրկութեան վրայ: Կրնանք որոշ հարցերու պարագային տարակարծիք ըլլալ, իսկ այլ կէտերու մէջ` համաձայն… Թող որ երկրին ապագան կառուցենք մեր հասարակ յայտարարներուն վրայ»: